Տարեգրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/1156/ Ի թիւն Հայոց ՌՃՁԷ (1738) ամին ի փետր[ուար] ամսոյն յաւուր միոջ ծնեալ եմ ես` տառապեալ Յակոբս ի յարգանդէ մօր իմոյ: Հայրն իմ եւ մայր սնուցեալ զիս ուրախութեամբ /1157/ մինչեւ ամս չորիս. յետ այնորիկ բարկութիւն հասեալ յԱստուծոյ մահ սաստիկ անկաւ ի քաղաքիս մերում, յամառն, յուլիս ամսոյ մէջն. հայր իմ վախ•անեալ եւ մայրն իմ ապրեալ ի վերայ նորա սըգով, յետ եօթն աւուր նա եւս մեռեալ, ի ժամանակի երիտասարդութեան իւրեանց, եւ քոյրն իմ մեռեալ եւ մանուկ տղայ. մինչ լրանալ ամսոյն չորս մեռեալ ել ի դրանէ մերմէ, որ ինձ երազի պէս թուի վասն տղայութեան իմոյ: Շատ երիտասարդ եւ շատ մանուկ տղայ մեռեալ, որ զսուգ եւ զտրտմութիւն քրիստոնէից եւ այլազնեաց մարդ ոչ կարէ պատմել, եւս առաւել մեծ նէնէին մերոյ` անցուցեալ զգլուխ իւր մազեղէն չուլն, անկեալ ի մէջ մոխրոյ եւ թաւալէր ի նմին, վասն զաւակի իւրում անմխիթար լայր եւ կոծէր զկուրծս. որքան կենդանի էր ցաւօք եւ հեծութեամբ անցուցեալ զաւուրս իւր, որ ոչ գտեալ զհնարս, յետ այնորիկ պահեաց զմեզ վասն մխիթարութեան որդւոցն իւրոց. եւ տուեալ զիս յուսումն գրոց ծառայել վարժապետութեան, ի ձեռն մահտէսի Անտօնի որդի տիրացու Յարութիւնի մինչեւ երեք տարի: Եւ ամենաբարին Աստուած պարգեւեաց ինձ նշոյլ անհուն ողորմութեամբն ի չափահասակ եղեալ զուսումն սուրբ գրոց •անաչել եւ ընթեռնուլ: Եւ նախնիքն մեր պատմէին մեզ անցեալ յառաջագոյն բազում ժամանակաց եղեալ զիրսն, եւ զվայելչութիւն քաղաքիս, որ զինք լուեալ ի նախնեաց իւրեանց պատմէին մեզ անցեալ դաշնս այս: Եւ այս է դաշն անցեալ բազում ժամանակաց. զի նստեալ ի քաղաքի մերում շահ, որ անուամբն ասի Ահմէտի շահ, զի շէն եղեալ է յայնմ ժամանակի ի քաղաքս եւ ի գիւղս. եւ նստեալ կէօմրիւք•ի ի չորս կողմ քաղաքիս, պահեալ զտիւ եւ զգիշեր, զի եկեալ յայլում երկրէ շատ մէթահ վասն անհուն մարդկանց, եւ առեալ նոցա զբաժինս իւրեանց, որ խաներն կայ ի բոլոր քաղաքին, քայքայեալ մինչ ցայժմ ժամանակ: Եւ խաչապաշտ քրիստոնէից ազգին բազումք են եղեալ, եկեղեցիք նոցա կայ աւերակ աստ անդ, որ զի յանգեալ է այժմուս տեղիս-տեղիս, եւ որ կայ ի դէպ յարեւելս, անուամբ կառուցեալ ս. Աստւածածնայ հանգեալ եկեղեցի եւ ունի բարձրագոյն ի ջուր հայեաց փոքրագոյն բերդ մի. եւ գնա շինեալ են վասն թագաւորաց պատերազմաց. եւ որ կայ ի դէմ նորա փոքրապարիսպս, որ այժմիս կոչի Ղալէլեր, ի մէջ նորա նստեալ բազում մարդիկ որպէս իմարէթ, զի յոյժ գեղեցիկ եղեալ է վայելչութիւն եւ զշինութիւն, նմանեալ զետ մայրաքաղաք, որ եւ այս դաշն անցեալ անթիւ ժամանակաց եւ հասեալ նախնեաց մերոց, սակաւ տընւընուն այսր եւ անդ տեղիս քայքայեալ, եւ որ կոչեն մարդիկ այժմուս զանուն նորա Խաչկացի, զի տուն եղեալ է քրիստոնէից ազգին, որ մինչեւ երթայ ելանէ ի Տիպլէ-խանն, աստուստ եւ անդուստ շէն եղեալ է երկու կողմանց: Պատ•առ վասն աւերման քաղաքին եւ անցեալ իւրեանց նեղութեան ժամանակին. կրկինս պատմէին մեզ զեղեալ իրսն, որ զի ժողովեալ մեծամեծ հայ իշխանք քաղաքին խորհուրդ արարին ի հետ այլազգի զապիթներուն, որ զինք զպարտսն քաղաքին աւելի արարեալ եւ առնեալ նոցա կերեալ եւ ոչ ողորմեալ ի վերայ աղքատաց, այլ զրկելով զհոգիս վասն չարութեանց. եւ մինն ի միջոյ իշխանաց նոցա քրիստո[ն]եայ իրաւախօս եւ արդարադատ, որ անուամբն կոչի Չալըխ օղլու Յարիկ, որ բազում նեղութիւնս եւ չարչարանս կրեալ վասն աղքատաց քաղաքին եւ վասն վարձուց եւ բարի գործոց, բազում խռովութեամբ իշխող եղեալ զպարտսն. հաշուէր, զի գիտէր յառաջագոյն զխորհուրդս նոցա ի հետ միմեանց: Եւ չար իշխաններն ժողովեալ եւ չար խորհուրդ խորհեալ վասն քրիստոնէին այն եւ եդեալ ի վերայ նորա չար վնաս եւ մատնեալ ի զապիթ քաղաքին. եւ արկեալ ի բանտ զեղբայրն իւրեանց, յետ նորա տուեալ զապիթներուն բազում գանձս, վասն սպանանելոյ այրն այն, յիմարութեամբ շարժեալ ոչ ընտրելով զդատաստանն Աստուծոյ, կամայ եւ ակամայ առեալ ի ձեռաց զապիթին եւ հանեալ ի դուռ նորա եւ ձեռօք իւրեանց մորթեցին զեղբայրն իւրեանց, որպէս չար Կայէն: Եւ յետ նորա խռովութիւն արարեալ բազում, որ մինչ իմացեալ Սեբաստիոյ փաշայն եւ բազում զօրք արձակեալ վասն խռովութեան քաղա/1158/քին, եւ նոցա ոչ գտեալ զհնարս զի պարտք քաղաքին շատացեալ եւ եղեալ հարիւր քէսէ եւ այլն: Եւ իւրեանց այլ ոչ գտեալ հանգիստս վասն հատուցանելոյ զպարտսն, ոմանք պահեալ ի բանտ եւ ոմանք ծախեալ զամենայն ինչս եւ տուեալ սակաւ ինչ եւ բազում ոմանք թողեալ զտունս եւ զմիւլքս եւ այգիս փախեալ յաստ եւ անդ, որ մինչեւ գտեալ զհանգիստս իւրեանց: Եւ զապիթ քաղաքին առեալ զամենայն ինչս նոցա, վասն հատուցման հարիւր քէսէին, քայքայեալ բազում տունս նոցա եւ յայժմուս այս հողագործքն սերմանեն ցորեան ի յօթեւանս նոցա: Եւ այս դաշըն անցեալ ի թագաւորութիւն սուլթան Ահմէտի եւ զապիթ քաղաքին Հա•ի Վէլի, ի նախնեաց մերոց ժամանակին եւ մեր հասեալ ի նեղութիւն ժամանկս այս:

Ի թուին Հայոց ՌՄԸ (1759) ի գարնան ամենաստեղծն Աստուած սաստիկ բարկացաւ ի վերայ քաղաքին եւ անկեալ սով սղութեան, որ մինչ ցորենին քիլէ 50 ղուրուշ ելաւ, զի քաղաքն ամենայն, եթէ այլազգ եւ եթէ քրիստոնեայ, թէ այր, թէ կին անկեալ ի լերինս բանջարով եւ ուրիշ անուշահամ խոտով շատանային: Չորացեալ եւ անպտուղ միյտանն, որ կայ մինչ ցայժմ, նոյն տարին, հրամանաւն Աստուծոյ, զարդարեալ կարմիր ծաղկօք եւ այլ զանազան անուշահամ խոտով, որ բազում մարդիկ նովաւ մխիթարէին: Վասն յոյժ սաստիկ սովոյն հացագործքն ոչ գործեն զհաց, զի ոչ գոյր ցորեան. ողորմութեամբն Աստուծոյ նոյն ժամանակին եկեալ յայլ երկրէ սակաւ խոշոր կորեկ, զի յայժմուս կոչի կըլկըլ կորեկ, զնա առնէին հացագործքն եւ խառնէին մոխիր ընդ իրարս եւ տային փոքրածակէ ի դուրս վասն ամբոխին մարդկանց. զի ով ոք հան•արեղութեամբ խլէր, նորա էր, եւ մեր ազգին բնաւ ոչ տային, եւս առաւել խլէին ի ձեռաց նոցա. բազում մարդիկ երթային մինչեւ ցերեկոյ պահէին, ոչ կարէին սակաւ հաց առնէին, ոմանք սովամահ մեռանէին եւ շատեր պարտական եղեալ եւ բազում ոմանք գնացեալ յօտար երկիր հեռի: Եւ վասն խեղ•ութեան քաղաքին շրջէին տնէ տուն հացագործքն` գտանելոյ զցորեանն եւ զալուրս` բռնութեամբ առեալ տանէին: Բոլոր տարի մի այսպէս խեղ• եւ ողորմելի եղեալ: Ի նոյն տարւոջ եկեալ մեծ տէտէս Պոլիսու գնաց քառասուն ղուռուշի քիլէ մը ցորեն գնեց եւ պահեց մեզ սովամահէն: Յետ այնորիկ ողորմեցաւ ամենափրկիչն Աստուած իւր անհուն առատ ողորմութեամբ, որ զի շուտով իջաւ լիութիւն, որ մինչեւ ցորենին քիլէն 3 ղուռուշ իջաւ: Թագաւորութիւն սուլթան Օսմանին եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Վէլի եւ խար•ն քաղաքին էր սակաւ:

ՌՄԹ (1760) տարւոյն խաղաղութիւն, շէն, ի քաղաքիս եւ ի գիւղօրայս լցեալ ամենայն բարութեամբ, ի առեւտուրս կատարեալ առատապէս. եւ ձմեռն եղեւ հանդարտ. եւ ի գարնան յապրիլ ամսոյ աւուրն Նոր կիրակիի, ի լոյս հանեալ առաւօտուն, մեկ ժամ ձիւն եկաւ յերկնից սաստիկ եւ բազում նստեալ ի վերայ երկրի, եւ մեծ մարդկանցն զարմացեալ եւ չափեալ մինչեւ կանգուն մի, ասէին թէ ոչ տեսաք այսպիսի իրք, վասն այն ծաղկեալ եւ զարդարեալ էր պտղաբերեալ ծառերն ի վերայ երկրի զանազան ծաղկօք եւ անուշահամ հոտով, վասն սաստիկ բարկութեան ցրտոյն թափեալ, վասն այնորիկ եւ պտուղն եղեւ սակաւ:

Նոյն տարին ըմբռնեալ անօրէն եւ թշնամի չար անուամբ Ճըվիկ օղլին, որ հակառակ էր ի հետ քաղաքին եւ ունէր բազում զօրս, եւ այլազգիքն պատերազմեալ եւ բերեալ անօրէնն եւ գրեալ ի զնտան. եւ նա արուեստագործ, որպէս սատանայ, կտրեալ զերկաթ պատուհանին, որ կայ մինչեւ ցայսօր բարձրագոյն տեղիս ի պարիսպն բերդին, անկեալ վերէն մինչեւ ի վայր եւ փախեալ. նոյն ժամուն որոտումն եղեալ վասն նորա, բազում մարդիկ գնացեալ զհետ նորա եւ ոչ ըմբռնեալ, եւ խռովութիւն եղեալ այլազգաց զհետ միմեանց, վասն փախչելոյ նորա:

Եւ ի նոյն տարին շինեցին զխան, որ կայ ի գլուխ չարշուին, որ այժմուս ասի Նոր խան:

Թագաւորութիւն սուլթան Օսմանին եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Վէլին. եւ ցորենին քիլէն 4 ղուրուշ եւ բամբակին օխան 20 փարայ եւ եղին օխան 12 փարայ եւ պանիրին օխան 4 փարայ:

ՌՄՃԺ (1761) ամին լիութիւն եւ առատութիւն: Սուլթան Օսման մեռեալ եւ սուլթան Մուսթաֆայ ի թախտն նստեալ եւ խապարն տարածեալ յոլորտս տիեզերաց /1159/ ուրախութիւն եղեւ ամենայն երկիր: Եւ ի գարնան սակաւ չար թշնամի եւ կողոպտիչ կար եւ թագաւորն իմացեալ հրամայեաց հրովարտակօք յամենայն գաւառս իւր, թէ ուր ուրեք գտանիցի կողոպտիչ, կորուսցեն զանուն նոցա չար սատակութեամբ: Եւ ի սոյն ամառն եկեալ սակաւ թշնամի ի մեր քաղաքն եւ զապիթ քաղաքին ըմբռնեալ զնոսա եւ լցեալ ի մէջ դարբիններուն խանութին, վասն սպանման նոցա եւ նոքա փախեան յաստ եւ անդ, ոչ ոք կարաց հնարս գտանել եւ խեղդեցին եւ լցին ի մէջ ձորին: Եւ նոյն ամառն անձրեւ եկեալ բազում անգամ ջուրն տարեալ զանօրինաց լէշերն կորոյս: Եւ ի նոյն ամառն ելեալ երկրէ բազում եւ անթիւ մանր պէօ•էք շրջէին ի վերայ երկրի, որպէս մրջուն ամենայն տեղիս, կեցեալ զերիս ամիսս եւ բնաջինջ եղեալ: Եւ ի նմին տարւոջ սերմանեալն ցորեանն բազում, ի հնձոց ժամանակին լիութիւն եղեւ, որ քիլէն 4 ղուրուշ տային:

Եւ նոյն ամառն եկեալ ի մայրաքաղաքէ արուեստագործ •անբազ, դղրդումն եղեւ քաղաքն ամենայն, եւ նոքա պէս պէս արհեստեօք եւ զարմանալեօք խաղային եւ շրջէին ի վերայ պարանին: Թագաւորութիւն սուլթան Մուսթաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր նոյն տարին փոխարկեալ եւ եղեալ Հա•ի Օսման: Եւ խարա• քաղաքին էր սակաւ եւ ամենայն բարեաց լիութիւն եւ շէն ի քաղաքս եւ ի գիւղս:

ՌՄԺԱ (1762) ամին ոչ գոյ խաղաղութիւն, զի ելեալ անօրէն եւ թշնամին Ղատը օղլուն, ոչ պահելով զպատուէր թագաւորին, ժողովեալ բազում անթիւ զօրք ի վերայ իւր, կողոպտեաց շատ քաղաքն եւ շատ գիւղօրայս. եւ թշնամութիւնն նորա յոյժ տարածուեցաւ ոլորտս տիեզերաց յամենայն երկիր մինչեւ Կ. Պօլիս. եւ ի վերայ նորա եղեալ զօրքն բազում շատ էին. եւ ինքն էր հասակաւ կար•: Եւ եկեալ հակառակ եղեւ ի հետ քաղաքին, նստեալ ի բոլոր գիւղօրայս, աւերելով եւ ի յահէ նորա զապիթ քաղաքին խորհուրդ արարին եւ քրիստոնէից մուհէսսէրէ պահել տուին եօթ օր եւ եօթ գիշեր ի դէպ գերեզմանին. եւ պատրաստեալ էին քաղաքն ամենայն վասն պատերազմութեան. եւ անօրէն այն ոչ կարաց մտանել, այլ ոխս պահեալ ի սրտի իւրում շրջէր բազում տեղիս աւերելով. եւ զօրքն նորա շատնային օր ըստ օրէ: Եւ ի գարնան եկեալ ի գիւղն Թուղութ, որ է ի մօտ քաղաքին եւ ի մէջ ձորին, եւ այլազգիքն ժողովեալ ամենեքեան գնացին պատերազմ ի վերա նորա, ի գլուխ գիւղին սակաւ մի պատերազմեցան եւ թշնամիքն փախեան, վասն ի խոր տեղիս լինելոյ ոչ կարացին պատերազմիլ, գնացին աւերելով ի կողմն Սեբաստիոյ, հակառակ եղեալ ի հետ քաղաքին. եւ փաշան պատրաստեալ բազում զօրք կռուեցան ընդ իրեարս եւ սատակեցին զնա որպէս չար Յուլիանոս. եւ ի վերայ նորա իջեալ զօրքն բազում, որմանք սատակեցան եւ բազում ոմանք ցրուեցան: Ի թագաւորութիւն սուլթան Մուսթաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսման. եւ ցորենին քիլէն 4 ղուրուշ եւ խար•ն քաղաքին էր սակաւ:

ՌՄԺԲ (1763) ամին լիութիւն եւ առատութիւն եւ ձմեռն եղեւ սակաւ սաստիկ: Եւ գարնան ապրիլ ամսոյ միջին աւուր մի օր էր, երեկոյեան խառնակեցաւ յերկինքն ընդ իրարս, շարժումն եւ որոտումն եղեւ յոյժ եւ ի ահէ նորա սոսկացեալ բազում մարդիկ, վասն սաստիկ բարկութեան յերկնից ահարկու կայծակ իջաւ ի դէպ արեւմուտս ի մէջ ծառի միոյ եւ մարդ ոչ վնասեաց. եւ բազում ամբ ծածկեալ զերեսս յերկնից, ոչ ծագեալ արեգակն, 9 օր ցողեաց զցող ողորմութեան ցորեկ, գիշեր:

Եւ ի նոյն ամառն հանդիպեալ երեք թուղլու փաշայ, որ անուն նորա էր Սառի փաշա եւ ունէր բազում եւ անթիւ զօրք եւ շատ ոսկի եւ արծաթ, կեցեալ ի քաղաքն մեր եօթն օր, մինչեւ գարիին քիլէն 20 զուրուշ ելաւ, վասն անհուն էսքէրներուն շատ եւ մասրաւ ըրաւ քաղաքին եւ գնաց: Յետ այնորիկ զապիթ քաղաքին ժողովեալ քրիստոնէից բազում պարտս վասն հատուցման, շատ ոմանք ոչ կարացին հատուցանել, բազում նեղութիւնս կրեցին նստելով ի բանտ եւ ոմանց փախեալ աստ եւ անդ. նոյն տարին ցրուեալ մարդիկն բազում գիւղօրէից, այսինքն որ ասի Աշոտցիք, վասն պարտուց եւ վասն անօրէն թշնամի կողոպտողաց, զի եկեալ բազում նեղութիւնս տային եւ գերէին շատ մարդիկս եւ առնէին գանձս որպէս կամէին: Թագաւորութիւն սուլթան /1160/ Մուստաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսման. եւ ցորենին քիլէն 6 ղուրուշ էր:

ՌՄԺԳ (1764) ամին ձմեռն եղեւ հանդարտ եւ ի գարնան յանկարծօրէն եղեւ սղութիւն, վասն բազում մարդկանց անպատրաստութեան, զի յառաջագոյնս լիութիւն էր, եւ յետ նորա եկեալ բազում քաղաքաց արապաներով ցորեան ի հնձոց ժամանակին եւ այլազգեաց ոմանց առեալ եւ լցեալ խանն, զի բերեալ մարդկանց առնէին, վասն այնորիկ ոչ եղեւ սաստիկ սով:

Եւ նոյն ամառն թշնամի կար բազում, հակառակ ի հետ քաղաքին, աւերէին գիւղօրայսն եւ քաղաք ոչ կարէին մտանել:

Եւ ի նոյն տարին խար•ն քաղաքին շատացեալ եւ այլազգիքն ոչ տային պարտս, վասն այնորիկ պատրաստեալ քրիստոնէից գնալ ի Սեբաստիայ. ժողովեալ գնացին մինչ ի գիւղս Զընըսկի [ա]ռ զապիթն, մարդ ուղարկեալ եւ ետ դարձուցեալ, շատ նեղութիւնս տըվեալ եւ պահեալ ի բանտ: Թագաւորութիւն սուլթան Մուստաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսման. եւ ցորենին քիլէն նոյն:

ՌՄԺԴ (1765) ամին կամաւն Աստուծոյ ոչ գոյ խաղաղութիւն ի մէջ քաղաքին, զի ձմեռն եղեւ սաստիկ եւ ձիւն եկեալ յերկնից բազում անգամ: Եւ ի ամառն թշնամի եւ կողոպտիչ կար ի կողմս մերում, այսինքն լէվէնտ, զի աւերին բազում գիւղօրայս: Եւ զապիթ քաղաքին ժողովեալ զամենայն գունդս իւր, գնացին բացին ի գիւղն Մուրսալ պատերազմեցան ընդ հետ թշնամւոյն եւ բերին վեց գլուխս նոցա, եւ շատ մարդ վիրաւորեցին եւ բօլուքբաշի լէվէնտին աւերեալ բազում տեղիս, որ զինչ գիւղս ի բոլոր քաղաքին յահէ նոցա փախան եթէ այլազգ եւ թէ քրիստոնեայ ամենեքեանն օղուլով, ուշաղով, մալով, եկեալ ի քաղաք կեցան: Եւ թշնամին այնքան հակառակ եղաւ ի հետ քաղաքին, զի կարեալ էր ի չորս կողմանց զ•անապարհս եւ ոչ թողոյր, որ գար քէվրան ի յայլ երկրէ, այլ կողոպտէր եւ բազում վնասս առնէր. եւ ի հնձոց ժամանակին ցորեան մնաց ի մէյտան վասն ահէ նոցա. եւ քաղաքացիքն ոչ գտեալ զհնար ի հետ թշնամւոյն` շատ երկաթեղէնս, նալ, մըխ, լաթեղէն, քիւրք, հանդերձ փէշկէշ տվին եւ հաշտեցան ընդ իրարս: Եւ պարտք քաղաքին շատացեալ եւ զուկուրդ քրիստոնէի մարդկանց, եւ աստ եւ անդ ցրուեալ վասն երկրին անխաղաղ լինելոյ: Թագաւորութիւն սուլթան Մուսթաֆային եւ զապիթն մեր Հա•ի Օսման:

/1178/ ՌՄԺԵ (1766) ոչ գոյ խաղաղութիւն, զի միաբանեալ բազում լէվէնտ վասն սպանման ընկերաց իւրեանց սաստիկ հակառակեցան ի հետ քաղաքին. մարդ ոչ կարէր Ուռու ծայր ելանել, զի կապէին, տանէին եւ շատ նեղութիւն տային: Շատ գանձս պահանջէին որ թող տային. այսպէս բազում գիւղս աւերեցին, այնպէս որ ասեն Աշուտցիք, որ շատ ցորեն ելանէր ի գեղանէն, եւ մարդիկն փախեան ոմանք ի Սեբաստիա, ոմանք Ալա•ախան, ոմանք աստ եւ անդ ցրուեցան: Եւ զապիթն մեր բերեալ Ղարաչորու զազա շատ, վասն ահէ թշնամեաց: Եւ ամառնային ժամանակին սերմանեալ ցորեանն լի եւ առատ էր, եւ ի հնձոց ժամանակին լցեալ էին լէվէնտքն ի գիւղս, յահեանց ոչ կարէր վերակացու շահնանին երթալ ի գիւղս. եւ քաղաքացիքն խորհուրդ արարին եւ զազաներն, որ եկեալ էին պէօլիւկ պէօլիւկ, արարեալ պահապանս, ղրկեցին ի գիւղս եւ պէօլիւկ մի զազա գնացին ի գիւղն Ղարասար, պատերազմեցան ի հետ թշնամեաց եւ լէվէնտն սպանեց զամենայն զազաներն, եւ պէօլիւկպաշի զազաներուն ի մեր քաղաքէն էր, եւ զնա ըմբռնեցին, շատ նեղութիւնս տվին եւ ի մէջ կրակին այրեցին, եւ քաղաքացիքն իմացեալ ժողովեցան գնացին ի վերա նոցա. եւ նոքա փախեան աստ եւ անդ: Եւ հողագործք որ ոչ կարէին հանել զպատուական ցորեանն, վասն այնորիկ ոչ եղեւ լիութիւն քաղաքին. քրիստոնեայք շատ պարտք տուին վասն քաղաքին: Ի թագաւորութեան սուլթան Մուստաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսման. եւ ցորենին քիլէն 9 ղուրուշ էր:

ՌՄԺԶ (1767) ձմեռն եղեւ սաստիկ եւ ձիւն եկեալ յերկնից բազմիցս. եւ ի գարնան եղեւ սակաւ սղութիւն, եւ մէջ ամառան կարկուտ եւ անձրեւ եկաւ կրկին եւս, եւ սերմանեալ ցորենն էր սակաւ, զի ոչ գիտէին զկամս Աստուծոյ, այլ չար թշնամիք անօրէնութեամբ շրջեալ կողոպտէին զերկիրս ամենայն եւ ի հնձոց ժամանակին տվին` լաթեղէնս, երկաթեղէնս, նալ, մըխ եւ այլն զայս ամենայն տվեալ եւ հաշտեցեալ ընդ թշնամիս:

Եւ այս տարիս գնաց եղբայրս Պօլիս: Եւ այս տարիս բարկացեալ Աստուած ի Պօլսոյ, զի յոյժ եւ սաստիկ եւ յանկարծակի շարժումն եղեւ քաղաքն ամենայն, շատ ահագին քեավկիր պինա խաներ եւ բարձրագոյն •ամիներ փլեալ եւ անհուն մարդիկ ի ներքեւ հողին մնացեալ. եւ ամիս մը այսպէս գիշեր եւ ցորեկ, ժամ առ ժամ եղեալ եւ խեղ•ութիւն նորա տարածեցաւ յերկիրս ամենայն: Թագաւորութիւն սուլթան Մուստաֆային եւ զապիթ քաղաքիս մեր Հա•ի Օսման. եւ խար• քաղաքիս շատացեալ. եւ ցորենին քիլէն կալոց ժամանակին 10 ղուրուշ:

ՌՄԺԷ (1768) ձմեռն եղեւ հանդարտ, եւ գարնան եղեւ լիութիւն, զի հաշտեալ էին ի հետ թշնամի լէվէնտին` վասն հողագործաց, զի երթեալ սերմանեն. եւ յայլ երկրէ եկեալ շատ քէրվան առեւտուրս /1179/ եղեւ: Եւ այս տարիս եկաւ մեծ տէտէս Պօլիսու եւ ամառնային ժամանակի կարգեց զտառապեալ Յակոբս, եւ կեցեալ ի բարի ամս 103 տարի, հասեալ ալիք ծերութեան եւ փոխեցաւ բարի գործով առ Աստուած. տէր լուսաւորեսցէ իւր ան•առելի լուսով զհոգիս սորին. ամէն: Եւ այս տարիս անցեալ ի վերայ մեր այսպէս:

ՌՄԺԸ (1769) ոչ գոյ խաղաղութիւն, զի ձմեռն եղեւ հանդարտ եւ գարնան եկեալ անօրէն եւ չար թշնամի Մատաղ օղլուն ութը հարիւր էսկէրով, զի խռովեալ էր ի հետ ամենայն քաղաքաց ի կողմն արեւելից եւ կողոպտեալ Հինտու մէթահ քէրվան բազում մալօք եւ ապրանօք եկեալ ի քաղաքն մեր եւ զապիթ քաղաքին պատուէր տվեալ այլազգաց եւ քրիստոնէից, զի ոչ առնիցեն փարայով զմալս ի ձեռաց թշնամեաց. եւ այլազգիքն ոչ պահեցին զպատուէրս, գնեցին մալս. եւ չար, անօրէնն այն կեցեալ 6 օր ի մէջ քաղաքին, որ գարիին քիլէն մինչեւ 20 ղուրուշ ելաւ վասն բազմութեան էսկէրին: Եւ հետ նորա աւերելով շրջէր ի կողմն արեւելից: Եւ նոյն ամսոյն իմացեալ Սեբաստիոյ փաշայն, պատրաստեալ 1000 տէլիպաշի, թային արարեալ ի վերա նոցա, զի ուր ուրեք գտանիցեն պատերազմին ընդ միմեանս: Եւ տէլիներն կապեցին չորս կողմն լէվէնտին, պատերազմեցան ընդ իրարս ի կողմն քաղաքին մեր, բազում մարդ սպանեցան ընդ երկոցունցն. եւ քաղաքէն մերմէ տվեալ շատ գարի եւ շատ կերակուր թային վասն տէլիներուն, վասն այնորիկ պարտք քաղաքին շատացեալ եւ քրիստոնեայքն աստ եւ անդ ցրուեալ: Եւ յաշնան սղութիւն եղեւ, վասն զի հողագործքն ոչ կարացին հնձել ցորեան վասն բռնութեան եւ դառնութեան ժամանակին, զի քօչեցեալ էին բոլոր գիւղօրայքն ի քաղաք: Եւ այս տարիս կախեցին գզեր Պարոնեանց մահտէսի Յակոբն Տապախանէին կամուրջէն վար, վասն դարբիններուն, սակաւ գործի համար, որ այնմ ժամանակի հասեալ եղբարքն գիտացին: Եւ այլազգքն տեսեալ վկայեցին, թէ լոյս իջաւ ի վերայ նորա: Ի թագաւորութեան սուլթան Մուստաֆային եւ զապիթ քաղաքին Հա•ի Օսման: Եւ ցորենին քիլէն 14 ղուրուշ եւ պարտքն քաղաքին շատ, սակաւ քրիստոնէից տվին 9 քէսէ պարտք. եւ ես տառապեալս տվի սալեան 6 հարիւր ղուրուշ եւ անցուցեալ տարիս այս շատ նեղութեամբ եւ վշտօք, վասն ծովացեալ մեղաց մերոց:

ՌՄԺԹ (1770) ոչ եղեւ երբէք խաղաղութիւն. ձմեռն եղեւ սաստիկ ցուրտ, անձրեւն եկաւ բազում անգամ, սղութիւն եղաւ ամենայն բարեաց եւ ապրիլ ամսոյ աւուր երեկոյի միում սահաթ մը անձրեւ եկաւ սաստիկ առատապէս եւ Ըղըմպատու լեռնէն շատ ջուր սէլ ելաւ եւ անկից ի վայր շատ տուն քակեալ եւ եկեալ ի մէջ չարշըին լըցեալ եւ քարով, որ հասեալ մինչեւ յառիքն, եւս առաւել լցեալ ի մէջ խանութներն ջրով, որ զամենայն լաթեղէնս եւ որ ինչ ամենայն ըռզակս թացեալ ջրով եւ •ախնով, որ զխղ•ութիւն մարդկանց ոչ կարեմ պատմել գրով ընթերցողաց եւ լսողաց: Եւ ի մէջ ամառն ելեալ ի դէպ հարաւային կողմէն յերեսս յերկնից նշանաւոր եւ երկայնաչափ մինչեւ 6 կանգուն պայծառափայլ լուսաւոր աստղ մը, որ երեւէր տեսանողաց ահարկու եւ զարհուրելի եւ կայր ի մօտ նորա փոքրակարմրագոյն եւ կանաչագոյն կրկին աստղ մը, շրջէին ի միասին մինչ ի մէջ գիշերոյ, եւ մտեալ ի ներքեւ երկնից. եւ այսպէս կեցեալ 3 գիշեր եւ այլ ոչ ելեալ: Եւ այս տարիս պատրաստեալ սուլթան Մուստաֆա պատերազմ ի հետ Մոսկոֆին, խաբար ուղարկեալ ոլորտս տիեզերաց իւրոց, վասն զօրու, զի գնասցեն պատերազմ թագաւորին. խառնակում էր ամենայն տեղիս եւս առաւել ի մեր քաղաքն. զի յոյժ նեղէին զքրիստոնեայ ազգն, վասն ինչքի եւ այլ չար գործի համար: Եւ այս տարիս այսպէս անցեալ վասն մեղաց մերոց:

ՌՄԻ (1771) ոչ եղեւ խաղաղութիւն յամենայն տեղիս, վասն պատերազմի թագաւորաց, զի հրաման թագաւորին սաստիկ էր ոլորտս տիեզերաց: Եւ բազում զօրք կայր ի վերայ երկրի եւ լէվէնտ թշնամի հակառակ մեր քաղաքին եւ զապիթն ժողովեալ զամենայն գունդս գնացին պատերազմեցան ի դուրս քաղաքէն, բերեալ սակաւ գլուխ եւ մարդ, եւ զմարդսն կախեալ. եւ այլազգիքն որ ոչ երթային սէֆէր, վասն լէվէնտնուն համար եւ թշնամիքն օր ըստ օրէ շատնային: Եւ ամառնային ժամանակի եկեալ Պօլսոյ զապիթ Դուռնա•ի պաշի` զո/1180/մանս սէֆէր խրկեց եւ զոմանս սպաննեց եւ զոմանս զապիթ արար, տարի մը այսպէս: Եւ ամառն եկեալ եղբայրն իմ ի Պօլսոյ: Եւ պարտք քաղաքին շատացեալ եւ քրիստոնեայքն աստ եւ անդ ցրուեալ, զի ոչ գոյր վաստակ որ ջանային զպարտսն հատուցանել, վասն այնորիկ նեղութեամբ անցունէին տարիս:

ՌՄԻԱ (1772) ոչ գոյ երբէք խաղաղութիւն երկրիս ամենայն, զի պատերազմ թագաւորաց սաստիկ էր. ամէն շաբաթ մէնզիլ գար քաղաքէ ի քաղաք վասն մարդկանց, զի երթեալ պատերազմեսցին. եւ շատ անօրէն լէվէնտ կայր ի մեր քաղաքն, վասն սպանման ընկերաց իւրեանց աւերէին բազում գիւղօրայս: Եւ ամառնային ժամանակին, վասն ծովացեալ մեղաց, ոչ ցօղեաց անձրեւ, զի յոյժ խորշակահար եղեւ սերմանեալն ցորեան, վասն տօթոյն արեգական, եւ հողագործքն ոչ ունէին հանգստութիւն ի գեօղս իւրեանց, այլ երերեալ շրջէին աստ եւ անդ, վասն այնորիկ եղեւ սղութիւն ամենայն բարեաց, զի ոչ գայր քէվրան յայլ երկրէ վասն ահին թշնամեաց: Ցորենին քիլէն 10 ղուրուշ:

ՌՄԻԲ (1773) ոչ գոյ երբէք խաղաղութիւն երկրիս ամենայն, զի սաստկանայր սէֆէր տարոց տարի: Եւ քաղաքն մեր յոյժ ձմեռ եղեւ, որ մինչեւ ի գարնանային ամսոյ ձիւն եկաւ շատ անգամ եւ ամառնային ժամանակի անձրեւ եկեալ առատապէս, եւ լէվէնտներուն հետ հաշտեցան հողագործաց համար, զի խառնակում էր ընդ իրարս ամենայն տեղիս: Թագաւորութիւն սուլթան Մուստաֆային, զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսման. եւ շատ պարտք տըվին սակաւ քրիստոնէից եւ ես տառապեալս` տուի սալեան 73 ղուրուշ, շատ մարդ պարտական եղեալ ի յօտար յերկիրքն անցեալ եւ այսպէս նեղութեամբ անցուցեալ տարիս այս:

ՌՄԻԳ (1774) ամին ոչ եղեւ խաղաղութիւն ընդ ամենայն տիեզերս, զի հրաման թագաւորին սաստիկ էր, ահն Մօսկոֆին յոյժ նեղէր ամենայն քաղաք, զամենայն մարդ. զի զօրեղութիւն եւ արուեստագործութիւն լինէին ամենայն, որ ոչ երթային սէֆէր: Եւ ի այս տարիս անհուն մարդիկն բազում մալ եւ շատ ձի ջրին տուեալ ի մեծ գետն Թունայ: Եւ Պոլիս սաստիկ սղութիւն եղեալ, որ մինչ երեսուն տիրէմ հացը երկու փարայ եղեալ, որ խաբարն գայր յերկրէ երկիր եւ ի մեր քաղաքն: Ի սոյն տարիս սերմանեալ ցորեանն եւ պտղաբերեալ ծառերն առատապէս եղեալ. եւ զապիթ քաղաքին ի հնձոց ժամանակին բերեալ բազում զազա, վասն ահէն թշնամեաց, զի մարդիկն երթեալ պահէին զգիւղս ի բոլոր քաղաքին: Եւ ի այս տարիս վասն սալեանի համար հայերն գանգատ գնացին եւ այլազգիքն յետ դարձուցին: Թագաւորութիւն սուլթան Մուսթաֆային եւ զապիթ քաղաքին Հա•ի Օսմանն. ե ցորենին քիլէն 10 ղուրուշ եւ եղին օխան 20 փարայ, ամենայն բարի իւր ղիյմէթին կէօրէ է: Եւ այս տարիս տառապեալս տուի սալեան 63 ղուրուշ, ամեն ըստ կարեաց տուեալ եւ հատուցեալ զպարտսն. եւ անցուցեալ տարիս այսպիսի նեղութեամբ:

ՌՄԻԴ (1775) ամին եւս առաւել ոչ գոյ երբէք հանդարտութիւն. զի ձմեռն յոյժ ցուրտ. եւ ի գարնան եկեալ, ի յարեւմտից կողմանէն, Սախըր փաշա մի երեք թուղրով, բազում էսքէրով, եւ շատ մալով կեցեալ ի քաղաքն մեր եօթ օր, շատ խար• եւ շատ մասրաֆ եղեալ վասն բազում զօրացն. եւ զապիթ քաղաքին յետոյ ժողովեալ զամենայն գունդս իւր, բաշխ արարեալ զպարտսն քաղաքին, յետոյ ժողովեալ քրիստոնէից ինը քէսէ ղուրուշ պարտք, որ թէ եւ թէրով 130 տուն էին, այսմ տարւոջ ոմանք տուին 150 ղուրուշ, ոմանք տուին 100 ղուրուշ եւ ես տառապեալս տուի 70 ղուրուշ. այսպէս զամենեքեան բռնադատութեամբ պէս պէս նեղութեամբ հատուցին զպարտս իւրեանց, ոմանք պարտըկան եղեալ գնացին ի յօտար երկիր, եւ ոմանք չքաւորեալ փախեան ի յօթեւանէն իւրեանց. եւ բազում էսկէր կայր ի վերայ երկրի ամենայն տեղիս, շատ ոմանք երթային եւ շատ ոմանք գային. եւ գայր ի թագաւորէն զապիտ ամենայն տեղիս վասն էսկէրի եւ վասն գանձի, յորժ նեղէին զքրիստոնեայ եղբարքս ի ահէ լէվէնտին եւ վասն պատերազմի հալածականս շրջէին: Եւ ի ամառնային ժամանակին փոքր տղայոց վրա յոյժ ծաղիկ եղեալ, սաստիկ ցաւոյն բազում տղայս մեռանէին. եւ այսպէս անց[ե]ալ տարիս այս դառն նեղութեամբ:

/1181/ ՌՄԻԵ (1776) ամին ձմեռն ցուրտ եւ ի գարնան եղեւ սղութիւն ամենայն բարեաց: Եւ ի ամառն թշնամի կողոպտիչ կեայր եւ ժողովեալ քաղաքն ամենայն եթէ այլազգ եւ եթէ քրիստոնեայ գնացին պատերազմ ի վերայ թշնամոյն ի գիւղն Կասման եւ իմացեալ նոյն լէվէնտ փախեաւ ի գիւղն Զիմառայ. եւ այլազգիքն գնացեալ ի մէջ գիշերոյ որքան թշնամի կեայր ի մէջ գիւղին զամենեսեան ըմբռնեալ չար մահուամբ սատակեցին, բազում մալս առին ի նոցանէ եւ եկեալ ի քաղաք: Եւ յետ նորա եկեալ ի այլ կողմանէ բազում լէվէնտ վասն սպանման ընկերաց իւրոց ի գիւղն Կասման, կողոպտեալ զգիւղն, բազում նեղութիւնս տուեալ մարդկանց: Եւ կրկին անգամ ժողովեալ քաղաքացիքն գնացին ի պատերազմ ի վերայ նոցա եւ թշնամիքն ըմբռնեալ զմեծամեծ մարդ քաղաքին շատ նեղութիւն տուեալ նոցա, եւ քաղաքացիքն ժողովեալ շատ լաթեղէն եւ երկաթեղէն եւ շատ գանձս տուեալ նոցա եւ ազատեալ. եւ անօրէնքն զԱստուած ոչ •անաչելով, որպէս չար Կայէն, գնացեալ անօրէնութեամբ հրով այրեցին ի գիւղն գեղեցիկ Զիմառա, որ տեսիլեամբ գեղեցիկ է, ի վերայ դաշտի, ի միջի նորա եղեալ մարդիկն ոմանք տունով փախեան Պոլիս եւ ոմանք այս գիւղ եւ այն գիւղ գնացին:

Եւ ի աշնան ժամանակին եկեալ փաշա մը բազում զօրօք գիւղն Բինկան եւ ի ահէ նորա պատրաստեցին կերակուր երեք աւուր. շատ ձի եւ շատ խիլատ առեալ տարան ի գիւղն Բինկան, վասն այնորիկ թէ ոչ հանդիպի ի քաղաքն մեր: Եւ պատերազմն թագաւորաց յոյժ սաստկանայր ընդ Մոսկոֆին: Ի թագաւորութիւն սուլթան Մուսթաֆային եւ զապիթ քաղաքին մեր Հա•ի Օսմանին. եւ ցորենին քիլէն 12 ղուրուշ, ամենայն բարին նմանպէս. եւ պարտք քաղաքին շատացեալ, զի ոչ կարացին հատուցանել, այլ թողուցին շահով մէջ քաղաքին: Եւ մեք երերեալ եւ տատանեալ բազում նեղութեամբ անցուցեալ տարիս այս:

/1207/ ՌՄԻԶ (1777) ամին եւ Տա•կաց 1187-ին սաստիկ ցուրտ եւ ձմեռն եղեւ. եւ ի գարնան ոչ գտեալ հանգիստ վասն խռովութեան երկրի: Եւ ես տառապեալս պարտաւորեցայ գնալ ի քաղաքն Պոլիս, ելեալ ի Տիվրիկու բազում նեղութեամբ 5 օր ի սարս եւ ի թուփս շրջելով, վասն ահեն, հուսկ հասայ ի քաղաքն Սեբաստիա, որ շինեալ կայ ի վերայ դաշտի եւ է փաշայանիստ, որ տիրէ զօրութեամբ իւրով: Քաղաքն լի է ամենայն բարութեամբ ի առս եւ ի տուրս կատարեալ առատապէս, եւ կեայր ի մէջ քաղաքին Էլպէքցի հա•ի Ալի փաշա ասի, որ ունէր ի վերայ հազարէ աւելի զօրս իւր, եւ տէր է որպէս թագաւոր ի քաղաքն ամենայն, որ մինչ երթայ ի դուռն Պոլիս: Շատ անգամ թագաւորէն մարդ եկեալ ի գլխոյ նորա, ոչ կարէին հնարեօք կտրել, զի նա բազում արուեստագործութիւն ունէր, հաւանեցուցանէր թագաւորն հնարս բանիւք: Եւ մենք նստեալ ի Սեբաստիա 10 օր, յետոյ գնացեալ ի վերայ դաշտի 8 սէհէթ մինչեւ Խարղին, որ է գիւղ, ունի եւ ի վերայ դաշտի մեծամեծ արտօրայս եւ ինքն •անբայէն սակաւ հեռի, եւ կայ ի քով նորա բարձրագոյն լեռն, որ ասի Եըլտըզ-տաղի. եւ Խարղնու ելեալ գնացինք ի լեռն, որ ասի Ղուրթ-պէլի, ի յէնիշս եւ ի եօղուշս տասը սէհէթ մինչեւ Թողաթ. եւ Թօղաթ գեղեցիկ քաղաք, լցեալ ամենայն բարութեամբ առատապէս, բազում վա•առական երթայ ամենայն կողմանց եւ առնու շատ մէթահս ի նմանէ եւ մարդկանց վայելչութիւնն եւ վարքն նմանի Ըսթամպօլու, եւ ունի շատ խաներ, ի առս եւ ի տուրս կատարեալ առատապէս: Եւ ելեալ Թօղաթու գնացանք ի դաշտս, որ ասի Ղազ-օվա եւ Մալ-թէփէ, անցեալ եւ սակաւ ի մէջ օրմանի, եւ կայ ի վերայ •անապարհին պէք•ի, որ ասի Չէնկէլլի-բէլ, եւ էր ինը սէհէթ մինչեւ Թուրխալ: Եւ Թուրխալ է գիւղ այլազգից եւ ունի սակաւ շուկայ վասն •անապարհորդաց կերմանի համար: Եւ անտի ելեալ գնացինք ի լեռս եւ անցեալ Ին•է-բաղար խանն, գնացինք ի յէնիշս ութը սէհէթ մինչեւ Ամասիա: Ամասիա է քաղաք ի մէջ լեռան եւ ունի ահագին եւ բարձրագոյն եւ ջուրահայեաց բերդս զարմանալի, եւ ունի բազում այգիս եւ թութլուխս, վասն ապրըշմայ համար, եւ ունի գեղեցիկ երկու փոքր եկեղեցիս. եւ աշըխ Վէրհէտին, որ բազում աշխատանս կրեալ եւ շատ լեռս ծակեալ վասն միոյ աղջկան համար եւ ոչ առեալ մուրադ, որ ամենեքեան մարդ գիտէ: Եւ այս դաշտ է ի հոն կատարեալ անհուն ժամանակաց, եւ ունի խաներս, եւ չարշը պազարս. անցանի ի մէջ քաղաքին բազում ջրով գետս. եւ ելանէ քաղաքէն մէթահ, ապըրշում եւ բարեհամ գինի: Եւ ելեալ անտի գնացինք ի դաշտս տասը սէհէթ մինչեւ Մարզուան եւ է զասապայ, եւ ունի խաներ եւ չարշը պազար, եւ ունի փոքր եկեղեցի. եւ ելանէ մէջէն մէթահ տիմի, բարձի երես, եւ նա եւս ունի բարեհամ գինի: Եւ անտի ելեալ գնացինք ի դաշտս երկու սէհէթ մինչեւ Հա•ի գիւղն, եւ նա մեծ գիւղ է այլազգից: Եւ անցեալ անտի գնացանք ի դաշտս եւ սակաւ ի էնիշ եւ ի եօղուշ տասը սէհէթ մինչեւ յՕսման•ուխ: Եւ Օսման•ուխ է մեծ գիւղ այլազգից ի մեծ լեռան տակ, եւ անցանի յառջեւէ նորա մեծ գետ, եւ ունի ի վերայ ջրին տասն եւ երկու արշին երկայնագոյն գեղեցիկ կարմունջս, եւ ունի սակաւ չարշը, եւ ի միջի մարդ նորա չար, որպէս Կայէն, որ բազում չարութիւն արարեալ են հանդիպող սակաւ •անապարհորդին: Եւ անտի ելեալ գնացինք ի լեռն բարձրագոյն, որ ասի Սարմաշուխ. բազում աշխատանս կրեալ եւ իջեալ ի վայր սակաւ գնացինք ի դաշտս ութը սէհէթ մինչեւ Հա•ի-Համզա. եւ է գիւղ այլազգից ի մէջ հիսարի, եւ ունի բազում պաղ•աներս եւ սակաւ շուկայ բազար, եւ ելանէ ի մէջէ նորա անուշահամ ըռէջէլ գեղեցիկ: Եւ անտի ելեալ եւ բազում աշխատանս կրեալ եւ անցեալ ի մեծ գետն, որ ասի Տէլի Տէվրիշ, եւ գնացինք հանդարտ ութը սէհէթ մինչեւ Թօսիա: Եւ Թօսիա է մեծ ղասապայ եւ ունի շուկայ բազար, խան. եւ ելանէ ի մէջէ նորա գեղեցիկ բրինձ եւ ալա•ա շալ, եւ մարդիկն նորա եփեն անուշահամ փիլաւ:

/1208/ Եւ ելեալ անտի գնացինք ի դաշտ անհուն, եւ անցեալ Ճիվէ-բաղլարին, շատ •անապարհ կտրելով տասն երկու սէհէթ մինչեւ Յօմէլուն, որ գիւղ է այլազգից, եւ ունի դաշտս մեծամեծ արտօրայս, եւ կայ ի մօտ նորա ղասապայ, որ ասի Ղօ•այ-Հիսար, եւ ունի ի վերայ դաշտի շատ գիւղօրայս: Եւ անտի ելեալ գնացինք ի սարս եւ ի թուփս, նեղութիւնս կրելով անցանք 10 սէհէթ մինչեւ Ղարա•ալար. եւ նա է մեծ գիւղ եւ ունի մեկ խան, եւ իւրմէն ելանէ շալ գօտիս, եւ մարդ նորա է անօրէն: Եւ ելեալ անտի գնացանք երկու սէհէթ մինչեւ Չէրքէշ. եւ նա գիւղ է ի վերայ դաշտի եւ ի մէջ հիսարի, եւ ունի սակաւ խանութս, եւ գայ ի այս գիւղէ գեղեցիկ եւ անուշահամ իւղ եւ մեղր, որ է լայիխ Պոլիսու, որ բազում մարդիկք տանին: Եւ անտի գնացեալ ի լեռն մէջ օրմանի տասն եւ երկու սէհէթ մինչեւ Բայընտըր, եւ նա գիւղ է սակաւ ի մէջ տէրէի, եւ ունի սակաւ ջուր, ի յառաջէն անցանի, եւ մարդիկք խիզարեն տախտակ եւ տանին: Բայընտրու ելեալ գնացանք ի լեռս եւ ի դաշտս բազում •անապարհս կրելով տասն եւ երկու սէհէթ մինչեւ Կէրէտէ. եւ նա է մեծ ղասապայ, եւ ունի շուկայ բազար եւ խան, եւ ունի մէջ իւր զընտան. եւ ի նմանէ ելանէ գեղեցիկ սաղթիան եւ սաղրի եւ հիլալի միջի նորա ելանէ, ի առս եւ տուրս կատարեալ: Եւ ի սմանէ ելեալ գնացանք ի դաշտս բազում եւ կայ այստուս եւ այնտուս գիւղօրայս: Եւ անցեալ ի Ղազայ-կէօլին տասներեք ժամ մինչեւ Պոլիս. եւ սա է ղասապայ ի վերայ դաշտի, եւ ունի խաներս եւ չարշը պազարս. եւ կայ ի մօտ նորա ղաբլը•ա, որ գետնին ներքեւէն ելանէ տաք ջուր, եւ շինեալ մարդկանց ի վերայ նորա քարեղէն տունս եւ խիթեալ բազում մարդիկ լուացուին եւ զանուն նորա կոչեն Թանղրը-համամի: Եւ ելեալ անտի գնացինք ի լեռն ի մէջ մեծամեծ ծառերուն, որ երկինքն չի երեւիր: Եւ անցեալ ի Տարի•է տասն եւ երկու սէհէթ մինչեւ Տիւզ•է: Տիւզ•է գիւղ սակաւ, գիւղ է այլազգից ի մէջ օրմանի եւ ի մեծ ձորի, եւ ունի սակաւ խանութ վասն •անապարհորդին. եւ ուրբաթ օրերն բազար ղուրուլմիշ կըլլայ, բազում տեղեաց բերեալ մէթահ ծախեն զօրն այն: Եւ Տիւզի•էու ելեալ գնացանք ի դաշտս ի մէջ օրմանի, որ է Կիւմիւշ-օվայ եւ Էլրի-տէրէ, որ է իւրտ աւազակաց, զի բազում մարդիկ է լացուցած, եւ սոսկալի •անապարհս այս տասն եւ երկու սէհէթ մինչեւ Խէնտէկ. եւ նա է մեծ գիւղ, եւ ի միջի մարդ նորա չար, բազում վնաս առնեն •անապարհորդաց: Եւ անտի ելեալ եւ բազում աշխատանս կրեալ վասն •անապարհն չամուռ լինելոյ, զի մէնշուր է նորա չամուռն, զի շատ ձի պաթմիշ եղեալ է եւ դիժվար •անբան. նեղութիւնս կրելով տասը ժամ մինչեւ Սապան•ա. եւ Սապան•ա է ղասապայ ի մէջ օրմանի, եւ ունի սակաւ ծով եւ սակաւ շուկայ բազար, եւ ունի պախ•այներ բազում, եւ անհուն կեռասի ծառեր, որ տանին մարդիկն զպտուղ նորա ի Կոստանդիա: Եւ անտի ելեալ գնացաք ի դաշտս յինն ժամ մինչեւ Իզնիմիտ. եւ Իզնիմիտ է քաղաք ի ծովհայեաց, զի Ովկիանոս ծովուն մէկ լուխն գայ ի հոն դադրի, եւ նստի ի քաղաքին կէօմրիւք•ի, եւ ունի խաներ, եւ չարշը բազար լցուի ամենայն բարութեամբ, եւ իւրմէն ելանէ շատ մէթահ: Եւ անտի գնացաք հանդարտ ութը ժամ մինչեւ Կէյպիզէ. եւ Կէյպիզէ է գիւղ ի թէփէի միոյ, եւ ունի սակաւ շուկայ, եւ ունի գեղեցիկ •ամի ի թագաւորական ցեղէն շինեալ: Եւ անտի գնացաք չորս ժամ մինչեւ Փէնտիկ, Գարթալ եւ անտի մինչեւ յԻիւսկիւտար, որ է Պոլիս: Եւ կայր ի վերայ •անապարհին բազում անուանի լեռս եւ բազում անուանի գիւղօրայս եւ անուանի յոյժ տեղիս, եւ մեք ոչ գրեցինք զամենեսեան, զի ձանձրութիւն չը լինի ընթերցողաց եւ լսողաց: Եւ տառապեալս ուրախութեամբ հասեալ ի քաղաքն Պոլիս եւ գտեալ հանգիստ, որ է առհասարակ ամենայն քաղաքաց մայր, լի եւ առատ, գեղեցիկ եւ ի ամենայն առուտուրս, բացուի քսան ու չորս դուռս ի ծովհայեաց, որ եկեալ մեծամեծ եւ ահագնատեսիլ եւ զարմանալի նաւով բերեալ բազում եւ անհուն վասն անթուելի եւ անհամար մարդկանց, առեւտուրս կատարեալ առատապէս, գեղեցկաշէն եւ բարձրագոյն շինուած է ի ծովհայեաց ամեն կողմանց, եւ վայելչութիւն ամենայն ազգաց առհասարակ ուրախութեամբ, խնդութեամբ է: Եւ ի տարիս այս, ի մայիս ամսոյ, սուլթան Մուսթաֆա /1209/ մեռեալ եւ սուլթան Համիտ ի գահն նստեալ դղրդեցաւ Պոլիս. այնպէս շարժումն եղեւ ամենայն արանց եւ կանանց եւ ազգաց, ուրախութիւն եղեւ, վասն նստելոյ ի թահթն սուլթան Համիտ, զի ոչ ուզէին յառաջագոյն զսուլթան Մուսթաֆա, վասն այնորիկ յոյժ խնդութիւն եղեւ ամենայն ազգաց: Եւ նոյն ամառն թագաւորն ժողովեալ զամենայն զօրս իւր խորհուրդ արարեալ վասն պատերազմին Մոսկոֆի. եւ յետոյ հաշտեցան ընդ իրեարս, եւ զօրքն այլազգաց բերին Սան•աղը Շէրիֆն ի Պոլիս, որ որոտումն եղեւ արանց եւ կանանց. որքան այլազգ կար ի Պոլիս ամենեքեան գնացին ի դէմ նորա եւ երկիրպագին եւ տարին ի պալատ թագաւորին, եւ մէօհիւրն էր Իզզէթլի Ահմէտ փաշայն, որ էր արիւնասէր, շատ հացագործ եւ պախալ կախեալ էր բարկութիւն նորա: Եւ յայսմ ամի Գրիգոր պատրիարքն սիւրկիւն արին եւ Զաքարիա վարդապետն պատրիարք արարեալ ի յաթոռ նստուցին: Եւ ի նոյն ամառն հրկիզութիւն եղեւ Մահմուտ փաշան 12 ժամ, բազում մալս եւ շատ տեղիս աւերելով, որ մինչեւ Հօ•ա փաշա տայանմիշ եղաւ. եւ տառապեալս ոչ կարեմ գովել զվարքն եւ զվայելչութիւնն. եւ զամենայն եղեալ իրսն, որ ոչ կարացի պատմել, անմեղադիր լերուք, գնացող տեսող եղբարք:

ՌՄԻԵ (1776) խաղաղութիւն երկիրն ամենայն եւ Պոլիս լիութիւն եւ առատութիւն ամենայն բարեաց, եւս առաւել որ հաշտեցան ի հետ Մոսկոֆին. ամենայն ամիս գայր բազում կէմիս ի նոցանէ, որ բերէին բազում բարիս: Եւ ի գարնանային եղանակին եկաւ Մոսկոֆին էլչին շատ ապրանքով, եւ մտեալ ի քաղաք մինչ ի դուռն թագաւորին. յետոյ խորհեցաւ ի հետ արքային, որ Ստամպօլու մէջ որքան գերի կայ ի ձեռս այլազգաց ազատեսցէ զնոսա եւ արքայն հաւանեցաւ եւ հրաման ետ, զի ուր ուրէք գտանի ժողովեալ առ ինքն առաքեսցեն մինչեւ ութ ամիս: Այսպէս ժողովեաց բազում գերիս, եթէ աղջիկ եւ եթէ կին եւ թէ այր, յառաջնմէ եկեալ եւ այլազգ եղեալ, նոքա եւս տարան առ էլչին: Եւ էլչին միաբանեաց զամենայն եւ լցաւ նաւս երիս եւ ուղարկեաց յիւրաքանչիւր յօթեւանս: Եւ որ կեայր յառաջագոյն Մսըրայ, որ անուամբն Ալի պէկ ասի, նմա թագաւորի, տիրէր զերկիրն իւր եւ կտրած ստակն տարածեցաւ զերկիրն ամենայն, մարդ ոչ կարէր ի վերայ նորա մտանել: Եւ թագաւորն իմացաւ եւ փաշա թային արար ի վերայ նորա: Եւ նա գնաց բազում զօրօք եւ արուեստիւ բերեալ զնա. եւ անհուն ապրանքս եւ փոքրիկ երկու տղայներ բերին ի Պոլիս: Եւ մինն ի խորհրդակցաց նորա, որ ասէին Թահիր Էօմէր, նա եւս Եաֆա նստեալ էր, եւ շրջէր ի վերայ ծովուն չար աւազակութեամբ, յահէ նորա կէմի ոչ երթայր եւ գայր ս. Երուսաղէմ, նա եւս իմացաւ, զնա եւս բնաջինջ արար:

Յայսմ ամի Երուսաղէմայ Պօղոս պատրիարք վախ•անելով Յովակիմ վարդապետն ի յաթոռ նստաւ: Ի Պոլիս հրկիզութիւն:

ՌՄԻԶ (1777) Ըստանպօլ խաղաղութիւն, լիութիւն եւ առատութիւն ամենայն բարեաց, խնդութիւն եւ վայելչութիւն գեղեցիկ ամենայն ազգաց, արանց եւ կանանց: Եւ ի զիլգատէ ամսոյն ձմեռնային ժամանակին եղեալ սուլթան Համիտն դուստր մի, եւ շատ ուրախութիւն եղեւ քաղաքին ամենայն ազգաց, եւս առաւել հրաման եղեւ Է (7) օր եւ Է (7) գիշեր տօնանմա լինելու, զի յառաջագոյն պատրաստեալ էին զամենայն արուեստագործութիւնն, զարդու զարդարեցին Պոլիս քաղաքն ամենայն, եթէ աղքատ եթէ հարուստ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ զարդարեցին այնաներով եւ պատուական անգին քարերով, տեսակ տեսակ պատկերներով, կերպ-կերպ նախըշներով, եթէ փայտեղէն եւ թէ թղթեղէն, պէս-պէս զանազան արուեստագործութեամբ շինեալ մարդկանց: Եւ ես տառապեալս շրջագայելով տեսանէի զամենայն եւ փառս տայի Աստուծոյ, որ մարդուս այսպիսի հնարագիտութիւն տուեր է: Եւ երկու տեղիս տեսի, որ մինն մարդու կերպ շինեալ եւ մինն գազանի կերպ, որ ամեն մարմինն լման եւ մարդուն ձեռքն գիրք տուեալ` երկու պրկունքն շարժելով եւ գլուխն երերեցնելով կարդայր. այսպէս տեսի, եւ սորին նման եւ այլ բազում գործս ասեն զարմանալի, որ տեսանողն սքանչացեալ եւ փառաւորեալն Աստւած փառաւորեցաւ: Դղրդեցաւ քաղաքն Պոլիս, շարժումն եւ որոտումն եղեւ վասն ամբոխին` /1210/ արանց եւ կանանց, եւ բազում մեծամեծ մարդիկ վկայեցին, թէ զի ոչ ոք եղած այլ թագաւորաց այսպէս տօնանմա, սոյնպէս եւ Գ (3) գիշեր ի վերայ ծովու գործս պատրաստեցին բոցեղէն իւղով եւ մահիթապով, զարմանալի գործս ասեն` նետելով ի վեր երկնից ելանէր բարձր ի հաւան եւ տաղըլմիշ ըլլար որպէս զաստեղս երկնից. սորին նման պէս-պէս բազում գործս ասեն ի դէմ թագաւորին ի վերայ ծովուն:

Եւ ի այս տարիս բազմացեալ էր չար անուն լէվէնտն ամենայն տեղիս, եւ ի նեղութենէ նորին եկեալ բազում քաղաքաց մարդ արզուհալ տալով թագաւորին. եւ թագաւորն իմացաւ եւ հրաման արաւ, ոլորտս տիեզերաց ֆէրման ղրկելով քաղաքաց քաղաքաց, թէ զի ոչ գտանի անունն նորին, այսինքն նէֆրան լինելով տարածուեցաւ երկիրս ամենայն, թէ յարեւելս եթէ արեւմուտս ամենայն քաղաք պատերազմեալ ի հետ թշնամեաց, եւ գլուխ նոցա բերեալ ի Կ. Պոլիս: Տարի մը այսպէս ոչ պակաս եղեալ ի դրանէ թագաւորին, եւ նոյն տարին մէօհիւրն էր ի ձեռն Տէվրիշ Ահմետ փաշային: Եւ ի այս տարիս մեր զապիթ Հա•ի Օսմանին տղին դրին զանունն Մուսթաֆա փաշա, որ ամենայն բանի հախին կուգար եւ մեր ազգին տիրութիւն կանէր, որ խապարն գայր Պոլիս:

ՌՄԻԷ (1778) ամին խաղաղութիւն, լիութիւն լցեալ ամենայն բարօք, զի եկեալ Մոսկոֆէն բազում նաւ բերեալ անհուն բարիս, վասն անթուելի մարդկանց: Եւ ի մէջ ամառնային ժամանակին սուլթան Համիտին եղեալ արու զաւակ եւ դրին զանուն նորա սուլթան Մահմուտ: Ուրախութիւն եղեւ ամենայն ազգաց. կրկին եւս հրաման արարեալ վասն տօնանմա լինելոյ, եօթը օր եւ եօթ գիշեր զարդով զարդարեցին Պոլիս եօթնապատիկ քան զառաջինն, եւ որոտումն եղեւ վասն անհուն անթուելի արանց եւ կանանց եւ զանազան օյինբազներաց եւ արուեստագործաց. վասն զի ոչ կարացաք պատմել մի ըստ միոջէ վասն տկարության մտաց մերոց, զի տեսանողն զարմացմամբ սքանչացաւ եւ փառաւորեալն Աստուած փառաւորեցաւ, որ այսպիսի հնարագիտութիւն տուեր է մարդուս: Նմանապէս երեք գիշեր ի վերայ ծովուն նետելով, չուան ի վերայ խաղալով, պէս պէս մարիֆէթով բոցեղէն իւղով նետելով ի վեր երկնից ելանէր հավան եւ տաղըլմիշ ըլլար անհամար հազար ի դէմ թագաւորին:

Եւ նոյն ամառն հրկիզութիւն եղեւ բազում տեղիս: Եւ ի դէպ աշնան կրկին եղեւ արու զաւակ եւ դրին զանուն նորա սուլթան Ահմէտ. եւ թագաւորն հրաման արար, զի պատրաստեսցեն Փաշային դուռ բազում բրինձ եւ շատ իւղ, զի Պոլիս որքան մէքթէպ կայր, առեալ հօ•այներն զփոքր տղայքն կարդալով, ամին ասելով, բերելով ի դուռն Փաշային եւ նստեալ ուտէին զփիլաւն. եւ տղոցն տային տասնական փարայ եւ հօ•այներուն մէյմէկ ֆէրէ•է հագուցանէին, այսպէս հրաման եղեւ 5 օր, որ դղրդիւն եղեւ ի Պոլիս տղայոց ձայնէն կարդալով եւ շատ աղքատս կերակրելով: Եւ սորա տօնանման այսպէս եղեւ. եւ մէօհիւրն տուեալ էր Տէվրիշ Ահմէտ փաշային. բազում մարդիկ վկայեցին թէ 100 քէսէ ստակ գնաց:

ՌՄԻԸ (1779) ամին լիութիւն եւ առատութիւն եղեւ Պոլիս եւ ի գարնան ժամանակ տղայոց վրայ ծաղիկ եկեալ բազումս կոտորէր: Եւ նոյն ամսոյն Հինտու եկեալ փոքր ֆիլ մը ի Պոլիս, ամբոխն դիմեաց ի սէիր: Նոյն տարին Բաղտատու փաշան Ա•էմուն հետ սէֆէր բացաւ եւ շատ գլուխ Պոլիս ղրկեց: Նոյն տարին անթիւ չէքիրկէ եկն ի Պոլիս եւ այս տարիս այսպէս անցաւ:

ՌՄԻԹ (1780) ամին լիութիւն եւ առատութիւն եղեւ ի Պոլիս. եւ ամառն[ային] ժամանակ յոյժ բարկացաւ Աստուած եւ մահ սաստիկ անկաւ ի Պոլիս, որ կոտորէր ծեր եւ տղայ առհասարակ եւ բաղմացաւ խղ•ութիւն ի Պոլիս, որ ոչ կարեմ պատմել, զի մեր ղարիբ եղբայրները ո ոք հիւանդանայր կամ մեռանէր, ոչ ոք երթայր առ նոսա եւ կամ թաղէր զդիակս նոցա. մարդասէրն Աստուած իւր անհուն ողորմութեամբ փրկեաց զիս ի մահուանէն: Եւ ելի ի Պոլսոյ եւ եկի ի քաղաքն մեր Տիվրիկ: Եւ Տիվրիկ էր սղութիւն` ցորենին քիլէն 14 ղրուշ էր: Եւ ի նոյն տարին շարժումն եղեւ երեք օր ի մեր քաղաքն եւ Մալաթիա, բազում տեղիք քայքայեալ եւ շատ մարդիկ անկան ի հողին ներքեւ: Եւ նոյն տարին արեւելեան կողմն շարժումն եղեւ եւ վնաս արտօրէից:

/1211/ ՌՄԼ (1781) ամին խաղաղութիւն եւ առատութիւն եղեւ եւ ձմեռն սակաւ սաստիկ, ի գարունն ոչ ցօղեաց անձրեւ, վասն այնորիկ թէ Տա•կաց եւ թէ քրիստոնէից մանկտին երեք օր տուվա ըրին, եւ քրիստոնեայք երկու եզ առնելով Աստուածամօր հսկում գնացին, եւ յորժամ զենին, հրամանաւ Աստուծոյ, առժամայն եօթը օր եւ եօթը գիշեր անձրեւ տեղաց եւ ցորենին քիլէն 4 ղրուշ իջաւ եւ տասներեք օխան շիրան 1 ղրուշ կուտային: Եւ Մուսթաֆա փաշան էր զապիթ քաղաքին, որ շատ գութ ունէր Հայոց վրայ եւ այս տարիս այսպէս:

ՌՄԼԱ (1782) ամին խաղաղութիւն եւ լիութիւն եղեւ, ձմեռն սաստիկ. եւ ի սաստիկ ցրտութենէ ծառերն չորացան եւ փայտին բեռը 30 փարայ էր: Սոյն տարիս մուրատսըզ ելայ, իմ Գոհար ընտանին առ Աստուած փոխեցաւ եւ դասը անցնելու եւ կարդալու հետ մնացի: Այս տարիս Մուսթաֆա փաշան Կիւմիւշխանէ գնաց եւ քաղաքն Տէլի Մէհմէտին ձեռքը մնաց. գործը ինչ գործելն ոչ գիտէր. սալեան եղաւ 150 տուն հայերուն տասը քէսէ, եւ հինգ քէսէ քաղքի օրթայ խար•, եւ ցորենին քիլէն 10 ղրուշ, եւ սակաւ մարդ մեռաւ:

ՌՄԼԲ (1783) ձմեռը սաստիկ եղեւ եւ մարտ ամսոյն օր մը, գիշեր մը անդադար ձիւն եկաւ, որ մինչեւ ամիս մը չոր ցուրտ եղաւ, ծառերն պաղեցան սաստիկ ցրտոյն. եւ ի ձմեռն եղեւ ծաղիկ տղայոց, որ զբազումս կոտորեաց: Եւ փաշան կրկին նստաւ Կիւմիւշխանէ, եւ քաղաք Տէլի Մէհմէտին ձեռքը մնաց, որ հինգ տարեկան տղայոցմէ լման խարա• կառնէր եւ մարդ չէր կարէր հետը զրուցել: