Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆԱՑԻ ՎՐԷԺ (Նորավէպ)

Իրիկուն էր, այն գեղեցիկ իրիկուններէն մէկը որք Զուիցերիոյ միայն յատուկ են երբ արեւը դեռ հազիւ կորսուած ձիւնապատ գագաթներու ետին, երկինքը կը բոցավառի եւ խորհրդաւոր ստուերներ կը նետուին խորունկ հովիտներու ծոցը։

Ամարանոցը շրջապատող անառակին մէջ կը խաղար բարակ հով մը, ու եղեւնիներու անուշ բուրումէն արբեցած կարծես՝ pensionnaireները թեւ թեւի իրենց երեկոյեան պտոյտը կ՚ընէին մեղկօրէն, ծառուղիներուն երկայնքը։

Ամէն ազգէ եւ ամէն հասակէ անձեր կային անոնց մէջ, ու բոլորն ալ՝ պահ մը թողած մեծ քաղաքներու աղմկալից միջավայրը՝ եկած էին հոն մաքուր օդ շնչելու, կազդուրուելու եւ մոռնալու համար պահ մը կեանքի բոլոր հոգերը։

Եւ իրաւ, կարելի չէ երեւակայել կեանք մը աւելի հանգստաւէտ ու աւելի հաճելի, քան այն զոր մարդ կը վարէ այսպիսի ամարանոցներու մէջ, գիւղագնացութեան հիանալի վայրեր, ուր էդիքէդը, հարստութինը, դիրքը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը։ Ու շնորհիւ այս հանգամանքներուն, մտերմութիւնը խիստ շուտ կը հաստատուի հոն այնքան այլազան անձերու մէջ, եւ կեանքը անուշ երազի մը պէս կ՚անցնի։ Ամէն ոք իր սիրած կերպով կրնայ զբօսնուլ հոն, յանդուգն վերելքներու վարժուողներ՝ սպիտակահեր լեռները ունին քանի մը ժամ հեռուն. բանաստեղծութիւն սիրողները՝ անտառակներուն մէջ կ՚երթան երազել. իսկ աւելի ծոյլերը պարտէզին հովանուտ ծառերուն տակ կը խօսակցին կամ կը կարդան։

Ու իրիկունը, ընթրիքի ատեն, աննկարագրելի աղմուկ մը կը տիրէ ճաշասրահին մէջ, ուր բազմաթիւ լեզուներ իրարու կը խառնուին՝ տարօրինակ ներդաշնակութիւն մը յօրինելով։

Բայց ամէնէն աղուոր ժամերը երեկոյթներն են հոն, որոնց միջոցին զաւեշտական արտասանութիւնները, սալօնի սրամիտ խաղերը, բռնայանգ ոտանաւորները իրարու կը յաջորդեն եւ ասոնց բոլորէն յետոյ կուգան պարերը, որոնք կը տեւեն յաճախ մինչեւ առաւօտ։

* * *

Այդ իրիկունը տարազաւոր պարահանդէս (bal costumé) պիտի տրուէր ամարանոցի ընդարձակ սրահին մէջ։ Այս առթիւ շրջակայ )թէլներէն եւս հրաւիրուած էին շատ մը ընտանիքներ ու սալօնին խտղտեցնող լոյսերուն տակ կը սկսէին ցուցադրուիլ արդէն խայտաճամուկ զգեստները։

Դաշնակին առջեւ՝ Սպանուհիի տարազով խիստ գեղեցիկ կին մը ստեղնաշարին հետ կը խաղար։ Այս տիկինը երկու շաբաթէ ի վեր արդէն կը գտնուէր հոն, բայց երբեք կարելի չէր եղած գիտնալ թէ ո՞վ էր ան եւ ո՞ւրկէ կուգար։ Այցելուներու տոմարին մէջ ստորագրած էր «Տիկին Վիլանի», անուն մը որ հաւանաբար շինծու պիտի ըլլար։

Սրահը լեցուն էր հիմայ. երբ դաշնակահար օրիորդը՝ տետրակները թեւին տակ՝ գնաց նստիլ կլորակ աթոռին վրայ, ներս մտաւ երիտասարդ մը, ԺԷ. դարու ֆրանսական տարազով, որ հիանալի կերպով կը վայլէր իր նուրբ հասակին։

Երիտասարդ Ռուսահայ մըն էր, Վահրամ Տիգրանեան, գեղարուեստից ուսանող Լօզանի համալսարանին մէջ։ Ամառուան արձակուրդները սկսելուն պէս՝ բաժնուած էր ան իր բոլոր բարեկամներէն ու ընկերներէն եւ ուղղակի հոն գաղած ուր ժամանակէ մ(ի վեր կը գտնուէր արդէն իր մտածումներու առարկան. Միս Իրմա Ք…, Սկովտացի գեղեցիկ օրիորդ մը։

Շատ ուշ ճանչցած էր զայն, տարեշրջանի վերջին ամիսներուն մէջ, երբ իրիկուն մը ուսանողական երեկոյթ կը տրուէր կարօտ ընկերներու ի նպաստ։ Ու իր մինչեւ այն ատեն կոյս մնացող սիրտը սկսած էր բաբախել այդ աղջկան համար։

Այդ առաջին պանդիպումէն վերջ, տեսած էր զայն պտոյտներու միջոցին լճին եզերքը, բայց շատ քիչ անգամ համարձակած էր խօսակցելու անոր հետ, հակառակ իր քսաներկու գարուններուն՝ տեսակ մը մանկական սիրտ կը կրէր ան, վարանոտ եւ ամչկոտ։

Յեղաշրջում մը տեղի ունեցած էր յանկարծ իր բնաւորութեանը մէջ, յաճախ մելամաղձոտ վայրկեաններ կ՚ունենար, բան մը զոր իր ընկերները չափազանց աշխատութեան կը վերագրէին. մէկու մըն ալ մտքէն չէր անցնէր սիրային պատճառ մը փնտռել այդ փոփոխութեան մէջ, նկատելով որ Տիգրանեան անտարբեր եղած էր միշտ կիներու հանդէպ։

Եւ երբ որոշած էր երթալ գտնել Միս Իրման ամարանոցին մէջ՝ միտքը դրած էր հաղորդել անոր իր զգացումները, յայտնել անոր իր սէրը, որ թաքուն վշտի մը պէս կը ծանրանար իր հոգիին ու ամբողջ էութեանը վրայ։ Բայց անգամ մը դէմ առ դէմ օրիորդին հետ՝ իր վարանումները վերսկսած էին դարձեալ. կը վախնար որ արժանի չըլլար օրիորդին, կը վախնար մանաւանդ մերժումէն, ո՜հ, մանաւանդ մերժումէն։

Այն իրիկունը երբ պարերը սկսան եւ ինք առաջին վալսին Միս Իրման engager ըրաւ, իր երկբայութեանց մէջ այնպէս կարծեց թէ օրիորդը քաղաքավարութեան համար միայն կ՚ընդունէր իր հրաւէրը։ Ու Տիգրանեան պահ մը երջանիկ այդ նազելի աղջիկը իր թեւը ունենալուն՝ այնքան շնորհալիօրէն պարեց եւ այնքան ոգեւորուած որ քիչ յետոյ բոլոր միւսները մէկ կողմ շարուեցան՝ միայն այդ զոյգը դիտելու համար։

Դաշնակը կեցաւ։ Տիգրանեան երազէ մը սթափածի պէս՝ ցնցուեցաւ յանկարծ եւ Սկովտուհին իր տեղը առաջնորդեց անվերջ շնորհաւորութեանց եւ կեցցէներու մէջ։ Ու ինք՝ այս խանդավառութեանց հանդէպ անտարբեր՝ ինկաւ աթոռի մը վրայ, յուզումէն ընկճուած, տարտամ ժպիտով մը պատասխանելով կանանց եւ օրիորդներու փաղաքշական խօսքերուն։ Ուրիշ մը պիտի փառաւորուէր այն դարպասներէն որոնք կ՚ըլլային իր շուրջը, բայց ան նեղութիւն զգաց, սրահին աղմկալից միջավայրը ճնշեց իր հոգին, ու պահ մը առանձին երազելու համար պարտէզ իջնել ուզեց եւ դէպի դուռը ուղղուեցաւ։

Բայց Տիկին Վիլանի, երիտասարդին վրայ սքանչացողներէն մէկը, որ անոր բոլոր շարժումները աչքէ չէր փախցուցած՝ կանխեց զայն քովնտի դռնէ մը եւ մութին մէջ ջղային թափով մը տղուն ձեռքը սեղմելով, փսփսաց ականջին.

Այնքան աղուոր ըլլալ եւ այնքան պա՜ղ…

* * *

Այն միջադէպերը որոնք պատահեցան պարահանդէսին յաջորդող օրերուն մէջ. ցոյց տուին որ Տիկին Վիլանի զարնուած էր աղուոր հայ երիտասարդին ու ծրագիրներ կը կազմէր այդ տղան ալ ծուղակը ձգելու եւ կաշկանդելու այնքան ուրիշներու պէս, որոնք գեղեցիկ կիներու քմահաճոյից զոհերը կ՚ըլլան միշտ։ Եթէ միակ խոչընդոտ մը կար իրեն համար, ան ալ Միս Իրման էր, որուն հանդէպ երիտասարդին ունեցած համակրութիւնը չէր վրիպած այդ խորամանկ կնոջ աչքէն. բայց ինք՝ վստահ իր հրապոյրներուն վրայ՝ կը յուսար ոչնչացնել տղուն պաղ վերաբերումը եւ յաղթանակը տանիլ վերջապէս։

Օր մը, կէս օրէ վերջ, բոլոր pensionnaireները պտոյտի ելած էին։ Տիգրանեան իր սենեակը առանձնացած՝ նամակներ գրած էր երեք ժամ անընդհատ. ու երբ իրիկուան կողմ պարտէզ իջաւ, Տիկին Վիլանին տեսաւ հոն միս մինակ, հիանալի կերպով հագնուած՝ կարծես այցելուի մը սպասելով։

Կը կարծէի թէ դուք ալ դուրս ելած էք, Պ. Տիգրանեան, ըսաւ կինը, երբ երիտասարդը բարեւեց զինքը, բայց կը տեսնեմ որ մեր ճաշակները կը յարմարին իրարու…

Շատ զբաղած էի, Տիկին, եւ թէեւ ուշ է ժամանակը, բայց կը խորհիմ պտոյտ մը ընել մինչեւ գետեզրը։

Լաւ գաղափար։ Սիրով կ՚ընկերանամ ձեզ, եթէ անհաճոյ չէք գտներ ընկերակցութիւնս…

Քա՛ւ լիցի, Տիկին։

Ու ամարանոցէն դուրս ելան։

Տիկին Վիլանի շատ զուարթ կ՚երեւար այդ օրը եւ նրբամիտ դարձուածքներով կը ջանար հետզհետէ աւելի մտերմական դարձնել սկսուած խօսակցութիւնը։ Բայց Տիգրանեան՝ բոլորովին տարբեր մտածումներու մէջ խորասուզուած՝ անքաղաքավար չըլլալու համար միայն տարտամ պատասխաններ կուտար անոր։

Վայրկեաններ կ՚ըլլային ուր կը քալէին անխօս։ Ու այդ լռութեանց յաջորդող խօսակցութեան սրամիտ դարձուածներուն ատեն, զորս Տիկնը կը գտնէր՝ երիտասարդը կը ցնցուէր յանկարծ ու բռնազբօսիկ ժպիտ մը իր շրթներուն վրայ կը ձեւանար ակամայ։

Տիկին Վիլանի Տիգրանեանի համար զգացած այրող բաղձանքին մէջ՝ կը կարծէր թէ տղան կը շփոթէր իր ներկայութենէն եւ չէր համարձակէր իր զգացումներն արտայայտէր. Տիկինը՝ միւս կողմէ՝ կը յիշէր նաեւ երիտասարդին տաք վերաբերումը Միս Իրմաի հանդէպ, ու այդ մտածումը ահռելի կերպով կը ճնշէր իր հոգին։

Երբ ամարանոց վերադարձան՝ Սկովտուհին Շթրաուսի վալսերէն մէկը կը նուագէր ջութակի վրայ։ Կտորը լմննալուն, շատերը գացին շնորհաւորել օրիորդը, բայց Տիգրանեան՝ ամէնէն աւելի հիացած թէեւ՝ տափակ գտաւ ուրիշներու ըրած կերպով իր սքանչացումը յայտնել, ու աթոռին վրայ գամուած մնաց, իբր թէ անտարբեր։

Ասիկա չը վրիպեցաւ Տիկին Վիլանն նայուածքէն եւ գոհունակութեան ժպիտ մը փայլեցաւ դէմքին վրայ։ Հաւատաց թէ Միս Իրմաի դերը կը վերջանար այլեւս, ու երիտասարդը կը սկսէր բռնուիլ իր հմայքներու ցանցին մէջ։

Ընթրիքէն յետոյ ամէն մարդ սովորական զբօսանքներուն տուաւ ինքզինքը։ Բայց Տիգրանեան կանուխէն իր սենեակը քաշուեցաւ. օրիորդ Իրմաի քոտաքով գաղտագողի հանուած լուսանկարը սեղանին վրայ դրաւ, լուսամփոփին յորդ լոյսին մէջ եւ սկսաւ ակնապիշ դիտել զայն։ Դուրսը, բազմութեան մէջ Սկովտուհին ամէնուն հիացումին առարկայ տեսնելը սիրտը կը ցաւցնէր, տեսակ մը նախանձ կ՚արթնցնէր իր մէջ, ու կը զայրանար։ Ասանկ աւելի՛ աղէկ էր։

Սրահէն՝ խօսակցութեանց, նուագներու եւ ծիծաղներու աղմուկը կը հսնէր մինչեւ իրեն. սակայն ինք՝ պաշտումին մէջ խորասուզուած՝ հազիւ կը լսէր զանոնք։ Ու դիտեց այդպէս տեսակ մը երազի եւ վերացումի վիճակի մէջ, զոր իտէալ մէրը միայն կրնայ առաջ բերել։

Որչա՞փ ատեն անցած էր. չէր գիտէր. դուրսը ձայն ու շշուկ մարած էին. ու ան կը մնար դեռ՝ ընկողմանած թիկնաթոռին մէջ, տարտամօրէն գիտակցութիւնը ունենալով իր վիճակին եւ բաղձալով այդպէս մնալ որքան ատեն որ կարելի ըլլար։

Չորս դին նյեցաւ յանկարծ. իրեն այնպէս թուած էր թէ դուռը կը զարնէին կամացուկ մը։ Սխալած ըլլալու էր. բայց հազիւ թէ այս խորհրդածութիւն ըրած էր՝ զգաց որ դուռը կը բացուէր։— Ստուեր մը ներս սպրդեցաւ ու դուռը գոցուեցաւ կրկին։ Տիգրանեան ոտքի ելաւ յանկարծ։ Գորշ մեծ շալի մը տակէն մերկ թեւ մը դուրս ելաւ եւ նուրբ մատ մը վեր բարձրանալով.

Չճանցա՞ք. ես եմ, Պ. Տիգրանեան։

Ի՞նչպէս, ըսաւ տղան յանկարծակիի եկած. դո՞ւք, Տիկին Վիլանի, ա՞յս ատեն…

Ապահովաբար կինը այս պատասխանին չէր սպասէր, վասն զի վրայի շալը նետելու շարժումը կասեցուց, անոր մէջ փաթթուեցաւ դարձեալ ու՝

Կ՚երեւի թէ անհանգիստ կ՚ընեմ ձեզ, պարոն, ըսաւ. անքնութիւնս բռնեց դարձեալ այս գիշեր, մատենադարանէն գիրք մը առնել ուզեցի, բայց դուռը գոց էր. ու անցած պահուս ձեր սենեակին մէջ լոյսը տեսնելով՝ խորհեցայ թէ դուք ալ չէիք կրցած քնանալ, ու կրնայինք քիչ մը խօսելով ժամանակ անցընել. բայց քանի որ անհանգիստ կ՚ընեմ ձեզ…

Դէպի դուռը շարժում մը ըրաւ։ Անքաղաքավարութիւն պիտի ըլլար ձգել որ կին մը այսպէս մեկնի. երկուքն ալ ոտքի վրայ էին։

Ո՛չ, Տիկին, ըսաւ Տիգրանեան, անհանգիստ չէք ըներ զիս, միայն կը ներէք որ զարմացայ յանկարծ զձեզ տեսնելով. նստեցէք կ՚աղաչեմ։

Տիկինը նստաւ, լոյսին մէջ, դէպի երիտասարդը դարձած, որ մահճակալին կրթնած կը կենար։ Լռութիւն մը տիրեց, այն լռութիւններէն, որոնք որքան երկարին՝ այնքան դժուար կ՚ըլլայ խզելը։

Տիկին Վիլանի շալը թուլօրէն ձգած էր մէկ ուսին վրայէն, ու dentelé գիշերանոցի մը ծակոտիքներէն ճոխ լանջքի մը կաթի քնքշութիւնը կը տեսնուէր։ Մազերը խառնուած էին, բայց այնպիսի կերպով մը որ էն խնամոտ յարդարումէն աւելի ժամանակ կը պահանջէր։ Տիգրանեան հետզհետէ կը զարմանար. այս կինը ի՞նչ կ՚ուզէր իրմէ։

Ուսանողի կեանքը տաղտկալի բան պէտք է ըլլայ, չէ՞, Պարոն Տիգրանեան, ըսաւ Տիկինը քաղցրութեամբ։ Ես միշտ մեղքցած եմ ձեզի պէս երիտասարդները որոնք իրենց երկրէն ու սիրելիներէն հեռու կ՚ապրին տարիներով, ուսանողութեան համար. համակրութիւն մը ունիմ անոնց հանդէպ, արգահատանքէ ծնած տեսակ մը սէր։

Էհ, Տիկին, այնքան ալ տաղտկալի չէ մեր կեանքը, որքան որ կը կարծէք…

Կը հասկնամ, ձեր հասակին մէջ amouretteները…

Կարելի է, բայց գէթ ինծի համար անոնց մէջ հաճոյք մը չկայ, սէրը կը հասկնամ, իտէալ, հսկա՛յ սէրը. բայց սիրոյ կեղծիքները, ո՜հ, կը խորշիմ անոնցմէ։

Թեթեւ կարմրութիւն մը գունաւորեց տիկնոջ այտերը. ըմբոստ շարժումով մը շալը բոլորովին նետեց վրայէն ու գլուխը թիկնաթոռին կռթնցնելով թողուց որ ժայթկէ իր սքանչելի պարանոցին անդիմադրելի հմայքը, մինչեւ լանջքին այն տեղը զոր գիշերազգեստէն բաց մնացած մասը կը ցուցադրէր։

Իրաւունք ունի, ըսաւ մեղմօրէն, ըստ իս ալ այնպէս է. եւ երբ կը սիրեմ՝ կը սիրեմ։

Վահրամ դողալ սկսաւ։ Երիտասարդ ըլլալ, զգացում ունենալ եւ այդքան հմայքի, այդքան կախարդիչ մարմնոյ մը աղուորութիւններուն հանդէպ անտարբեր մնալ՝ անկարելի բան էր։ Քանի մը քայլ առաւ տղան. Տիկինը հասկցաւ թէ յաղթանակած էր, եւ արտեւանունքները գոցեց մեղկօրէն, սպասելով սիրուած մարմնոյն մերձեցումին։

Երիտասարդը մօտեցաւ թիկնաթոռին, բայց օրիորդ Իրմաի լուսանկարին պատահեցաւ ակնարկը եւ ցնցուելով՝ ետ ընկրկեցաւ։

Տիկին Վիլանի աչքերը սացաւ եւ ապշած դիտեց տղան որ կը պտտէր սենեակին մէջ, ու զյրոյթի հառաչանք մը արձակեց։

Լռութիւն մը եւս տիրեց։

Տիկնոջ զգլխիչ կիսամերկութեան ականատես՝ Տիգրանեան յոգնեցաւ վերջապէս։

Տիկին, ըսաւ, դողդոջ ձայնով մը, պիտի մսիք այդպէս…

Ան կէս մը բացաւ աչքերը, իբր թէ զարմանքով չորս դին նայեցաւ, ու

Կ՚աղաչեմ, ըսաւ անուշութեամբ, թողէք որ քիչ մը մրափեմ, անուշ քուն մը եկաւ վրաս, կը ներէք հէ՞…

Երիտասարդը չկրցաւ պատասխանել, եւ զգալով որ այլեւս անկարելի էր այդ մագնիսող գեղեցկութեան այդպէս ականատես ըլլալ՝ մահճկալին վրայ նետուեցաւ եւ աչքերը փակեց։

Հինգ վայրկեանի չափ անցաւ։

Այդ միջոցին Տիկին Վիլանի՝ քունի իբր թէ անգիտակից շարժումով մը ոտքը թիկնաթոռին եզերքը նետեց եւ հիանալի սրունգ մը ցուցադրուեցաւ՝ մետաքսէ գուլպային մէջ պարուրուած։ Իր շրթունքները կը դողային հիմայ բաղձանքի սատկութենէն, ամէն անգամ որ իր գաղտագողի ակնարկը իյանր երիտասարդին դալկահար դէմքին վրայ. բայց չես գիտեր ինչ մը կը կաշկանդէր զայն իր տեղը, եւ այդպէսով աւելի կ՚արծարծուէր իր վայելելու տենջը։

Տիգրանեան արտաքուստ անտարրբեր կ՚երեւար թէեւ, բայց ներսը կատաղի պայքար մը մղուելու վրայ էր. իր առնական աւիւնին մէջ զգլխիչ տենջ մը կը զգար գրկելու այդ գեղեցիկ կինը, այդ խարտեաշ մազերը, համբուրելու անոր պարանոցը, կեռաս բերանը, կարմիր այտերը, բայց Միս Իրմաի պատկերը կը գծագրուէր յանկարծ իր երեւակայութեանը մէջ եւ կը զսպէր ինքզինքը։

Կինը սակայն ա՛լ չկրցաւ համբերել. ահռելի բան էր այդքանը։ Ոտքին ծայրերուն վրայ կոխելով գնաց նստիլ անկողնին եզրը եւ ջղային ուժգինութեամբ մը գրկեց տղան՝ յուզումէն սեղմուած ակռաներուն մէջէն մռլտալով.

Այսքա՜ն աղուոր ըլլալ եւ այսքան ալ պաղ…

Երիտասարդը վեր նետուեցաւ եւ առաջին յախուռն շարժումով մը թեւը կնոջ մէջքին շրջանը ըրաւ եւ պրկեց զայն։

Նոյն վայրկենին այդ մեղկ մարմնոյն ամբողջ ծանրութիւնը թուլօրէն իր վրայ հակեցաւ, լանջքը բաբախուն, շրթունքները կիսաբաց, աչքերը կիսախուփ, սպասելով տարփանքի համբոյրին։ Անդիմադրելի բան էր։ Տղուն բոլոր էութիւնը կը ցնցուէր այլեւս ւ վայրկեան մը իր նայուածքը գամուած մնաց կնոջ թրթռացող շրթունքներուն մէջէն երեւցող ակռաներուն եւ կարծեց թէ ա՛լ անօգուտ էր պայքարիլ։

Այսքան աղուոր ըլլալ եւ այսքան ալ պաղ, մրմնջեցին կնոջ շրթունքները դարձեալ։

Տարազաւոր պարահանդէսը յիշեց յանկարծ Տիգրանեան եւ անոր մանրամասնութիւններուն մէջէն Օր. Իրմաի անմեղ, քնքուշ դիմագիծը եկաւ դրոշմուիլ իր աչքերուն առջեւ։ Ու յդ աղուոր պաշտուած պատկերին քով, որ հեռու եւ բաղձացուած կը մնար միշտ, պժգալի բան մը թուեցաւ իրեն Տիկին Վիլանիի այս ինքնամատոյց գեղեցկութիւնը։ Հետզհետէ զինքը թուլցնող վայելքի կոյր բաղձանքը առնական ոյժի մը փոխուեցաւ անմիջապէս, զինքը գրկող ըեւերը քակեց, անկողնէն դուրս նետուեցաւ, մազերը տակնուվրայ, նայուածքը մոլորուն՝ դէպ ի դուռը վազեց, բացաւ զայն, եւ նրբանցքը ցոյց տալով՝

Կ՚աղաչե՛մ… ըսաւ, ապուշ կրթած Տիկին Վլիանիի։

Կինը գունատուեցաւ։ Նախատինքը սոսկալի էր։ Մոլեգին թափով մը վար ցատկեց անկողնէն. ուզեց խօսիլ՝ բայց չկրցաւ. շալը գնաց առնելու եւ այդ պահուն սեղանին վրայ Օր. Իրմաի լուսանկարը տեսնելով՝

Ո՛հ, գոչեց յուսակտուր եւ վրէժխնդիր ձայնով մը եւ դուրս ելաւ…

* * *

Առտու մըն էր։ Թիֆլիսի գեղեցիկ տուներէն մէկին պարտէզին մէջ երիտասարդ մը, երկայն աթոռի մը վրայ ընկողմանած կը մտածէր, մինչ դարաստանին վրայ նայող փոքրիկ սենեակէն իր քրոջ ջութակին ձայնը կուգար մինչեւ իրեն։

Տիգրանեանն էր ան։ Ամարանոցի կեանքին ամէնէն անուշ օրերուն մէջ, ուր բարեկամութիւնը հազիւ սկսած էր ծլիլ իր եւ Օր. Իրմաի միջաւ, ընտանեկան խիստ կարեւոր գործեր հարկադրած էին զինքը մեկնիլ անմիջապէս իր ծնողաց քով, առանց կարենալ յայտնելու օրիորդին իր սէրը…

Երկու ամիս կ՚ըլլար որ մկնած էր Զուիցերիայէն, ու վայրկեան մը իսկ չէր կրցած մոռնալ Սկովտուիին յիշատակը։ Երեւակայութիւնը կը թռչէր միշտ դէպ ի հոն, դէպ ի այն հեռաւոր հորիզոնը, ուր կ՚ապրր պաշտուած էակը։

Ու այդ առտուն ալ ինչպէս միշտ՝ երբ Տիգրանեան թախծոտ մտասեւեռումով մը անցած աղուոր օրերուն վերյուշումովը կը գինովնար՝ իր քոյրը եկաւ սթափեցնել զինքը, ձեռքը նամակ մը բռնած։

Զուիցերիայից է գալիս, ըսաւ օրիորդը ժպտելով։

Երիտասարդը յափշտակեց վարդագոյն հոտաւէտ պահարանը եւ բացաւ զայն։

Քոյրը ծառի մը յենած սպասեց՝ ծիծաղկոտ աչքերը եղբօրը վրայ յառած։

Տղուն աչքերը երկար ատեն սեւեռած մնացին թղթին վրայ, թէեւ սա քանի մը տողերը միայն գրուած էին հոն կանացի նուրբ տառերով…

«Պարոն,

Օր. Իրմա Ք… պիտի ամուսնանայ քանի մը օրէն Լօզանի Անգլիական հիւպատոսին։ Գիտնալով թէ այս լուրը որքա՛ն կը հետաքրքրէ Ձեզ, չուզեցի զայն առաջին անգամ Ձեզ հաղորդելու հաճոյքէն զրկել ինքզինքս։

Տիկին Վիլանի»։

Տիգրանեան ծալլեց վերջապէս նամակը եւ քրոջը նայեցաւ յուզուած։

Սիրուն բաներ է գրել… Օր. Իրման, չէ՞…, ըսաւ աղջիկը մօտենալով։

Այո՛… շա՛տ… պատասխանեց տղան նամակը անոր երկարելով, ու ձայնը խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ։

 

«Մասիս», 1904, 13 Մարտ, թիւ 11, էջ 165-170 (համահեղինակ՝ Արմէն Չրաքեան)