Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ֆրանսա, մեծ յեղափոխութենէն առաջ, Պասթիյը ունէր «որ Բարիզի ուսերուն վրայ կը ճնշէր հինգ դարերէ ի վեր, ինչպէս դժոխքին ժայռը կը ճնշէ։ Սիսիֆի ուսերուն վրայ»։ Պասթիյը այն բերդակառոյց հսկայ զանգուածն էր, որուն նկուղներուն մէջ ո՛ եւ է քմահաճ տնօրէնութեամբ նետուողը՝ այլեւս մշտնջենական մոռացութեան մատնուած՝ պիտի ապրէր ու մեռնէր, մութին մէջ, յաճախ առանց դատաստանի, ու աւելի յաճախ՝ անօթի։ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը քանդեց մարդկային կմախքներու հիմին վրայ կառուցուած այդ աշտարակը, ու այսօրուան Բարիզը, Պասթիյի հրապարակին վրայ՝ Ազատութեան սլացիկ ու ոսկեփայլ արձանին է որ կ՚ուղղէ իր աչքերը։

Այս մեծ եղելութիւնը պատահեցաւ 1789 յուլիս 14ին։

Թրքական Պասթիյը

Բայց  1909 ապրիլ 24ին, ոչ նուազ մեծ եղելութեան մը ականատեսները եղանք հոս՝ Թրքական Պասթիյին առմամբը՝ թուրք զինուորական յեղափոխութեան ձեռքով։ Եըլտըզը թրքական Պասթիյն էր, որուն պատերն ու նկուղները համրօրէն մտիկ ըրած էին 33 տարիներէ ի վեր հազարաւոր մահավճիռներ, ու սրտամորմոք ախն ու վախը բիւրաւոր թշուառներու, որոնք իրենց անմեղութիւնը մկրտեցին իրենց արիւնին աւազանին մէջ, մինչ Պասթիյին բանտապահները՝ նրբացած աւազակներ որոնք տիեզերքի ամէն զօրութիւններն ալ արհամարհելու վարժուած՝ Թիւրիօ տը լա Ռօզիէռի մը ահարկու հարցումին պէտք ունէին դողդղալու համար. «կը տեսնէ՞ք այս թնդանօթները, անմիջապէս ետ քաշուեցէք ու Պասթիյը յանձնեցէք…»։

Ու ամենքս գիտենք, թէ Ապտ իւլ Համիտ յանձնուեցաւ այնպէս՝ ինչպէս թակարդն ինկած առնէտները միայն կը յանձնուին։ Տարիներէ ի վեր, մարդկային մսի ու արիւնի սնունդովը այլասերած իր անձէն՝ ոչ ոք չէր սպասեր անշուշտ Օսմ[անեան] հին թագաւորներու այն արիասիրտ խիզախումը, որով, վտանգի վճռական րոպէին, Սուլթան Սիւլէյմաններ ու Մահմուտներ թշնամիին կը ճակատէին, փճանալու, բայց պատիւով փճանալու համար։ Սուլթան Համիտ ոչ իսկ կիսակատար geste մը ըրաւ՝ իր կեանքին տալու համար ասպետական վերջ մը, ինչքա՛ն ճշմարիտ է Լօմպրօզոյի վարդապետութիւնը՝ թէ գռեհիկ ոճրագործները անպայման վատեր ու վախկոտներ կ՚ըլլան, եւ իրենց անձին ապահովութիւնը ամէն բանէ գերադաս կը համարին։ Ու ոչ միայն Ապտ իւլ Համիտ, այլ իր մեղսակից պալատականներէն ալ ոչ մէկը՝ հիացման արժանի վարմունքով մը փորձեց տժգունեցնել՝ տարիներու ընթացքին գործուած ոճիրներու արատը, մինչ այլ գերի տարուող սուլթանուհիներէն ոչ մին գեղեցիկ կեցուածքով մը չելաւ գոչելու՝ թագուհի Մառի Անթուանէթի հերոսավայել խօսքերը. «Զիս այս պատին գամեցէք, աւելի կը նախընտրեմ ատիկա, քան թէ Թիւիլըրիի պալատէն դուրս ելլալ»։

Եւրոպական ազգերու տարեգրութեանց մէջ՝ Սուլթան Համիտի գերեվարման, դատապարտութեան եւ հաւանական գլխատման դէպքը, կատարուած՝ յեղափոխական—ժողովրդապետական գերիշխանութեան վճիռով, երրորդը պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ։ Տասն եւ եօթերորդ դարու կիսուն, անգլիական պաղարիւն ազգն էր որ գլխատեց իր Չարլս Սթիւըրթ թագաւորը, ի պատիժ անոր «բռնակալ, ոճրագործ ու մատնչական ընթացքին»։ Չարլս Ա. ի թագաւորութիւնը՝ զոր այն ժամանակի անգլիացիները կը նմանցնէին Օսմ[անեան] Սուլթաններու իշխանութեան, ծայրէ ծայր լեցուն է հայրենադաւ արարքներով։ Անիկա էր որ Անգլիոյ վաղնջական Բարլամէնթին գործունէութիւնը խափանեց ամբողջ տասն եւ մէկ տարիներ, իր անձնական գանձը լեցնելու համար օտար ազգիներու ըստ կամս մենաշնորհներ տուաւ, երկրին հիմնական օրէնքներուն դէմ գործեց շարունակ, մինչեւ որ, բանակն ու ժողովուրդը ա՛լ ճարահատ ընդվզելով՝ Ազգային Ժողով գումարեցին եւ թագաւորը մահուան դատապարտելով գլխատեցին։

Ծանօթ է նաեւ եղերական վերջաւորութիւնը Ֆրանսայի վերջին թագաւորին՝ Լուի ԺԶ. ի եւ իր կնոջ Մառի Անթուանէթի, որոնց գլուխները ինկան յեղափոխական ատեանին վճիռով։

Նորագոյն ժամանակներու մէջ տեսանք թէեւ Սերպիոյ եւ Բորթուկալի թագաւորներուն չարաչար սպաննումը՝ իբրեւ հայրենեաց դաւաճաններ, առաջինը՝ 8 տարիներ առաջ, եւ երկրորդը դեռ հազիւ երկու տարի առաջ, բայց այս երկու սպաննութիւններն ալ տեղի ունեցան ոչ թէ ազգային—ժողովրդապետական գերիշխանութեան վճիռովը, այլ խիզախ յեղափոխականներու խմբակի մը ձեռամբ։

Այսօր, երբ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի արքայասպան սերունդներուն յաջորդած են նորեր, աւելի հանդարտամիտներ, ու գլխատուած թագաւորներուն յոռի կենցաղը մոռցուելով, անոնց արիւնոտ գլուխը միայն աչքի առջեւ կ՚երեւայ, այսօր շատ շատեր խստօրէն կը դատապարտեն Չարլս Ա. ի եւ Լուի ԺԶ ի գլխատումները։ Բայց չենք կրնար երեւակայել որ Համիտ Բ. ի դատապարտութեան թուականէն տարիներ ու դարեր վերջ ո՛ եւ է անշահախնդիր բերան կամ պատմագիր պիտի համարձակի չքմեղացնել դարուս մեծագոյն ոճրագործը։

Դեռ կը յիշեմ այն խորին ակնածանքը եւ գութը, զոր կ՚արտայայտէին   1907ի գարնան՝ հարիւրաւոր այցելուներ՝ Վերսայլի պալատին մէջ. Վերսայլ, Բարիզէն 11 մղոն հեռու այն ազնուապետական քաղաքն է, ուր Լուի ԺԳ. շինել տուած է արքայական պալատներ, որոնք հետզհետէ շքեղացուելով՝ եղան Ֆրանսայի վերջին թագաւորին ու թագուհիին նախասիրած բնակավայրը. քանինե՜րու աչքերը արցունքով լեցուցան երբ առաջնորդը կը պտտցնէր մեզ Մեծ ու Պզտիկ Թրիանօններու յարկաբաժինները, Մառի Անթուանէթի զարդասենեակը, ուր այնքան մանր սիրուն առարկաներ կը պատմէն իրենց տիրուհիին ճաշակին շքեղութիւնը յետոյ իր ննջասենեակը՝ ուր Մառի Անթուանէթի մահճակալին ոսկեթել վերմակներուն տակ Գեղեցկութիւնը կը քնանար տակաւին. եւ ահա՛ Լուի ԺԶ. ի աշխատութեան սենեակը, ահա չորս եղանակներուն ձօնուած ծառուղիները, Մառի Անթուանէթի ագարակը, թատրոնը, յաւերժահարսելու ջրցայտը, ու վերջապէս բոլոր շնորհագեղ բեկորները թագաւորական ամոլի կեանքին. ա՜, քանիներ կուլային այն օրը՝ guillotineի թագակիր զոհերուն վրայ…։

Նոյն արցունքը եւ նոյն գութը տեսանք մենք Լոնտոն, Հուայթհօլի Banqueting houseին առջեւ, ուր գլխատուած է Չարլս Ա. թագաւորը։

Օր մը, անտարակոյս, թրքական Պասթիյը պիտի բացուի ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ, ու մենք յաղթական քայլերով պիտի երթանք դիտելու այն պալատական որջը, ուր շարունակ, շարունա՜կ ոճիրներ յղացաւ եւ կոտորածներ թխսեց Ապտ Իւլ Համիտ։ Մէկ, երկու, երեք սերունդներ պիտի անցնին, բայց ժողովուրդի անէծքը գութի ու արցունքի չպիտի փոխուի ամենեւին, որովհետեւ անմեղ զոհերու ուրուականը յաւիտենապէս պիտի սաւառնի հոն, ու բիրերով մահացուած խեղճերու բառաչիւնը պատերէն պիտի արձագանգէ միշտ…։

Կախաղաններուն առջեւ

Սթամպօլ, որ շաբաթէ մը ի վեր Համիտի անկումը տօնելու համար ցնծալիր դրօշներով կարմրած էր, անցեալ երկուշաբթի առտու յանկարծ սոսկումով տժգունեցաւ, ի տես այն 13 կախաղաններու մոխրագոյն շարքին՝ որ կամուրջին գլուխը ու Պայազիտի եւ Սուլթան Ահմէտի հրապարակներուն վրայ ցուցադրուեցաւ։ Մարտ 31ի հակասահմանադրական ընդվզման եթէ ոչ հեղինակները՝ գոնէ ամէնէն մոլեռանդ դերակատարները, զինուորական ատեանին վճիռովը կախուեցաւ, եւ իրենց ածխացած լեզուները կը թուէին ըսել. «Ասիկա՛ է վերջ բոլոր անոնց որոնք Սահմանադրութեան ու Ազատութեան դէմ կը դաւաճանեն»։

Կախաղանին բարձրութենէն ինկող այս ճշմարտութիւնը պիտի լսելի ըլլա՞յ այն վիթխարի խուժանին, որ մարտ 31ին եւ յաջորդող 3 օրերու ընթացքին Պոլսոյ փողոցներուն մէջ ու նաեւ հեռաւոր գաւառնելու անկիւնները՝ ամէնէն գազանային արարքներն ի գործ դրաւ։ Ահաւասիկ մտահոգիչ ու կենսական հարցը։ Տասներեք կախաղաններուն առջեւ խռնուած բազմութեան մէջ մենք նշմարեցինք խուժանապետներ, որոնք մարտ 31ի ընդվզման համամիտ եւ մասնակից՝ այսօրուան կախաղաններուն քովն ի վեր կը սլքտկային. ի՞նչ կը խորհէին արդեօք, ու ի՞նչ կը ծրագրէին. ասոնք եւ իրենց բիւրաւոր գաղափարակիցները պիտի ըմբռնե՞ն վերջապէս, թէ Օսմ[անեան] հայրենիքի տեւական բարօրութեանը անհրաժեշտ պայմաններն են Սահմանադրական Օրէնքին հպատակութիւնը, գազանային բնազդներու ջնջում, եւ Օսմ[անեան] բոլոր տարրերուն միջեւ համերաշխ գործակցութիւն։

Դէպ ի կախաղան գացող զինուորներէն ոմանք ըսեր են. «մենք մահուան կ՚երթանք. Աստուած մեր սիրելի հայրենիքը եւ ազգը պահպանէ»։ Իսկ հազարապետ Եուսուֆ իր վերջին վայրկեաններուն՝ իրեն եղած հարցումներուն պատասխաներ է, թէ «ինք կը մարտիրոսանայ հայրենիքին համար»։ Ինչպէ՜ս չարգահատիլ այս ախտաւոր ու մոլար հայրենասէրներուն վրայ, որոնք նուիրական խօսքերու գինովութենէն խելայեղ այսպէս կ՚երթան ուրախութեամբ մեռնելու, առանց գիտնալու, թէ դրօշը որուն տակ կ՚իյնան, տգիտութեան, մոլեռանդութեան եւ բռնակալութեան արիւնաներկ դրօշն է։

Բայց անցեալ երկու շաբթիի կախաղանները մեզի մտածել կուտային այլապէս յուսադրող պարագայի մը վրայ, մինչ մեր դրացի երկիրներուն՝ Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ, Սահմանադրութեան եւ ժողովուրդի իրաւանց պաշտպաններն են որ կախաղան կը բարձրացուին բիրտ ոյժին ձեռամբ, հոս, մեր դժբախտ երկրին մէջ, գոնէ սա միակ մխիթարական պարագան կայ, որ սուիններուն ոյժը ի սպաս դրուած է Սահմանադրութեան պահպանմանն եւ ամրապնդմանը։ Յետաշրջական շարժումի բոլոր պարագլուխներուն եթէ ոչ համոզումով, գոնէ բռնի կերպով պիտի հասկցնել տրուի, թէ հակասահմանադրական ամէն արարք ենթակայ է պատիժներու խստագոյնին։ Շէրիաթի սխալ մեկնաբանութեամբը եւ կրօնամոլական ազդեցութիւններով այլասեռած բոլոր «հայրենասէր»ներուն անկ է ըմբռնել, թէ իսկական շահն ու բարօրութիւնը այն հայրենիքին՝ որուն համար մեռնիլ աչք առած են՝ կը պահանջէ անպայման յարգանք հանդէպ Սահմանադրական Օրէնքին։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 22 Ապրիլ-5 Մայիս, թիւ 26-27, էջ 261-262