Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ո՛չ թէ յեղափոխութիւն, այլ յեղափոխականութիւն, տարբերութիւնը անսահման է:

Յեղափոխականութիւնը ցոյց կուտայ վիճակ մը, հանգամանք մը, մինչ յեղափոխութիւնը նոյն ինքն գործն է, իրականութիւնը, Առաջինը կը տարբերի մարդէ մարդ, խառնուածքէ խառնուածք, դարագլուխէ դարագլուխ, մինչ երկրորդը՝ յեղափոխութիւնը մի՛շտ անայլայլ. միշտ խիզախ ու անսայթաք սլաքն է որ անգթօրէն կ՚արիւնոտէ սրտեր ու հոգիներ, գալոցին եւ ապրողներուն երջանկութիւնը ապահովելու համար:

Յեղափոխութիւնը տիեզերական, համազգային եւ դարաւոր վրէժն է որ կը պայթի բռնութեան եւ հարստահարութեան դէմ. բայց ի՞նչ է յեղափոխականութիւնը եւ մանաւանդ ի՞նչ տարրերէ կը բաղկանայ Արտասահմանի Հայ Յեղափոխականութիւնը. ահա խնդիր մը, որուն վրայ ակնարկ մը նետելու պատեհագոյն առիթն է այսօր:

Օսմ[անեան] կայսրութեան սահմաններէն դուրս, երկրագնդին բոլոր այն անկիւնները ուր հայ գաղութ մը բոյն դրած է, այսօր հայութիւնը բաժնուած է երկու գլխաւոր դասակարգերու. յեղափոխական կամ ազատամիտ, հակայեղափոխական կամ պահպանողական: Արտասահմանի հայութեան այս պառակտեալ վիճակը բնական արդիւնքն է այն արիւնոտ ճգնաժամերուն, զորս անցուց եւ կ՚անցնէ, եւ գուցէ դեռ պիտի անցընէ մեր ցեղը: Ծնան բողոքողներ, ընդվզողներ, կեանքերնին ի սպաս դրած յեղափոխականներ. ծնան նաեւ ստրկահոգիներ, թուլամորթներ, անձնական շահերնին չվտանգելու մտահոգութենէն առաջնորդուած կեղծ ազգասէրներ: Եւ որովհետեւ մարդկային արարածին համար աւելի՛ մատչելի է դիւրինը, հեշտը, հաճելին, հայութեան ստուար մասը այսօր կը բաղկանայ անտարբերներէ, ցեղին քաղաքական կացութեան վրայ գաղափար չունեցողներէ, եւ ազատագրական արիւնահեղ կռիւներու հակառակորդներէ:

Ասոնց մասին՝ յեղափոխական Մամուլին մէջ շատ բան գրուած է արդէն. աւելորդ կրկնութիւններ չենք ուզեր ընել, մանաւանդ որ անոնք մեր այսօրուան նիւթէն ալ դուրս կ՚իյնան: Միանգամ ընդմիշտ թողլով ուրեմն զանոնք իրենց լճացման գարշահոտութեանը մէջ, դառնանք քննելու թէ որքա՛ն իրական կամ ի՛նչ չափով ազդեցիկ ոյժ մը կը ձեւացնէ Արտասահմանի Հայ յեղափոխականութիւնը:

Անմիջապէս ըսենք թէ, Տաճկաստանէն դուրս, Արտասահման կոչուած բոլոր հայաբնակ կեդրոններուն մէջ իսկապէս յեղափոխականութիւն չի կայ եւ չի կրնար ըլլալ: Այս անկեղծ ու անվերապահ խոստովանութիւնը կ՚ընենք, չէ թէ գոհացում տուած ըլլալու համար կարգ մը ծաղրաբան եւ իմաստակ քննադատներու, այլ որովհետեւ անիկա ճշմարտութիւն մըն է, իրողութիւն մը, որուն հակառակը պնդելու համար անմիտ պէտք է ըլլալ:

Թէ յեղափոխութիւնն ու յեղափոխականութիւնը Երկրի՛ն մէջ միայն պէտք է գործէ, թէ Արտասահմանի աւելի կամ նուազ բարձրագոչ մարտահրաւէրներով կամ հրատարակութիւններով չի կրնար իրականանալ Հայ Ազգային յեղափոխութեան սեւեռեալ նպատակը, ասիկա շատ լաւ ըմբռնած են բոլոր այն գիտակից, ինքնամփոփ հայերը, որոնք Արտասահմանի յեղափոխականները կը ներկայացնեն: Տաճկաստանէն դուրս, հայ յեղափոխականները գոյութեան իրաւունք կը ստանան այն ժամանակ միայն, եւ այն չափով միայն որ Երկրի պէտքերուն գոհացում տալու հոգերովը կը մտազբաղին, դրամ, ռազմամթերք, զէնք, պաշար, ռազմական պատրաստութիւններ եւ ինքնապաշտպանութեան նմանօրինակ պէտքեր հայթայթելու կը ճգնին: Այս տեսակէտով, իրենք եթէ ոչ ճիշդ ու ճիշդ յեղափոխականներ, գոնէ յեղափոխութեան օժանդակներ են, քանի որ իրենց նպատակն է գոհացում տալ Երկրի այլ եւ այլ անկիւններէն պահանջուած յեղափոխական բազմադիմի կարիքներուն:

Երբ այս ըմբռնումով նայինք Արտասահմանի հայ յեղափոխականութեան վրայ, այն ատեն շուտով պիտի համոզուինք թէ աւելորդ եւ քանդելի տարրեր են Եւրոպայի, Ամերիկայի կամ Ափրիկէի զանազան անկիւններուն մէջ բոյն դրած յեղափոխական-ցուցամոլական կազմակերպութիւնները: Տասը տարիներէ ի վեր, երբ յեղափոխական կոչուածներու ստուար բազմութիւն մը խուժած է Տաճկական դժոխքէն դուրս, Արտասահմանի մէջ յառաջ եկեր է խօսքի, վիճաբանութեան եւ գրիչի յեղափոխականութիւնը, որուն հարկադրած պարտականութիւնը սահմանափակուած էր ամսական նուէր մը տալուն, ժողովներու մասնակցելուն եւ հարցապնդումներ ընելուն, ամէն բանի եւ ամէն ծրագրի մասին լուսաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ պահանջելուն մէջ, եւն: Արտասահմանի յեղափոխականը ինքզինքին իրաւունք տուեր է այնպէս խորհելու թէ ինքը այլեւս ազատ է ամէն վտանգէ, կեանքի եւ մահուան կռիւներու հետ ոեւէ գործ չունի այլեւս եւ այս դիւրին յեղափոխականութեան անդամակցողները, սրտի անսահման հանդարտութեամբ մը, իրենց ազգային պարտականութիւնները լիովին կատարած ըլլալու երջանկութեամբն ալ յոխորտացեր են: Անոնք, իրենց զազիր խուրպէթութեան մէջ, ուր գաղափարի ամէն գործ խանութի կը վերածուէր, ծիծաղելի ճամարտակութեամբ մը խօսեր են յանուն խղճի եւ ազգային փրկութեան «Սուրբ գործին…» :

Պարզ է, որ ոեւէ գիտակից մարդ պիտի ըմբռնէր թէ այս տեսակ յեղափոխականութիւն մը չէր կրնար իրականացնել հայ ցեղի ըմբոստ տարրին ծրագիրները: Արտասահմանեան հարիւր կամ հազարաւոր յեղափոխականները իրենց ամսական նուէրներով անկարող էին գոյացնել այն վիթխարի գումարը, որուն անխուսափելի պէտքը զգալի կը դառնայ օր օրի: Երկրի մէջ ինքնապաշտպան կազմակերպութեանց համար. յեղափոխական ձեռնարկներու մէջ. ուր անակնկալն ու աներեւակայելին մեծ դեր կը խաղան, եւ յաճախ կ՚առնեն կը տանին տարիներու ընթացքին մթերուած նիւթական ու բարոյական ոյժերը, ամէնէն աւելի կենսական բանը դրամն է, ո՛չ թէ սակայն հարիւրաւոր ոսկիներ, այլ հարիւր հազարաւոր ոսկիներ, միլիոններ, զորս ունի՛ հայ ազգը, իր կրեսոսներու դրամարկղներուն մէջ ամրօրէն փակուած: Արտասահմանի հայ յեղափոխականութեան կոչումն է այդ հարստութեանց անօգուտ դէզը օգտակարապէս ծառայեցնել ազգային ազատագրութեան անխուսափելի գործին, ցեղային ինքնապաշտպանութեան օրհասական պէտքերուն: Ու այս ձեռնարկին ի գլուխ հանման համար պէտք չկայ հարիւրներով արտասահմանեան ձեւական յեղափոխականներու, պէտք չկայ որ անոնք ժողով ընեն, ճառ խօսին կամ թերթ հրատարակեն, այլ 5-10 անձնուէրներու, գիտակից, անխարդախ ու բոլորանուէր գործիչներու գոյութիւնը բաւական է արդէն:

«Ազատ բեմ», 1906, Դեկտեմբեր 5, թիւ 65։