Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ


Օսմանեան մեծազօր ազգին ճշմարիտ փոխանորդներէն կազմուած երեսփոխանական ժողովին,

Հայրենասէ՛ր էֆէնտիներ

«Ատանայի եւ շրջակայ քրիստոնեայ ժողովուրդը Ապրիլ ամսոյ սկիզբները, երկու տարբեր անգամներ հինգ օր ջարդուեցաւ, թալանուեցաւ եւ հրկիզուեցաւ։ Մեր ժողովուրդներէն հազարաւոր անձեր առանց պատճառի ջարդուեցան, հարիւր հազարաւոր ոսկինոց ինչքերնիս թալանուեցան, եւ միլիոնաւոր ոսկիներ արժող մեր տուները, խանութները, եկեղեցիները, դպրոցները, ագարակները եւ այգիի տուները քարիւղով հրկիզուեցան։ Ատանայի նահանգը ո՛չ իսլամ ժողովուրդին համար աւերակոյտ գերեզման մը եղած է։ Ինչպէս որ գիտէք, ամէն գործ պատճառ մը կ՚ունենայ եւ այն պատճառին բաւականաչափ ըլլալը հարկ է։ Մենքն, Ատանայի եղեռնական դէպքը չենք կրնար մեկնել, եւ զայն արդարացուցիչ գտնելու համար, ոչ մէկ պատճառ չենք կրնար տեսնել։ Այս մասին մեր միտքը եկած պատճառը, միայն մեր քրիստոնէութիւնը, յառաջդիմասէր ըլլալնիս եւ սահմանադրութիւն հրատարակուած ատենը շատ ուրախանալնիս է, բայց ասոնք յանցանքներ չեն կրնար ըլլալ։

Կառավարական պաշտօնեաներէն ոմանք՝ «այս դէպքը երկնային հրաման մ՚է, կամ յանկարծակի եւ կամ պատահաբար տեղի ունեցող աղէտ մ՚է» կ՚ըսէն, սակայն այս կարծիքը մեզի շիտակ չ՚երեւար։ Առատագութ եւ արդարասէր Աստուածը՝ չենք կարծեր թէ Ատանայի եղեռնին պէս ամենախուժդուժ աղէտ մը յարմար դատէ, ասիկա անկարելի է եւ չըլլար։ Նոյն իսկ պատահաբար եւ կամ յանկարծակիի տեղի ունեցած այս տեսակ աղէտի մը պատահիլը անկարելի է, քանի որ որոշապէս յայտնի է թէ՝ գործին մէջ կանխամտածութիւն կայ։ Երկրաշարժ եւ ուրիշ դէպքերու պէս բնական աղէտներ միայն պատահաբար տեղի կ՚ունենան։



Հայ նահատակներու աճիւններ ցորենի արտերուն մէջ։

Կարգ մը աւելի խելօք մարդիկներ՝ սահմանադրութեան պայքարի հետեւանք, կամ տգիտութեան եւ կավ կրօնամոլութեան հետեւանք ըլլալը կը յայտնեն, սակայն Սահմանադրութեան դատը միայն մերը չէ, անիկա երիտասարդ թուրքերուն, «Միութեան եւ յառաջդիմութեան» կուսակցութեան, մեծազօր շարժուն բանակին եւ բոլոր անկեղծ օսմանցիներուն դատն է, եւ այս դատին համար, միայն մեր ոչնչացումը չի վայելեր։ Գալով տգիտութեան եւ կրօնամօլութեան, անոնք այս կողմերը միշտ գտնուած են թէեւ, սակայն այս տեսակ աղէտներ մինչեւ հիմա երբէք տեղի ունեցած չէն։

Կարգ մը վատ անձեր ալ այս դէպքը յետադիմութեան կամ ապստամբութեան եւ կամ Հայկական իշխանութիւն ձեռք բերելու վերագրել ուզեցին։ Սակայն քրիստոնեաները յետադիմական անուանելու համար մտածել եւ բերանն առնելն իսկ շատ անվայել բան մ՚է, որովհետեւ այս պարագան ոչ մէկ մտածող մարդ կ՚ընդունի։ Վասն զի սահմանադրութեան պէս աշխարհարժէք բարիքի մը՝ քրիստոնեաներու մերժելը ամենամեծ վատութիւն մը պիտի ըլլար, ապստամբութեան եւ անկախութեան կէտերուն գալով, անոնց բնականապէս եւ քաղաքականապէս անկարելի եւ անօգուտ ըլլալը ընդհանուրին յայտնի ըլլալէ զատ, քրիստոնեաներուն այս տեսակ ընթացքի մը մէջ գտնուելնուն ոչ մէկ փաստ տեսնուած է։ Հետեւաբար մեզի ասանկ շինծու յանցանք մը վերագրելը ծաղրելի զրպարտութիւն մ՚է եւ շնորհակալ ենք որ՝ նախարարական յայտարարութիւնով այս զրպարտութիւնը հերքուեցաւ։

Ուրեմն այս դէպքին ճշմարիտ պատճառը խիստ կարեւոր եւ շատ մութ գաղտնիք մ՚ըլլալու է։ Յուսալից ենք թէ՝ ազգին ճշմարիտ փոխանորդներէն կազմուած երեսփոխանական ժողովը՝ այս գաղտնիքը եւ յիշեալ դէպքին ճշմարիտ պատճառները պիտի ցուցնէ եւ պիտի յայտնէ։ Այս մասին բուն պատճառը գտնելու համար, մեր համոզումները եւ տեսութիւնները կը պարզենք հետեւեալ կերպով։



Հայ նահատակներու նշխարներ դաշտերու մէջ։

Ա. Ատանայի եւ շրջականերուն մէջ ասանկ մեծ եւ վտանգաւոր փճացումի մը պատճառ եղող տեղական պաշտօնեաները եւ իսլամ ժողովուրդէն շատերը միաձայնութեամբ գործեցին։

Բ. Հայրենիքի թշնամի եւ Ատանայի քրիստոնեաներուն ոխերիմն եղող կարգ մը վատ անձեր՝ Պոլսոյ կեդրոնական կառավարութեան մօտ հայոց մասին կարգ մը զրպարտալից հեռագիրներ տուած են։

Գ. Ատանայի դէպքին եւ Պոլսոյ յետադիմական շարժումին միեւնոյն ատեն հանդիպելէն կը հետեւցուի թէ՝ երկուքին մէջ կապ մը կայ։

Դ. Ատանայի ցաւալի դէպքին սկիզբը, տեղական կառավարութիւնը ջարդարար եւ թալանող խուժանին միացաւ եւ օգնեց։

Ե. Թէ՛ Ատանայի եւ թէ՛ շրջականերուն մէջ կատարուած ջարդին եւ փճացումին միեւնոյն ատեն սկսելէն եւ միեւնոյն կերպով կատարուելէն կը հասկցուի թէ՝ մասնաւոր ծրագիր մը ազդեցութիւնով տեղի ունեցած են։

Զ. Ապրիլ 12 եւ 13ին տեղի ունեցող Ատանայի եղեռնին մեծ մասը՝ դիտմամբ դրդուած Օսմանեան զինուորներուն կողմէ կատարուեցաւ։

Է. Քրիստոնեաներուն խանութներէն եւ տուներէն թալանուած ապրանքներն ու կահկարասիները ետ առնելու համար տեղական կառավարութիւնը անկեղծ ջանք մը ցոյց չի տուաւ։

Ը. Մարդասպաններն ու ոճրագործները եւ յանցաւորները գտնելու եւ պատժելու համար, Պատ[երազմական] Ատեանը ակամայ եւ անարդար շարժեցաւ։

Թ. Իրենց շրջանակին մէջ գտնուած քրիստոնեաները պաշտպանող պաշտօնեաները՝ իրենց դիրք ու պաշտօններէն հանուեցան։

Ժ. Ոչ մէկ ժողովուրդ եւ զինուոր մինչեւ որ ամէն կերպով ոյժի մը վրայ չի վստահի Ատանայի եւ շրջականերուն մէջ տեղի ունեցածին պէս, ոճիրներ գործելու չի համարձակիր։

Ուստի այս կէտերը աչքի առջեւ գտնուելէն ետքը՝ արդեօք Ատանայի եղեռնին պատճառ եւ պատասխանատու, կազմակերպիչ եւ դրդիչները որո՞նք կրնան ըլլալ։ Այս կէտերը Ձեր խորին ուշադրութեան եւ խորհրդածութեան կը յանձնենք։ Թէեւ Ատանայի ցաւալի դէպքերէն ետքը, մի քանի Պատ[երազմական] Ատեաններ կազմուեցան, սակայն կը ցաւինք որ անոնք արդարութեան եւ գործադրութեան տէսակէտով շատ թերի գտնուեցան. պատճառ եւ պատասխանատուներ չի փնտռեցին, միայն մի քանի պարզ ոճրագործներով զբաղեցան, անմեղ քրիստոնեաներ դատապարտեցին, եւ ոճրագործ իսլամները ազատեցին։ Նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյը՝ Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի փաշան, Էրզինի միւթէսարըֆ Ասաֆ պէյը, Իթիտալ լրագիրի խմբագրապետ Իհսան ֆիքրին, Պաղտատի զատէ Ապտիւլ գատիրը եւ ասոնց արբանեակները կամ անմեղ արձակեցին եւ կամ շատ չնչին յանդիմանութիւններով միայն գոհացան։ Պատ[երազմական] Ատեանները չի մտածեցին թէ՝ կարգ մը ոճրագործները պաշտպանելով հայրենիքը կը կործանի, մեր սահմանադրութեան ապագան վտանգի կ՚ենթարկուի։ Մարդկութեան եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան արատ բերող Ատանայի եղեռնը ասանկ թեթեւ եւ անկարեւոր կերպով քննել, դատել եւ արդարութեան հակառակ դատապարտելը ցաւալի է, եւ այս վիճակը իսլամներուն քաջալերութիւն ու քրիստոնեաներուն ընդհակառակը տխրութիւն եւ յուսահատութիւն պիտի պատճառէ։ Օսմանեան բոլոր նահանգները Ատանայի կը նային, բոլոր Աշխարհը Ատանայի մէջ գործադրութիւն տեսնել կ՚ուզէ, եւ Աստուած ալ Արդարութիւն կը պահանջէ։ Կը յուսանք թէ՝ այսչափ պահանջներն ու յոյսերը պարապ չպիտի ելլեն։ Ֆրանսական կառավարութիւնը՝ Տրէյֆիւսի խնդրին համար տարիներով զբաղեցաւ։ Ազատութեան նահատակ Միտհաթ փաշայի որդին իր հայրը արդարացնելու համար կ՚աշխատի։ Արդեօք Ատանայի դէպքը ինչո՞ւ մանրամասնութեամբ չի քննուի, եւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը երեւան չ՚ելլէ։ Օսմանեան Ազգը կազմող տարբեր տարրերուն միութեամբ եւ համաձայնութեամբ ապրելնուն համար, այս կէտին գործադրութիւնը անհրաժեշտ պէտք մ՚է, մեր օրհնեալ հայրենիքին ներկան ու ապագան ապահովելու համար այս դէպքին կարեւորութիւն տալ պէտք է, մանաւանդ որ այս դէպքը մոռնալու եւ մտքէ հանելու համար արդարութեան գործադրութիւնը անհրաժեշտ է։ Հոս գործադրուելիք արդարութիւնը՝ մեր հայրենիքը պիտի ազատէ, եւ հոս տեսնուելիք անարդարութիւնը՝ մեր ամբողջ ապագան պիտի խորտակէ։ Ատանայի դէպքը մեր Օսմանեան Սահմանադրութեան ճակտին վրայ սեւ արատ մը, եւ մեր օրհնեալ հայրենիքին սրտին մէջ դժուար դարմանուելիք վէրք մըն է, ասոր միակ միջոցը եւ դարմանը՝ արդարութեան գործադրութիւնն է, ուրիշ ո եւ է միջոց փափաքուած արդիւնքը չի տար։ Հետեւաբար ճշմարիտ օսմանցիութեան եւ հայրենասիրութեան անունով արդարութեան գործադրութիւնը կը պահանջենք։ Վերջապէս Ձեր արդարադատութենէն մեր փափաքն ու խնդրանքը հետեւեալներն են.

1. Ատանայի եղեռնը մանրամասնութեամբ քննուելու եւ արդարութիւնը երեւան հանելու եւ գործադրելու համար բացառիկ խառն յանձնաժողովի մը կազմուիլը։

2. Ատանայի ցաւալի դէպքերուն պատասխանատու դրդիչ եւ խուժանապետներէն եղող 40—50 անձերու ընդանուրին օրինակ ըլլալու համար կախաղան հանուիլը։



Ատանայի աղէտեալներուն օգնութեան հասնող «Կարմիր Խաչ» ընկերութեան պաշտօնեաները ժողովուրդին մէջ։


3. Ատանայի նահանգին մէջ գտնուելով, դրականապէս ջարդին, թալանին եւ հրկիզումին մասնկցած եւ կամ լռութեամբը յիշեալ աւերումները թոյլադրած բոլոր իսլամ ժողովուրդէն դրամական տուգանք առնուելով, քրիստոնեաներուն վնասները հատուցուիլը։

4. Ատանայի աւերիչ դէպքին հետեւանքով այրի եւ որբ մնացած հազարաւոր դժբախտ անպաշտպաններուն պատսպարման եւ պաշտպանմանը համար յարմար միջոցներ գործադրուիլը։

5. Մեր վաճառականներուն ու երկրագործներուն վնասուած վիճակը նկատի առնելով՝ անոնց համար յարմար եւ ազդու միջոցներ պատրաստուիլը, մինչեւ որ մեր նահանգին տնտեսական վիճակը քիչ շատ կանոնաւորուի։

6. Քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաներու՝ իրենց շրջանակին մէջ, այսպիսի աղէտ մը պատահած ատեն, նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյի, կամ ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի պէյի պէս թոյլատու գտնուած ատեն, եւ կամ արգիլելու չաշխատած պարագային մահուամբ պատժուիլը որոշող նոր օրէնքի մը ընդունուիլը։ Կուսակալները, Ֆէրիքները, կառավարիչները, գայմագամները միայն ամսական առնելու համար պաշտօն վարելու չեն, այլ ի հարկին հայրենիքին ու ազգին ծառայելու եւ եթէ պէտք ըլլայ անոր համար մեռնելու մասին պատասխանատու ըլլալնին գիտնալով՝ ըստ այնմ վարուելու են։ Մեր իմացածին համեմատ, այս մասին օրինական տրամադրութիւն մը չի գտնուելուն համար՝ նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյ եւ Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի փաշա այս առիթէն օգտուելով օձիքնին ազատած են։ Ուստի մենք մեռանք, գոնէ ուրիշներ չի մեռնին, Ատանայի նահանգը քանդուեցաւ, գոնէ ուրիշ նահանգներ այս տեսակ վտանգներէ զերծ մնան։

7— Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ մինչեւ հիմա մեր տեսած օգնութիւններուն ու ցաւակցութիւններուն առթիւ վերջին աստիճան գոհ եւ շնորհակալ ըլլալնիս կը յայտնենք, միայն թէ յիշեալ նպաստները մեր մեծամեծ պէտքերուն չի բաւելուն համար, մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն վերաշինութիւնը եւ ձմեռուան ատեն թշուառներուն պատսպարման եւ պէտքերուն համար պէտք եղած դրամական միջոցներուն՝ օր առաջ ղրկուիլը կը խնդրենք։

Վերոյիշեալ կէտերը՝ եւ մեր պահանջները Ձեր արդար խորհրդածութեան եւ ուշադրութեան յանձնելէ ետքը, կը յուսանք թէ՝ բոլոր խնդիրները հայրենիքին եւ ազգին ու ճշմարիտ Օսմանցիութեան պատուոյն ու արդարութեան յարմար կերպով մը կարգադրելով թէ՛ զմեզ եւ թէ՛ մանաւանդ աղէտեալ ու դժբաղդ Ատանայի Օսմանցի քրիստոնեաները շնորհապարտ պիտի թողուք։ Այսպէս կարգադրուիլը կրկին անգամ կ՚աղաչենք եւ կը պաղատինք»։

Հայրենիքը սիրող եւ անոր ճշմարտապէս հանգստութիւնն ու երջանկութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը սրտանց փափաքող՝

Ատանայի քրիստոնէից Կրօն[ական] Պետերը

12 Նոյ. 1909