Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՄԻ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Զատիկէն տասնեւհինգ օր առաջ Թարսուս գափուսու մզկիթին դիմացը Տէրէնտէլիցի Թուրք նպարավաճառ մը գիշերը Հայ տղայ մը բռնի ներս քաշելով բերանը քուրջերով թխած եւ վայրենաբար լլկած էր: Մի քանի օր ետքը Սիսէն Ատանայի երեքշաբթի օրուան պազարը եկող կարաւանը ճամբան կողոպտուած եւ մի քանի Հայեր ծանրապէս վիրաւորած էին: Այն օրերուն մէջ էր որ շուկան Իսպէր Օղլուի օթէլին առջեւ Հնչակեան Կուսակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամներէն Չալեանը հրապարակաւ ապտակահարուեցաւ մի քանի Թուրք երիտասարդներու կողմէ:

Զատիկէն ութ օր առաջ Թօսպաղի գալէսի թաղէն Հայ պատանի մը յարձակում կրեց մի քանի Թուրք սրիկաներու կողմէ եւ դժուարաւ ազատեցաւ անոնց ձեռքէն, երկրորդ յարձակումին դանակով սպառնացած էին եւ որով Հայ Երիտասարդն անձնապաշտպանութեան համար ատրճանակ պարպած էր յարձակողներուն վրայ, որոնցմէ մին վայրկենական եւ միւս երկու օր ետքը մեռան եւ ասոնց դիակները անցուցին Թուրք թաղերու մէջէն գրգռելով Թուրք խուժանը Հայոց դէմ: Հայ տղան փախաւ եւ Թուրքերն յարձակեցան ոճրագործ տղուն թաղը, պահանջելով յանձնումը Հայ տղուն: Հայերը լեղապատար կառավարութեան դուռը վազելով պաշտպանութիւն խնդրեցին եւ կառավարութիւնը անկարող եղաւ զսպելու Թուրք խուժանը: Այլեւս լաւագոյն առիթը ներկայացած էր Հայկական ջարդին:

Պոլիսը խառնուած, տեղական Թուրքերուն ամէն դասակարգը գրգռուած, կառավարութիւնը կատարելապէս անկարողութեան մատնուած, նոյն միջոցին անշուշտ զինուորական ոյժն ալ Հայոց հակառակ լարուած, ասոնցմէ աւելի յարմար առիթներ անկարելի էր որ ներկայանար: Եւ ժամէ ժամ հասաւ ահռելի աղէտը, սարսափելի ջարդ թալան ու հրդեհը որոնք առաջին անգամ Ապրիլի 1ին սկսան եւ տեւեցին երեք օր չորս գիշեր եւ երկրորդ աւելի սոսկալի ջարդն ու հրդեհներն սկսան Ապրիլի 12ին կիրակի իրիկուն եւ տեւեցին մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը որ արդէն Հայու տուն եւ տեղ չէր մնացած, մինակ Մայր Եկեղեցին եւ շրջական մի քանի տուներ ազատեցան: