Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. Մծղնէութիւն

Մծղնէութիւնը Ասորիքի աղանդ մ՚է, որ Դ. դարուն ծնունդ առաւ եւ որ փոքր ինչ տարածուեցաւ ի Հայս: Այս աղանդին մէջ կը տեսնուին Մանիքեցութեան ինչ ինչ վարդապետութիւնները:

Մծղնեայք կատարելութեան հասնելու եւ Երրորդութիւնն աչքով տեսնելու համար մշտատեւ աղօթելը պայման կը դնէին, եւ արդէն Մծղնէա՝ աղօթող ըսել է:

Ասոնք չէին ընդուներ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները, կ՚արհամարհէին ամուսնութիւնը: Շատեր կը մերժէին աշխատանքը, ու կ՚ապրէին մուրացկանութեամբ եւ բացօթեայ: Կ՚երեւի թէ անառակութեանց անձնատուր կ՚ըլլային, այնպէս որ ի մեզ մծղնեայ բառն՝ անառակ, խառնակեաց եւ ընտանեաց անդամոց հետ իսկ սեռական յարաբերութիւններ ունեցողի նշանակութիւնն առած է:

Անցնինք այժմ Պաւղիկեանութեան եւ Թոնդրակեցութեան՝ որք հայկական աղանդներ համարուած են: