Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՅՔԱՐ ՀՈՂՄԱՂԱՑՔԻ ԴԷՄ

Այս պահուս կրօնական հակակղերական խնդիր մը մենք ունինք. յար եւ նման խնդիր մըն ալ Ֆրանսացիներն ունին։ Կը սպասէի՞ք։ Ֆրանսա՝ որ ըստ նորագոյն վիճակագրութեան, իր 40 միլիոն բնակիչներուն մէջ 45, 973 ընկերվարական ազատ խորհողներ կը հաշուէ, Ֆրանսա որ 50 տարիներէ ի վեր դաստիարակչական գործը կղերականոյւթեան ձեռքէն առած է, կը սպասէի՞ք որ այսօր տակաւին խնդիր ունենար։

Եւ սակայն ունեցաւ, ու բաւական կարեւոր խնդիր մը, որոց զբաղեցաւ եւ դեռ կը զբաղին Ֆրանսայի ամէն գոյնի, ամէն դասակարգի թերթերը։ Այդ խնդիրը, մեր ազգային կեանքի այժմէական մէկ երեւոյթին հետ սերտ հանգիտութիւններ ունենալուն համար, համառօտակի պիտի պատմենք հոս։

Անցեալները, Ֆրանսայի Lycee de Foix կրթական հաստատութեան պարգեւաբաշխութեան հանդէսին մէջ, ազատ, խորհող եւ ֆռանմասոն ծերակուսական մը ճառախօսութիւն ըրեր է։ Այս ծերակուտականը՝ M. Delpech յայտնի հակակղերական մըն է, եւ բան մըն ալ աւելի՝ հակակրօն։ Անիկա սա հաւատքը գոյացուցած է թէ առ հասարակ Կրօնքը, ու մասնաւորաբար Կաթոլիկութիւնը, ողբալիօրէն կ՚աղաւաղէ միտքը եւ կ՚ապականէ նկարագիրը։ Արդ, այս համոզումներով տոգորուած մարդը բնականաբար խօսած ճառովը խստիւ պախարակեց Կրօնքն ու Կղերը։

Արքեպիսկոպոս Իզարն, այս «սրբապղծութենէն» չափազանց յուզուած, պարտք համարեց նամակ մը ուղղել վարժարանի ընդհանուր տեսուչին եւ գանգատեցաւ որ ֆռանմասոն ծերակուտականին սանձարձակ խօսքերուն դէմ հրապարակային բողոք մը չէր կատարուած, եւ թոյլ տրուած էր որ կաթոլիկ կրօնքը անպատիժ կերպով ձաղկուի Lycee de Foixի մէջ (Հաւատքի? վարժարան)։ Բայց Իզարն Արքեպիսկոպոսը պարզ բողոքով մը չի գոհացաւ, այլ անմիջապէս ետ կանչեց այն եկեղեցական ուսուցիչը որ վարժարանի տղոց կրօնքի դասը կուտար։ Այս վերջին պարագան շատ ծանրակշիռ թուեցաւ վարժարանի ընդհանուր տեսուչին, որ իր կարգին Արքեպիսկոպոս Իզարնի նամակ մը գրելով յայտնեց թէ կրօնական ուսանողները պիտի տուժեն այս կարգադրութենէն. ընդհանուր տեսուչը, իր նամակին մէջ իբր ինքնարդարացում, աւելցուց նաեւ թէ պարգեւաբաշխութեան հանդէսներուն միջոցին խօսող ատենաբանները կրթական նախարարին ձեռամբ կը նշանակուին, եւ թէ ինքը այդ բանախօսութիւններուն վրայ հսկողի կամ գրաքննիչի ո՛ եւ է իրաւունք չունի։

Ահաւասիկ խնդիրը, որ տեղի տուաւ վիճաբանական լայն պայքարի մը. բոլոր ընկերվարական եւ հակակղերական թերթերը եւ շրջանակները կը ծափահարեն ֆռանմասօն ծերակուտականին ընթացքը։ Այս շատ հասկնալի է։ Բայց քիչ մըն ալ մտիկ ընենք Ֆրանսայի լրջագոյն— ու երբէ՜ք կղերամիտ —Մամուլին ըսածները, որոնց գլխաւոր թարգման կը հանդիսանայ Revue des deux Mondesի պէս աշխարհահռչակ թերթի մը տնօրէն խմբագիրը՝ Ֆրանսիզ Շարմ։ Ահաւասիկ իր խօսքերը, որոնք այնքան ուղղուած են Ֆրանսայի՝ որքան մեր հայ հակակղերականներուն. M Delpech Ռապլէին եւ Զոլային կը հաւատայ. ասիկայ իր անվիճելի իրաւունքն է. ինքը ազատ է իր կարծիքը յայտնելու հանրային հաւաքոյթներու մէջ, Ծերակոյտին մէջ, վերջապէս ամէն ուր որ կ՚ուզէ՝ ի բաց առեալ պարգեւաբաշխութեան հանդէսի մը բեմը։ Եթէ իր բերնին գայլ դնողներ ըլլային, մենք առաջինը պիտի ըլլայինք բողոքող, բայց հասարակաց վարժարան մը պէտք է չէզոք դիրք բռնէ, այսինքն յարգէ բոլոր հաւատալիքները. շատ մեծ անպատեհութիւն մըն է պզտիկ տղոց առջեւ պախարակել ու ծաղրել կրօնք մը, հաւատալիք մը, որ թերեւս նուիրական է այդ տղոց ընտանիքներուն համար, հաւանօրէն անոնցմէ շատին համար։ M. Delpech՝ ազատ խորհողներու մարտիկ խումբին կը պատկանի, ուրեմն կրթական նախարարը կրնար գուշակել թէ ինչե՜ր պիտի խօսի անիկայ։ Կա՞յ մէկը որ չի տեսնէ բոլոր այն անպատեհութիւնները, որոնք կը ծագին այս կարգի բանախօսութիւններէն, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ փոխանակուած նամակներէն ու բուռն վիճաբանութիւններէն՝ ընդ մէջ այնպիսի մարդոց, որոնք զիրար յարգելու էին, կամ, եթէ կ՚ուզեն, զիրար անգիտանալու էին»։

Որքա՛ն պատճառներ ունինք նոյն այս խօսքերը առաւելապէս պոռալու մեր հայ Delpechներուն եւ Combesերուն ականջն ի վար։

1307 գարունին, Բարիզի մէջ կը յիշեմ ականատես եղած ըլլալ փողոցային շահեկան տեսարանի մը։ Քանի մը ֆրանսացի կրօնաւորներ «մեղք գործելու» պահուն բռնուեր էին. հակակղերական թերթերը ահաւոր յօդուածներ կը գրէին բովանդակ կղերականութեան դէմ, իբրեւ թէ այդ բանը (la chose, ինչպէս կըսեն Ֆրանսացիք) միայն կղերականներուն յատուկ մեղք մը ըլլար։ Այդ միջոցներուն՝ օր մը, Ավընիւ տը լա Րէբիւպլիքի սաղարթախիտ պողոտային վրայ, անգործ հետաքրքիրներու մեծ մասամբ փոքր տղաք բազմութեան մը առջեւ, յանկարծական հռետոր մը կանգնեցաւ փողոցի նստարանին վրայ, եւ սկսաւ նկարագրել «օրուան գայթակղութիւնը» այնպիսի վաւաշոտ ու անպարկեշտ բառերով, որ սկիզբէն կարծեցինք թէ ջղագար մըն է. բայց քիչ մը վերջ տեսանք որ Կղերին անբարոյականութիւնը պատկերացնող այդ մարդուկը բարոյախօս մըն է եղեր, որ կրօնքը կը ձաղկէ եւ յանուն «նուիրական բարոյական»ին, բոլո՛ր կղերականներուն… գլուխը կը պահանջէր։ Խուռներամ տղոց բազմութեան խանդավառութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնար. ծափերը կը գոռային. նորազարթ երեւակայութիւնները գրգռուած էին ամբոխավարին պատկերալից բացատրութիւններէն, երբ յանկարծ Սինա Լեռնէն լսուած պատգամին պէս ձայն մը բարձրացաւ ամբոխին մէջէն, ալեւոր մարդու մը ձայնը, որ բոլոր ուժովը կը պոռար. «Դուք կ՚ուզէք բան մը քանդել այս տղոց մտքին մէջէն, բայց ի՞նչ պիտի դնէք անոր տեղը…»։

Ի՞նչ դնել տեղը։ Ահա՛ ամբողջ խնդիրը։ Այդ մատղաշ հոգիները, փոխանցման շրջանի մը մէջ եւ կազմութեան վրայ եղող փոքրիկ ուղեղները ինչո՞վ, ի՞նչ հաւատքով, ի՞նչ սրբութիւններով պիտի լեցուին, երբ անոնց մէջէն յանկարծակի վերցնենք Կրօնքին բարոյականը եւ պապենական գողտր աւանդութիւնները։ Ահա՛ ամբողջ վտանգը, որ չէ ըմբռնուած ու միշտ ալ չըմբռնուիր Նոր Խօսքի քարոզիչներուն կողմէ։

֍

Բայց թողունք նոյն իսկ այս վտանգը։ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կղերին դէմ ահազանգ հնչեցնող նոր ուխտի ժամկոչներուն հարցնենք, թէ արդա՞ր է, եւ օգտակա՞ր է Ֆրանսայի հակակղերական ոգին նոյնութեամբ ներածել Տաճկահայ կեանքի երակներուն մէջ, եւ յարձակիլ Հայ Կղերին վրայ զայն առնելով իբրեւ առանձին դասակարգ, մէկ հատուածը՝ հանուր կղերականութեան։ Բոլոր այն Հայերը որոնք Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան բաժանման պահանջքն ունին իրենց ծրագրին մէջ, ահաւոր կերպով սխալ ու անիրաւ գործ մը կընեն։ Կարծելով թէ Հայ Եկեղեցին կարելի է կամ պէտք է անջատել իր հօտին քաղաքական իրաւասութիւններէն։ Հայ Կղերը չունի եւ չի կրնար ունենալ երբէք այն միապետական—դաւադրական դերը, զոր Կաթոլիկ կղերը, զոր օրինակ, խաղացած է Ֆրանսայի պատմութեան մէջ։ Հայ կղերը, պաշտօնէութիւնն է գերազանցօրէն ժողովրդավար Եկեղեցիի մը, որ իր պաշտօնատարները ժողովուրդի հաւանութեամբը կ՚ընտրէ եւ սահմանադրական դրութեամբ՝ քուէարկութեամբ կուտայ անոնց իւրաքանչիւրին պաշտօնը։ Հայ Կղերը ազգային կամ պետական Սնտուկէ մը չէ որ կ՚ընդունի իր ապրուստի դրամը, ինչպէս կ՚ըլար Եւրոպայի մէջ, ու ինչպէս մինչեւ հիմա ալ կըլլայ մէկ քանի եւրոպական ազգերու մէջ. այլ անիկա, ճիշտ ինչպէս կը պահանջէին Ֆրանսայի հակակղերականները. ժողովուրդի նուիրատուութիւններովը կ՚ապրի արդէն։ Անշու՛շտ, կարգ մը հայ կղերականներու պորտաբոյծ, ծուլաբարոյ եւ զզուելի կեանքը պատճառ եղած է որ Կղերին դէմ բուռն բողոքներ լսուին. բայց ամէնէն աւելի՝ Կազմակերպութեան մը պատկանող մարդիկ գիտնալու էին թէ հաւաքական Մարմիններու մէջ զեղծ ու յոռի տարրեր միշտ կը գտնուին, եւ թէ առաքինութիւնը այդ վնասակար տարրերը բարեփոխելուն կամ տարանջատելուն մէջն է, եւ ո՛չ թէ՝ ամբողջ կազմակերպութեան կործանումը պատրաստելուն մէջ։

(Հայ հակակղերականները վերջերս շատ յեղյեղուած գանգատ մը կը լսենցնեն. ի՞նչ ըրաւ Հայ Կղերը, կը հարցնեն անոնք, Կիլիկեան Աղէտին մէջ ի՞նչ սփոփարար դեր կատարեց։ Այս հարցումը առ նուազն կոյր անգիտակցութեան մը արդիւնք է։ Մենք չենք ուզեր հայ կղերականութեան պաշտպանի դերն ստանձնել, բայց չենք կրնար նաեւ չհարցնել թէ ի՞նչ ըրին աշխարհականները, ի՞նչ ըրին Քաղաքական Ժողովը կամ վարչական պատուիրակութեան ոչ—կրօնական անդամները։ Սահակ Կաթողիկոս մը՝ Կիլիկիոյ մէջ աչալուրջ հսկողի իր դերովը. Ներսէս վարդապետ մը՝ Հաճընի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ, Տէօրթ Եօլի առաջնորդական փոխանորդ քահանան, Զէյթունի Վաղարշակ վարդապետը, բոլոր ասոնք որ անուրանալի ծառայութիւններ մատուցին, միթէ կղերականներ չե՞ն։ Դարձեալ՝ Ասլանեան վարդապետը, Գնէլ վարդապետը եւ վերջապէս Դուրեան Սրբազան՝ իր առնական եւ յեղափոխավայել ժէսթովը միթէ ընդհանուր համակրանքի արժանի չեղան՝ Կիլիկեան գործերու ընթացքին մէջ։ Ասոնք ալ կղերականներ չե՞ն։ Ու ասոր հակառակ, միթէ աշխարհականեր չէ՞ին Ազգ[ային] Պատրիարքարանի այն ներկայացուցիչները, որոնք Ատանայի արիւնին մէջ տեսան շահագործումի դաշտ մը. աշխարհականներ չէի՞ն Մառի Աղաճաններն ու իր շուրջ դեգերող վաւաշոտները, որոնք ազգային թշուառութեան վրայ ազգային անպատուութեան տաճարը կանգնեցին։ Վերջապէս՝ աշխարհական մը չէ՞ր Սիսլեանը եւ իր բոլոր արբանեակները…)։

Ատե՛ն է որ այլեւս մէկ կողմ նետենք աշխարհականի—կրօնականի այս անիմաստ աղիտաբեր խտրականութիւնը։ Դեռ տարի մը առաջ՝ հայ արհեստաւորը, հայ մտաւորականը, հայ եկեղեցականը եւ հայ գործարանատէրը միացած, ձոյլ Ոյժ մը կը ներկայացնէին, ոյժ մը, որ եթէ համախմբուէր հայ—ազգայնական անխորտակելի Գաղափարին շուրջ, կրնար հրաշքներ գործել մեր կեանքին ստիպողական կարեւորութեան ունեցող խնդիրներուն մէջ։ Իսկ այսօ՝ր, նայեցէք շուրջերնիդ. կղերը ժողովուրդին դէմ, ժողովուրդը՝ կղերին դէմ, գործաւորը գործատէրին դէմ եւ փոխադարձաբար, ընդհանուր խառնակ վիճակ մը, իրերամարտ հոսանքներ, խռովեալ միտքեր, զիրար չեզոքացնող կորովներ որոնք թէեւ ամէնքն ալ հայկական են, բայց ոեւէ յարակցութիւն չունին։ Որո՞նք ստեղծեցին այս վիճակը. քանի մը անչափահասներ, եւ չափէն աւելի հասածներ, որոնց անունը ամէն շրթունքի վրայ է. քանի մը տղաք, մտքով ու տարիքով տղաքներ, որոնք նոր գաղափարի առաքեալներ ուզեցին ըլլալ, Քոմպի մը կամ Ֆէրրէրի մը տեղ անցնիլ։ Մենք պիտի հիանայինք իրենց վրայ, ինչպէս կը հիանանք Քօմպի կորովին եւ Ֆէրրէին անձնազոհութեան վրայ, եթէ սակայն համոզուած ըլլայինք թէ հայազգի Քօմպերը եւ Ֆէրրէրները կը գործեն իրական պէտքէ մը դրդուած եւ աղէտքի մը դէմ. մինչ այսօր, աւա՜ղ, մենք կը վախնանք որ անոնք Տօնքիշօթներ են միայն, որոնք հողմաղացքի դէմ պատերազմ յայտարարած են…։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 23 Հոկտեմբեր-5 Նոյեմբեր, թիւ 3 (53), էջ 17-18