Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱԼԱՆՈՒԱԾ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԱՍԻՆԵՐԸ Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑԻՆ

Ա ղէտին միջոցին, քրիստոնեայ վաճառատուններէն թալանուած մեծաքանակ ապրանքները մեծ մասով փոխադրուեցան իսլամներու վաճառատունները, որոնք շատ մեծ հարստութիւններու տիրացան եւ մաս մ՚ալ շրջակայ գիւղերն ու քաղաքները եւ մինչեւ իսկ շատ հեռաւոր նահանգները փոխադրուեցան կառքով, ուղտերով եւ ջորիներով։ Իսկ տուներուն կահկարասիներէն արժէքաւորները գաղտագողի փոխադրուեցան մինչեւ հեռաւոր գաւառները, անարժէք կահկարասիներէն մաս մը տուներուն մէջ այրեցան եւ մաս մ՚ալ խուժանին տուներէն դուրս հանուելով մասնաւոր յանձնախումբի մը ներկայութեան յանձնուեցան իրենց տէրերուն, այն ալ շատ քիչերուն բաժին ինկաւ մէյ մէկ աթոռ կամ բարձ, պահելու համար իբրեւ յիշատակ իրենց փառաւոր կահ կարասիներուն։