Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍՔ ՄԸՆ ԱԼ ՄԵԶՄԷ

Արտասահմանի այս ու այն անկիւնը՝ ամբողջ երեք տարիներ՝ յարաբերաբար հանգստաւէտ հայութեան աչքին Երկրի արիւնոտ իրականութիւնը պարզելէ եւ «Համիտեան րէժիմը» քօղամերկելէ ու ձաղկելէ ետք, երբ՝ անցեալ տարի Պոլիս դարձանք, վայրկեան մը հաճելի եղաւ մեզի խորհիլ, թէ այլեւս ապրելու, խորհելու եւ գրելու նոր դարագլուխ մը բացուած է մեր առջեւ, ու միանգամ ընդ միշտ կարելի պիտի ըլլար մեզի՝ նուիրուիլ գործունէութեան նոր ասպարէզներու, նո՛ր ձգտումներու։ Այլ սակայն մեր անցուցած մէկ տարուան շրջանը երբ այսօր քննելու ելլանք, պիտի տեսնենք որ մեր ապրելու, մտածելու եղանակէն գրեթէ ոչինչ փոխուած է, եւ թէ ինչ որ առաջ կը գրէինք Թուրքիայէն դուրս, այսօր կը գրենք Թուրիքիոյ մէջ, համանման բողոքներով, համանման վէրքերով դառնացած։

Տարիէ մը ի վեր մենք շա՛տ փափաքեցանք գտնել պատեհութիւն մը ուր կարենայինք մեր գանգատներուն փոխարէն, գոհունակութիւն եւ երախտիք յայտնել։ Ի զո՛ւր։ Անարդար ու ջարդարար րէժիմի մը դէմ մեր զայրոյթի ու բողոքի արտայայտութեանց շարունակական պոռթկումը ա՛լ մեզ ձանձրացուացած էու ընդվզեցուցած էր։ Ա՛լ յոգնած էինք տրտնջալէն եւ մեր արդար revendicationներուն աննկատ թողուիլը դիտելէն։ Ու մենք, այս հոգեկան դժնդակ կացութեան մէջ, բնականաբար շատ սիրով պիտի լռեցնէինք մեր տրտնջացող գրիչները, երբ՝ կամ եթէ կառավարող շրջանակներուն կողմէ ո՛ եւ է չափող գոհացում տրուած ըլլար մեր բանաւոր պահանջներուն։

Այսպէս չեղաւ սակայն։ Ու մենք, հիմա ալ տակաւին, գուցէ ալ յաւիտենականօրէն, կը տեսնենք որ մեզի վիճակուած է տխուր բաժինը՝ Հայ ժողովուրդի տառապանքներուն ապիկար արձանագրիչն ըլլալու։ Հայը կը կեղեքուի, կը սպաննուի, կը թալլուի։ Զինքը պաշտպանելու կոչուած ոյժը՝ մերթ անտարբեր, մերթ թերահաւատ, այլ աւելի յաճախ՝ հեգնոտ, ո՛ եւ է չափով չի ջանար դարմանել չարիքը. իսկ մեզի՝ գրողներուս վիճակուեր է յաւիտենապէս քօղամերկել եւ ձաղկել այս վիճակը, առանց ո՛ եւ է դրական արդիւնքի։ Տարիներէ ի վեր շարունակուեր է այս այսպէս . բայց այդ քանի մը տասնեակ տարիներու աղէտալի ու արիւնոտ շարքը բոլորովին նսեմացաւ աս վերջին տարիին քով, երբ մեր արդար ակնկալութիւններուն մէջ խորապէս յուսախաբ, տեսանք՝ որ նոր կառավարութիւնը իր երիտասարդ ոյժը ուրիշ բանի չի գործածեր, եթէ ոչ աւելի լաւ ճզմելու եւ տկարացնելու Հայ տարրը։

Եթէ գոնէ անկեղծութեամբ եւ առանց խարդախանքի յառաջ տարուէին բնաջնջումի այս գործողութիւնները ինչպէս կ՚ըլլար Համիտի օրով մենք նուազ պիտի դառնանայինք, բայց Սահմանադրական Թուրքիոյ մասնայատկութիւնն այն է որ  հոս կը խոստանայ, հոն կը դրժէ. մերինները կը տանջէ ու կը լացնէ, մեզի մխիթարական խօսքեր զրուցելու համար, ասդին անմեղ կը հռչակէ Հայերը, անդին կը շարունակէ զանոնք բանտել ու դատապարտել. Նախարարաց Խորհուրդին բերնով Հայերը անջատողական չեն կ՚ըսէ, իսկ Երեսփ[ոխանական] Ժողովի նախագահին ըսել կուտայ թէ Հայերը անպայման անջատողական ձգտումներ ունին…։ Կատակերգական պիտի անուանէինք այս վիճակը, եթէ չափազանց ողբերգական խնդրի մը շուրջ չի խաղացուէր մնջկատակը։ «Հայերը անջատողակա՜ն են» այսինքն դաւադիրներ, Օսմ[անեան] Հայրենիքին թշնամիներ են. ահաւասաիկ  պատրուակը որ կը ծառայեցուի զմեզ ճնշելու, բնաջնջելու համար. ի զո՜ւր խեղճ գառուկներս կը մայենք թէ մենք իրենց ջուրերը պղտորած չունինք առանց մեզի ալ շատ պղտոր են անոնք արդէն. ի զո՜ւր կ՚ապացուցանենք իրենց, թէ նիւթապէս, բարոյապէս անկարող ենք այդ կարգի ձգտումներ ունենալ. անոնք Լաֆօնթէնի առակին գայլին նման կը շարունակեն գոռալ. «այո՜, անջատողական էք, իսկ եթէ դուք չէք, ուրեմն ձեր հայրը, ձեր մեծ հայրը անջատողական է…»։ Ահա՛ թէ ինչպէ՜ս կը գիշատուի Հայուն գառնուկի մարմինը։

Անգթութիւնը եւ անարդարութիւնը կեղծիքին միացած. ահա՛ Նոր Թուրքիոյ նկարագրին գլխաւոր գիծը՝ Հայոց հանդէպ։ Անցեալ օր Երիտասարդ Թուրք զինուորական կը՝ խօսելով Ատանայի կոտորածին եւ Հայոց Պատրիարքարանի պահանջներուն վրայ, սա սրտաբաց յայտարարութիւնը կ՚ընէր մեզի. Դուք՝ Հայերդ զարմանալի անգիտակցութիւն մը ունիք. իրողութեանց խորը թափանցել չէք գիտեր. կը սպասէք ու կը պահանջէք, որ Թուրքերը բացարձակ արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ վարուին ձեզի հետ. ատիկա անկարելի է. որովհետեւ Հայ ժողովուրդը մտաւորապէս, տնտեսականօրէն եւ ընկերային յառաջդիմութեանց տեսակէտով շատ աւելի յառաջ գացած է քան Թուրքերը։ Ինչպէ՞ս կրնանք անխտրական եւ արդար ըլլալ ձեզի հետ, քանի որ հաւասարութեան հողին վրայ զմեզ պիտի գլէք անցնիք. կարելի՞ է որ Թուրքը՝ իբրեւ տիրող տարր, հանդուրժէ այդ վիճակին. սպասեցէք, մենք ալ ձեզի հասնինք, անկէ վերջ հաւասարութեամբ եւ արդարութեամբ ձեռք ձեռքի կ՚ընթանանք…։

Ես շատ աւելի կը յարգեմ այս բերանը, որ թէեւ տաճկօրէն կ՚անիրաւէ, բայց ճշմարտութիւնը կը խոստովանի ու զանազան խաբկանքներով չի փորձեր օրօրել մեր ազգային սնամտութիւնը։ Ես աւելի դիւրաւ կը սեղմեմ այս ձեռքը որ կը զարնէ, բայց քաջաբար կը զարնէ, քան այն բոլոր միւս ձեռքերը որոնք վատօրէն կը շոյեն մեր վէրքեր այն պահուն իսկ՝ երբ նորանոր վէրքեր կը բանան։

Մեր ազգին մէջ շատ գլուխներ, շատ վարիչներ ունինք. ինքնախաբէութեամբ օրօրուողներ եւ կառավարութենէն սնամէջ պահանջումներ ընող եւ տրուած կամ տրուելիք անօգուտ շրջաբերական թղթի կտորներու սպասողներ ալ շատ կան։ Մենք անցուցինք այդ պատրանքի շրջանը։ Թրքահայուն ճակատագրի դժնդակութիւնը իր յարաբերական յառաջդիմութեան մէջն իսկ է. մեր ժամացոյցը յառաջ գացած է, մեզ ջարդողներունը շարունակ ետ կը մնայ։ Մարդկային ազգին երախտագիտութեանը արժանի անձ մը պիտի ըլլայ այն՝ որ կարենայ գտնել հնարք մը, որով ջարդողին ու ջարդուողին ժամացոյցները մէկ ժամու լարուին եւ ճշդուին, առանց այլեւս արիւն—արցունք թափել տալու։

Ահաւասիկ՝ խօսք մըն ալ մեզմէ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 31 Յուլիս - 13 Օգոստոս, թիւ 41, էջ 401-402