Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑԸ


Կիլիկիոյ վերջին զուլումին առթիւ ծով մը մելան սպառեցաւ, նկարագրելու համար թուրք խուժանին եւ անոր մեղսակից պաշտօնէութեան գործադրած խժդժութիւնները. զայրոյթի արտայայտութիւններ, աղիողորմ ճիչեր, յիշատակագիր, սրտառուչ կոչեր եւ փոխադարձ ամբաստանութիւններ իրարու յաջորդեցին, սա միակ մխիթարանքը տալով շատերուն, որ եթէ այս երկրին մէջ ազատ չենք չի ջարդուելէ ու չի թալանուելէ, գոնէ ազատ ենք մեր կրած թալանն ու ջարդը աշխարհի չորս հովերուն պարզելու. ստրուկի՜ մխիթարանք, արդարեւ։

Մէկ ամիսէ ի վեր շատ բան լսեցինք ու շատ բան կարդացինք աղէտքին մանրամասնութեանց վրայ։ Այսօր՝ թերեւս ժամանակը հասած է մեր ողբն ու կականը դադրեցնելու, որպէս զի կարենանք ճշդել եւ անոնցը՝ այսինքն ջարդուողինը եւ ջարդողինը։

Եղերական ճշմարտութիւնը որքան ալ դառն գայ մեր սգաւոր սրտին, ու արիւնի կարմիր պատմութիւններէն շլմորած մեր ուղեղները որքան ալ չուզեն ըմբռնել զայն, պէ՛տք է ըսենք դարձեալ, թէ Հայերուս պատասխանատուութեան բաժինը եղած է՝ անխորհուրդ ու ցուցամոլ ընթացքով իսլամ տարրը գրգռել եւ անոր արդէն իսկ արիւնածարաւ բնազդները միշտ արթուն պահել։ Ատանայէն մեր ստացած տեղեկութիւնները ցոյց կուտան, թէ հոն ալ, ինչպէս հոս եւ ինչպէս ամենուրեք, մեր տղայամիտ գործիչներէն ոմանք միանգամայն երկու սխալ գործած են. նախ՝ իրենց չունեցած չափով ոյժը իբրեւ ունեցած ցոյց տուած են հայ տարրին, անոր ունայնամտութիւնը փայփայելու համար. երկրորդ՝ իրենց ունեցածը այնքան յաճախ ու յիմարօրէն ցուցադրած են, որ իսլամ ցեղերը չհանդուրժելով րայաին այդ հեղինակաւոր դիրքին, ծրագրած են բնաջնջել զայն։ Դժբախտութիւն մըն է որ, մեր մէջ, ռազմական երգ մը երգողը ինքզինք զօրավար կը կարծէ, ու գրպանը քանի մը փամփուշտ ունեցողը՝ հերոսի տեղ կ՚անցնի։ Լռութեան մէջ գործելը երբէք չէ ըմբռնուած այս ազգէն. ու անոնք որ աղմուկ չեն հաներ, գործ չեն տեսներ՝ կը կարծուի։ Ժողովուրդին միտքը մարտագոռ ֆռազներով պաշարելը սա ցաւագին արդիւնքը կ՚ունենայ, որ մէկ կողմէ իրական ոյժ չենք ունենար, եւ միւս կողմէ թշնամին ամենայն դիւրութեամբ հետեւելով մեր քայլերուն, մէկ հարուածով կը քանդէ մեր օդային խօսքերով կառուցած ամբարտակները։

Հայ քաղաքական կուսակցութեանց գոյութեան պէտքը մենք չէ որ պիտի ուրանանք. ոչ ալ կուզենք ո՛ եւ է չափով նուազեցնել արժէքը այն յուսահատական դիմադրութեան զոր ափ մը հայեր մղած են Կիլիկիոյ մէջ բազմապատիկ աւելի զօրաւոր ոյժի մը դէմ։ Մեր բողոքը այն ցուցամոլ ու սնափառ վարիչներուն դէմ է, որոնք չգիտցան իրենց գործը լռութեան մէջ յառաջ տանիլ։ Կը յիշէք այն ամբաստանութիւնը, զոր եւրոպական թերթերէ ոմանք նետեցին Հայերուս երեսին, մեզ ներկայացնելով իբրեւ անխորհուրդ գրգռիչներ, որ առանց ճանչնալու մեր դրացի ցեղերուն հոգեբանութիւնը, «բեմական ներկայացումներով կը փորձենք հայկական թագաւորութիւն մը վերականգնել»։ Արդ, եւրոպացիներու այս ամբաստանութիւնը ցաւագինօրէն արդարացի է։ Կոտորածներէն հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ, Ատանայի մէջ գործող հայ կուսակցութեան մը նախաձեռնութեամբ կը ներկայացուէր Աւերումն Անի Մայրաքաղաքինը, թուրքերէն լեզուով, որովհետեւ Ատանայի հայութիւնը թրքախօս է  եղեր։ Ներկայացման ունկնդրելու եկեր են, բնականաբար, բազմաթիւ թուրքեր, որոնց մէջ խուժանը պզտիկ տեղ մը չէր որ կը գրաւէր անտարակոյս։ Արդ, նկատի առէք որ այս թատերախաղին մէջ Գագիկ թագաւորը սապէս խօսքեր կ՚ընէ Հայկազնեան իշխան Թաթուլին. «Քաջ ընկերակիցք, դիտեցէք չորս կողմերնիդ եւ տեսէք թէ մեր հայրենիքը ի՞նչ տխուր տեսարաններ կ՚ընծայէ. հարցնենք նախնեաց գերեզմաններուն, թէ այսպէ՞ս էր առաջ Հայաստան… եւ ինչպէ՞ս չատենք այն վատ ազգը որ Հայոց այնչափ անձնուիրութեանց փոխարէն Հայուն սրած սուրը Հայուն դէմ կը դարձնէ, երբ զայն անտէրունջ գտնէ…» Թատերախաղը կարդացէք, եւ ծայրէ ծայր այս իմաստով խօսքեր պիտի գտնէք։ Գերագոյն ապուշութեան ո՞ր աստուածը շունչ փչեր է մեր ցեղին երակներուն մէջ, որ ասանկ ուռուցիկ , անխոհեմ ու ծայրայեղօրէն գրգռիչ յայտարարութիւններ՝ ան ալ թուրքերէն լեզուով՝ ելեր կը գոռանք բեմերուն վրայէն Թուրքերու ներկայութեանը։ Ու սա թատրոններուն մէջ յոխորտացող սպառազէն Գագիկներուն եւ Թաթուլներուն գոնէ՜ մէկ հարիւրերորդը տեսնէինք գործի պահուն…։

Քաղաքացիական իմաստութիւն եւ լրջութիւն. ահաւասիկ մեր այսուհետեւ ունենալիք գործունէութեան գլխաւոր տարրերը։ Հիմա այլ եւս ատեն է որ գինովութեան թմփիրը թօթափենք, ու փոխանակ՝ թատերախաղերու եւ երգերու եւ ճառերու մէջ հերոսանալու, անդրադառնանք մեր իսկական կացութեան, լռութեան մէջ լրացնենք մեր պակասները, եւ մեր պահանջները աւելի գործնական հողի մը վրայ դնենք։

Ատանայի եւ շրջակայից իսլամ խուժանին գրգռման մէջ Հայերուս ունեցած անգիտակից պատասխանատուութեան բաժինը երբ այսքան որոշակի երեւան կուգայ, անտարակոյս, ոչ ոք պիտի համարձակի ատով չքմեղացնել գործուած վայրագութիւնները։ Ինչպէս պիտի յայտնուի մեր յառաջիկայ յօդուածով, անոնց՝ ջարդողներուն պատասխանատուութիւնը այնքան գիտակցօրէն ահաւոր ու բարբարոս եղած է, որ միայն Կառափնատին Արդարութիւնը կրնայ զսպել յանցապարտներուն հայաջինջ եռանդը։ Չենք գիտեր տակաւին, թէ այդ Արդարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործէ, բայց ինչ որ ըլլայ, աղէկ է հայ ցեղը միտքէն չի հանէ թէ խուժան մը կայ իրեն մշտնջենական թշնամի։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 7-20 Մայիս, թիւ 29, էջ 289-290