Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԵՂ[ԱՓՈԽԱԿԱՆ] ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՔԱՆԻ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը իր վերջին երկու թիւերով, յեղափոխական ընդհանուր միութեան մը, համախմբումի մը պէտքը կը շեշտէր, թէեւ առանց որոշ ու գրական առաջարկի մը. Անդրանիկի Կոչը, ուղղուած՝ «բոլոր հայ յեղափոխական զինուորներուն» ընդհանուր հանգամանք մը ունի, եւ առաւելապէս կը խօսի Կովկասի պառակտեալ դաշնակցականներուն, «ֆէդայիներուն եւ հայդուկներուն» թէեւ իբր վերջաբան, սթափուելու, շարքերը սեղմելու կոչ մըն ալ եղած էր «բոլո՛ր հայ յեղափոխական ժողովուրդին, կուսակցական ի՛նչ դաւանանքի ալ պատկանին»։ Բայց ընդունելով նոյն իսկ թէ Դաշնակցութեան անուանի զինուորը՝ Անդրանիկ ցանկացած ըլլայ միացած տեսնել հայ յեղ[ափոխական] տարբեր կուսակցութիւնները, ընդունելով մինչեւ իսկ թէ «Դրօշակ» յեղափոխական ընդհանուր համերաշխութեան մը գործը կ՚ուզէ իրականացնել. մենք տակաւին պիտի ըսենք թէ իրական եւ տեւական միութեան մը խնդիրը հաստատուն կռուանի վրայ չէ դրուած. եւ այս՝ երկու գլխաւոր պատճառով.

Ա. Որովհետեւ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, որ կուսակցութեան սկզբունքներուն գերագոյն վարիչն է, որոշած էր ոեւէ միութիւն չհաստատել ուրիշ հայ յեղ[ափոխական] կուսակցութեանց հետ. արդ, նախկին Պատգմ[աւորական] ժողովի այս վճիռը հակակշռելու համար Դաշնակցութեան մէջ միակ օրինական ոյժ մը կայ, որ ո՛չ Անդրանիկն է, եւ ոչ ալ «Դրօշակ»ը, այլ այն Դաշնակցական Դ. Ընդհանուր Պատգամ[աւորական] ժողովը, որուն համար կարդացինք թէ պիտի գումարուի ի մօտոյ: Մինչեւ այս ժողովին վերջաւորութիւնը եւ մինչեւ անոր որոշումներուն հրատարակելի մասին յայտարարութիւն մը, մենք ստիպուած ենք խորհիլ թէ Դաշնակցութեան զանազան հատուածներուն մէջ երեւան եկած միութենասիրական ուրախալի կոչերը փափաքներ են միայն, կամ թելադրութիւններ որոնք կրնան ազդել պատգամաւորներուն վրայ, ինչպէս կրնան ալ չազդել:

Բայց կայ նաեւ երկրորդ արգելք մը, որ գուցէ առաջինէն աւելի հիմնական է. ասիկա՝ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան ծրագրային եւ կազմակերպական դրութիւնն է, որ զինքը անջատ եւ միայն կովկասահայ մնալու կը ստիպէ: Ընկերվարական սկզբունքներու յաղթանակման հետապնդումը, բանուորական համախմբումներ կազմելով զանոնք գործարանատէրներուն դէմ պայքարիլ տալը որքա՛ն որ օգուտներ կ՚ընծայեն հայ յեղափոխութեան, եւ մասնաւորաբար Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան, բայց միւս կողմէ Տաճկահայ Յեղափոխական Գործին մէջ կը ներմուծեն այնպիսի այլասերում մը, որուն աչք չպիտի կրնար գոցել միայն տաճկահայ ազգային ազատագրման ձգտող ո՛ եւ է յեղափոխական կուսակցութիւն:

Դաշնակցութեան Կովկասի օռկանը ամիսներէ ի վեր ցասման գիրեր կը հրատարակէ ընդդէմ Մշակի կամ անոր արբանեակներուն, այդ բողոքագրերը կարդացողները դիտած ըլլալու են որ ստորագրողները ամենամեծ մասամբ այս ինչ «քարվանսարայի բանուորներն» են կամ այն ինչ «գործարանի աշխատաւորները»: Այս պարագան կը բաւէ արդէն ցոյց տալու թէ, Կովկասի մէջ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութիւնը եւ Բանուորական Հարցը սերտօրէն զուգորդուած են: Յաճախ կարդացած ենք Դաշնակցական օռկանին մէջ «ընկերներին» ուղղուած կոչեր, այս կամ այն գործարանատէրը «բոյքոթ»ի ենթարկելու իսկ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դ[աշնակցութեան] բանւորական ընկերակցութեանց չափն ու սահմանը չկայ: Այս կերպով կովկասահայ յեղափոխականութիւնը, տեղական պահանջներէն ազդուած. դարձեր է ոեւէ ընկերվարական մարմին, որ կը մտահոգուի գործաւորներու բարելաւութեան խնդրով, դրամատէրին կամ գործատէրին դէմ կը ստիպուի պայքար մղել թէեւ այս վերջիններն ալ կրնային շատ լաւ յեղափոխականներ ըլլալ վերջապէս, իր մէջ կը սնուցանէ անանկ միամիտ տարրեր, որոնք Տաճկաստանը փրկել կ՚երազեն, թուրք եւ հայ ընկերվարականներու գործակից աշխատութեամբը:

Ընկերվարականութեան, գործաւորներու հարստահարեալ վիճակի բարօրութեան համար ոեւէ ջանք անտարակոյս ծափահարելի է ինքնին, բայց այն պահուն ուր տաճկահայ ժողովուրդի ազատագրման գործը կը թնճուկնայ՝ խառնուելով ընկերվարական, բանուորական եւ ռամկավարական համաշխարհային սկզբունքներուն. ահա՛ այդ րոպէէն հայ յեղափոխական ոչ-միութիւնը կուգայ ցցել իր դաժան այլ անխուսափելի դէմքը:

Պէտք է ըսել թէ մեր թուած պարագաները տակաւին մէկ մասը կը կազմեն այն սկզբունքային եւ ծրագրային եւ յեղափոխական գործելակերպի տարբերութեանց, որոնք գոյութիւն ունին հայ յեղափոխական կուսակցութեանց միջեւ, տարբերութիւններ, որոնք շա՛տ աւելի զօրաւոր արգելքներ են ընդդէմ միութեան, քան յեղափոխական վարիչներու միջեւ տիրող անձնական հակակրութիւնները, անցեալի ատելավառ յիշատակները, եւն: Հայ յեղափոխական միութիւնը իրականապէս եւ վերջնականապէս ծնեցնելու համար չի բաւեր հրաւէր կարդալ կամ տխուր անցեալը մոռնալու թելադրութիւններ ընել. պէտք է նախ համաձայնիլ այն ապստամբական հիմնական ծրագրին վրայ, որը կէտ նպատակին պիտի ըլլայ հայ յեղափոխականներուն, պէտք է միաբանիլ յեղափոխական սկզբունքներու, կազմակերպութեան ձեւերու եւ դրութեանց շուրջ, որպէս զի միացեալ կազմակերպութիւնը այլ եւս չունենայ իր մէջ այլազան տարրեր, չի հանէ խառնակ ու աններդաշնակ ձայներ, այլ մէկ ծրագրով, մէ՛կ ուղղութեամբ, մէ՛կ ժամանակի մէջ եւ յար եւ նման ոյժերով կռիւ պատրաստէ դարաւոր լուծին ջախջախմանը համար:

Մեր ակնարկած ծրագրային տարբերութիւնները, որոնց վրայ չենք ուզեր աւելի ծանրանալ, գոյութիւն ունին նաեւ այն հնչակեան կուսակցութեան մէջ, որուն Կեդրոնը կը գտնուի Մուրատ: Մեր առած հաւատի տեղեկութեանց համաձայն, Նազարբէկի եւ Խանազատեանի բաժանումով եւ սօցիալ տէմոքրաթ կուսակցութեան յարումովը, որքան որ հին հնչակեանութիւնը տեսակ մը ազգային յեղափոխական տարազ հագած է, բայց ընկերվարական սկզբունքներու հետապնդումը մղձաւանջի մը պէս դեռ կը սլքտկայ անոր այս կամ այն հատուածին մէջ: Ընկերվարականութիւնը Տաճկահայ տառապանքին եւ դատին հետ զուգորգելը հակասութիւն մըն է, որուն մեծութիւնը չըզգալու չափ տգէտ չէ անշուշտ Մուրատի Կեդրոնը, բայց մեզ այնպէս կը թուի թէ միա՛յն տաճկահայ ազատագրման համար հաստատուած ու անոր անունով գործով յեղ[ափոխական] կուսակցութիւնները պէտք կը տեսնեն իրենց հիմնական նպատակէն դուրս հետապնդումներ ունենալու, որովհետեւ կովկասեան կեանքին օրուան պահանջքն է այդ: Այլապէս, տաճկահայ յեղափոխական ուղղութենէն ամենափոքր չափով մոլորող ոեւէ կուսակցութիւն գոյութեան իրաւունք չունենար:

Հայ յեղափոխական ընդհանուր միութիւն ըսելով ծրագրային, կազմակերպական եւ սկզբունքային խնդիրներուն վրայ համաձայնութիւն կը հասկնանք մենք. երբ այս համաձայնութիւնը կը գոյանայ, անցեալին մէջ զիրար ատած յեղափոխական վարիչներ Գործին սիրոյն համար կրնան աշխատակցիլ քով քովի: Իսկ երբ այս ըմբռնումով միութիւնը չի կրնար գոյանալ, ատոր մէջ ալ տեսնելու չէ աղէտք մը, ազգային անդարմանելի դժբախտութիւն մը. իւրաքանչի՛ւր կուսակցութիւն կը ձգտի իրականացնել այն ծրագիրը զոր ինք նախապատիւ համարած է, եւ կը գործածէ ա՛յն միջոցները, որոնց ազնիւ ու ազդեցիկ ըլլալուն կը հաւատայ:

Հայ յեղ[ափոխական] միութեան ճշմարիտ բարեկամները եւ փափաքողները անոնք են որոնք տաճկահայ ազատագրման խնդիրը անաղարտ եւ առանձին պահելով կը հետապնդեն միայն եւ մի՛այն անոր իրականացման: Եւ երբ այս միօրինակ ջանքը աշխարհի բոլոր անկիւններէն կը թափի, միութիւնը գոյացած կ՚ըլլայ արդէն:

«Ազատ բեմ», 1906, Դեկտեմբեր 1, թիւ 64։