Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի Հայս տարածուած ու ծնունդ առած Քրիստոնէական զանազան աղանդներու քննութեամբ՝ տեսանք թէ անոնք իրարմէ ածանցուած են եւ ստէպ փոփոխութեանց ենթարկուած: Արդարեւ Մարկիոնութեան մէջ տիրող հեթանոսական փիլիսոփայութեան, Մանիքեցութեան որդեգրած եգիպտական եւ հնդիկ Հոգեփոխութեան, Մանիքեցութեան եւ Պաւղիկեանութեան մէջ ընդունուած Բարւոյ եւ Չարի Աստուածութեանց Զրադաշտական վարդապետութեան՝ հետզհետէ վտարումը կը տեսնենք:

Մանիքեցութեան եւ Պաւղիկեանութեան ընդունած Գնոստիկեան արտահոսմամբ անհաւասար անձերէ բաղկացած Երրորդութիւնը, եւ Մարկիոնութեան, Մանիքեցութեան ու Պաւղիկեանութեան դաւանած երեւութական վարդապետութիւնը չեն տեսնուիր Թոնդրակեցւոց մէջ, եւ անոնց այս մասին ունեցած հաւատալեաց մասին՝ մերայնոց չբողոքելը կը նշանակէ թէ ընդունած են առ այս Ուղղափառաց վարդապետութիւնը:

Հին ու Նոր Կտակարանաց իբր Սբ. Գիրք զանազանումը, Նոր Կտակարանի եւ մասնաւորապէս Աւետարանի ու Պօղոսի թղթոց յարգանքը՝ զոր տեսանք Մանիքեցւոց եւ Պաւղիկեաններու մէջ՝ չնշմարուիր Թոնդրակեցւոց քով, որք հաւանաբար սկսած էին ընդունիլ Սբ. Գիրքը ամբողջութեամբ:

Գալով եկեղեցւոյ եօթը Խորհրդոց՝ Պաւղիկեանք եւ Թոնդրակեցիք մերժելով Միւռոնի սրբութիւնը՝ բնականաբար մերժած կ՚ըլլային եւ ի Մեզ անով կատարուած Դրոշմն ու բացառաբար միայն գործադրուած օտարամուտ Վերջին օծումը: Թոնդրակեցիք կը մերժէին Պսակը իբր խորհուրդ, ու ինչպէս տեսանք կ՚ըսէին, «Աստուած սէր է եւ զսիրով միաւորիլն կամի եւ ոչ պսակաւ»: Պաւղիկեանք ու Թոնդրակեցիք կը մերժէին եկեղեցւոյ Նուիրապետութիւնը, եւ Ձեռնադրութիւնը կը կատարէին իբր արարողութիւն:

Մկրտութինը թէպէտ Մծղնէացւոց եւ Մանիքեցւոց կողմանէ աւելորդ ձեւաբանութիւն կը համարուէր, սակայն Պաւղիկեանք կը սկսին բանիւ եւ ձեւով կատարել զայն, իսկ Թոնդրակեցիք ջրով:

Հաղորդութիւնը Մանիքեցիք կը կատարէին հացով, Պաւղիկեանք բանիւ եւ ձեւով, Թոնդրակեցիք հացով ու (հաւանաբար) գինիով, եւ հասարակաց կերակուր կ՚անուանէին զայն:

Խոստովանութեան կամ Ապաշխարութեան մասին բան մը ըսուած չէ մեր ամբաստանողաց կողմանէ, հաւանաբար մերժելով քահանայից խոստովանութիւնը՝ կ՚ընդունէին Աստուծոյ առջեւ կամ հրապարակային խոստովանութիւն եւ ապաշխարութիւն, ինչպէս իրենցմէ սերող Արխվալցիք: Ի մի բան այս աղանդաւորք կ՚ընդունէին երեք խորհուրդ. Մկրտութիւն, Հաղորդութիւն, եւ Ապաշխարութիւն( [1] ):

Գալով երկրորդական խնդրոց՝ Մանիքեցիք, Պաւղիկեանք եւ Թոնդրակեցիք Խաչը չէին յարգեր, Մարիամի սրբութիւնը չընդունելով՝ իբր սոսկ կին մը կը դաւանէին զայն, որ Յիսուսէ զատ այլ զաւակներ ունեցած է, սրբոց բարեխօսութիւնը եւ պատկերաց յարգանքը կը մերժէին, զոհը (մատաղ) հեթանոսական կը համարէին, եկեղեցւոյ մէջ խունկի եւ ճրագի գործածութիւնը, ու աղօթելու առթիւ ծնրադրութիւնն եւ երկրպագութիւնն աւելորդ ձեւաբանութիւններ կ՚անուանէին:

Մարկիոնեանց եւ Մանիքեցւոց խոտաճարակութիւնը չտեսնուիր Պաւղիկեանց եւ Թոնդրակեցւոց մէջ, եւ նոյն իսկ պահոց մասին խօսք չըլլուիր: Ահա կարծես հասած ենք Եւրոպական Բողոքականութեան սեմը: Քննենք այժմ թէ ի՛նչպէս տեղի ունեցած է այս գաղափարաց փոխադրութիւնն Եւրոպա:



[1]            Բողոքական բոլոր եկեղեցիները բաց առեալ Քուէյքըրներն՝ որ ամէն խորհուրդ կը մերժեն) կ'ընդունին միայն երկու խորհուրդ, Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն: Լուտերական եւ Եպիսկոպոսական Եկեղեցիները կ'ընդունին Դրոշմը (առանց օծման), Մեթոտականները կ’օծեն հիւանդները ի բուժումն (ըստ Յակոբայ թղթոյն Ե. 14ի պատուէրին): Քուէյքըրներէ զատ ամէն եկեղեցի կ'ընդունի Ձեռնադրութիւնը, սակայն ասոնց եւ ոչ մին Խորհուրդ կը համարին, այլ Պսակի նման արարողութիւնը կը դաւանին: Իսկ Քահանայից առջեւ գաղտնի խոստովանութիւնն ամէնն ալ հաւասարապէս կը մերժեն: Բողոքականք կ’ընդունին եւ կը քարոզեն Ապաշխարութիւնը, նամանաւանդ Մեթոտականները, սակայն երբեք Խորհուրդի աստիճանի չեն հասցներ զայն: Այս է միակ եւ գլխաւոր տարբերութիւնը այս Հայ աղանդաւորաց եւ այժմու Բողոքականաց միջեւ: