ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ՎԵՑ ԱՆՄԵՂ ՀԱՅԵՐՆ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱԽԱՂԱՆ ՀԱՆՈՒԵՑԱՆ

1909 Մայիս 28ի գիշերը, հարիւրապետ Չէրքէզ Ալի էֆէնտի՝ տասնեակ մը ոստիկաններով եւ բազմաթիւ սուինաւոր զինուորներով կ՚երթայ զնտանին դուռը բանալու։ Շղթաներու տակ տապլտկող Միսաք ընդոստ ոտքի կ՚ելլէ ու անժամանակ այցելութեան պատճառը կը հարցնէ։ Հարիւրապետը պաղարիւնութեամբ մօտենալով կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, Միսա՛ք, բան մը չկայ, միայն թէ այս գիշեր Փայասի բերդը պիտի երթանք, ասոր համար զձեզ ճամբելու եկայ»։— Միսաք բերդը փոխադրուելն ալ շատ մեծ ու անտանելի պատիժ մը սեպելով կը բարկանայ։

Փայասի բերդը ղրկուելու համար ի՞նչ յանցանք ունեցեր ենք, Աստուծոյ սիրոյն, խղճացէ՛ք մեր վրայ, մենք ի՞նչ ըրինք, կէս գիշերին ի՞նչպէս պիտի երթանք, գոնէ ցորեկ ըլլայ, մեր ընտանիքները տեսնենք, հրաժեշտ տանք։

Հարիւրապետին ժխտական պատասխանին վրայ Միսաք կը ստիպուի իր Հայ ընկերներն արթնցնել։

Արթնցէ՛ք, եղբայրնե՛ր, արթնցէ՛ք. ելէք տեսէք թէ ո՞վ եկած է, ի՞նչ կ՚ըլլանք կոր, Կարապե՜տ, Յարութի՜ւն, Յովհաննէ՜ս, Գէո՜րգ, Խաչօ՜, ելէք, ելէ՛ք Փայաս պիտի երթանք եղեր։

Հինգ Հայ ընկերները կ՚արթննան եւ շղթաներու շառաչիւններով ոտքի կ՚ելլեն, ի զուր կ՚աղաչեն որ մի քանի ժամ յետաձգուի. տեսնելու համար իրենց ընտանիքն ու զաւակները եւ կը սկսին իրենց շուրջը գտնուողները ժողվել, յուսալով թէ Փայաս կ՚երթան։ Միսաք առաջ նետուելով.

Մենք քալելով չենք կրնար երթալ. մանաւանդ ես՝ ահագին ծանրութեամբ շղթաներովս, կը խնդրենք որ կառք մը վարձէք մեզի համար եւ կառքով երթանք Փայաս կամ ուր որ ուզէք…։

Դուք անհոգ եղէք, կը պատասխանէ, սպան, ձեզի համար մասնաւոր կառք պատրաստուած է կամուրջին գլուխը, մինչեւ հոն քալելով պիտի երթանք, եւ հոն կառքին մէջ նստելով միասին կ՚երթանք։

Քանի որ այդպէս է, հոգ չէ՛. կ՚ըսեն մահապարտները Աստուած կեանք տայ մեր Սուլթանին։

Վեց Հայերն իրենց ունեցած անկողին եւայլ, միասին տանիլ կ՚ուզեն կառքին մէջ դնելու համար, հարիւրապետն թող չտար, համոզելով թէ չյոգնին, զինուորները կը տանին իրենց ետեւէն։

Վեց Հայերն երկուքական հոգի իրարու քով կապելով՝ վիզերնին կ՚անցնեն հաստ օղակներ իրարու կցուած, եւ երբ դուրս կ՚ելլեն զնտանէն, զարմանքով կը տեսնեն ինը հատ Թուրք մահապարտներ, որոնք դուրսը երեքական հոգի կապուած էին։ Հայերուն եւ Թուրքերուն շղթաները միացնելով, երեք խումբի կը բաժնեն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բաղկանար երեք Թուրքէ եւ երկու Հայէ։ Այս տխրասարսուռ խումբերը մութին մէջէն երեք տարբեր ճամբաներէ կ՚առաջնորդուին Ատանայի երեք կեդրոն տեղերը, կամուրջին գլուխը, պուղտայ պազարին եւ երկաթուղիի կայարանը՝ Անգլիական հիւպատոսարանին առջեւ։



ԳԱՍԱՊ ՄԻՍԱՔ. Ատանայի մէջ անմեղօրէն կախաղան հանուած։

Աննման Միսաքը՝ Թուրք թաղին մէջ կամուրջին գլուխը կախել որոշուած ըլլալով, կը տանին հոն եւ կը կեցնեն կախաղանին քով։ Փայաս երթալու յոյսով եկած Միսաքը երբ կախաղանը կը տեսնէ, շանթահար եղած, կառքին ուր գտնուիլը կը հարցնէ զինուորներուն եւ զինուորները փոխանակ կառքի կը ներկայացնեն քահանայ մը, որ առանց իր մեծին խորհուրդ հարցնելու, մէկ լուրով վազած եկած էր խոստովանեցնելու մահապարտ հայերը։ Միսաք երբ քահանան կը տեսնէ կը հասկնայ ամէն ինչ. կը փրփրի կը կատղի, պահ մը կը յիշէ իր ընտանիքը, մայրը կինն ու զաւակները եւ բարձրաձայն կուլայ։ Քահանան մխիթարելու փորձեր կ՚ընէ եւ խոստովանցնել կ՚ուզէ, Միսաք չուզեր լսել, քանի որ իր անմեղութեան գիտակցութիւնն ունէր։

Տէր Հա՛յր, անմեղ կը կախուիմ, յանցանք չունիմ, Ազգս ընտանիքիս տէր թող ըլլայ, ծէրունի եւ անտէր մայրս ու կինս, զաւակներս Ազգիս խնամքին կը յանձնեմ, Ազգս գոնէ ընտանիքս թող խնամէ, կ՚ըսէ մեր սիրելի Միսաքը։

Միսաքի ընկերը՝ Գասապ Խաչօ (Խաչեր) զայրացած, հոգեւարքի զառանցումներ կ՚ընէ եւ իբր թէ կրօնափոխութեան խօսքեր կ՚արտասանէ, թերեւս ազատելու յոյսով։



Մսավաճառ ԿԱՐԱՊԵՏ ՊՈՒԼՏՈՒԳԵԱՆ. Ատանայի մէջ անմեղօրէն կախաղան հանուած։

Միսաք կախաղանին աթոռին վրայ ելած ատեն կ՚աղաչէ որ մէկ երկու վայրկեան թոյլատրեն մի քանի տուն ոտանաւոր (շիիր կամ տէսթան) խօսելու։ Մեր Միսաքը աշրգ (ժողովրդական բանաստեղծ) էր եւ գեղգեղանքով մը կ՚երգէ լալահառաչ եւ արտասուալից աչքերով։—

«Էֆէնտիմ ա՜հ, թէճէլլիմ պու, աճապ հալըմ գընանը՞ր մը»։

«Գատէրիմ պէօյլէ եազըլմշ, գարա պախթըմ ույանը՞ր մը»։

«Մէվթիմէ սեպէպ օլանըն քէնտիրլէրի եաղլանը՞ր մը»,

«Պաշը աչըգ, եալըն այագ, պէնիմ կիպի սալլանը՞ր մը»,

«Պունէ հայ տըր, Գասապ Միսաք, պու տուրուշա ճան տայանը՞ր մը»,

«Գուզու կիպի ասըլմըշսըն, կէօրէն կէլտիմ իւրեան կիպի»,

«Էվլատըմա հասրէթիմտէն, չէշմիմ ագար սէյհան կիպի. »

«Տար աղաճը հազըրլանմըշ պէնի պէքլէր մէհման կիպի», [1]

«Էլիմ պաղլը տուրտուրտըլար, աման Ալլա՜հ գուրպան կիպի»,

« Պու նէ՞ հալ տըր. Գասապ Միսա՛ք, պու տուրուշա ճան տայանը՞ր մը»,

«Գուզու կիպի ասըլմըշսըն, կէօրէն պունա ինանը՞ր մը»։

«Գարըմ, պաճըմ մէճնուն կիպի, անամ աղլար Միսաք նէ՞րտէ»,

«Պիրիճիք էվյատընը կէլսին կէօրսիւն շու քէնտիրտէ»,

«Եալվարսըն զանի մէվլայա պէլքի ահը գալմազ եէրտէ»,

«Տիւնեատա վար իսէ Ալլահ, իճրա էաէճէք պիրկիւնտէ»։

Զինուորներն իսկ կը սկսին լալ եւ ցաւիլ աննման երիտասարդին վրայ եւ կ՚ըսուի թէ պահ մը իրենց հարիւրապետէն խնդրած են որ մէկ քանի ժամ յետաձգուի Միսաքին կախուիլը։ Շրջակայ տուներէն բարեսիրտ թրքուհիներ բարձրաձայն կը գոչեն «Մե՜ղք է Գասապ Միսաքին երիտասարդութեանը, խղճացէ՛ք Աստուծոյ սիրոյն այդ աննման քաջին վրայ»։ Որովհետեւ Միսաքը չճանչցող չկար Ատանայի մէջ. մեծ ու պզտիկ, Հայ եւ Թուրք՝ ամենքն ալ գիտէին եւ անձամբ կը ճանչնային աննման Միսաքը։

Միսաքը չուանը վիզը անցնելէ առաջ Հարիւրապետին դառնալով կ՚ըսէ։

«Գրպանս մէճիտիյէ մ՚ունիմ, վաղն առտու այս դրամով երկու սնտուկ կազօզ առ եւ մէկը մեր եկեղեցւոյ դուռը, միւսը ձեր մզկիթին դուռը տանելով հայրենակիցներուս խմցուր իմ հոգւոյս համար։ Իսկ սա կօշիկս ու ֆէսս մօրս տուր, ուրիշ բան չունիմ տալիք, ասոնց վրայ թող նայի եւ յիշէ իր Միսաքը, Մնաք բարով ամեննուդ, անմեղ կը մեռնիմ…» եւ չուանը կ՚անցնէ վզին ու ոտքի տակին աթոռը կը քաշուի։ Տասը վայրկեանի չափ տապլտկելէ ետքը Միսաքը վերջին շունչը փչած էր։



Վեց անմեղ Հայերու եւ ինը Թուրքերու կախաղանները 28 Մայիս 1909։

Պուղտայ պազարի հրապարակին վրայ նոյն վայրկեանին մսավաճառ երեք եղբայրներէն երկուքը քովէ քով կը կախուէին, եւ զինուորներէն կը խնդրէին որ մէկը միւսէն առաջ չի կախուի, գոնէ իրարու կախուիլը չտեսնելու փափաքով, եւ պաղատանօք կ՚աղաչէին որ իրենց երկուքին չուանները միասին անցնեն վիզերնին, ինչ որ չէ խնայուած։ Աւելի անդին՝ երկաթուղիի կայարանին մօտ՝ Անգլիական Հիւպատոսին տունին առջեւ կախուող Հայերն «օգնութի՜ւն Տէր Հիւպատոս» կ՚աղաղակէին ազատելու յոյսով, եւ հիւպատոսը նախապէս արդէն տեղեակ՝ տունին պատշգամէն կը դիտէր անոնց կախաղան բարձրանալը։

Հետեւեալ օրը կայծակի պէս տարածուեցաւ շանթահարիչ լուրը, դրդրելով մնացած Հայերուս արդէն տակն ու վրայ եկած սիրտերը։ Փարթամ կազմով Միսաքը կը ճօճար օդին մէջ, աչքերը բաց, լեզուն դուրս ինկած, սրունգներն ուռած եւ սեւցած։ Միտաքին անշունչ դիակն իսկ սարսափ կ՚ազդէր թշնամիներուն, հեռաւոր գիւղացիներ անգամ վազած եկած էին, տեսնելու Ատանայի անուանի կտրիճ Միսաքը կախաղանին վրայ։

Անմեղ Հայերուն անշնչացած դիակները կախաղանին վրայ մնացին մինչեւ կէս օր, փայտացած դիակները վար առնուելով աղբի կառքերով փոխադրուեցան գերեզմանատուն, որոնց ետեւէն կերթային կախաղան ելլողներուն ազգականներն ու բարեկամները եւ անթիւ Հայեր լաց ու կոծերով։ Մանաւանդ Պուլտուգեան երեք եղբայրներուն եւ Միսաքին մայրերը խելակորոյս վիճակով, մազերնին կը փեթտէին եւ քարերով կուրծքերնին կը ծեծէին գոռում գոչումներով, որոնց հանէդպ չի յուզուող եւ չի լացող մարդ չի մնաց։



[1]            Մեր սիրելի Գասապ Միսաքը՝ այս տողերուն պարունակութեանցը մօտ ողբ մը երգեր է, զոր այս կերպով կարգաւորեր եւ չափաւորեր է Ատանայի ժողովրդական բանաստեղծը Պ. Լեւոն Էպէեան։