Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐ

Ատանայի մէջ կային քսանի չափ շոգեշարժ գործարաններ (fabrique), որոնք բամպակի կուտերը կը զատէին ու կը զտէին, բամպակէ դերձան կը շինէին, կտաւ կը գործէին, ալիւր եւ սառ կը պատրաստէին եւայլն: Սոյն գործարաններուն սուլումները եւ հազարաւոր գործաւորներու հաւաքումն ու արձակումը Եւրոպական մեծ քաղաքի մը տպաւորութիւնը կ’ընէին: Մեծ գործարաններէն զատ թաղերու մէջ կային պարկիրով դարձող ջաղացներ (տինկ), որոնցմէ ոմանք աղքատիկ դասակարգին ալիւր եւ պուլկուր կը պատրաստէին եւ ուրիշներ շուշմայի իւղ (սուսամ եաղը, huile de sésame) կը հանէին եւ դահին ու հէլվաներ կը պատրաստէին:

Հայոց պատկանողներէն Աշըգեան Եղբարց գործարանէն զատ, որ զօրանոցին մօտ ըլլալուն պատճառով ազատեցաւ, միւսներն ամբողջապէս այրեցան եւ մնացին միայն Յոյներէ ոմանց եւ Թուրքերունները, որոնց կարեւորներն են Թրիփանի եղբարց ընդարձակ գործարանը, Արնավուտ Պօսնալը Սալիհ էֆ[էնտի]ի , Կոզմա էֆ[էնտի]ի, Պօտուր Օղլուի, Գօգօնաքիի, Փամուգճը Միսթիլլի (Մուսդաֆա աղա), Մէհմէտ աղայի, Փաթիրնօսի գործարանները եւ այլն: