Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՒԼԼԻ ԲՐԻՒՏՕՄ, ՀՈԳԵՒԱՐՔ

Հոգեւարքիս՝ դուք որ ինձ սիրտ պիտի տաք,

Բնաւ պէտք չէ որ խօսիք,

Ձգեցէք որ լսեմ քիչ մը ներդաշնակ

Երգ, որ ըլլայ մահս հեզիկ։

 

Երկրի հոգէն մենք կը հանգչինք նուագին

Կարթող թովքովն հեշտօրօր.

Սիրտս սրեցէք. բայց կը կրկնեմ թախծագին

Բնաւ մի խօսիք դուք անոր։

 

Ալ զզուած եմ բառերէ, չեմ ուզեր ալ

Ինչ որ սուտ է ու ցաւ է.

Հիմա ձայներ լոկ կ՚ուզեմ՝ զոր հասկնալ

Պէտք չէ, զգալ կը բաւէ։

 

Մեղմ նուագ մը՝ ուր մեր հոգին կը սուզի

Եւ որ առանց զգալու

Զառանցանքս պիտի փոխէ երազի

Եւ երազըս ալ մահու։

 

Հոգեւարքիս դուք որ ինձ սիրտ պիտի տաք

Բնաւ պէտք չէ որ խօսիք.

Թեթեւցնէ զիս քիչ մը երգ ներդաշնակ

Որ թող ըլլայ մահս հեզիկ։

 

Գացէք գտէք խեղճ կաթնտուս գիւղացի

Որ ոչխարներ կ՚արածէ.

Եւ ըսէք թէ քմահաճոյքս է օրհասի՝

Գերեզմանի եզերքէ՝

 

Մտիկ ընել իր երգելը մեղմ շեշտով

Հին անուշ մէկ եղանակ,

Պարզ, քաղցրաձայն եղանակ մը հոգեթով

Կիսաձայն ու միօրինակ։

 

Զայն կենդանի պիտի գտնէք, շատ երկար

Գիւղին մարդիկը կ՚ապրին.

Իմ պատկանած սերունդս արդէն չկրնար

Շատ հեղ կրկնել քսան տարին։

 

Զիս առանձին պիտի ձգէք անոր քով

Սրտով յառած իրարու.

Պիտի երգէ ան իր շեշտով հոգեխռով

Ձեռքը ճակտիս հոգածու։

 

Գուցէ սիրոյ միակ ցոլքը տակաւին

Պիտի պարտիմ այդ կնկան.

Իր երգը զիս պիտի տանի սրտովին

Հին օրերուս մանկական,

 

Որ սրտիս մէջ վերջին ժամուս չզգամ ես

Աւերումը փճացման,

Չխորհիմ ալ. մարդը մեռնի թող այնպէս

Ինչպէս ծնած էր տղան։

 

Հոգեւարքիս դուք որ ինձ սիրտ պիտի տաք

Բնաւ պէտք չէ որ խօսիք.

Ձգեցէք որ լսեմ քիչ մը ներդաշնակ

Երգ՝ որ ըլլայ մահս հեզիկ։

 

«Մասիս», 1907, 1 Դեկտեմբեր, թիւ 1, էջ 14-15