Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ


Տօքթ. Տաղաւարեան, Սեբաստիոյ երեսփոխանը՝ որ «արիւնոտ հացը» մարսել կարենալու համար Միջերկրականի վրայ պտոյտ մը ընել գացած էր, վերադարձեր է Պոլիս, հետը բերելով Գահիրէի Բարեգործականին 70, 000 ֆրանքը։ Ու Պոլսահայ մամուլը՝ ստրուկ եւ խնկարկու՝ ինչպէս եղած էր միշտ, հրճուանքով արձանագրեց Տաղաւարեանին այս դրամի բեռնակրութիւնը, մինչ անոր անունին ու գոյութեան ուրացումովը, պէտք էր բարոյական մահացումի պատժին ենթարկէր զայն։

Ուրիշներու քսակին բարեգործութեան շահագործումն է, զոր դեռ կընէ ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ այդ սիրամարգի սնափառութեամբ փքած մարդը. Պօղոս փաշային ընկերութեան ոսկիներուն ջուրովը ահա կը լուայ իր ձեռքերը, որոնցմով, դատապարտութեան գիշեր մը, իր պատառը թաթխեց կարմիր պնակներու մէջ։ Իսկ Պոլսահայ մամուլն ու ժողովուրդը հաճոյակատարութեամբ ահա կը կարկառեն անձեռոցը, այդ լուացուած բայց երբէ՛ք չի մաքրուած ձեռքերը չորցնելու համար. ստրուկ մամուլ, եւ մանաւանդ՝ ստրո՛ւկ ժողովուրդ։

Շատերու համար, Տօքթ. Տաղաւարեան կոչուած օդապարիկին պայթումը Եըլտըզի բարձունքը ելլելու թուականէն կըսկսի. մեզի համար՝ սակայն՝ որ մօտէն հետեւեցանք այդ մարդուն արտասահմանեան կեանքին, ճաշկերոյթի գիշերը միջադէպ մըն է լոկ ու բնական հետեւանքը՝ այն բարոյազուրկ անողնայար կենցաղին, զոր Տաղաւարեան վարեց Գահիրէի մէջ, Պօղոս փաշայի խոհանոցէն մինչեւ անոր տայրէին սեմին վրայ։ Նէճիպ Մէլհամէներ եւ ոստիկանապետ Շէֆիգներ թերեւս այնքան վնասակար չեղան Հայ Յեղափոխութեան, որքան եղաւ այս մարդը. որովհետեւ՝ մինչ առաջինները ճակատ առ ճակատ կը կռուէին Հայ յեղափոխականին հետ, Տաղաւարեան ստորերկրեայ դաւերով կը փորէր ազգային ազատագրութեան ամեհի ճիգերուն հիմը, ու Նէճիպներու խարազանին փոխարէն կը գործածէր իր մածուցիկ լեզուն, ու փոխանակ բանտային արհաւիրքներու, Պօղոս փաշային հանգստաւէտ ճաշասրահներուն դուռը կը բանար իր թակարդը իյնողներուն։ Եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ մարդորսութեան այս եղանակը յաճախ արդիւնքներ կուտայ, քան տանջանքն ու բռնութիւնը։

Տօքթ. Տաղաւարեան, որուն՝ Պոլիսէն փախչելուն շարժառիթն ուրիշ բան չէր, այլ արտասահմանի մէջ հանգստաւէտ կեանք մը ապահովել, Գահիր, հաստատուելով՝ երեք տարուան մէջ երկու գլխաւոր մտահոգութիւն ունեցաւ. քծնիլ հարուստներուն, անոնց բարեգործական տրամադրութիւնները շահագործելու համար։ Երկրորդ՝ ջլատել. քայքայել Հայ յեղ. կազմակերպութիւնները, գոհանցելու համար Եգիպտոսի աղա—փաշաներուն թանձրօրէն պահպանողական եւ թրքասիրական ձգտումները. իր «յաջողութիւնը՝» Պօղոս փաշայի պալատին մէջ՝ անիկա կը պարտի իր հակայեղափոխական սադրանքներուն։ Եթէ Տաղաւարեան թշնամին ըլլար այս կան այն կուսակցութեան միայն, աստիճան մը պիտի ըմբռնէինք իր ազգադաւ եռանդը, բայց անիկա հաւասար չափով դաւադրեց, Դաշնակցականին. Վերակազմեալ Հնչակեանին ու հին Հնչակեանին դէմ, մէկուն քով միւսը անուանարկեց, միւսին քով երրորդը վատահամբաւեց, զանոնք իրարու դէմ գրգռեց, Հայ յեղ. օռկանները հակազդելու համար մասնաւոր թերթի մը հրատարակութիւնը ծրագրեց. Հայ. յեղ. կուսակցութեանց լուծման պէտքը հռչակեց, ու …ու ահաւոր օր մըն ալ ելաւ յայտարարեց, թէ «մենք՝ Հայերս՝ ազգովին երթալ Եըլտըզին ոտքն իյնալու եւ մեղա՜յ գոչելու ենք»։

Երբ յուլիս 11ի հովը փչեց, ու յեղափոխութեան անշիջելի խաբոյկը նոր բոցավառումով մը շողաց, Տաղաւարեան Պոլիս արտորաց, ու իր բարոյական սնանկութեանն անգիտակից միջավայրին մէջ ինքզինքը ներկայացնելով իբրեւ անձնուէր յեղափոխական ու մե՜ծ գործիչ. եւ այնպիսի սնափառութեամբ մը՝ որուն միայն ինքը կարող է՝ ինքզինքը ծանուցում ընել տալով, յաջողեցաւ Սեբաստիոյ ժողովուրդին քուէն կորզել, մինչ, ո՜վ դառն հեգնութիւն, Սեբաստիայէն Հնչակեաններ խե՜ղճ միամիտներ ցնծագին հեռագրով մը Պօլսեցիներուն կ՚աւետէին անոր ընտրութիւնը, ի՞նչ ընել պիտի երթար այս երեսփոխանը՝ Օսմ[անեան] խորհրդարանին մէջ, որուն ո՛չ լեզուն կրնայ խօսել, ոչ իսկ պէտք եղածին պէս կը հասկնայ, եւ որուն հիմերուն դէմ դաւադրեց՝ Պօղոս փաշային ոսկեղէն բերդերուն մէջ ապաստանած՝ երեք տարի յեղափոխութիւնը քարկոծելով…։

Հայ ժողովուրդն ու Հայ Մամուլը պէտք է գիտնան, թէ Շապին—գարահիսարցի Մուսթաֆաներէ կամ Բիրինճճիզատէ Արիֆ Էֆէնտիներէ աւելի վնասակար, աւելի դատապարտելի երեսփոխաններ կան խորհրդարանին մէջ. ու ատոնք Հայ անուններ կը կրեն։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 23 Յունվար-5 Փետրվար, թիւ 14, էջ 129