Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԻՃԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԻ

Ինչպէս ամէն անհատ, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր ազգ արժանի է այն վիճակին, զոր ինքը կը ստեղծէ, իր ձգտումներովը, գործերովը եւ փափագներովը:

Եթէ շարունակ կը լսենք որ եւրոպական եւ ամերիկեան կարգ մը ազգեր բարգաւաճման ու երջանկութեան տարիներ կը բոլորեն, սոսկական պատճառն այն է որ այդ ազգը ձեւացնող անհատները, առանձինն ու հաւաքաբար, գիտեն իրենց համար լաւագոյն կեանք մը ստեղծելու եղանակը, ու նաեւ որովհետեւ ազգային ամբողջութեան իտէալը ուղղուած է միակ ու անխախտելի կէտի մը:

Այսպէս, ուրեմն, հայ ազգն ալ արժանի է այն վիճակին, ուր դրուած է ձեռամբ իր զաւակներուն: Ի՞նչ է այս ազգին ընդհանուր վիճակը, եւ որո՛նք են իր զաւակներուն ձգտումներն ու սկզբունքները:

Հայութեան ընդհանուր կացութեան մասին վեր ի վերոյ գաղափար մը ունի արդէն արտասահմանի մէջ գտնուող ամէն հետաքրքիր անհատ: Գիտենք, թէ այսօր մեր ցեղը կը գտնուի անկումի եւ բնաջնջման շրջանի մը մէջ. թէ անիկա ոչխարային համակերպութեամբ պարարտացած զոհ մըն է, զոր կը կտրատեն ու կը մանրեն, մինչեւ որ նեարդ մը հետք մը չի մնայ անոր անունէն, պատմութենէն, գոյութենէն:

Տաճկահայաստանի մէջ եւ ամենուրեք ուր թուրք արիւնաքամ դրօշին տակ հայ մը կ՚ապրի, ֆիզիքական ու մտաւորական միահեծան բռնակալութիւն մը տիրապետած է: Հոն ուր մոռցուած է մարմինը սպաննել. միտքը՝ գաղափարը բնաջինջ ընելու խնամոտ հոգը տարուած է: Իսկ հոն ուր արդէն զոհուելիք գաղափար կամ մտածում գոյութիւն չունէր, այնտեղ չարաչար սպաննութիւնները, հարստահարութիւններն ու թալանները անխուսափելի կերպով եկած են քանդել հայրենի օճախները, եւ անոնց մոխիրին տակ գերեզմանել նահատակուած մարմինները:

Ազգային այս ընդհանուր կացութեան առջեւ, խնդիր է գիտնալ թէ, ի՞նչ դիրք բռնած են Հայերը, իրենց բոլոր դասակարգերով ու ընկերական խաւերով, Զգացա՞ծ են անոնք, համերաշխ գործակցութեան մը պէտքը, հաւանաբար պայքարելու համար արտաքին թշնամիին դէմ, որ տակաւ կը սպառնայ մտնել մեր ամենէն ներքին ու նուիրական կեանքին խորերը: Հայերը գիտցա՞ծ են արդեօք, գոնէ մեծամասնութեամբ մը, ազգային քաղաքականութիւն մը կերտել, եւ անոր հիմնագրին վրայ յենելով, անփոփոխ ու անվհատ մղել կեանքի կռիւը՝ ինչպէս այդ կ՚ընեն աշխարհի վրայ անկիւն մը ունեցող բոլոր ազգերը:

Այս հարցումներուն պատասխանը սրտաճմլիկ ոչ մըն է, զոր ամէն գիտակից հայ պիտի արտասանէ ապահովաբար: Աննախընթաց սոսկումի եւ տանջանքներու այն կեանքը զոր հայութիւնը կ՚ապրի այսօր, փոխանակ զգաստացնելու եւ իմաստնացնելու զմեզ, ընդհակառակը՝ հայ ընկերական խաւերուն միջեւ ձգած է ահաւոր երկպառակութիւն մը, որ՝ աւելի աղիտաբեր քան Թրքական վտանգը, կը սպառնայ փութացնել մեր անկումի եւ բնաջնջումի շրջանին վերջը:

Ունեցած ենք եւ ունինք յեղափոխականներ, ցեղային ստրկութեան դէմ ընդվզող հոգիներ բայց ունինք նաեւ ասոնց հայ հակառակորդները. ազգային թշնամիները, որոնք կամ անձնական հաշիւներու կարգադրութեան համար կը փութան ամէն առթիւ վարկաբեկել հայ յեղափոխականութիւնը, եւ  կամ թէ իրենց դիւանագիտական խորախորհուրդ սկզբունքներուն բերմամբ հակառակիլ կը ձեւանան ազատագրական ամէն կարգի շարժումներու:

Հայ եկեղեցւոյ Պետը իր բոլոր օժանդակներով կ՚ենթարկուի ամենաստոր քննադատութեանց, հոն, Կովկասի մէջ: Իսկ անդին՝ Պօլիս թրքացած Պատրիարք մը իր պաշտօնական հեղինակութիւնը ճիզվիթօրէն կը շահագործէ, ընելու համար բոլոր այն բաները , որոնք քայքայումի գործը միայն կրնան փութացնել:

Ու այս անիշխանական վիճակը՝ ամենուրեք. հայ աշխարհականը կղերին դէմ է ելած, հաճի աղաները իրեն գարշելի լեզուին բոլոր մասնագիտութիւնները կը թափեն նորազարթ ոյժերուն դէմ, հաճոյասէրներու եւ անզգաներու փաղանգը կռիւ կը մղէ անձնուրացութեան եւ զոհողութեան հրաւէր կարդացողներուն դէմ, եւ վերջապէս ընդհանուր ներքին պայքար մըն է որ կը տեւէ, այն աստիճան որ ցեղային թշնամիին գոյութիւնը շատերը մոռացութեան են տուած, եւ կ՚ապրին օրը օրին այդ ազգային-ներքին ճակատամարտին հեւքերովը:

Հայութեան այս անկերպարան, անհաւասարակշիռ եւ խարխափուն վիճակը աչքի առջեւ բերելով, երբէք զարմանալի գտնելու չէ, երբ նորանոր վտանգներ եւ դժբախտութիւններ կը պայթին մեր գլխուն: Ազգ մըն ենք, որ գիտակցութիւնը չունինք մեր վիճակին, ու ասով մենք մեզի կը ստեղծենք կացութիւն մը, որ երբէք մխիթարական չէ, բայց որ արժանի է մեզի, քանի որ մեր ստեղծածն է:

Ո՞րն է օրուան հրատապ պէտքը. ո՞ւր է հայ կեանքին երջանկութեան գիծը. ի՞նչ հաւատքով ու տոկունութեամբ պէտք է հետեւիլ անոր։— Ոչ ոք կ՚ուզէ խորհիլ ասոնց վրայ: Ու ոչ միայն այս, այլ եւ շատերը՝ փոխանակ անկեղծ պարտաճանչութեան եւ գիտակից ինքնութեան մէջ գործելու, իրերամարտ ուղղութիւններով զիրար կը չեզոքացնեն, զիրար կը սահեցնեն, մինչ արտաքին թշնամին այդ ազգային կռիւին հանդիսատեսն ըլլալով կը խորհի անշուշտ գոհունակութեամբ թէ հայերը շատ արժանի են այն վիճակին, զոր ինքզինքնուն կը ստեղծեն:

«Ազատ բեմ», 1906, Դեկտեմբեր 26, թիւ 71։