Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՐԹՈՆՔ

Ատաբազարի մէջ անցուցած օրերէս՝ ինծի համար միշտ քաղցրայիշատակ պիտի մնայ այն գարնանային առաւօտը, երբ քանի մը ընկերներով գացինք մերձակայ Թաշտըգ կոչուած թուրք գիւղաքաղաքը։

Բնութեան բոլոր գործօնները, կենսանորոգ եւ հեշտախտիղ, այդ օրը ցուցադրած էին իրենց պերճանքը։ Դէպ ի Սաքարիա երկարող ճամբուն երկու եզրերը, թթաստաններու գաճաճ անտառին քովն ի վեր նշենիներն ու սալորենիները՝ նոր հարսներու նման կարմրայտն եւ սպիտակազգեաց, կը սարսռային գարնան առաջին զեփիւռներէն, մինչ սիրահալ գետը՝ Սաքարիա իր խոնաւ շրթունքներովը կը համբուրէր անոնց նորատունկ ոտքերը։

Հողը, ամեհի երկունքէն ազատած, իր աչքերը հեշտութեամբ կը բանար եւ գետնի պատռուածքները կը նայէին արեւին, ինչպէս նոր արթնցող մանուկը կը նայի իր մօրը։ Եւ ահաւասիկ նաեւ արագիլները որ կը ճախրեն, ծիծեռնակները, ճնճղուկները, մեղուները եւ անանուն ճճիները որոնք իրենց թրվռումներովն ու բզզիւններովը կը լեցնեն այերին պարապութիւնը։

Գիւղակը ուր առաջադրած ենք երթալ, կը գտնուի Սաքարիայի հանդիպակաց եզրին ափը, ուր անցնելէ առաջ պէտք է կոխկռտել այն սիկային դաշտահարթը, ուրկէ՝ գետին ջուրերը քաշուելու ատեննին, բաժանման վերջին վայրկեաններու գալարմանց հետքերը ձգած են։ Կը նայիմ այդ վէտվէտուն մակերեսին. ջուրին հիւլէները որոնք հոդ երկար ատեն ապրելէ եւ շարժելէ վերջ յանկարծ օր մըն ալ ցամքեցան, արդեօ՞ք կը կրեն նոյն այն ցաւագին յուզումները, զորս բանական էակները կ՚ունենան իրենց սիրելիներէն բաժնուած ատեննին։ Յաւիտենական խորհուրդը որուն ի զուր կը ջանայ թափանցել մարդկային մտածողութիւնը…։

Բայց ահա հասած ենք արդէն գետափը, ուր նախապատմական ոճով նաւակ մը պիտի գայ առնել մեզ իր կողերուն մէջ, միւս ափը անցնելու համար։ Այն պահուն ուր պիտի թողունք ցամաքը, հանդիպակաց եզրէն կոհակներու շկահիւններ եւ փլուզումի վայնասուններ կը հասնին մինչեւ մեզի։ Սաքարիան է, որ իր խօլական արշաւին մէջ կ՚առնէ կը տանի հողամասի լայն շերտեր, անոնց տակը նախապէս ականներ փորելով։ Այս աւերիչ եղեռնագործութեան մասին ա՛լ աւելի լիակատար գաղափար մը կը կազմենք, երբ Սաքարիայի մշտամռունչ հոսանքէն դուրս ինկած, ոտք կը դնենք գետափին վրայ ուր կը տեսնենք գեղացիներուն հապճէպ պատրաստութիւնները, այնտեղի տուները փլցնելով դէպ ի ներսերը քաշուելու։ Որովհետեւ՝ ջուրը կու գայ եւ կ՚ուտէ հողը. քանի՜ շէն օճախներ այսօր նուաճուած են սահանքներէն, ու սա հաստաբեստ կաղնին ալ որ նաւաբեկեալ նաւու մը կայմին նման իր գլուխը ջուրէն դուրս ցցած է, վաղը, թերեւս միւս օր պիտի խլեակներու վերածուի անշուշտ։ Գետը կու գայ ու գեղացիները կը փախչին. ա՜յ թշուառ ժողովուրդ, որուն տակաւին չեն սորվեցուցած Բնութեան վրայ իշխել, գիտութեան շէնքերովը շինուած, ո՞ւր կը փախչիս այսպէս. մուհաճիր ազգին մուհաճիր մէկ մասնիկն ալ դուն. եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի փախչիս։

Այս խորհրդածութիւններով մտամոլոր, կը յառաջանանք դէպ ի գիւղին ներսերը, ուր ամենէն առաջ մեր աչքին կը մխուի նորաշէն մինարէ մը իր յարակից մէսճիտ ովը։ Մինարէները, որոնք ի սկզբան կառուցուեր են իրենց բարձրադիր աշտարակէն նուր (լոյս) սփռելու փարոսանման, հոս ալ նախնական կրթութեան լոյսը պիտի տարածեն իրենց հովանիին տակ, փաթթոցաւոր հոճայի մը առաջնորդութեամբը, որովհետեւ Թաշլըգը զուտ իսլամ գիւղակ մըն է, հազիւ 100 տնւոր։ Կեանքը մեռած է հոս։ Փողոցներուն մէջ կամ պատուհաններուն առջեւ ո՛չ մէկ կենդանի շունչ։ Ատեն ատեն, հեռաւոր սարահարթի մը վրայ կը նշմարենք հողագործ մը, որ Վիրգիլիոսի դարէն մնացած իր արօրը քաշել կու տայ իր հլու եզներուն. կամ երբեմն՝ գլգլեակներու մէջ փաթուած կին մը ստուերի մը պէս կ՚անցնի, քղանցքին ծայրովը դէմքը գոցելով. իսկ ա՛լ աւելի հեռուէն, կը լսենք տուն քանդող լաճերուն տապարին ձայնը, որ արձագանքելով  մերձակայ ծմակներուն մէջ, ա՛լ աւելի եղերական եղանակ մը կու տայ քանդումի արարողութեան։ Գի՞ւղ է այս թէ՝ գերեզմանատուն. ո՞ւր է խնծիղը անոր նաշխուն աղջնակներուն եւ պարը՝ անոր սիրահալ երիտասարդներուն. ինչո՞ւ չի վառիր ճրագը այս մարդկային վիժուկներուն, որոնք նախապատմական քարայրներու մէջ թխմուած, քսաններորդ դարու կեանքը կ՚ապրին, կայսրութեան մայրաքաղաքէն հազիւ հինգ ժամ հեռու։

Բայց ահա դէմներնիս կ՚ելլէ գեղին քէհիա ՝ Իպրահին աղան, փաթթոցաւոր պարթեւհասակ ծերունի մը, որ խորին յարգանքով բարի գալուստ կը մաղթէ մեզի։ Իր առաջին խօսքը կ՚ըլլայ հարցում մը՝ պատերազմի անցուդարձերէն եւ քաղաքական վիճակէն բան մը կարդալու համար մեր աչքերուն մէջ։ Ու մինչ մենք, մխիթար պատասխան մը դարբնելու համար քանի մը վայրկեան լուռ կը մնանք, Իպրահիմ աղա կ՚ուշաբերի եւ յուզումնախառն ձայնով կը մրմնջէ. Հէյվա՜խ, ամէն բան մահվ եղաւ, կործանեցանք, ա՛լ օր արեւ տեսնելիք չունինք, ըրածնիս գիտնանք…։

Շատ զինուոր տուի՞ք, կը հարցնենք։

Ոչ շատ, կը յարէ մխիթարուած, մեր երիտասարդները դաշտի աշխատութեան համար պէտք են. անոր համար շատերը պէտէլ տուին. բայց միայն այդ չէր տեսածնիս. այս խեղճ գիւղը 300 ոսկի տալէն զատ, իրմէ պատերազմական նուէր ալ հանգանակեցին, մեր սայլերը, մեր գոմէշները եւ աւելորդ նկատուած նպարեղէնները առին տարին։ Այս բոլորը աչքերնուս չպիտի երեւար, եթէ գոնէ պզտիկ յաղթութիւն մը տարած ըլլայինք. բայց ինչպէ՞ս պիտի յաղթէինք. մեր մեծերը իրարու գլուխ կ՚ուտէին. բանակին նայո՞ղն ով էր. Չաթալճայի մէջ մեր գիւղէն 5-6 զինուոր ունէինք, ամիսներով ո եւ է լուր առած չէինք իրենց մասին… մայրերնուն ու քոյրերուն լացին ու կոծին սիրտս չդիմացաւ. գացի ուղղակի Չաթալճա, անձամբ տեղեկութիւն առնելու համար. աման եարատան Ալլահ, ինչե՜ր տեսայ, ինչե՜ր լսեցի. մեր հոգեհատոր զինուորներուն համար հազար նեղութեամբ պատրաստուած խավուրմա միսերը հոս հոն ձգուած մգլոտեր եւ մուկերուն կեր եղեր էին. համաճարակը եւ վախը մեր զինուորներուն մէջ մտած զուլում կ՚ընէր. ո՞ւր էին այն հարպ իսթէրիզ պոռացող քաչըճի ները եւ խազէթաճի ները, ինչո՞ւ այս վիճակին ենթարկեցին զմեզ. անիծեալ ըլլան…։

Ծերունի փաթթոցաւորին խաժ աչքերը արցունքոտած էին արդէն, եւ ես անոնց ծիրանի գօտիին մէջ կարդացի Զարթօնքը։

Կը Զարթնուր ժողովուրդը, իր աչքերը կը բանար ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Արեւին. այն հատուածը որ զիրենք շշմեցուցած էր, շատ աւելի թելադրական էր քան բրօբականդիսթներուն խօսքը. գիւղացին իր տունին մէջ, իր սեպհական կաշիին վրայ կը զգար աննպատակ պատերազմին արհաւիրքը, որ կու գար ապացուցանել պատմութեան ամենամեծ ճշմարտութիւնը՝ «Սուր բարձրացնողը սուրով պիտի իյնայ»։

֍ ֍ ֍

Իրիկուան դէմ, մինչ քաղաք կը վերադառնանք, օրուան խոնջէնքէն պարտասած, ծառերն ու թռչունները կը պատրաստուին հանգչիլ. համայնասփիւռ խաղաղութեան մէջ միայն գորտերն են որ Սաքարիայի կազմած գետակներուն եւ լճակներուն եզերքը կը համերգեն։ Իրենց կրկռոցը ագռաւներու օդասլաց կռինչն է աւելի, որ բուերու վայունին հետ կու գայ թախիծի ստուերը տարածել օրուան վրայ։ Վաղահաս իրիկուան հետ մտածումները միգամած կը դառնան, ու խորհելով Իպրահիմի Զարթօնքին վրայ կ՚ըսեմ՝

Երա՜զ է ան, թէ իրականութիւն։

«Հայ գրականութիւն», 1/14 Յունիս-Յուլիս, 1913, թիւ 10-11, էջ 27-29