ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԵՒ ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՋԱՐԴ ԵՒ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Օսմ[անեան] Սահմանադրութենէն ետքը կարծես ծրագրուած ու կազմակերպուած ահռելի ջարդը, միայն Ատանայի մէջ չ՚սահմանափակուեցաւ, այլ դժբախտաբար տարածուեցաւ Կիլիկիոյ ամէն կողմերը, քանդելով եւ աւերելով տանեակներով քաղաքներ ու գիւղեր, փճացնելով տասնեակ հազարաւոր անմեղ կեանքեր։

Սակայն այս ամենուն մէջ զարմանալին այն էր որ՝ շարժումը ընդհանուր էր եւ միաժամանակ, կարծես գաղտնի ոյժ մը կը հրամայէր ամենուն եւ կամ նախապէս ամէն ինչ որոշուած ու կարգադրուած էր։ Եւ այս ամենուն վրայ տեղական կառավարութիւններուն հետեւած թոյլ ընթացքն ու անտարբերութիւնը ա՛լ աւելի ծանրացուցին կացութիւնը։

Կիլիկիոյ ջարդին մէջ ինքնապաշտպանութեան դիմող քաղաքներն ու գիւղերը միշտ շահաւոր եղան, նոյն իսկ շատեր անվնաս ազատելով. իսկ անզէն եղողները կամ տգիտաբար զէնքը վար դնելով խուժանին յանձնուողները ջարդուեցան ու քանդուեցան անխնայ։

Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ պատահած կոտորած ու թալան եւ ինքնապաշտպանութիւններէն միայն կարեւորները պիտի ներկայացնենք, որոնք պատմուած են ականատեսներու կողմէ։