Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒՔԻՆ ԴԷՄ ՔՍԱՆ ՀԱԶԱՐ

Կը ճանչնաք Էպուզիա Թէվֆիք պէյը, ազատախոհ, սահմանադրասէր օսմանցին, երեսփոխանը, եւ տնօրէնը՝ Թասվիրի էֆքեարի ու Courrier d'Orientի։ Իր անունը մասնաւորապէս համակրութիւն շահած է հայ շրջանակներու մէջ, իբրեւ հայասէր թուրք, եւ Օսմ[անեան] տարրերու իրական համերաշխութեանը աշխատող։

Արդ. այս պէյը եւ իր եռանդուն գործակիցներէն մին՝ Ճէլալ պէյ Նուրին՝ երկու թերթ կը հրատարակեն, թուրքերէն եւ ֆրանսերէն, եւ այս երկու թերթերուն մէջ ալ շատ օր պիտի գտնէք աղեխարշ նկարագրութիւններ՝ «Կրէտէի իսլամ զոհերուն» վրայ։ Անոնք ահագին կարեւորութիւն տուած այս խնդրին, կը պատմեն թէ ինչո՛ւ համար եւ ինչպէ՛ս կը հարստահարուին իսլամ Կրէտացիները՝ ձեռամբ տեղացի քրիստոնեաներուն անոնք անէծք եւ վրէ՜ժ կը գոռան Յոյներուն դէմ, որոնք այս սպաննութեանց իբրեւ հեղինակ կամ մեղսակից ցոյց կը տրուին։ Courrier d'Orient ի խմբագրութիւնը մինչեւ իսկ բան մը աւելի կ՚ընէ հասարակաց գութը շարժելու համար. Կրէտէի մէջ «շէհիտ» եղող իրենց բառով իսլամներուն փեռեկտուած մարմիններուն լուսանկարները բերել տուեր է եւ զանոնք կը ցուցադրէ։ Անցեալ օր գացինք տեսնել այս «շէհիտ»ները. մէկ, երկու հոգի, հարցուցինք որ ուրիշ չկա՞յ. ոչ՝ ըսին, ամենքը այս է։

Ու մենք նախանձով նայեցանք իրենց, այդ թուրք խմբագիրներուն, որոնք ամէնը ամէնը երկու զոհ տուեր են ու ամիսներով անոնց վրայ խօսելէ գրելէ չեն դադրիր։ Այդ երկու լուսանկարներուն առջեւ մենք վերյիշեցինք մեր 20000 զոհերը, որոնց դիակներուն ո՛չ իսկ լուսանկարը տուին մեզի, որոնցմէ շատերուն ոչ իսկ գերեզմանը ծանօթ է մեզի։ Երկու թուրք «շէհիտ»ի համար թուրք թերթերը երկինք եւ երկիր իրար կ՚անցնեն, վրէժի հրաբորբոք բառեր ունին իրենց գրիչին տակ, քրիստոնեաներուն ուղղեալ սպառնալիքներ կը կարդան… առանց բնաւ հոգ ընելու թէ կրնար Պատերազմական Ատեանին առջեւ ելլել, իբրեւ Օսմ[անեան] տարրերու համերաշխութեան դէմ գործողներ։ Երջանի՜կ մարդիկ, որ միայն երկու զոհ ունին, եւ կրնան ուզածնուն պէս յարգել անոնց յիշատակը։ Բայց ինչո՞ւ գոնէ չեն հասկնար հոգեբանութիւնը անոնց՝ որ 20000 զոհերու եւ նոյնքան ալ թշուառներու ոսկորն ու ուրուականը, ողբն ու վայնասունը ունին իրենց դէմը…

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 16-29 Հոկտեմբեր, թիւ 1-2 (51-52), էջ 1-2