Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱԹՐՔԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ

Համաթրքացման նշանները կամ վտանգները, զորս նշմարելու համար մեծ ճարտարութեան պէտք չկայ որովհետեւ այս անուշ երկրին մէջ ինչ որ ուզեն մեր բաց աչքերուն առջեւ կընեն կոր մասնաւորապէս երեւան եկան դարձեալ վերջացող շաբթուան ընթացքին մէջ։ Երիտասարդ Թուրքիան զոր աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անուանել Հաւակնոտ Թուրքիա, ատեն մը զմեզ խօսքի ռումբերուն նշաւակ  ընելէ վերջ, գործի սկսած է արդէն։ Կարդացիք անշուշտ այն հեռագիրը զոր Ատանայի «հայասէր» կուսակալը զրկած էր, իր հիմնելիք որբանոցի մասին, եւ այն հեռագիրը՝ որ Պատրիարքարանի պատերուն կը գուժէր թէ նոր բացուելիք օսմանեան որբանոցին պաշտօնական լեզուն թուրքերէն կ՚ուզուի ընել։ Եւ ո՛չ միայն լեզուն, այլ եւ որբանոցին ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները կառավարութեան կողմէ պիտի նշանակուին. եւ որբերու նիւթական եւ բարոյական կեանքին հոգը տաճկական վարչութեան մը ձեռքը պիտի ըլլայ։ Այս դրութիւնը թերեւս չի վրդովէ խղճմտանքն ու հանգիստը մեր այն «համագործակցական»ներուն որոնց համար ազգ, հայրենիք, կրօնք եւ սեպհական բարքեր նշանակութիւն չունին. բայց մենք. եւ կը հաւատանք թէ՝ մեզի հետ Հայ ազգին ամենաստուար մեծամասնութիւնը, որուն համար արժանապատուութեան եւ ազգասիրութեան գործ մըն է Կիլիկիոյ որբերը ազգային դաստիարակութեամբ մը մեծցնելը, մենք եւ մեզի հետ Հայ ազգը ոտքի ելած եւ մեր ձեռքերը դէպի Կիլիկիա երկնցուցած, կ՚ուզենք մեր գրկին մէջ առնել Հայ որբուկները, եւ զանոնք մեծցնել Հայու հացով, Հայու գորովանքով, Հայու դաստիարակութեամբ։ Շնորհակալ ենք Ատանայի Հայկական կոտորածին ականատես այն իսլամ երեւելիներէն, որոնք «Օսմանեան որբանոց»ին համար հանգանակութեան ձեռնարկեր են. շնորհակալ ենք իթթիհատէն եւ բոլոր այն տաճիկներէն որոնք նիւթապէս կ՚ուզեն աջակցիլ Կիլիկիոյ ապագայ սերունդին բարօրութեանը։ Իրենց դրամը ուրիշ պէտքերու թող յատկացնեն. Հայ որբերը խնամելը ու դաստիարակելը մե՛ր ազգին ճիտին պարտքն է։

Կիլիկեան Որբախնամ կեդրոնական Մարմինը, որուն անդամներէն մէկ քանիին հետ տեսակցեցանք այս խնդրին մասին, կը թուի ըմբռնած ըլլալ համաթրքացման վտանգին ամբողջ ծանրութիւնը եւ այս մտօք հրահանգներ ղրկած է իր ներկայացուցիչ Գռուզեանին։— «Մենք որոշած ենք, ըսաւ Որբախնամի անդամներէն մին, այդ որբերը Հայ պահել, Հայ մեծցնել, տալով անոնց ազգային սնունդ, ազգային դաստիարակութիւն…»։

Բոլոր գեղեցիկ խօսքերը եւ ասոնք անտարակոյս շատ գեղեցիկ խօսքեր են կը մնան անպտուղ, երբ ցոյցի կամ ինքնախաբէութեան նպատակով կ՚արտասանուին։ Որբախնամ Մարմինը իր առաջադրութիւնը իրագործելու համար պէտք ունի ազգային միջոցներու եւ ազգային աջակցութեան. ուրիշ խօսքով, Հայ Ազգը պէտք է անմիջապէս բանայ իր կազմակերպուած որբանոցները արդէն շատ ուշ մնացած չէ՞ եւ տեղի չտայ որ օտարները, որոնք այդ որբերուն մօրը կամ հօրը կամ եղբօրը խողխողումին ոճրապարտ հանդիսատեսները եղան քանի մը ամիս առաջ, այսօր բարերարի կամ խնամակալի տիտղոս մըն ալ շահին։ Միացեալ Ընկերութեան Տնօրէն Խորհուրդը շատ նպատակայարմար կարգադրութիւն մը ըրած է, Կիլիկիոյ որբանոցներուն կրթական ամբողջ հոգը ստանձնել որոշելով։ Կը յուսանք որ այս որոշումը, շատ մը ուրիշներու պէս, անգործադրելի չի մնար։ Գալով նիւթական հոգին, կրնայ ըլլալ որ մեր հիմնելիք որբանոցները պատկերազարդ թերթերու մէջ հրատարակուելու արժանի բաներ չըլլան, բայց ամէն պարագայի մէջ ազգային որբանոցներ պիտի ըլլան անոնք, որոնց նիւթական պէտքը հայթայթելու չափ դրամ կայ ապահովաբար հայկական դրամարկղներու մէջ։

«ԱԼԻ ՓԱՇԱ ՎԷՐԿԻՍԻ»

Փակուող շաբթուան ընթացքին՝ Ատանայէն եւ շրջականերէն հասած կարգ մը հեռագիրներ՝ զորս մեր պաշտօնակիցներէն ոմանք, դիւրին գոհունակութեամբ մը «մխիթարական հեռագիրներ» անուանեցին, բանտարկուած Հայերու ազատ արձակման եւ Կիլիկիոյ աւերեալ քաղաքներուն վերաշինութեան լուրերը բերին։ Մեզի համար՝ որ թերեւս քիչ մը աւելի գիտենք այդ «մխիթարական»հեռագիրներուն իսկական արժէքը, ամբողջ եղածը Ալի փաշա վէրկիսիի դրութեան մէկ նոր կիրառումն է։ Այս հարազատօրէն տաճկական դրութիւնը կը կայանայ՝ արդէն իսկ շահուած իրաւունք մը ետ առնելով ժամանակ մը զայն պահելու եւ յետոյ արձակեր է այն Հայերը. որոնք ամիսներէ ի վեր անիրաւ տեղը բանտին մէջ կը հիւծէին։ Նոյնպէս ազատ արձակուեր են Հաճընի Առաջնորդը եւ այն քանի մը «քօմիթէճի»ները. որոնք միջոց մը անգլիական հիւպատոսարան ապաստանելէ վերջ, թուրք իշխանութեանց յանձնուած էին. ասոնք բոլորը բանտէն ելան, որովհետեւ վերջին դէպքերուն կամ անոնց կանխապատրաստութեանը մէջ մասնակցութիւն չունէին, նոյն ինքն կառավարութեան հայեցակէտով, եւ իրենց ազատ արձակումը, որ չափէն աւելի ուշացաւ արդէն, յետամնաց արդարութեան հարկ մըն է պարզապէս։

Հեռագիրները «մխիթարական» պիտի ըլլային ա՛յն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ախոյեանները՝ Կէօքտէրէլեաններ եւ Աւետիսեաններ, այսքան ատեն բանտին շղթաները կրելէ ետք, գոնէ այլեւս  ազատ արձակուէին։ Հեռագիրները իսկապէս մխիթարական պիտի ըլլային այն ատեն միայն, եթէ կեդրոնական կառավարութեան եւ Ատանայի զինուորական իշխանութեանց միջեւ ներդաշնակ ոգի մը տիրէր, ու հոս տրուած խոստումները հո՛ն չի դրժուէին, եւ կոտորածի կազմակերպիչները արդարութեան քթին չխնդային, կամ նորանոր Հայեր թիարան կամ կախաղան չի  ղրկուէին։ 

ՆՈՐ ՕՐԷՆՔ. ՀԻՆ ՄԱՐԴԻԿ

Բերայի Պատժական Բ. Ատեանը կոչնագիր մը ղրկած է Ձայն Հայրենեացի տնօրէն խմբագրին, որով կը տեղեկացնէ թէ ընդհանուր դատախազը դատ բացած է մեր թերթին դէմ, ըստ օրինի երկու օրինակ չի ղրկուելուն համար։ Այս դատը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր. բայց վճիռը՝ անպարտութեան վճիռ՝ հիմակուընէ կուտանք մենք։ Արդարեւ, Մամլոյ նոր օրէնքը գործադրութեան դրուելէն ի վեր, Ձայն Հայրենացի իւրաքանչիւր թիւէն 2 օրինակ ղրկած ենք ընդհանուր դատախազին եւ փոխարէն ընդունած ենք քարտուղարին ստացականը։ Կը ցաւինք որ Բերայի ընդհ[անուր] դատախազին քարտուղարը իր պետին չէ մատուցեր մեր թերթը, եւ այսպէս՝ զմեզ ժամավաճառ կ՚ընեն դատարան կանչելով։

Երկրորդ խնդիր, Մամլոյ նոր օրէնքին համաձայն, Ձայնի պատասխանատու տնօրէնին անունը հաղորդուեցաւ Տպագրական Տեսչութեան, որպէս զի հարկ եղած ոստիկանական քննութիւնը կատարուի։ Արդ, այս քննութիւնը կատարուած պահուն, ոստիկանութիւնը կանչած է Ձայնի արտօնատէը, իբր… պատասխանատու տնօրէն։ Սխալը հասկցուցինք եւ դարմանուեցաւ. բայց ասիկա չարգիլեր մեզի՝ որ չի գոչենք. Նոր օրէնք, հին մարդիկ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 4-17 Սեպտեմբեր, թիւ 46, էջ 453-454