Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՕՐՄԱՆԵԱՆ ԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆ

Վերջերս դիպուածը մեր ձեռքն անցուց Ազգ[ային] Հիւանդանոցի 1910 տարւոյ Ընդարձակ Օրացոյցը, որուն մէջ սա գնահատական տողերը կարդացինք Օրմանեան Պատրիարքի պաշտօնավարութեան նկատմամբ.

«… Հակառակ հալածանքին, եւ Սահմանադրութիւնը վերաքննելու համար Համիտի հետապնդումներուն, Օրմանեան կրցաւ Սահմանադրութիւնը փրկել տասերկու տարի շարունակ Համիտը եւ իր նախարարները խաբխբելով եւ ժամանակ շահելով, եւ միւս կողմէ ներքին մատակարարական գործերու մէջ միշտ պահպանելով սահմանադրական կարգերը գոնէ իրենց արտաքին երեւոյթովը։ Այնպէս որ՝ բաց ի Ընդհ[անուր] Ժողովի պատկանեալ գործերէն, միւս գործերը կը մատակարարուէին Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն կազմուած ժողովներու ձեռքով։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին գրեթէ մասնաւորապէս իր անհատական հսկողութեան տակ եւ գլխաւոր աշխատութիւնը իր վրայ ըլլալու պայմանով կը մատակարարուի Նպաստից Սնտուկը…։ 1908 յուլիս16ին կը ստիպուի թողուլ իր պաշտօնը, ազատութեան խանդավառութենէն օգտուելով զինքը տապալելու հետամուտ խմբակի մը սարքած մէկ ցոյցի հետեւանքով»։

Չեմ գիտեր թէ Հայ Մամուլը եւ Հայ հասարակութիւնը ի՞նչ ընդունելութիւն վերապահած են այս տեսակ անճոռնի տողեր պարունակող հրատարակութեան մը. բայց եթէ բարեխղճութիւնը, շիտակութիւնը եւ ազգային ճշմարիտ շահերու գիտակցութիւնը վերջնականապէս հեռացած չեն մեր հորիզոնին վրայէն, կը սպասենք որ ժողովրդային ինքնաբուղխ պոյքօթ մը գայ ապտակել այդ տողերը ստորագրողին երեսները։

Երեւակայեցէք. ազգ[ային] պաշտօնական սեպուելիք հրատարակութիւն մըն է ասիկա, որուն մէջ 1910 թուականին, դեռ զզուանքը պիտի ունենանք եղեր կարդալու Օրմանեանի պաշտօնավարութեան մասին այլամերժօրէն գնահատական տողեր։ Ո՛չ մէկ խօսք անոր համիտաբարոյ արարքներուն վրայ. ո՛չ մէկ բառ՝ անոր ազգակործան եւ վատշուէր կենցաղին նկատմամբ։ Բայց այն ատեն ինչո՞ւ Սուլթան Համիտն ալ չի փառաբանել դեռ այսօր ալ. չէ՞ որ անիկա ալ իր  30 տարուան թագաւորութեան ընթացքին, յաղթական պատերազմներ մղեց, Օսմ[անեան] կայսրութիւնը բարգաւաճեցուց եւ… «ազատութեան խանդավառութենէն օգտուելով զինքը տապալելու հետամուտ խմբակի մը ձեռքով ինկաւ» ճիշդ Օրմանեանի պէս։

Ծանօթ էր մեզի՝ Ալպօյաճեան Արշակին թանձրօրէն պահպանողական ոգին. ծանօթ էր իր շա՜տ կանխահաս ծերութեան արդիւնքն եղող հակազատականութիւնը։ Բայց բոլոր ասոնք գիտնալով հանդերձ չէինք կրնար երեւակայել որ, ընդհանուր ազգին բարոյական դատապարտութեանը ենթարկուած եւ դատական քննութեան մը դեռ նշաւակ Օրմանեանը ան կը համարձակէր դուրս քաշել ճահիճէն, եւ բաղնեպան տղեկի մը դերը կատարել։ Ոչ ոք գիտէ դեռ, թէ Ազգ[ային] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ ընտրուած Քննիչ Յանձնաժողովը ինչ վճիռ պիտի տայ Օրմանեանի մասին. բայց եթէ նոյն իսկ օրինական փաստերու չգոյութեան պատճառով, Հանձնաժողովի փաստաբան անդամները անպարտ արձակեն զայն, անկեալ Պատրիարքը չպիտի դադրի բարոյապէս մեռած մնալէ մեր ամենուս համար։ ՉԷ՞ որ Սուլթան Համիտ իսկ՝ դատուելով՝ կրնար անպարտ արձակուիլ։ Անշո՜ւշտ, հին ռէժիմի օրով, իրենց հանգիստէն եւ անձնական մտահոգութիւններէն ոչինչ զոհած Ալպօյաճեաններէ բնաւ չենք սպասեր որ Օրմանեանի Համիտավայել գործունէութեանը դէմ զգան այն զայրոյթը, զոր մենք զգացած ենք ցաւի եւ հալածանքի օրերուն։ Անշո՜ւշտ, Ալպօյաճեաններ չեն հետաքրքրուած գիտնալու թէ Համիտի աջ բազուկ Օրմանեանը քանի՜ օճախներ քանդած է, քանի մայրեր լացուցած է, եւ ի՜նչ շնական դէմք մը ցուցադրած է հայութեան ճգնաժամային օրերուն, ծախելով ազգին ամէնէն մրբազան իրաւունքները եւ հալածելով հայութեան ազատական տարրը։ Բայց կը սպասէինք գոնէ որ ազգային կեանքի խորահմուտ բանասէրը գիտցած ըլլար բոլոր այն նէպոտական արարքները որոնցմով զեղուն է Օրմանեանի շրջանը, սկսեալ Տէր Ներսէսեաններէն մինչեւ Ռոպէր Եազըճեաններու գարշելի տողանցումը, կը սպասէինք գոնէ՝ որ Ալպօյաճեան վերահասու եղած ըլլար այն բոլոր հակասահմանադրական բռնապետական գործերուն, որոնցմով կրնայ փքիլ Օրմանեան մը միայն։ Ասոնց հակառակ, Ընդարձակ Օրացոյցի հեղինակը ի՞նչ կը գրէ. «1908 Յուլիս16ին կը ստիպուի (Օրմանեան) թողուլ իր պաշտօնը, ազատութեան խանդավառութրնէն օգտուելով զինքը տապալելու հետամուտ խմբակի մը սարքած մէկ ցոյցին հետեւանօք»։

Ալպօյաճեանի այս ընթացքը որակելու համար այս պահուս ածական մը եւ գոյական մը միայն կուգան մեր գրչին ծայրը. այդ ածականը անպատկառն է, իսկ գոյականը՝ լրբութիւն։

Արդարեւ անպատկա՜ռ լրբութիւն…։

*

Դուրեան Պատրիարքի հրաժարականին խնդիրը նոր phaseի մը մէջ մտած է Ազգ[ային] Երես[փոխանական] Ժողովի անցեալ ուրբաթի նիստէն ի վեր։ Խոհեմութեան եւ շրջահայեցութեան պատուելիները՝ ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ բազմաթիւ՝ «մեծամասնութիւն» կոչուած մեծ անիմաստութեան յենած, որոշեցին Դուրեան Պատրիարքը հրաւիրել իր Աթոռը. ամէնէն զարմանալին այն է որ՝ ուրբաթի դռնփակ նիստին մէջ՝ խոհեմութեան քարոզները ամէնէն աւելի լսուեցան նախկին յեղափոխականներու եւ հերոսներու բերնէն. իսկ քուէարկուած «բանաձեւ»ին ատիկա աւելի «առաջարկ» մըն էր քան թէ «բանաձեւ» հեղինակը ուղտային վրէժխնդրականութեամբ մը նախորդ Վարչութեան քաղաքականութիւնը ուզեց արդարացնել, եւ յաջողեցաւ ալ, շնորհիւ անգիտակից երեսփոխանութեան մը ապիկարութեան։

Դեռ խօսի՞նք այն ոչ-ինքնակոչ ազգասէր ու լալկան երեսփոխանին վրայ, որ իր մօրուքին երկայնքն ի վար թափեց ամենախղճալի առաջարկ մը՝ «որ Ազգ[ային] Երես[փոխանական] Ժողովը յաջորդ անգամ հանդիսաւորապէս գումարուի Մայր Եկեղեցիին մէջ եւ հոն ընդունի Ս. Պատրիարք Հայրը»

Եթէ Դուրեան Սրբազան մեր գիտցած սկզբունքի եւ խղճի տէր անձնաւորութիւնն է, ապահովաբար պիտի մերժէր այս առաջարկը, եթէ մինչեւ իսկ երեսփոխանները զայն վաւերացնելու ստրկութիւնն ալ գործէին։ Դուրեան Պատրիարք գիտէ թէ իր այսօրուն վերադարձը արդիւնք չէ հրաժարականի յետս կոչման. անիկա իր երկաթեայ հրաժարականին խարիսխը Մօտայի առջեւէն վերցնելով կուգայ նետել Գում Գաբուի ծովափը. ու այդ հրաժարականը՝ թուրք ալեկոծեալ արդարութեան խառնակ ովկէանին մէջ գամուած պիտի մնայ, մինչեւ որ մեր ազգային օրինաւոր պահանջումները լիուլի գոհացում գտնեն։

Սակարկուած compromisներու եւ նրբանցքներու մէջ կնքուած պղտոր համաձայնութիւններու ախոյանները թո՛ղ գիտնան, թէ Դուրեան Սրբազանին Գում Գաբու դառնալովը իրենք ոչինչ պիտի շահին ու արդարութիւնը ոչինչ պիտի կորսնցնէ։ Դուրեան պիտի մնայ իր պահանջողի դիրքին մէջ. անիկա՝ իր Պատրիարքական Աթոռին վրայէն շարունակ պիտի լսէ ժողովրդային բողոքի այս գոչումները որոնք՝ անցեալ կիրակի արձագանգեցին Մայր Եկեղեցիին կամարներուն տակ։ Եւ եթէ այդ արձագանգներն ալ կորսնցնեն իրենց ուժգնութիւնը, մենք կը հաւատանք տակաւին որ Դուրեաններու մաքուր խղճին գոռումը կայ, որ բարձր պիտի պահէ ազգային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Օսմ[անեան] արդարութեան վարկը, առանց ականջ կախելու ստրկութեան կաթով ջամբուած բոլոր խոհեմականներուն։ Կա՛մ գոհացում մեր օրինական պահանջներուն եւ կամ՝ վերջնական հրաժարում։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 29 Յունվար-11 Փետրվար, թիւ 14-15 (64-65), էջ 145-145