Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՔՐԻՍՏ[ՈՆԵԱՅ] ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ատանայի Պատերազմական Ատեանին, Ատանայի կուսակալ Մուսթաֆա Զիհնի փաշայի, քննիչ Յանձնաժողովին, «Իթթիհատ Թէրագգը» կուսակցութեան Սելանիկի կեդրոնին, եւ մեծ Եպարքոսութեան.

«Ատանայի եւ շրջակայից քրիստոնեայ ժողովուրդը՝ վերջին ատեններս ենթարկուած մեծ կորուստին եւ վերջը իրենց մասին տեղի ունեցած կարգ մը զրպարտալի վերագրումներուն մասին խորին ցաւը կը յայտնէ, եւ այս առթիւ հետեւեալ կէտերը պարզել կ՚ուզենք։

Մենք որ Ատանայի եւ շրջակայից քրիստոնեայ ժողովուրդին ներկայացուցիչներն ենք, սկիզբէն ի վեր սահմանադրութեան եւ սահմ[անադրական] կառավարութեան անկեղծ հաւատարիմն ըլլալով, անոր շարունակութեանը եւ յաջողութեանը համար թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս աշխատած ենք։ Իբրեւ ճշմարիտ Օսմանցիներ մեր փափաքն ու ջանքը եղած է յիշեալ սահմանադրութիւնը եւ սահմանադրական կառավարութիւնը պաշտպանել ու միշտ անոր ծառայել եւ անոր անկեղծ բարեկամներուն կողմը գտնուիլ։ Մեր մասին վերագրուած երեւակայական ապստամբութեան դէմ խստիւ կը բողոքենք։ Մենք բնա՛ւ եւ երբէք չապստամբեցանք, մենք միայն աղէտեալ եւ հաւատարիմ հպատակներ ենք։ Կարգ մը բռնապետ եւ կրօնամոլ մարդոց նախանձներուն եւ ըրած դրդումներուն զոհուեցանք։ Երկինքն ու երկիրը սոսկացնող այս խռովութիւններէն խիստ մեծ վնասներու ենթարկուած ենք։ Մենք օսմանեան կառավարութեան հաւատարիմ հպատակներ ըլլալնիս՝ ցաւալի դէպքին սկիզբը եւ վերջը կառավարութեան մօտ մեր կատարած դիմումներով հաստատուած ենք։

Մենք հիմա եւս սահմանադրութեան ու Սահմ[անադրական] կառավարութեան հաւատարիմ ըլլալնիս կրկնելէ ետքը, մեր սուրբ հայրենիքին ճշմարիտ օգուտը մեզմէ ինչ որ կը պահանջէ անիկայ ընելու պատրաստ ըլլալնիս կը յայտնենք, եւ մեր ենթարկուած վնասներուն հետեւանքով բնաւ եւ երբէք վրէժի զգացում չի սնուցանելնիս կը յայտարարենք։ Մեր բոլոր իսլամ հայրենակիցներէն կը խնդրենք որ հասկնան թէ տարբեր տարրերէ կազմուած Օսմանեան մեծազօր տէրութեան յառաջդիմութիւնը միայն միութեամբ եւ համաձայնութեամբ կարելի է։ Սահմանադրութեան հրատարակուած ատենը երեւան եկած եղբայրութիւնն ու սէրը նորէն թող երեւան գան, ո՛չ մէկ մարդու անիրաւութիւն ըլլալու չէ, ամբողջին համար ալ հաւասար արդարութիւն եւ անաչառութիւն գործադրուելու է, հայրենիքին սրտին մէջ բացուած այս վէրքին դարմանումը՝ ներկայի եւ ապագայի գոհացուցիչ ընթացքով ապահովուելու է։ Մէկ խօսքով միութիւնն ու եղբայրութիւնը հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը իրականանալու են։ Մենք անկեղծ օսմանցիներ ըլլալով երկրին եւ մեծազօր հայրենիքին երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը սրտանց կը փափաքինք, եւ այս բարի նպատակին իրագործմանը համար աշխատող մեր Վեհափառ կայսեր, մեր երիտասարդ թուրք եղբայրներուն, «Իթթիհատ Թէրագգը» կուսակցութեան, մեծազօր շարժուն բանակին եւ սահմ[անադրական] կառավարութեան հաւատարիմ եղող բոլոր անկեղծ օսմանացիները սրտանց կը սիրենք եւ անոնց հետ համաձայն եւ մասնակից ըլլալնիս կը յայտարարենք»։

16 Յունիս1909