Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՕՑԻԱԼԻԶՄ

Յուլիս Տասնըմէկէն ասդին, տաճկահայ գրականութեան եւ խօսակցութեանց եւ բարքերուն մէջ մուտ գտած բաներէն մէկն ալ ընկերվարականութիւնն է— սօցիալիզմը, ինչպէս որ կը կոչուի անիկա, զինքը ներածողներուն կողմէ։ Ու թէեւ շա՛տ շատեր տակաւին հասկցած չեն թէ իսկապէս ի՛նչ է ընկերվարականութիւնը— եւ արդէն չկայ ընկերային վարդապետութիւն մը՝ որուն սահմանումը այնքան այլիմաստ ու տարբերական եղած ըլլայ նոյն ինքն հիմնադիրներու բերնին մէջ, որքան ընկերվարականութիւնը բայց ասիկա արգելք մը չէ եղած, դժբախտաբար, որ հայ տղոց թաթիկներ ծախահարութիւններով չողջունեն ընկերվարականութեան մուտքն ի Տաճկաստան։ Ի՞նչ կայ զարմանալու. չէ՞ որ ընկերվարականութիւնն ալ բռնապետական հալածանքներուն ենթարկուած բաներէն մէկն էր, եւ չէ՞ որ իր գալուստը պէտք էր ողջունել այնպէս ինչպէս ողջունուեցան՝ ատեն մը՝ Արտասահմանէն խուժող մեր հին թէ նոր հերոսները, մեծ թէ պզտիկ գործիչները։

Ու ճիշդ այս պատճառով, կը կարծենք թէ ինչպէս այսօր ամէն հայ խղճի խայթ ունի՝ գինովութեան անգիտակից օրերու մէջ սա կամ նա կասկածելի հերոսը ծափահարած ըլլալուն համար, սօցիալիզմն ալ՝ իբրեւ հալածական վարդապետութիւն իր Տաճկաստան դարձին առթիւ մեր ընկերային կեանքի մէջ գտած այնքան բաց դուռները հետզհետէ գոցուած պիտի գտնէ, որովհետեւ այդ տարաշխարհիկ մեր հողերուն սա խոպան վիճակին մէջ, կոտորածի բնաջնջող արեւին տակ, ու արիւնի յաւիտենապէս խամրեցուցիչ ոռոգումովը։

Ընկերվարականութիւնը՝ իբրեւ Արեւմտեան Մտքին ժամանակակից յղացումներէն մին, իբրեւ ընկերային կեանքի նորաստեղծ պահանջներու դարմանատար եւ իբրեւ իրաւազուրկ դասակարգերու պաշտպան, անտարակոյս շատ գեղեցիկ ու շատ վեհանձն վարդապետութիւն մըն է։ Բայց ինչ որ կանխահաս ու վնասակար կը գտնենք, զայն՝ մեր Տաճկահայ կեանքին մէջ ստիպողաբար ներմուծելու համար թափուած ճիգն է. ընկերվարականութիւնը, ինչպէս ոեւէ ընկերային սկզբունք, կարելի չէ արուեստական ներարկումներով կամ բարոյական բռնաբարումներով որդեգրել տալ ոեւէ ազգի, առաւելապէս Հայ ազգին։ Այս մտածումները կը թելադրուինք հրատարակել անգամ մըն ալ, այն այժմէութեանը համար զոր սօցիալիզմը ստացաւ վերջերս, Օսմ[անեան] Խորհրդարանին մէջ, ուր, ինպէս յայտնի է, Դահլիճին տեսակէտը յաղթանակեց, հակառակ Զոհրապի ու Մուրատի ընկերվարապաշտպան ճառախօսութիւններուն։

Անցողակի դիտել տալ պէտք կը տեսնենք, որ Հայ օրաթերթերէն մէկ երկուքը, ընկերվարականութիւնը ամէն գնով փառաբանելու իրենց աւաղելի եռանդին մէջ, Օսմ[անեան] խորհրդարանի այդ նիստը խեղաթիւրուած ձեւով մը ներկայացուցին Հայ հասարակութեան. եւ յետոյ, Զոհրապի համար գրուեցաւ, թէ Եւրոպայի մեծագոյն մասը ընկերվարական է՝ ըսած ըլլայ։ մենք չենք հաւատար որ Գր[իգոր] Զոհրապ այնքան տգէտ ըլլայ որ չգիտնայ թէ այսօր, Եւրոպայի մինչեւ իսկ ամէնէն յառաջադէմ կեդրոններուն մէջ, ընկերվարականները շարունակ պարտութեան կը մատնուին կառավարական ոյժին հետ իրենց ունեցած բաղխումներուն մէջ. Անգլիացիք ուղղակի anti-socialist (հակաընկերվարական) ընկերութիւններ ու ժողովներ իսկ կազմակերպած են, ու Եւրոպայի գրէթէ բոլոր ժողովուրդները, հակառակ որ իրենց տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական կեանքի պահանջներուն բերմամբը յաճախ շա՛տ արդարացի բողոքներ կը ներկայացնեն կառավարութեան, ստէպ դատապարտուած են անլսելի մնալու. Ֆրանսայի մէջ միլիօններով կը հաշուուին այն մարդիկը որոնք կը ծիծաղին ընկերվարապետ Ժան Ժօռէսի վրայ, որ իր հասառուի անդորրիկ կեանքովը, փորը կուշտ ու կռնակը տաք, օդասուն վիլլայի մը խորէն ընչազուրկ եւ բոկոտն proletariatին դատը կը պաշտպանէ…։

Այսչափ մը ըսած ըլլալով ի պատասխան մեր բոլոր այն կողմնակալ հրապարակագիրներուն, որոնք սկսած են ընկերվարութիւնը իբրեւ տիեզերականապէս իշխող ու հզօր վարդապետութիւն մը ցոյց տալ, կ՚անցնինք քննելու սա հիմնական կէտը, թէ ընդունելով հանդերձ որ ընկերվարականութեան կարգ մը սկզբունքները ինքնին գեղեցիկ ու մարդկայնական ըլլան, պատշա՞ճ է, ու կարելի՞ է անոնց պատուաստումը՝ Թուրքիոյ արիւնաքամ մարմնին վրայ։ Մենք ըսած ենք, ու այսօր առաւել քան երբէք ազդուօրէն պիտի ըսենք՝ ո՛չ։ Ի նկատի առնելով մեր ապրած միջավայրին, մեր դրացի ցեղերուն, մեր ազգային բարքերուն եւ մեր այլապէս հրամայողական պէտքերուն յառաջ բերած հաւաքական վիճակը, մենք կը հաւատանք՝ թէ ոչ միայն պատշաճ չէ ընկերվարական բրօբականտը, այլ եւ՝ աղիտաբեր։ Ժողովուրդ մը որ տակաւին չի գիտեր, թէ վաղը ո՞ղջ պիտի արթննայ թէ՝ մեռած, ժողովուրդ մը որ տակաւին իր պատիւին, ստացուածքին ու քաղաքացիական ազատութեանց տէրը չէ, ժողովուրդ մը որ ստուարագոյն խաւերով տակաւին իր մշտակոծ ճակատը կրօնքի սրբութեան քարերուն քսելով միայն կը մխիթարուի ու ընտանեկան բարոյականի պապենական այլ յաւէ՛տ խնկելի ըմբռնումներուն կառչած կ՚ուզէ մնալ, անգթութիւն է, սոփեստութիւն է այդպիսի ժողովուրդ մը թունաւորել արեւմտեան արտակեդրոն մտքերուն վերացականութիւններովը, եւ հողային հարցերով, բանուորական խնդիրներով, եկեղեցւոյ ու պետութեան բաժանման կնճռոտութիւններով, արձակունակ բարոյականի վարդապետութիւններով կամ նմանօրինակ նորաբանութիւններով զբաղեցնելը։ Այսօր մեր ազգը այնպիսի դժնդակ կացութեան մը մէջ կը գտնուի, որ ուղղակի ազգադաւութիւն պիտի ըլլար՝ ժողովուրդը կղերին դէմ, կղերը ժողովուրդին դէմ, գործաւորը գործատէրին դէմ, հողատէրը մշակին դէմ, աղքատը հարուստին դէմ, ամուսինը իր կնոջը դէմ գրգռելը, զինելը, բարոյական, կրօնական կամ տնտեսական ո՛ եւ է հարցի համար։ Ընկերվարական բոլո՛ր սկզբունքները վիճելի վարդապետութիւններ են, եւ ինչպէս անոնց մուտքն ու կիրարկումը՝ եւրոպական ազգերու մէջ, մեծամեծ պառակտումներու եւ բաղխումներու տեղի տուած է, ու մինչեւ այսօր ալ կուտայ, մի եւ նոյն կերպով եւ առաւելապէս այս երկրին մէջ անոր մուտքը անտարակոյս դժբախտաբար  յառաջ պիտի բերէ եւ արդէն սկսած է բերել այնպիսի պառակտումներ, որոնք մեր պատառատուն ցեղը պիտի բզքտեն պարզապէս։ Մայիս մէկի հանդէսներուն նկարագրութիւնը, էնթէրնասիօնալի հայացեալ տողերը կամ Ֆրանսայի ընկերվարականներու տարազէն փոխ առնուած թռուցիկ սեւ փողկապները կրնար շատ հրապուրիչ երեւալ, բայց բաւական լուրջ տարրեր չեն մեր ազգը ընկերվարականացնելու համար։

Ու ասիկա մեր կարծիքը չէ միայն. ընկերվարական առաջին խնդիրին վիճաբանութեան առթիւ Օսմ[անեան] Խորհրդարանին մէջ, մենք տեսանք, թէ Պոլսոյ Եւրոպական թերթերը ինչպէ՛ս աւելի լաւ ըմբռնած էին Թուրքիոյ միջավայրի ու կեանքի պայմանները, քան մեր Հայ խմբագիրներէն՝ մէկ քանին։ Ֆրանսայի հանրածանօթ ընկերաբանը՝ Անաթօլ Լըրուա Պօլիէօ, որ այնքան յաճախ ու կորովի կերպով ձայն բարձրացուցած է Հայ դատին ի նպաստ, եւ որ վերջերս Պոլիս կը գտնուէր, բացարձակապէս աղիտաբեր կը գտնէր ընկերովական սկզբունքներու կիրառումը Տաճկաստանի ներկայ վիճակին մէջ, ուր տակաւին կառավարութիւնը հաստատ կազմակերպութիւն մը չունի, զանազան ցեղեր զիրար կը մորթէն, եւ Դրամագլուխը նախախնամական դեր մը ունի կատարելիք՝ երկրին բարգաւաճման կենսական գործին մէջ։ Ու Le Libéralի խմբագրապետը՝ Պրն. Ա. Թորգոմ վերջերս մեզ կը պատմէր շատ յատկանշական միջադէպ մը, որ ահաւասիկ. Պուլկարիայէ դարձին, քանի մը շաբաթ առաջ, Պրն. Թորգոմ թռէնին մէջ կը հանդիպի «ազատարար բանակ»էն սպաներու, որոնք կը խօսէին Հակուսակցութեան մը ծրագրին հողերու համայնացման եւ այլ ընկերվարական պահանջներուն վրայ. սպաները կ՚ըսէին, եւ հաւատալով, թէ Հայ քօմիթէին պահանջները մեծ վրդովում եւ գրգռում յառաջ բերած են Անատոլուի իսլամ ցեղերուն մէջ, որոնք սկսեր են խորհիլ, թէ իրենց հողը ձեռքերնուն պիտի առնուի եւ կեավուրներուն բաշխուի…։

Ահաւասիկ, ընկերվարական բարեկամներ, այն միջավայրը ուր կ՚ապրինք եւ այն մարդիկը որոնց հետ կապուած է մեր ցեղին ճակատագիրը։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 29 Մայիս-11 Յունիս, թիւ 31-32, էջ 310-311