Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Անցեալ շաբթու, տեղական թերթերը ներքին լուրերու աննշմար մէկ անկիւնին մէջ, արձանագրեցին թէ Ապտինի զօրանոցին զինուորներէն մին անձնասպան եղեր է, երբ իմացեր է թէ իբր անկարգապահ եօթն օրուան բանտարկութեան դատապարտուած է: Այս լուրը, զուգորդուելով Հնչ[ակեան] Յեղ[ափոխական] կուսակցութեան Աղեքսանդրիոյ Մասնաճիւղի այն յայտարարութեան զոր կը հրատարակենք մեր ներկայ թուով, մեզի կը թելադրէ մէկ քանի խորհրդածութիւններ ընել. յեղափոխական, կամ ըսենք՝ զինուորական դաստիարակութեան նկատմամբ:

Յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որոնց գոյութեան իրաւունքը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, այլ բռնակալ լուծին դէմ պատերազմ պատրաստել, ինքնին զինուորական դպրոցներ են եւ անոնց աշակերտողը պարտաւոր կը դառնայ ապրելու ճիշդ այն խստամբեր, կարգապահ կեանքը, որ զինուորինն է: Հայ յեղափոխական մարմիններուն մէջ, վերջի տասնեակ տարիներու ընթացքին տեսնուեցան կուսակցական անկարգապահութեան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ցոյց տուին թէ զինուորական ձեռնարկներու հետապնդող, բայց զինուորական կեանքի օրէնքները ոտնակոխ ընող գործիչները որչա՛փ վնասակար կը դառնան: Մեր համոզումն այն է թէ, յեղափոխական շարքերը որքան ալ ցանցառ ըլլան եւ գաղափարանուէր զինուորներու թիւը որքան ալ սահմանափակ երեւայ, նորէն յեղափոխական վարիչներուն պարտականութիւնն է չէզոքացնել բոլոր այն տարրերը, որոնք աղիտաբեր կը դառնան, ըլլա՛յ իրենց որդեգրած օրէնքներուն անտեսումովը: Ինչպէս տունկերը անջատուելով իրենց փտած ճիւղերէն՝ աւելի կենսունակութեամբ կը զարգանան, եւ ինչպէս կենդանական մարմնի որեւէ նեխած մասի անդամահատմամբը կ՚ապահովուի ամբողջ մարմնոյն գոյութիւնը, նոյնպէս ալ իրենց անհատական կամ հանրային վարմունքով յեղափոխութիւնը ցեխոտողները պէտք է անյապաղ վտարուին կուսակցական շարքերէն: Այս կերպով է որ զինուորական օրէնքին յարգանքը կը նուիրագործուի, եւ օրինապահ, մաքուր տարրերը՝ ջլատող արատաւորող ողորմելիներէն շղթայազերծ, զօրաւորագոյն թափով կը դիմեն դէպ իրենց պարտականութեան գերագոյն ճամբան:

Յեղափոխութիւնը, որ ինքնին բռնակալութեան դէմ կազմակերպուած պայքար մըն է, իր կարգին ունի իր որոշ օրէնքները եւ տրամադրութիւնները, որոնց հպատակիլը չի նշանակեր երբէք՝ ինքզինք ենթարկել այլապէս բռնակալ լուծի մը: Որովհետեւ անիկա մե՛ր օրէնքն է, մե՛ր գաղափարին կազմակերպութեան տրամադրութիւնն է, եւ առանց անոր, մենք պիտի դադրէինք ըլլալէ որոշ ոյժ, կազմակերպեալ մարմին: Եւրոպացի միտք մը շատ իրաւամբ կ՚ըսէ, թէ կուսակցութիւն մը ամէն բանէ առաջ կարգապահութեան պէտք ունի. կուսակցութիւն մը որոշ նպատակներու կը հետապնդէ, որոշ միջոցներով, ով որ մաս կը կազմէ այդ կուսակցութեան, եւ կը յաւակնի շարժիլ եւ գործել անոր շրջանակներուն մէջ, եւ կ՚ուզէ ազդեցութիւն մը բանեցնել, պարտաւոր է յարգել այդ կուսակցութեան որոշ օրէնքները, եւ հրաժարիլ բոլոր այն նպատակներէն, որոնք դուրս կ՚իյնան իր կուսակցական սահմաններէն:

Այս ճշմարտութիւնը պէտք էր նշանաբանը ըլլար բոլոր այն հայրենանուէր հոգիներուն, որոնք կը յաւակնին յեղափոխականի պարտաւորող անունը կրել: Եւ մասնաւորաբար, յեղափոխական նորահաս սերունդը, որ այսօր կը հալածուի շատ անգամ հին շրջաններու թուլաբարոյ վարմանց հետեւանքովն իսկ, պարտաւոր է օգտուիլ անցեալին դառն փորձառութենէն, եւ իր շարքերուն մէջ չապրեցնել երբէք այնպիսի թունաւոր ցեցեր, որոնք կը միտին խաթարել զինուորական կարգապահութեան անհրաժեշտ պայմանը:

Անկարգապահութեան յանցանքով պատժուած ու այդ ամօթը չկրելու համար անձնասպան եղող զինուորին օրինակը որեւէ նախադասութենէ աւելի պերճախօս է: Ահաւասիկ մարդ մը, որ ուխտած էր իր դրօշին թշնամիները հալածել, եւ իր հայրենիքին պաշտպանութիւնն ստանձնել. անիկա հրացան մը ստացած այս գործին կատարման իբր միջոց, եւ իրեն սորվեցուցին հայրենիքի թշնամին սպաննելու եղանակը: Առաջին օրը, վախով մօտեցաւ այդ մահառիթ առարկային, բայց յետոյ վարժուեցաւ անոր, հրացանին գոյութիւնը անհրաժեշտ պէտք մը եղաւ իրեն, որովհետեւ ըմբռնեց թէ իր ուխտին գործադրութիւնը անոր փողէն դուրս պիտի գայ: Բայց ահա օր մըն ալ, քաշուեցաւ իր սենեակը, եւ նոյն այդ հրացանը պարպեց իր կուրծքին: Հոգեկան ի՞նչ ալեկոծում, ի՞նչ խռովք ունեցաւ արդեօք, որ հայրենիքի թշնամին ոչնչացնելու կոչուած հրացանը ինքզինքին վրայ պարպեց. չէ՞ որ անիկա տեսաւ թէ, ինք, իր դրօշին ուխտեալ զինուորը, անկարգապահ ու անհնազանդ գտնուելով, արդէն անպատուած եղաւ զայն, եւ նոյն այդ դրօշին թշնամին դարձաւ եւ դրօշի թշնամիին ի՞նչ պատիժ տալ սորվեցուցած էին, եթէ ոչ մահ:

Անձնասպան զինուորը իր մահով քաւած եղաւ ուրեմն այլ ուրացումը, զոր տկարութեան րոպէի մը պահուն ցոյց տուաւ. անիկա իր ձեռքով բնաջինջ ըրաւ ծագում առնել սկսող տարրալուծման մը թոյնը: Իր գերեզմանը՝ բուրգերէն աւելի յաւէրժական կոթող մըն է որ կուսակցական կարգապահութեան վեհութիւնը կը մատնանշէ հայ յեղափոխութեան զինուորագրուած բոլոր անդամներուն:

«Ազատ բեմ», 1906, Մարտ 14, թիւ 49։