Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԵՐԸ ՄԻՇՏ ՈՐԲ

Հա՛յ հարուստներ, այսօր նորէն ձեզի պիտի խօսինք, ձեզի ստիպուած ենք խօսիլ։

Եօթը ամիսներ անցան արդէն այն դաժան օրուան վրայէն, երբ դո՛ւք ալ, մե՛նք ալ կրեցինք Կիլիկեան Անպատուութեան անջնջելի արատը։

Մեր լեզուներուն վրայ եւ գրիչներուն տակ այլեւս բառ չմնաց՝ ոճիրներուն ոճիրը որակելու եւ հզօրապէս բացատրուելու համար. ու մենք գրեցինք ինչ որ թափեց մեր արիւնաքամ գրիչը, անոնք պատմեցին, ուրիշներ վկայեցին, եւ դուք մտիկ ըրիք այդ բոլորը, բայց միայն մտիկ ըրիք։ Մորթուած հայրեր եւ բռնաբարիչ բազուկներու մէջ արիւնալուայ ինկած մայրեր ու քոյրեր ի զո՜ւր իրենց աչքերը սեւեռեցին ձեր վրայ, ու իրենց զաւակներուն կամ եղբայրներուն խնամակալութիւնը ստանձնել խնդրեցին ձեզմէ։ Իսկ հայ որբուկներուն եւ անոնց վրայ երկնուած սրտաճմլիկ բուերգները չի զօրեցին գութի գործնական արտայայտութիւն մը ներշնչել ձեզի, ու դուք ձեր ականջներուն եւ սրտին դուռները ամուր գոցեցիք վերջապէս, այնքան ամուր՝ որքան ձեր դրամարկղին դուռները միայն կրնան ըլլալ որպէս զի ա՛լ չի լսէք ձանձրալի եւ միօրինակ դարձած եղերերգը։

Աղէտքի թարմ օրերուն, երբ թերեւս դեռ գիտակցութիւնը չունէիք անոր անծայրածիր որչափութեանը. անշո՛ւշտ, տուիք քիչ մը բան, ողորմութիւն մը, սանկ քանի մը տասնեակ կամ հարիւրեակ ոսկի, դուք ձեզի սակարկելով եւ խորհրդակցելով ձեր խղճին հետ, որ կ՚ըսէր ձեզի թէ արդէն «ազգասիրական պարտականութիւննիդ կատարած եղաք»։ Ու դուք այս բանին հաւատքը այնքան անխախտ ունենալ կը թուիք, որ անկէ ի վեր, ամիսներէ ի վեր, ո՛չ որբերուն մուրացիկ նայուածքը, ո՛չ անոնց թշուառութեան հեռաւոր մռունչը, ո՛չ իսկ պաշտօնական ու անպաշտօն կոչերը չկրցան ձեր խղճմտանքը խռովել։ Կիլիկեան Կեդր[ոնական] Որբախնամ Մարմինը որբերուն հետ ու անոնց պէս կը ճուայ թէ դրամ չունի, վերահաս ձմրան պէտքերուն, նոյն իսկ սնունդի անհրաժեշտ միջոցներուն համար դրամը կը պակսի հետզհետէ, թէ Հաճընի 1000 որբերէն միայն 300ը կարելի եղած է պատսպարել, թէ Մարաշի, Ատանայի, Հալէպի, Հաճընի եւ շրջակայ քաղաքներու Առաջնորդարաններէն շարունակ դրամապահանջ հեռագիրներ կը հասնին, թէ օտարները օգտուելով մեր ապիկարութենէն եւ անտարբերութենէն, սկսած են իրենց փարափը հաւաքել կոտորածին հէգ բեկորները…։

Հա՛յ հարուստներ, դուք որ հարիւր հազար, կամ յիսուն հազարաւոր ոսկիներու սիւնը կանգնած ունիք ձեր աչքին առջեւ, դուք որ կալուածներ, գործարաններ եւ մթերանոցներ ունիք, դուք ո՞ր օրին եւ որի՞ համար կը պահէք ուրեմն ձեր դրամը. ինչո՞ւ ձեր մէջէն առ նուազն 20 հոգի մէ՛կ ձեռքով 1000ական ոսկի չեն տար, որպէս զի Կիլիկեան Եղեռնին 20000 զոհերէն ետք, անօթութեան, զրկումի եւ անպատուութեան նոր զոհեր ալ չի տայ Ազգը։

Ասկէ առաջ, երբ Հայ Յեղափոխութիւնը կը ցցուէր ձեր դէմը, յիշեցնելու համար ձեր բո՛ւն պարտականութիւնը, դուք կ՚ըսէիք. «ինչէ՞ն վստահութիւն ունենանք Քօմիթէներուն վրայ, գաղտնի բաներ են. ո՛չ հաշիւ կուտան մեզի, ոչ ալ ըրածինին գիտենք»։ Եւ երբ վստահելի մարդիկ ցոյց կը տրուին ձեզի, եւ կը թոյլատրուէր որ անձամբ քննէք իրենց տումարները եւ գործառնութիւնները, դուք կ՚ըսէիք. «Բայց մենք չենք հաւատար որ յեղափոխութիւնը կրնայ օր մը հասնիլ իր նպատակին. ի՞նչպէս դրամ տանք բանի մը, որուն հաւատքը չունինք. եւ յետոյ, հապա եթէ կառավարութիւնը իմանա՜յ…։ Տեսէք, մենք մեր ազգասիրական պարտականութիւնը կը կատարենք կոր արդէն. հիւանդանոցին, որբանոցին, Արմաշին եւ ժամուն նպաստ կուտանք կոր. ալ ի՞նչ կուզէք մեզմէ…»։

Հա՛յ հարուստներ, ասոնք էին ձեր դասակարգի մարդոց գրեթէ բոլորին ալ ծամծմած պատճառաբանութիւնները. ասոնցմով էր որ դուք իրաւունք ունենալ կը կարծէիք արհամարհելու Հայ Յեղափոխականին այրեցաւեր զգացումները։ Եւ սակայն այսօր ո՛չ յեղափոխական պահանջք դնող կայ ձեր առջեւ, ոչ վտանգի ենթակայ էք. եւ ո՛չ ալ ձեր նպաստելիք գործին մասին թերահաւատութիւն կրնաք ունենալ։ Բարերարելու, ազգասէրի հռչակ շահելու ձեր պապենական ձգտումներուն համապատասխան վիճակի մը մէջ էք այսօր. ինչո՞ւ ուրեմն չէք տար, եւ ի՞նչ պէտք է ըսել ձեզի, կամ ի՞նչ ընել՝ որ տաք։ Ու տաք՝ ոչ թէ ողորմութեան ձեւով քանի մը ոսկի, այլ տաք՝ ազգային թշուառութեան եւ որբային անօթութեան մեծութեանը համապատասխան չափով մը, տաք վեհանձնօրէն եւ առատօրէն, ինչպէս կուտաք ձեր հաճոյքներուն եւ կեանքի վայելքներուն։

Անգամ մըն ալ կը հարցնենք ձեզի. ի՞նչ ըսել, կամ ի՞նչ ընել՝ որ տաք վերջապէս։