Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՐԵՒՆԵՐԸ

Պարտէզին ամէն կողմը ցանցնուած, իսկ ծառուղիներուն վրայ դիզուած են անոնք, թափուող տերեւները, անթիւ, անհամար, ու քայլերուս տակ խշրտուքով մը կը փշրուին պտտած ատենս։ Ու դեռ, ծառերուն տակէն անցած ատենս, հովը որուն մէջ աշնան սարսուռը կայ այլեւս տերեւի ցանցառ անձրեւ կը կը տեղացնէ գլխուս։

Ասոնք այն միեւնոյն տերեւներն են սակայն՝ որ գարնան ու ամրան՝ պրատէզին հրապոյրը, ծառերուն զարդն ու պերճանքը, ամառնային արդուզարդը կը կազմէին։ Եղանակը կը փոխուի եւ կ՚իյնան հիմա, կծկուած, ճրմրկած, տձեւ, դժգոյն ու կարկամ։ Ասոնք ճիշդ այն տերեւներն են՝ որոնց կեանքոտ կանանչը գարնան անձրեւէն ետքը, ա՛լ աւելի մաքուր, ա՛լ աւելի վառ ու փայլուն մելանուշ ժպիտ մը կ՚առնէր ու հմայք կը սփռէր ամէն կողմ. մինչդեռ հիմա աշնան տխուր, լալկան անձրեւը ծանր ծանր, կաթիլ ըաթիլ կը ճնշէ իրենց վրայ, վար կը թափէ, ցեխին ու տիղմին մէջ կը փակցնէ, կը թաթխէ ու կը փճացնէ այդպէս գետնաքարշ ու մոռցուած։

Մայրերնին ծառը որ իրենցմով կը հրճուէր ու կը փառաւորուէր դեռ երէկ՝ այսօր կը ցնցուի ու վար կը թօթուէ զիրենք։ Ի զուր իրենց վտիտ, անջիղ ցօղուններով կ՚ուզեն կառչիլ անոր, ո՛չ, ան չուզեր այլեւս զիրենք։ Որքան ատեն որ առոյգ էին, աղէ՛կ, կը սիրէր ու կը հպարտանար անոնցմով. բայց հիմա որ հիւծած են. կեանքի շրջանը անցուցած. հիմա որ մահուան չորցող ըալուկը եկաւ գրաւեց զիրենք աշունին հետ, լմնցա՛ւ, ալ չուզեր, պէտք է որ խամրին. ճակատագրային է ասիկա, ծառը որ կենդանի է՝ չկրնար մեռած տերեւներու հետ ապրիլ։ Եւ ինք պիտի շարունակէ ապրիլ՝ նորերու կեանք տալու համար յաջորդ գարունին։ Բնութեան օրէնքը։ Իբրեւ մայր՝ առանց վշտի չէ որ պիտի տեսնէ անոնց իյնալը. ո՜հ, ձմեռ մը ամբողջ իր մերկ ոստերը ձիւնին ու փուքին ենթարկած պիտի ողբայ, տխուր պիտի ըլլայ, հիւսիսի կատաղի հովին հարուածներուն տակ սուլումներ եւ վայրի մռնջիւններ պիտի արձակէ, պիտի թմրի. բայց բնութեան օրէնքը այդ վշտին ու սուգին համար ալ շրջան մը ունի։ Գարունը պիտի գայ դարձեալ. կապոյտ երկինքը պիտի ցոլայ գլխուն վերեւ, ջինջ ու անամպ, արեւը տաք ցոլքերով պիտի ժպտի դարձեալ. երակներուն մէջ հիւթը արագ շրջան պիտի սկսի ընել, նոր տերեւներ ծիլ պիտի արձակեն ու ինկնող տերեւները պիտի մոռցուին երթան։ Անկումին ետին մոռացում, ուշ կամ կանուխ, տարբերութիւն չընէր։

Չոր տերեւներով լեցուած ցամաք առուակի մը առջեւ կը կենամ ու իմ մարդու գաճաճ բարձրութենէս արհամարհանքով եւ արգահատանքով խառն նայուածք մը կ՚ուղղեմ այդ անկենդան, հինցած նետուած սնդուսէ կտորներուն։

Խեղճ տերեւներ, կը մեղքնամ ձեզի. գարուն մը, գարո՛ւն մը միայն ապրեցաք եւ ահա կը փճանաք. կը մոռնան ձեզի։ Ձեր ճակատագիրը աս է եւ ես՝ որուն համար մոռցուիլ չկայ, ձենէ տարբեր, ձենէ վեր էակ՝ կը մեղքնամ ձեզի, արգահատանքս կը շարժէք. բայց ի՜նչ ընենք, բնութեան օրէնք. մեր բաղդերը տարբեր են։

Խօլ խշրտուք մը կ՚ընդհատէ զիս։ Հովի յանկարծական հոսանքէ մը մղուած այդ չոր տերեւները հողին վրայէն վեր կը ցատկեն, անգիտակից խենդ պար մը կը սկսին դառնալ օդին մէջ, դարձդարձիկ, խառն ի խուռն, ոլորապտոյտ, անկանոն ելեւէջներով ու կայտռանքներով։

Ո՜հ չարաճճիները, այդ ցատրտուքով, այդ ներդաշնակ խշրտուքով կը ծաղրեն կոր զիս, իրենց հեգնանքը կը նետեն կոր երեսիս մարդկային ինքնապաստան արգահատանքիս ի պատասխան։ Իրենց խնդուքն է ատիկա, կը փախչիմ։

 

«Մասիս», 1904, 27 Մարտ, թիւ 13, էջ 202—203