Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. Եւրոպական Բողոքականութիւնը [1]

Տեսանք թէ ի՛նչ պարագաներու տակ Հայազգի Պաւղիկեանք աղանդաւորք տեղափոխուեցան ի Պուլկարիա եւ նամանաւանդ ի Փիլիպոպոլիս: Ասոնց աքսորման ժամանակ (970) արդէն աւելի քան մի դարէ ի վեր Թոնդրակեցւոց աղանդը յաջորդած էր Պաւղիկեանց վարդապետութեան, ուստի եւ ասոնք աւելի Թոնդրակեցիներ էին. սակայն կ՚երեւայ այ թէ՝ Թոնդրակեցութիւն անունը դեռ ընդհանրացած չէր եւ աւելի Պաւղիկեան անուան տակ կը ճանչցուէին:

Այս աղանդաւորք իրենց աքսորավայրին մէջ եւս սկսան քարոզել իրենց վարդապետութիւնը. թէպէտ դժուարաւ, սակայն գտան իրենց հետեւող սակաւաթիւ Պուլկարներ, յորս Երեմիա Բոգոմիլ քահանան, որոյ անուամբ Բոգոմիլեան աղանդ եւս կոչուեցաւ իրենց վարդապետութիւնը:

Այս հայկական աղանդէն ծնունդ առած է հաւանաբար եւ Մակեդոնիոյ Տրակովիցա քաղաքն երեւան ելնող Կաթթարինեան( [2] ) աղանդն, որ այնչափ մեծ նմանութիւն ունէր Պաւղիկեանց վարդապետութեան:

Օրթոտոքս Պուլկարք անհաշտ աչօք կը նայէին հայազնեայ Պաւղիկեանց եւ անոնց հետեւող սակաւաթիւ Պուլկարաց: Վէճ, կռիւ ու ատելութիւն անպակաս էին Աղանդաւորաց եւ Օրթոտոքսներու միջեւ: Փիլիպոպոլսոյ Պաւղիկեանք անդրդուելի մնացին իրենց դաւանութեանց մէջ, հակառակ Յունաց եւ Պուլկարաց ցոյց տուած ատելութեան ու հալածանաց:

ԺԲ. դարուն վերջերը, Գերմանիոյ Ֆրէտէրիկ Շիկամօրուս կայսրն՝ Գ. Խաչակրութեան գլուխն անցած Պուլկարիայէն անցած ատեն, Յունաց կողմանէ անուղղակի կերպով յարուցուած դժուարութեանց պատճառաւ՝ զինու զօրութեամբ սկսաւ յառաջանալ, մեծ սոսկում պատճառելով ժողովրդեան: Կայսրը Փիլիպոպոլիս հասնելէն առաջ՝ երկրի Օրթոտոքս ժողովուրդն անկէ փախաւ, Պաւղիկեանք ոչ միայն անդ մնացին՝ այլ եւ Կայսեր ընդ յառաջ ելնելով՝ բարեկամութիւն ցոյց տուին, ու պատմեցին Պուլկարաց եւ Յունաց ձեռքէ քաշածնին: Կայսեր ցոյց տուած համակրութիւնն աղանդաւորները Խաչակրաց յարեցուց, այնպէս որ Պաւղիկեանց շատերն ընդունեցին անոնց կրօնը՝ Հռովմէականութիւն՝ որպէս են եւ ցարդ իրենց յաջորդներն ի Ֆիլիպէ։ Հաւանականաբար այս առթիւ Խաչակրաց բանակէն եղան Պաւղիկեան վարդապետութեան համակիրներ, որք իրենց հայրենիքը տարին այս աղանդի սկզբունքներն, որք ընդունելութիւն գտան նամանաւանդ Զուիցերիոյ Վոտուաներու( [3] ) եւ հարաւային Ֆրանսայի Ալբիգացիներու( [4] ) մէջ, ու տարածեալ գաղափարները ծնունդ տուին Եւրոպական Բողոքականութեան ի ձեռն Լուտերի( [5] ) (1520), Կալվինի եւ այլոց: Ուստի եւ Հայք են Բողոքականութեան հիմնադիրք:

Փիլիպոպոլսոյ Պուլկարաց եւ նամանաւանդ Փաւլիքեանց (Պաւղիկեանք) տարազն, ասեղնագործութիւնք, պարերն եւ վարք շատ մեծ նմանութիւն ունին հայկականին եւ հաւանաբար ի ձեռն Պաւղիկեանց նաեւ տեղի ունեցած է այս քաղաքակրթական յատկութեանց փոխադրութիւնն, եւ այս երկու հեռաւոր աշխարհաց բնակչաց մէջ յառաջ եկած է այնչափ մեծ նմանութիւն:

Փիլիպոպոլսոյ Փաւլիկեանք աւելի գեղեցիկ ու ճարպիկ են քան Սլաւ Պուլկարներն, Փաւլիկեան կանայք աւելի լայն մէջք եւ գեղեցիկ աչքեր ունին նման Հայ կանանց: Փիլիպուպոլիս այցելող մը զարմանօք կը դիտէ միեւնոյն քաղաքի մէջ տիպով իրարմէ երկու տարբեր ցեղերու գոյութիւնն, որք իրենց յատկութիւններով ալ դեռ իրարմէ կը զանազանին:

Այս տարօրինակութիւնը դրդած է զմեզ քննելու պատճառն եւ ուսումնասիրելու այս հարցը:



[1]        Այս հատուածը 1897ին Ծաղիկ հանդէսի 24/4 Յունիսի թիւին մէջ` Հայք եւ Բողոքականութեան հիմնադիր հեղինակք խորագրով մեր յօդուածէն առնուած է մասամբ:

[2]            Այս բառը Յունական Կաթար = ( Մաքսար ) բառէն եկած է, եւ կարելի է թարգմանել մաքրակրօնեանք կամ մաքրակրօնք:

[3]            Զուիցերիոյ Վօ (Vaud) գաւառակն ասոնց կեդրոն եղած է, ուրկէ այն անցած է Ֆրանսայի Բռովանս նահանգն: Ասոնց դէմ հալածանք հանեց Ֆրանսուա Ա. Գաղղիոյ թագաւորը ԺԶ. դարու սկիզբն եւ ջնջեց զանոնք:

[4]            Ֆրանսայի Թառն (Tarn) գաւառի Ալբի քաղաքն այս աղանդի կեդրոն ըլլալուն՝ այսպէս անուանուած է: Իննոսան Գ. Պապը 1209ին Ալբիգացիներու դէմ խաչակրական հալածանք մը հանեց որ 20 տարի տեւեց:

[5]            «Գիրք խոստովանութեան» Անանիա Նարեկացւոյ, հրատարակութիւն Միաբանի, Յառաջաբան: Արարատ հանդէս (1892)։