ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԸ

Ա տանայի մէնզիլ եւ Պօգլու Խանի մէջ իբր թէ կարգ մը Թուրքեր սպաննած ըլլալու ամբաստանութեամբ եւ սուտ վկաներով մահուան դատապարտուած են եւ վճիռն ալ գործադրուած է. Մսավաճառներ՝ Միսաք, Խաչօ, Գէորգ, Յովհաննէս, Արթին, Կարապետ։

Հետեւեալ ութը դատապարտեալներն ալ իբր թէ վերոյիշեալ խանին մէջ գտնուած են. Ռուբէն Պօյաճեան 15 տարի, Ապտիւլմսեհ Ստեփանեան 15 տարի, Սրճարար Մարսուպ 10 տարի, Մսավաճառ Նազար10 տարի, Վահան Թորիկեան 15 տարի, Խորէն Օտապաշեան15 տարի, Սամուէլ էֆէնտի Աւետիսեան10 տարի, Հալէպցի Մէհմէտ Չավուշը սպաննած ըլլալուն համար , մինչդեռ դժբախտ Սամուէլ էֆէնտին իր բազմանդամ ընտանիքը ամբողջութեամբ կորսնցնելէ ետքը հազիւ իր կեանքը կրցաւ ազատել ճիւաղներուն ձեռքէն։



Մսավաճառ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒԼՏՈՒԳԵԱՆ. Ատանայի մէջ անմեղօրէն կախաղան հանուած։

Տիգրան Թադիրոսեան15 տարի, իբր թէ տունէն զէնք արձակելով թուրք տղայ մը սպաննած ըլլայ, մինչդեռ ջարդի միջոցին յոյնի մը տունը կեցած էր։

Ատանայի անուանի ոսկերիչը Աստուր Պագլայեան 15 տարի, (20 Փետր 910ին Ատանայի բանտին մէջ մեռաւ շղթաներու տակ, բոլորովին անմեղ) իբր թէ ընդհարման միջոցին տունէն զէնք պարպելով Թուրք մը սպաննած է, մինչդեռ հանգուցեալը տարիքոտ մէկն ըլլալով կեանքին մէջ զէնք չէ գործածած եւ թէ մանաւանդ գույումճը Աստուր աղայի տունին եւ Թուրքին սպաննուած վայրերը քննուելով հաստատուած է թէ տունէն արձակուած գնդակով չէր կրնար վիրաւորուիլ եւ մեռցնել հոն մէկը, այսու ամենայնիւ որոշումը տրուած էր։

Գորգավաճառ Միսաք՝ ցկեանս թիապարտութեան, իբր թէ շուկան գտնուած եւ խուժանին ձեռքէն փախած ատենը ինքնապաշտպանութեամբ Թուրք մը սպաննած ըլլայ։

Կարապետ էֆէնտի Կէօկտէրէլեան, 3 տարի աքսորի դատապարտուած, իբր թէ ժողովուրդը գրգռած ըլլայ մինչդեռ բոլորովին սուտ եւ շինծու զրպարտութիւն է։ Կէօկտէրէլեան էֆէնտի ազատեցաւ միայն իր խօսելու եւ գրելու մէջ ունեցած չքնաղ կարողութեամբը, հակառակ պարագային շատոնց կախաղան ելած էր։

Թարսուսցի ատամնաբոյժ Հաճի Պարոնեան 3 տարի, Թարսուսի ջարդին միջոցին ինքնապաշտպանութեան դիմած ըլլալու ամբաստանութեամբ։

Վերոյիշեալներէն զատ ի բացակայութեան դատապարտուած են բազմաթիւ հայեր որոնց պատիժները ներուեցան միւսներուն հետ։