Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՌՈՒՍ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ. «ԱՆԿԻԶԵԼԻ ՄՈՐԵՆԻՆ»

Ժամանակակից ռուս գրականութիւնը, որ համառուսական մեծադղորդ յեղափոխութենէն խորապէս ազդուած է, իր նորագոյն արտադրութիւններուն մէջ կը հաշուէ Տավիտ Էյսմանի Անկիզելի Մորենին, յեղափոխական այս հրաշալի ողբերգութիւնը, որը կը զբաղի Մայրութեան զգացումին եւ Յեղափոխութեան գաղափարին՝ իրարու հետ ունեցած առնչութիւններով։

Այս ողբերգութեան մէջ՝ Տավիտ Էյսման շատ վառ գոյներով պատկերացուցած է Մայրութիւնը՝ կոտորածներէն ու արիւնոտ կռիւներէն ընդվզած, որոնք սակայն իր հոգիին մէջ արթնցուցած են մարդկային էակը եւ զայն մղած են դէպի Ազատութեան պայքարին յորձանուտները։ Այս գլխաւոր յատկանիշէն զատ, հեղինակը իր հուժկու եւ նկարագեղ վրձինով կը պատկերացնէ ռուս ընտանիքներու ներքին կեանքը, ուր տառապեցաւ, սարսռաց, յուսաց եւ ապստամբեցաւ ամբողջ ժողովուրդ մը։ Անիկա, զոր օրինակ, կը նկարագրէ խոնաւ գետնայարկ մը, խեղճ ու կրակ երեւոյթով, գրեթէ մութ, ատիկա ռուս երկաթագործի մը գործատեղին ու բնակավայրն է միանգամայն։ Այդ նկուղին մէջ կան երկաթագործի հնոց մը, սալ մը, հին ծակած թէյամաններ, սեղան մը ու նստարան մը, որոնց բոլորին ալ թշուառ երեւոյթը կը մատնէ հոն բնակողներուն խեղճութիւնը։ Ընտանիքին պապն ու մամը քառսունը անցուցած են արդէն, չարաշուք աղքատութիւն մը եւ շարունակական մտատանջութիւններ չորցուցած են անոնց այտերը։ Մամն ու պապը իրենց զաւկներուն նուիրուած կեանք մը ունին ու շարունակ ալ մտատանջութեան մէջ են թէ իրենց սիրական փոքրիկները պիտի օր մը զոհ երթան կոտորածի մը կամ յեղափոխական կռիւի մը։

Իրենց անդրանիկը՝ Մանուս, տեսնեւինը տարեկան է. անիկա արտասովոր ձիրքերու տէր, ուսումնասէր, երկաթեայ կամք ունեցող երիտասարդ մըն է, որ առաքեալի մը հրապոյրներն ունի. ամէն մարդ գլուխ կը ծռէ անոր առջեւ, մինչեւ իսկ իր ծնողքը, որովհետեւ բարձր կոչումի մը սահմանեալ մարդ մը կը տեսնեն անոր մէջ։ Ահա՛ հատուած մը մօր ու զաւկի խօսակցութենէն։

Մանուս (Մօրը բազուկներուն մէջ նետուելով). Մայրիկ, մայրի՛կ, պէտք է երթամ, արդէն բոլոր ընկերներուս մնաք բարով ըսի… մա՛յր, մեկնելուս համար չըլլայ որ նեղանաս ինծի։

Մայրը (Տխուր քաղցրութեամբ մը եւ աչքերը արցունքով լեցուած). Զաւա՜կս, միթէ ես կրնա՞մ քեզի դէմ նեղանալ, դուն երթալ կուզես կոր, լա՛ւ, թո՜ղ անանկ ըլլայ, եւ եթէ ուզես որ հակառակն ըլլայ, նորէն թող քու կամքդ կատարուի։

Մանուս. Մայրիկ, ուրիշ կերպ կարելի չէ… նայէ՛ սա գիրքին, երբ որ նետեմ՝ գետին պիտի իյնայ, այնպէս չէ՞, տարբեր բան չի կրնար ըլլալ. ա՛ռ այս գիրքը պահէ իբրեւ յիշատակ, մա՛յր. քեզի այնքան կը սիրեմ որ ոյժերս կը տկարանան, բայց պիտի մեկնի՛մ, պիտի մեկնի՛մ…։

Մայրը. Ո՞ւր, ի՞նչ ընելու համար։

Մանուս. Աստուած վկայ որ ձեզմէ բաժնուիլ չեմ ուզեր, ապրիլ ձեզի հետ, միասին աշխատիլ, ձեր վիշտերուն ու պզտիկ ուրախութեանց մասնակից ըլլալ… բայց այլեւս անկարելի է, պէտք է երթամ պարտականութիւնս կատարելու։ Ահաւասիկ հօրս փուռը, 30 տարիներէ ի վեր անիկա այս փուռին առջեւ ոտքի կեցած կ՚աշխատի, ես ծնած չէի դեռ, անիկա քեզ չէր ճանչնար՝ երբ այդ փուռին առջին կ՚աշխատէր, կ՚աշխատէր, կ՚աշխատէր։ Եւ ի՞նչ կայ այսօր ձեռքը, անօթի մնալէն, անարգուելէն, բռնութեան զոհուելէն եւ վիշտ կրելէն զատ ի՞նչ ունեցաւ։ Ու դուք ամենքդ՝ տառապանքէ եւ բռնութենէ զատ ուրիշ բան ճաշակեցի՞ք։ Ի՞նչ ընեմ՝ մայրիկ. այնքա՛ն պիտի ուզէի հոս քովիկդ մնալ, բայց շուրջս ամէն ինչ գնա՛ կը հրամայէ ինծի, եւ երբ քու աւերեալ դէմքիդ կը նայիմ, այդ հրամանը աւելի՛ բարձր կը խօսի ինծի…։

Ու Մանուս կ՚երթայ իրաւարարի եւ վրէժխնդիրի ահաւոր դէր մը կատարելու։

֍

Մանուսին պզտիկ եղբայրը՝ Լէնջիք, տակաւին 14 տարեկան լաճ մըն է, որ սակայն «մեծ դատ»ին համար մեռնելու խնդրին վրայ կը խօսի. անիկա երբ կը լսէ որ հազարաւոր մարդիկ յեղափոխական երգեր կ՚երգեն փողոցը, լալու պէտք կը զգայ, բայց կ՚ամչնայ, որովհետեւ առնական ու կորովի կ՚ուզէ երեւալ։ Իսկ իր քոյրը՝ Տօրա, 13 տարեկան  աղջիկ մըն է, «արեւին պէս լուսափայլ» եւ յեղափոխական միեւնոյն հուրով վառուած. անիկա կը սիրէ, բայց սէր ըսելով ուրիշ բան չի հասկնար, այլ սիրականին հետ անդունդին մէջ նետուելու հաճոյքը. «միասին առնել հսկայական քայլ մը, խօլաբար, յանդուգն, երկինքին ձեռք դպցնել, յետոյ անհետանալ…»։ Ահա այս դաւանանքով է որ Տօրա կ՚իյնայ իր սիրած երիտասարդին՝ Ալէքսանտրի բազուկներուն մէջ։ Ալէքսանտր հարուստի զաւակ է, որ Մանուսի պերճախօսութենէն եւ Տօրայի գեղեցկութենէն հրապուրուելով յեղափոխականներու հետ յարաբերութիւն հաստատած է. վեհանձն թափեր առնելու կարող է, այլ սակայն իր մէջ կը պակսի համոզումը, այլ  մանաւանդ՝ քաջութիւնը։ Անիկա սիրոյ մրցակից մըն ալ ունի, Տօրայի հօրը գործաւորներէն մին, յանդուգն Պէրլը, որ իր կարգին կը պաշտէ Տօրան, եւ չի հաւնիր Ալէքսանտրին՝ զոր «կակղամորթ» կ՚անուանէ։ Բոլոր այս թիփերը հիանալի պարզութեամբ մը կը գործեն Անկիզելի Մորենիին մէջ։ Ոչ նուազ բնական եւ հետաքրքրական է յետագայ խօսակցութիւնը, որ կ՚անցնի պահպանողական հարուստի մը եւ Տօրայի հօրը՝ այսինքն յեղափոխական գործաւորին միջեւ։

Հարուստ պահպանողականը. Սահմանադրութի՛ւն, յեղափոխութի՛ւն, ապստամբութի՛ւն, եւ դեռ ի՛նչ գիտնամ, պոռացող պոռացողի, կրակի հետ կը խաղան կոր, բայց գլուխնուն գալիք կայ, պիտի տեսնե՜ն, մինչեւ հիմա ինտոր որ ապրեր էին, թող ասկէ ետքն ալ անանկ ապրէին, այս աշխարհին վրայ տառապիլ պէտք է։

Գործաւորը. Անանկ կ՚երեւայ կոր դուն տառապելու շատ պատճառ չունիս։

Պահպանողականը. Իրաւո՛ւնք, ազատութի՛ւն, անշուշտ քիչ մը պէտք է, բայց ասոնց ուզածը շատ է, շա՛տ՞

Գործաւորը. Պէտք է որ ամէն մարդ քուէ մը ունենայ։

Պահպանողականը. Ես չորս տուն ունիմ, գործարան մըն ալ ունիմ, եւ դրամագլուխ ալ ունիմ, գործաւորն ու ընկերվարականը պէտք է գան եւ վրան օրէ՞նք դնեն։

Գործաւորը. Նոր օրէնքներն այնպէս մը պիտի ըլլան, որ ամէն մարդ կարենայ պատառ մը հանգիստ հաց ուտել, աղքատ դասակարգին բոլոր ոյժերը սպառած են այլեւս…։

Պահպանողականը. Դո՞ւն ալ, հա՞, դուն ալ վարակուեր ես յեղափոխականներէն, չեմ գիտեր գլուխս որ քարին զարնեմ, մարրդ շարունակ ամ

 

«Ձայն հայրենեաց», 1908, 23 Հոկտեմբեր, թիւ 1, էջ 6-7