Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  
ՀԱՄԱԼԸ

Յուլիսի հեղձուցիչ տաք օրով մը, Պաթումի նաւահանգիստը իր աւազէ կուշտին վրայ փռուած կը հեւար ու կը շոգիանար։ Միջօրէի հանգստեան պահը աւարտած էր արդէն, բայց աւազուտ քաղաքին բնակիչները գեհենային արեւին ճառագայթներէն հարստահարուած ու խոցոտուած, դեռ անկարող էին դէպ աշխատութեան շարժում մը կատարելու։ Մեռելատիպ լռութիւնը գրկած էր ամբողջ ծովափը, եւ մեկնելու պատրաստուող շոգենաւներուն վերելակները իրենց շեգեունչ կըրկըրներով հազիւ կը խանգարէին մթնոլորտին հանդարտութիւնը. իսկ վարը, փայտաշէն նաւամատոյցին վրայ, աշխատութիւնը վերսկսած միակ մարդիկը՝ հայ հաժալներն էին, որոնք գլխիկոր ու համաչափ քայլերով, լռիկ մնջիկ շոգենաւ կը փոխադրէին սնտուկներով պտուղ, տանձ, խնձոր ու սալոր, որոնցմով այնքա՛ն զեղուն են կովկասեան մրգաստանները։

Հայ գաւառացիի առողջ ու վշտակիր թիփերն են ասոնք. հայ համալները, որոնց հեռաւոր պատկերը՝ 1894-96ի պոլսական յիշատակներէն մնացած, յանկարծ կը վերապրէր մտքիս մէջ։ Ասոնց մէջ կան շատեր, որոնք, ինչպէս իրենք կը պատմեն, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ հասեր են Պաթում, փախչելով գլխաւորաբար Մուշէն, Վանէն եւ ռուսօթուրք սահմանագծի մերձակայ այն բոլոր քաղաքներէն, ուր գործ չիկար, կեանք չիկար, այլ կա՛ր տուրք, ստրկացում, թալան ու արիւն։ Կը նայիմ ուրիշներու, այլ եւս ռուսացածներու, որոնք տարիներէ ի վեր լքած հայրենի օճախը, եկեր Պաթում հաստատուեր են, տխուր ճակատագրականութեամբ մը ուրիշի ստացուածքին բեռը կրելու եւ քանի մը կոպէկ շահելով հայրենիքը մնացածները ապրեցնելու համար

Օ՜, ի՛նչ ըմբոստացնող բան է տեսնել՝ այս կեանքով ու աշխոյժով առլցուն բազուկները, Եսաւեան մացառուտ ու հուժկու կուրծքերը եւ հաստաշէն ճոկանային սրունգները, որոնք հայրենի հողէն արմատահան եղած, եկեր նետուեր են, խլեակի մը չափ անկամ, Սեւ Ծովի մէկ ափը, օտարութեան մէջ խաւարեցնելու համար իրենց կեանքին գեղեցիկ արեւը, ու բեռները տակ կքած՝ քրտինքի կայլակներով ոռոգելու համար օտարին հողը…։

Պաթումի նաւամատոյցին վրայ կանգնած, այս տխուր մտածումներով կը տարուբերուէի, երբ համալներուն մէջէն հատ մը մասնաւորապէս ուշադրութիւնս գրաւեց։ Վաիտ ու դալկադէմ, եւ աւելի երիտասարդ քան իր ընկերակիցները, անիկա տժգոյն ցոյքն ունէր աղքատ մտաւորականներու, որոնք զարգացումին ճաշակն հազիւ թէ առած, օր մը յանկարծ կը հարկադրուին լքել թուղթն ու գրիչը, կուրծք տալու համար կեանքի ամէնէն բիրտ պահանջումներուն։ Յիշողութեան պզտիկ ճիգով մը անմիջապէս ճանչցայ զինքը. Կեդրոնական վարժարանէն դասընկեր մը, որ 12 տարիներ առաջ պատանի մըն էր դեռ, ջղուտ այլ ուշիմ եւ զարգանալու ատակ տղայ մը, այսօր մեծցած ու մարդ եղած, իր դիմագծերուն վրայ կրելով սակայն տառապանքի տարիներուն թողած մօլամաղձիկ հետքը։ Ու վերյիշեցի 1894—96ի հրաբորբոք տարիները, երբ անոր հետ, մէկ նստարանի վրայ ապրած էինք ընդվզումի նախաշրջանը այնպիսի լիակատար անձնամոռացումով մը, որ աւա՜ղ, դեռահասներու միայն յատուկ է։ Յիշեցի տակաւին այն սեւերիզ նամակները զոր դասընկերս շարունակ կըստանար իր ծննդավայրէն, եւ որոնց բովանդակած կոտորածի ու թալանի պատմութիւնները միասին կը կարդայինք, միասին յուզուելու եւ աւելորդ անգամ մըն ալ երդում տալու համար՝ թէ թախուած արիւններուն եւ պատառատուն պատիւներուն վրէժը պիտի լուծէինք օր մը…։

Այս քաղցրօրէն տխուր վերյիշումներուն մէջ տարուբերուած պահուս էր, երբ մէկէն, տեսայ զինքը որ դէպ ինձ մօտենալով իր կոշտացած ձեռքը խանդաղատագին երկարեց, գոչելով, Բա՛րեւ, բարով էք եկեր։

Ան ալ զիս ճանչցեր էր արդէն, ու հին օրերու մտերմական ձայնով սկսած էր հարցուփորձ ընել թէ 1896ի մեծ կոհակէն ի վեր ո՞ր ափը ինկած էի, թէ սակաւին կը հիշէի՞ դպրոցական գրասեղաններու վրայէն նետերու պէս արձակուած հառաչանքներն ու վրիժուխտերը։ Իսկ ինքը, օ՜հ, ինչե՛ր չէր կրած։ Իր կեանքին պատմութիւնը, զոր ան ըրաւ  համառօտակի, մէկ պատկերն էր այն հազարաւոր հայաստանցիներու կեանիքն, որոնք1895էն վերջ Պօլիսէն աքսորուեցան։ Անիկա ամիսներով հոս բանտը մնալէ վերջ, օր մը վերջապէս նաւ դրուեր էր եւ անպէտ իրի մը պէս Սեւ ծովի մէկ նաւահանգիստը նետուեր էր. անլուր նեղութիւններով, ու ամիսներու ընթացքին իր ծննդավայրը հասնելով, ան ականատես եղեր էր բոլոր այն արիւնազանգ անցքերուն, որոնց նկարագրութիւնը միայն կարդացած էր մինչեւ այն ժամանակլ Չկար հայրը, չկային եղբայրները, ընտանիքին էգ անդամները ամօթահար վիճակի մէջ. ջարդուած սիրելիներուն գերեզմանն իսկ անյայտ էր։ Ամէն բան քայքայուած, թալլուած ու տակաւին ալ վերահաս վտանգներու ենթակայ։ Փլուզումի մոխիրեներուն վրայ անիկա քանի մը տարիներ ապրեր էր, աշխատելով քարէն հաց հանել, զինքը ու իրենները սովամահ ըլլալէ ազատելու համար։ Բայց թշուառութեան հալածանքէն ուժասպառ, ու կրած վիշտերէն կուրացած, յուսահատութեան անդիմադրելի վայրկեանի մը մէջ ան ձգեր փախեր էր հայրենի գիւղէն, դէպ ի մերձակայ սահմանագլուխ, օտար աստղի տակ ապրուստ փնտռտկելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ զինքը կը տեսնէի Պաթումի նաւամատոյցին հայ համալներուն տողանցումին մէջ, պտուղի սնտուկներուն բեռան տակ ակամայ կքած, ու իր վտիտ մարմինը գրգլեակներու բերանաբաց զգեստաւորումին տակ հազիւ թէ պատսպարած։

Իր կեանքին այս արագ պատմութիւնը դեռ նոր աւարտած էր ան, երբ հեռուէն, ընդարձակ նաւամատոյցին անդիի ծայրէն, կէս մարդկային ու կէս անասնային ձայն մը գոռաց։

Տ՜օ, ի՞նչ ես կանգներ…։

Ու այս շանթարձակ նախադասութիւնը չաւարտած, համալներու օնպաօին ձեռքի ճոկանը նետեց խօսակցիս ուսերուն, անոր ամբողջ մարմին ցնցելով։ Այդ ճոկանը որ կայծակի մը պէս ինկաւ, թէեւ ոչ մէկ ցաւ պատճառեց անոր կարծրացած ուսերուն, բայց ես զգացի թէ՝ Ակամայ Համալը իր դպրոցական ընկերոջ առջեւ խորապէս վիրաւորուեցաւ, եւ՝ ամօթահար՝ հրաժեշտի քանի մը վանկեր թոթովելով, ձգեց գնաց բեռնակիրի ընդհատուած գործը վերսկսելու։

Քիչ վերջ, մեր շոգենաւը ճամբայ ելաւ դէպի Օտէսա։ Պաթումի մէջ յօշոտուած սիրտ մը թողած ըլլալու մտածումը կը խռովէր զիս, եւ հիմա, համալներու օնպաշին, ան ալ հայ մը, ինծի կերեըար Խազախէ մը աւելի վայրագ ու անողորմ։ Եւ ամէն անգամ, որ մեր շոգենաւը կը մօտենար Սեւ Ծովի արեւելեան ափի նաւահանգիստներուն, Բօթի, Սօխումգալէ, Կէլինճիք, Նօվօրօսիս, Կէրչ, Թէոդոսիա, Եալթա, եւ քանի կը սետնէի հոն ծառայող հայ համալները, որոնք իրենց աւանդապահ միօրինակ տարազով եւ համաչափ շարժուձեւերով նաւահանգստի բեռնակրութիւնը կընէին, միտքս կ՚իյնար նախկին դասընկերս, իր դիւրազգած արժանապատուութեանը մէջ խորապէս վիրաւորուած այդ ակամայ համալը, որ Սեւ Ծովի մէկ ափը ինկած, կը սպասէր հայրենիքի լաւագոյն եւ ազատ օրերու վերադարձին, նման այն դիցաբանական կնոջ՝ որ տարիներ, տարիներ ծովափը սպասեց, իր ջրամոյն սիրելիներուն դարձը տեսնելու ցանկութեամբ մշտաչարչար։

«Ձայն հայրենեաց», 1908, 13 Նոյեմբեր, թիւ 4, էջ 30-31