Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐԻ ՄԸՆ ԱԼ

Ա.

Ազատ Բեմ լրացուցած ըլլալով իր չորրորդ տարեշրջանը, այսօր կը մտնէ հինգերորդը:

Նոր շրջանի մը սեմին վրայ, ու լրագրական ընդունուած սովորութեան մը համաձայն, մինչ կը պատրաստուինք մեր մէկ տարուան գործունէութեան հաշուետութիւնն ընել, ամենէն առաջ ձեւական համեստութեան, թէ մեծամեծ արդիւնքներ ձեռք ձգած ըլլալու գոհունակութիւնը չունինք :

Ու ասիկայ՝ կարծես թէ բնական կը թուի մեզ՝ երբ նկատի կ՚առնենք որ ժամանակի անհորիզոն տարածութեան մէջ, մէկ տարին շատ կարճ ժամանակամիջոց մըն է ինքնին, ու եւս առաւել՝ հանրային գործունէութեան մը պարբերութեան համար: Երբ աչքի առջեւ բերենք թէ, զոր օրինակ, պատանի մը դաստիարակելու եւ անոր ունակութիւնները սպաննելու համար յաճախ տասնեակ տարիներ պէտք են, տարօրինակ չպիտի թուի, երբ նոյնքան կամ աւելի տարիներու պատմութեան կարօտ ըլլայ հասարակութեան մը ծուռ ըմբռնումներուն, գէշ բնազդներուն եւ արկասուն զգացումներուն բարեշրջման գործը:

Ու նորէն, նկատելի պարագայ մըն ալ սա է թէ, դաստիարակութեան ճամբուն մէջ մտած պատանին քիչ անգամ՝ միայն կ՚ենթարկուի արտաքին չէզոքացնող յոռի ազդեցութեանց, մինչդեռ միջավայրը ուր Ազատ Բեմ կոչուած է գործելու, խառնարան մըն է ընդդիմամարտ ոյժերու, ուր, մտքով ու բարոյականով աղքատ քաբիթալիսթներ, գործակցութեամբ՝ վարձկան հրապարակագիրներու, կը ջանան յաւէրժացնել կամայականութեան, որկաբարոյութեան, դաւաճանութեան, Կեղծիքի ու Ապականութեան ռէժիմը:

Արտասահմանի ոչ մէկ հայ գաղութ թերեւս այնքան զօրաւորապէս ենթարկուած է անբարոյացնող ու ջլատող ազդեցութեանց, որքան Եգիպտոս, որուն թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային կեանքի պայմանները կրնան՝ հետզհետէ՝ մեր յիշողութեան վրայէն ջնջել տալ հայրենի երկրին խաչելութեան պատկերը ու անոր իրական կարիքներուն հասնելու պարտականութենէն խուսափեցնել, եթէ, յեղափոխական գիտակից ու գործօն տարրերը ուշանան իրենց հարուածը իջեցնելու՝ կեղծ հայրենասէրներու գլխին:

Կը տեսնուի ուրեմն, թէ մեր լրագրական պայքարը իր իսկական առաջադրութիւններէն դուրս, ունի նաեւ՝ վատութիւններ ու թունաւորումներ չէզոքացնելու մտահոգութիւնը, գործ մը՝ որ նոր արդիւնք մը արտադրելու չափ աշխատութիւն կը պահանջէ յաճախ:

***

Ազատ Բեմ, իր չորրորդ տարեշրջանի ընթացքին, իբր գրագիր, ազգային, ներքին ու քաղաքական լրատուութեան պաշտօնը ըստ կարելւոյն խղճմտօրէն կատարելէ զատ, զբաղեցաւ հանրային բնոյթ ունեցող խնդիրներով ու նիւթերով, զորս կրնանք բաժնել երեք դասակարգի. -

Ա. Ազգային յեղափոխական

Բ. Տեղական Ազգ[ային] խնդիրներ

Գ. Տեղական օտար խնդիրներ

Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը քննենք առանձնապէս:

***

Արտասահմանի հայ յեղափոխական օռկանները, իրենց որդեգրած սկզբունքներուն յաղթանակմանն համար հարկադրուած են երեք տեսակ հակառակորդի դէմ պայքար մղել:

Նախ՝ ընդդէմ այս կամ այն կուսակցութեան մէջ սպրդած յեղափոխական մակաբոյծներուն.

Երկրորդ՝ ընդդէմ տաճկամիտ ու թանձրօրէն պահպանողական, ինչպէս նաեւ ազգային հակայեղափոխական վարձկան տարրերուն:

Երրորդ՝ ընդդէմ մայր երկրին մէջ տիրող զարհուրելի ռէժիմին, անոր օրըստօրէական աւերումները եւ շահատակութիւնները մերկացնելով ու հրաւիրելով աշխարհի հայերը, որ ազգովին ըմբոստանան բռնութեան դէմ:

Յեղափոխական հրապարակագրին համար ոչինչ այնքան անախորժ ու զզուելի է, որքան առաջին եւ երկրորդ կարգի պայքարները: Արդարեւ, այնչափ ատեն որ խնդիրը՝ համիտական ռէժիմին յեղափոխականօրէն մերկացումն ընելուն վրայ է, կամ որչափ ատեն որ մի՛միայն օտար թշնամիին դէմ կռուելու միջոցներուն մասին պէտք է խորհիլ, յեղափոխական հրապարակագիրը պատրաստակամութեամբ կ՚ընծայարերէ իրմէ սպասուած բաժինը: Բայց մտաբերեցէք վայրկեան մը, թէ օտար թշնամիին վրայ մտածելու միջոցին, եւ նոյն իսկ, տրամաբանօրէն, անկէ ալ առաջ հայ յեղափոխական հրապարակագիրը ստիպուած է քօղամերկել իր երէկի ընկերը, որ այլեւս դաւաճան մը կամ դասալիք մը դարձած է, եւ ստիպուած է մանաւանդ խարանել ազգային թշնամիները, այսինքն, բոլոր թրքասէրները, հաճոյամոլները, մէկ բառով՝ հայ հակայեղափոխական  տարրը:

Այսօր, իրականութիւն մըն է որ, արտասահմանի բոլոր հայ գաղութներուն մէջ, ու մասնաւորաբար Եգիպտոս, ստուար բազմութիւն մը կայ հայերու, որոնք սա կամ նա պատճառաւ հակառակ են ապստամբական շարժումներու կամ պատրաստութեանց: Կարգ մը երբեմնի յեղափոխականներ ալ, որոնք այսօր «արտաքսուած»ի կամ «ուրացող»ի անջնջելի աղտը կը կրեն իրենց ճակտին վրայ, այս պահպանողական հաճոյամոլ բազմութեան ինքնակոչ առաջնորդները եղած են, ու այսպէս յեղափոխական մակաբոյծներն ու անձնասիրութեան հերոսները, ձեռք ձեռքի տուած, կը փորձեն մոռցնել ցեղին բո՛ւն ցաւը. յարաժամ պոռթկացող արիւնը, եւ չորս հովերուն հետ տարածուող հայկական վայնասունը:

Թող մա՛րդ չառարկէ թէ հայ ժողովուրդին մէջ յակայեղափոխական տարրի մը գոյութեան սկզբնապատճառը հայ յեղ[ափոխական] կուսակցութեանց վիճակն է. ասիկա աշխարհի ամենէն անհեթեթ առարկութիւնը պիտի ըլլար: Հայ յեղ[ափոխական] մարմինները, այո դժբախտաբար, ունեցած են ու գուցէ դեռ ունին սրբագրելի կէտեր, դրամի անօգուտ մսխումներ կամ անպտուղ ջանքեր. բայց կա՞յ երբէք հաւաքական ոեւէ նպատակի ծառայող կազմակերպութիւն, որ անթերի ըլլայ. նախարարութիւններ, կառավարական պաշտօնատուններ, աղքատախնամ մարմիններ, որբանոցի ու դպրոցի տնօրէնութիւններ շատ յաճախ ամբաստանուած են իբր զեղծարար կամ կաշառակեր, կամ շահագործիչ. եւ սակայն, դեռ այսօր ալ, ոչ ոք չամչնար նախարար, կառավարական պաշտօնեայ կամ տնօրէն ըլլալու:

Դիւրահասկնալի է, ուրեմն, թէ հայկական ընդվզումին դէմ պայքարելու զիջանող ազգային թշնամիները կը բղխին աւելի՛ պղտոր, աւելի՛ կեղտոտ աղբիւրներէ, որոնց բուն իսկ ակը պէտք է երեւան հանել ու չորցնել:

Բ.

Տեղական ազգային խնդիրներու մէջ, Ազատ Բեմ, իր չորրորդ տարեշրջանի ընթացքին, զբաղեցաւ գլխաւորաբար Աղեքսանդրիոյ սահմանադրական պայքարի վերջաբանով. իսկ Գահիրէի մէջ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութիւնով. ազգ[ային] վարժարանի տնօրէնով, Երեսփոխանութեան եւ ժողովուրդի յարաբերութիւններով, Տ. Անդրանիկեանի ինքնակամ ու ազգ[ային] օրէնքի հակառակ արարքներով, եւն:

1. Աղեքսանդրիոյ հակաբարթողեան ցոյցերը եւ ձեռք ձգուած սկզբնական յաջողութիւնները այնքան վառ անուն մը թողած են եգիպտահայոց ազգային տարեգրութեան մէջ, որ հազիւ թէ պէտք կայ վերյիշատակելու տարի մը առաջուան դէպքերը. Ապրիլ 29ի պատմական օրը անկորնչելի մղձաւանջը պիտի ըլլայ բոլոր ազգային բռնաւորներուն. ու թէեւ ճիշտ է որ ժողովուրդի սնուցած յոյսերը գործնականապէս չի պսակուեցան տակաւին, բայց այս պարագան երբէք չի կրնար նսեմացնել Աղեքսանդրիոյ ժողովրդային զարթնումին կորովի նշանը: Եղան մարդիկ եթէ երբէք պէտք է մարդ կոչել անբանի գլուխներն ալ որ, ի սկզբան պապանձած, բայց յետոյ, երբ տեսան Աղեքսանդրիոյ երեսփոխանութեան ներքին կռիւը եւ քայքայումը, ոյժ առին եւ սկսան Ազատ Բեմի հասցէին ծաղրանքներն եւ քննադատութիւններ՝ ուղղել. օր մը հասաւ, երբ այդ անսկզբունք եւ ջրոտած ուղեղով մարդիկը մինչեւ իսկ սկսան փառաբանել ապրիլ 29ի ջախջախուած կուռքը, Հակառակութեան կիրքը երբէք այսքան ստորնացուցած չէր մեր ընդդիմախօսները: Անպատճա՛ռ եւ ամէ՛ն գնով Ազատ բեմի նսեմացնելու մտահոգութեամբը տանջուող այդ ողորմելիները «Ազատ Բեմեան խմբակին» անձնական հաշիւներուն վերագրեցին Աղեքսանդրիոյ Սահմանադրական երկարատեւ պայքարը, որուն սակայն, օրէնքի եւ բարոյականութեան վրայ հիմնուած ըլլալը այնքան բացորոշ էր։

Մենք այն ատեն պէտք չտեսանք ինքզինքնիս պաշտպանել, ու մեզ դէմ եղած սնոտի զրպարտութիւնները հերքել. այսօր ալ ատանկ աւելորդ փորձ մը պիտի չընենք: Մենք համոզուած ենք որ մեր ընդդիմախօսները Ոյժի, բայց միայն Ոյժի առջեւ պիտի հարկադրուին գլուխնին խոնարհեցնել, ու աւելորդ է եւ վնասակար, իրենց հետ ոեւէ գաղափարային վիճաբանութիւն ընել: Այդ Ոյժը ապրիլ 29ին ծնաւ. անոր առջեւ սմքեցան, եւ ձայնակցեցան ալ մեզի. յետոյ երբ այդ Ոյժը տարալուծուեցաւ, անոնք, առիթը եկած սեպեցին երէկուան ինկած բռնաւորին ոտքերը լզելու, եւ, միւս կողմէ խնլոտի յարձակումներ ընել Ազատ Բեմի վրայ: Պատկերը շատ թելադրիչ էր. պէտք չկար բացատրութեան։ Ապահովաբար նոյն մարդիկը նման յարձակումներ պիտի ընէին մեզ դէմ. երբ Աղեքսանդրիոյ Երեսփ[ոխանական] Ժողովը գործի ձեռնարկելէ վերջ, իր մէջ երեւան գային զեղծումներ, անկանոնութիւններ, եւլն: Պէտք էր նորէն յարձակիլ մեր վրայ չէ՞ որ Երեսփոխանութեան հաստատման պատճառը զմեզ կը համարէին…

Գահիրէի Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան խնդիրը ուրիշ օրինակ մըն է, ցոյց տալու համար թէ մեր ընդդիմախօսները որքա՛ն անխղճամիտ են, ստելու եւ խեղաթիւրելու իրենց սովորական ունակութեանը մէջ։ Առաջնորդուած՝ Ազատ Բեմը ծիծաղելի ու անհեթեթ ներկայացնելու մտահոգութենէն. անոնք մեզ վերագրեցին բարեգործական ընկերութիւն մը քայքայելու եւ բարեսիրութիւնը հարուածելու նպատակներ, իբր թէ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութիւնը իր տեսակին մէջ միակը ըլլար, եւ իբր թէ հարիւրաւոր բարեգործական մարմիններ գոյութիւն ունեցած չըլլային արդէն: Եւ սակային, Ազատ Բեմի անցեալ տարեշրջանի 14, 15, 16, 17 եւ 22րդ թիւերը մէջտեղն են, ու շատ լաւ կը բացատրեն մեր պայքարին բո՛ւն շարժառիթը: Տարի մը առաջ էր որ այս ընկերութիւնը կազմուեցաւ, անհանդուրժելիօրէն յաւակնոտ յայտարարութիւններով, ու ահա անոր վարձուած մունետիկները, ի ձայն փողոյ եւ թմբկի հռչակեցին թէ ա՛լ Հայոց դժբաղդութիւնը վերջացաւ, թէ ա՛լ հայ խրճիթները պիտի շէննան, եւ այնքան տարիներէ ի վեր ցանկացեալ հայկական ընդհանուր միութիւնն էր որ կը հաստատուէր… Քիչ էր մնացեր, որ փաշաներու խոհանոցին մէջ սլքտացող այդ հացկատակները՝ բարեգործական ընկերութեան հաստատմամբ՝ Հայաստանն ալ ազատեցաւ գոչէին: Ազատ Բեմ, իբր յեղափոխական օռկան, չէր կրնար լռութեամբ անցնիլ այդ անբարոյացնող երեւոյթին վրայէն ասոր համար էր որ շարք մը յօդուածներով մենք աշխատեցանք իր իսկական դիրքին ու իմաստին մէջ սահմանափակել տալ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութիւնը, եւ նոյն ատեն քննադատել անոր կանոնադրական մէկ քանի արատաբեր տրամադրութիւնները: Մենք տարի մը առաջ ըսինք, եւ հիմա ալ կը կրկնենք, թէ Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութիւնը մէկն է այն հարիւրաւոր աղքատախնամ, որբախնամ կամ նպաստամատոյց մարմիններէն, որոնք Ամերիկայէն մինչեւ Կովկաս հիմնուած են տասնեակ տարիներէ ի վեր: Այս բարեգործական կազմակերպութեանց դերը երկրորդական նշանակութիւն մը միայն ունի, հայոց քաղաքական ներկայ վիճակին տեսակէտով. քանի որ անոնք Հայ ցեղը չեն առաջնորդեր դէպ իր ազատագրական հորիզոնները, այսինքն դէպ իր վերջնական ու իրական նպատակը, այլ անոնք մասնակի ու վաղանցուկ սփոփանքներ միայն կրնան տալ յաւէրժանալ սպառնացող հայ տառապանքին: Թէ Ազատ Բեմ, իբր յեղափոխական սկզբունքներէ առաջնորդուող թերթ, որքա՛ն արդարացի էր իր պայքարին մէջ, այդ տեսնուեցաւ դեռ վերջերս ալ, երբ Ռազմիկ ու Հայրենիք, ուրիշ յեղափոխական թերթեր, ինչպէս նաեւ արտասահմանի ամբողջ անկաշկանդ մամուլը. առանց Ազատ Բեմին ձայնակցելու մասնաւոր փափաք մը ունենալու, մեր եզրակացութեան յանգեցան Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան մասին իրենց ըրած քննադատութեանցը մէջ: Գալով կանոնագրական թերութեանց շուրջ մեր ներկայացուցած դիտողութեանց, անոնց արդարացիութիւնը ընդունիլ ու խոստովանիլ հարկադրուեցան Հ[այ] Բ[արեգործական] Ը[նդհանուր] Միութեան ջերմ խնկարկուներն իսկ, մինչ Տիարք Ա. Ասլանեանի, Օ. Տէրվիշեանի Մ. Սօսօյեանի տպեալ բաց նամակներն եւ մեր մօտ մնացած ուրիշ բազմաթիւ անտիպ գրութիւնները, ինչպէս նաեւ արտասահմանի տարբեր թերթերու քննադատութիւնները ապացուցին թէ Ազատ Բեմի դիտողութիւնները արդարացի ըլլալէ զատ կուսակցական ո՛ եւ է նկատումէ ալ զուրկ էին:

Գ.

Ազատ Բեմ, իր Դ. տարեշրջանի ընթացքին, տակաւին զբաղեցաւ Գահիրէի կրթական գործով. ազգ[ային] երեսփոխանութեան եւ ժողովուրդի յարաբերութեամբ, կալուածոց նախկին վերատեսուչ Տ. Անդրանիկեանի ինքնակամ ու վնասաբեր գործունէութեամբ, եւն, եւն: Այս երեք խնդիրներէն առաջինին վրայ հիմա չէ որ պիտի խօսինք. քիչ օրէն, եւ շա՛տ քիչ օրէն, երբ ազգ[ային] վարժարանաց վերջացող տարւոյ զեղծմնաթաթաւ հաշիւները հրապարակ հանուին պաշտօնական քննութեամբ, այլեւս այն ատեն պիտի ամէն մարդ եւ կոյրերն ալ տեսնեն թէ Գահիրէի կրթական գործին տեսչութիւնը ո՛րի ձեռք յանձնուած է, մենք այն ատեն պիտի անդրադառնանք մեր մղած պայքարի սկզբպատճառներուն, ինչ որ հոս կ՚ուզենք ի վեր հանել, միայն սա կէտն է թէ ազգ[ային] վարժարանաց տնօրէնին դէմ Ազատ Բեմի հրատարակած գրութիւնները՝ փաստերու եւ իրողութեանց վրայ հաստատուած՝ անձնական կամ կուսակցական նկատումէ բոլորովին զերծ էին: Եւ եթէ մեր ընդդիմախօսները գրաւոր ու բերանացի քարոզութիւններով ճգնեցան պայքարի նշանակութիւնն այլասերել. եւ կուսակցական հակառակութիւն վերագրել մեզի, ատիկա պարզապէս շահագործելու համար էր այն աննպաստ տրամադրութիւնն որ կայ՝ կարգ մը փաշայական խաւերու մէջ՝ ընդդէմ հայ յեղափոխական կազմակերպութեանց: Մեր պայքարը կուսակցական հանգամանք չէր կրնար ունենալ, նախ, որովհետեւ յեղ[ափոխական] մարմիններու գործը չէ ինկած ու սողակող վարժապետներով զբաղիլ, երկրորդ՝ որովհետեւ Ազատ Բեմէն առաջ, ու Ազատ Բեմի՛ն հետ, ուրի՛շ մարդիկ եւ ուրիշ տեղական եւ այլուրի թերթեր դիմակաթափ ըրած են Գալստեան վարժարանի տնօրէնը:

Այնթապէն մինչեւ Կիպրոսի որբանոց՝ բողոքող շահագործուածներու երկար տողանցումը իր կրած էնսիւլթէն Երեսփ[ոխանական] ժողովին գանգատող Առաջնորդը, հոգաբարձութեան կողմէ յատկացուած նուէրը չըստացող ու ասոր համար բողոքող վարժուհին, անգթօրէն ծեծուած աշակերտին մայրը, Քիւրքճեանի դէմ երկու բողոքագիր հանրագրութեանց տակ ստորագրող հարիւրաւոր գահիրէցիները, ու, վերջապէս, Քաղ[աքական] ժողովի կողմէ ազգ[ային] վարժարանաց հաշուոց քննիչ կարգուած անձնաւորութիւնը, եւն. եւն. բոլոր ասոնք կուսակցականներ չեն անշուշտ. եւ սակայն ասոնք ամենքն ալ Ազատ Բեմի գրածները կը հաստատեն, աւելին ալ կ՚ընեն, կը լրացնեն:

Գալով երեսփոխանութեան եւ ժողովրդի յարաբերութեան եւ կալուածոց նախկին վերատեսչին ազգավնաս գործունէութեան շուրջ Ազատ Բեմի մղած պայքարներուն, ասոնք այնքան ամրապէս հաստատուած էին ազգային օրինաց եւ փաստերու կռուանին վրայ, որ մեր ընդդիմախօսներուն անկարելի եղաւ այլասերել այդ պայքարները. թէեւ ատոր ալ փորձերը չէին որ պակսեցան: Գահիրէի երեսփ[ոխանական] ժողովը պզտիկ քայլ մը առաւ դէպ ի ազգ[ային] օրինաց գործադրութիւնը, իսկ Տ. Անդրանիկեան, որ ոչ-ազնուաշուք լեզուով մը պատասխանեց Ա. Ասլանեանի յօդուածաշարքին (Ազատ Բեմ թիւ 56, 57, 58 եւ 59) ուրիշ բան չըրաւ՝ այլ հաստատել իր ինքնագլուխ գործունէութեան դէմ եղած քննադատութիւնները: Հոս տեղն է յիշեր պարագայ մը, որուն, գուցէ, ուշադրութիւն ընողներ չեն եղած: Կալուածոց նախկին վերատեսչին դէմ առաջին անգամ բողոքողն էր Քաղ[աքական] Ժողովը, իր հրատարակած պրօշիւրովը, որ երեւան կը հանէր գայթակղալից ճշմարտութիւններ: Այդ պրօշիւրը հրատարակուած էր յանուն քաղաք[ական] Ժողովոյ, որուն բոլո՛ր անդամները, գոնէ մեծամասնութիւնը համամիտ էին անշուշտ անոր պարունակութեանը: Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, երբ Տ. Անդրանիկեանի դէմ հրապարակային պայքարը շարունակել պէտք եղաւ, նոյն Քաղ[աքական] Ժողովին երկու անդամները անուննին բառախաղի պէս ամէն մարդ գիտէ դաւաճանեցին պարտականութեան եւ օրէնքի ձայնին դէմ, եւ անցնելով ամբաստանեալին կողմը, անոր կցկտուր պատասխանները՝ Քաղ[աքական] Ժողովին դէմ՝ հիւրընկալեցին իրենց թերթին մէջ: Անսկզբունք կուսակցականութիւնը  եւ ինկածութիւնը երբէք այնքան յայտնապէս երեւան չէր եկած մեր ընդդիմախօսներուն քով՝ որքան այդ խնդրին մէջ:

Տեղական օտար խնդիրներուն, Եգիպտոսի անգլիական գրաւման, դիւանագիտական եւ տնտեսական կացութեան, ազգայնական ու համիսլամական զարթնումին եւ յարակից պարագաներուն՝ լայն տեղ մը առինք Ազատ Բեմի Դ. տարեշրջանին մէջ. նոյնը պիտի ընենք ներկայ շրջանին, քանի որ այդ խնդիրները՝ դեռ հեռու՝ վերջականապէս կարգադրուելէ, տակաւ կը բորբոքին եւ Եգիպտոսի հայ գաղութը պէտք չէ անգիտակից մնայ իր որդեգրած երկրին ներկայ ու ապագայ կացութեանը:

Ազատ Բեմ Դ. տարեշրջանի ընթացքին հրատարակեց մէկ քանի ինքնագիր կամ թարգմանածոյ երկարաշունչ աշխատութիւններ, ինչպէս՝ Հլուները եւ ըմբոստները, Լօրտ Քրօմըրի Տեղեկագիրը, Դարբինին երգը, Սուլթան Համիտի ներքին կեանքը եւ Պռօշեանցի Հայ վարժապետը. որ ներկայ շրջանին ալ կը շարունակուի: Ունեցանք աշխատակցութիւնը Մառի ՊԷյլէրեանի, Ա. Չօպանեանի, Մ. Սըվազլըի, Ավօի, Ա. Մսրլեանի, եւ բազմաթիւ ուրիշ կարող գրողներու, որոնք ծածկանուններով աշխատակցեցան մեզ՝ ինչպէս Սարորդի, Շահան, Օմէղա, Արմէնիուս, Ամատունի, Ուստըրցի, եւն. եւն: Մեր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք իրենց՝ այս առթիւ եւ ուրախ ենք ծանուցանելու թէ, ներկայ շրջանին, մէջ ուրիշ ոչ նուազ կարող գրիչներ ալ պիտի աշխատակցին «Ազատ Բեմ»ին:

Վերջացնելու առթիւ մեր այս հապճեպ տեսութիւնը, յոյս կը յայտնենք որ Եգիպտոսի եւ արտասահմանի հայ գաղութները, ինչպէս ասկէ առաջ, այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն քաջալերել մեր ստանձնած գործը, որուն նշանաբանն է ծերունի հռովմայեցիին՝ Կատոնի հռչակաւոր խօսքը՝ Delanda est Carthago Կարքեդոնը պէ՛տք է կործանի:

Ու մեր կործանել առաջադրած Կարքեդոնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ՝ ազգային ցեցերէ, թրքաբարոյ թուլամորթներէ եւ ցեղին ձայնը խեղդողներէ կազմուած ամրոցը:

«Ազատ բեմ», 1907, Ապրիլ   17, թիւ
«Ազատ բեմ», 1907, Ապրիլ   20, թիւ
«Ազատ բեմ», 1907, Ապրիլ   24, թիւ