ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲՈՂՈՔՆԵՐԸ

֎
Կառավարութեան կողմէ ղրկուած Քննիչ Յանձնաժողովի անդամ Յարութիւն էֆ[էնտի] Մոստիչեանի գրած կարեւոր հեռագիրներէն մէկը Զոր ստորագրած են նաեւ իր ընկերները Ֆաիգ եւ Էսաֆ Րաուֆ պէյերը
(Խիստ ստիպողական հեռագիր)
Մեծ Եպարքոսութեան Ներքին Գործոց Նախարարութեան

«Հայերը՝ որոնց բոլոր գոյքերն ու կարասիները թալանուած բնակարանները, խանութներն ու ագարակները հրկիզուած, բազմաթիւ անհատները սպաննուած, աղջիկներն ու մանկամարդ կիները փախցուած են, հաշտուելու համար մեր ըրած առաջարկը ընդունելով իսլամ ժողովուրդին հետ համբուրուեցան։ Աղէտեալ ժողովուրդին կառավարութեան հանդէպ տաքցնելու պէտքը բացատրուած ու շեշտուած էր հազարապետ Տիգրանակերտցի Նէտիմ էֆ[էնտի]ի որուն բարեմտութիւնը կասկածելի է։ Յիշեալը՝ Յանձնաժողովիս Տէօրթ Եօլէն մեկնելէն անմիջապէս ետքը՝ Հայոց առաջնորդական փոխանորդը Տ. Սահակ քահանան եւ հայոց երեւելիներէն Պետրոս էֆէնտին բանտարկած ըլլալը՝ հիմա լուր առինք եւ զարմացանք։ Նկատելով որ կախաղան հանուած Սկիւտարցի զինուոր Րուհին [1] թէ զինուորներու եւ թէ սպաներու վրաններուն վրայ զէնք նետած ատեն «ա՛ռ քեզ հազարապետ, առ քեզի հարիւրապետ» ըսած եւ նոյն իսկ հազարապետին ու հարիւրապետին անուններն ալ որոշապէս տուած է, եւ այս կէտը նոյնպէս զինուորական սպաներու վկայութեամբը հասկցուած է եւ հետեւաբար զէնքերուն՝ գիւղին կողմէ նետուած ըլլալուն մասին նոյն իսկ կասկած առթելիք ոչ մէկ հետք չէ նշմարուած, նկատելով որ իրերու այս ընթացքին մէջ ուղղակի գիւղին վրայ քանի մը հազար անգամ զէնք պարպել տալով եւ վեց անգամ ալ թնդանօթ արձակել տալով երեք կիներու եւ մէկ տղու սպանման եւ մէկ կնօջ ու մէկ տղու վիրաւորման, նոյնպէս երեք տղոց ոտքերու տակ ճզմուելուն պատճառ եղած է, որոնցմով կը հետեւցուի թէ յիշեալին նպատակն էր գիւղէն ալ փոխադարձաբար զէնք մը արձակել տալ եւ ասիկա պատրուակ բռնելով գիւղը ամբողջովին փճացնել։ Յիշեալ հազարապետին այս չարամտութիւնը աւելի որոշ կը հաստատուի այս անգամ ալ Առաջնորդական փոխանորդն ու գիւղին երեւելին բանտարկելովը։ Յիշեալ բանտարկեալներուն վերագրուած ամբաստանութիւն է Տաճկացած Հայու մը մատնիչ զաւկին դէպքին միջոցին սպաննուիլը, որն որ՝ Տէօրթ Եօլի պաշարուած միջոցին յարձակող խուժանին հաղորդած էր կեաներնին վտանգի տակ գտնուող ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան գաղտնիքները, այն ժողովուրդին որ իր մարդկային իրաւունքովն կը պաշտպանէր իր կեանքը, պատիւն եւ բոլոր ունեցածները յարձակող խուժանին դէմ։ Մանաւանդ որ յիշեալ լրտեսը սպաննուած էր ոչ թէ Առաջնորդական Փոխանորդին ու երեւելիին կողմէ, այլ ինքնապաշտպանութեան մէջ գտնուող բնակիչներուն ամբողջութեան կողմէ։ Այս մանրամասն տեղեկութիւններէն կը հասկցուի թէ՝ յիշեալ հազարապետը մտադրած է եւ կ՚աշխատի ժողովուրդը անհանգիստ ընելով կառավարութենէն բոլորովին պաղեցնել եւ այսպիսով առիթ մը ստեղծել այն գիւղը ամբողջովին ջարդելու եւ ոչնչացնելու փափաքով։ Ուստի ստիպողաբար կը խնդրենք որ յիշեալ հազարապետ Նէտիմ Էֆէնտին կարելի եղածին չափ շուտ հեռացուի այս նահանգէն, եւ Պատերազմական Ատեանի Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահութիւնը յանձնուի Մանասթըրի կամ Սէլանիկի զինուորական սպաներէն մէկուն, որոնց ճշմարիտ ազատականութեանը կասկած չունինք. եւ կամ տեղւոյն պահեստի զօրաց փոխ-հազարապետին։ Նոյնպէս Ձերդ Արդարասէր Մեծ-Եպարքոսութենէն ստիպողաբար կը խնդրենք որ ասանկ ահաւոր աղէտի մը եւ անիրաւութեանց ենթարկուած բանտարկեալներն կարելի եղածին չափ շուտ արձակուի»։

28 Մայիս 1325, Էրզին

Ատանայի Խառն Քննիչ Յանձնաժողովի անդամներէն

Էսատ Րաուֆ

Ֆաիգ

Յարութիւն Մոստիչեան


֍


Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովին կողմէ քննիչ ղրկուած Յակոբ էֆ[էնտի] Պապիկեանի նշանաւոր հեռագիրը Մեծ Եպարքոսութեան

«Ատանայի կրօնական պետերուն կողմէ Ձերդ Մեծ Եպարքոսութեան քաշուած հեռագիրը՝ [2] համիտիէի մէջ յանձնաժողովիս կողմէ կարդացուեցաւ։ Նուաստիս կարծիքով յիշեալ հեռագրին պարունակութիւնը շատ ճիշդ է։ Արդէն Պատերազմական Ատեանի ընթացքն ու գործելակերպը նոյն տպաւորութիւնը առաջ բերելը յայտնի էր։ Այս պատճառաւ վճիռներուն գործադրութեան յետաձգուիլը՝ յիշեալ հեռագիրը կարդալէ առաջ խնդրուած էր, բայց կարեւորութիւն չի տրուեցաւ։ Նոյնպէս Տարսոնէն Էսատ Րաուֆ պէյի հետ մէկտեղ քաշուած մեր հեռագրին վրայ, Քերովբէ [3] էֆ[էնտի]ի պէս անմեղօրէն բանտարկուած քրիստոնեաներուն մասին առանց բանտարկելու քննութիւն կատարուիլը՝ թէեւ հրամայած էիք, սակայն հոս Պատերազմական Ատեանի կողմէ կարեւորութիւն չի տրուեցաւ։ Մինչդեռ Պատերազմական Ատեանը Պաղտատի զատէ, Պօշնագ Սալիհ եւ Իհսան Ֆէքրի եւ արբանեակներուն, Համիտիէի Սաիտ աղա եւ ընկերներուն, Պաղչէի մէջ նախորդ Միւֆթիին եւ Հաճի խալիլ եւ Հասան աղաներուն, Օսմանիէ եւ Իսլահիէ մէջ այսպիսիներուն անմիջական եւ կարճ դատավարութեամբ մը երեւան գալիք արդիւնքին համեմատ արժանի վճիռները տալով եւ իսկոյն գործադրելով խաղաղութիւնը ապահովելու, եւ դէպքին միջոցին տեղի ունեցած սպաննութեանց եւ այլ անձնական ոճիրներուն եւ իրաւասութիւններուն դատավարութիւնները սովորական դատարաններու յանձնելու, երկու ամիս անցած է ու դեռ այս միջոցները չեն գործադրուած եւ Պատերազմական Ատեանը զբաղած է լոկ դէպքին մասնակցած քաղաքային եւ զինուորական  պաշտօնեաներուն, եւ Պաղտատի զատէի պէս ամենէն վատ մարդոց յայտնութիւններուն եւ տեղեկութիւններուն վրայ յենլով հայոց ապստամբութիւնները քննել, եւ անձնապաշտպանութեամբ իրենց անձերը ազատած հայերը դատապարտել։ Մեր ստացած ստոյգ տեղեկութեան համաձայն, Հաճընի կողմերը՝ հայերէն եօթը ութը հատին վիզերը շղթայ անցուած է եւ ասոնց մասին անվայել ընթացքներու մէջ գտնուելէ չեն քաշուած։ Երէկ ուշ ատեն հոս հասայ հիմա ստացած տեղեկութեանս համաձայն Ձեր բարձր հրամանին չի գործադրուելուն հետեւանքով՝ Քերովբ էֆ[էնտի]ի պէս անմեղ հայերու մէկ մասը սկսած է արտասահման գաղթել։

Րամազանի Պայրամէն ի վեր ամէն կողմ յեղյեղուած ջարդի զրոյցները դատական պաշտօնաթուղթերով եւ ստացուած ստոյգ լուրերով հաստատուած ըլլալով մէկտեղ, նախորդ կուսակալին լրագիրներու մէջ տեսնուած տեղեկագիրէն ալ, կ՚իմանանլ թէ՝ դէպքին սկզբնաւորութիւնը՝ իսլամ կնոջ մը եւ ուրիշ կարգ մը միւսլիմաններու Ատանայի այգիներու մէջ սպաննուած ըլլալու տարաձայնութեամբ մը տեղի ունեցած է, եւ դարձեալ միեւնոյն տեղեկագրէն կ՚իմանանք թէ՝ յիշեալ տարաձայնութիւնները սուտ եւ շինծու են եղեր եւ այս սուտ զրպարտութեանց վրայ է որ դէպքը սկսած է։ Ահա յիշեալ յայտնութիւններէն ալ կը հասկցուի դէպքին պատճառը։ Նոյնպէս՝ ինչպէս որ ընկերներուս հետ մէկտեղ քաշած մեր հեռագրին մէջ հաստատած էինք, Ճէպէլի պէրէքէթի սանճագին մէջ հայոց կողմէ բնաւ եւ երբէք ո՛ եւ է դէպք տեղի չէ տրուած, իմ վեր ի վերոյ ըրած հաշուոյս համեմատ, այս սանճագին մէջ երեք հազար հայեր ջարդուած են, եւ անձնապաշտպանութեամբ ազատած Տէօրթ-Եօլէն զատ, ուրիշ ոչ մէկ կողմը հայու բնակարան չէ թողուած։ Եթէ մնացած հայերուն մասին Պատերազմական Ատեանի կողմէ այսպէս հալածումներու ենթարկուելուն առաջքը չ՚առնուի, եւ եթէ այս մասին անմիջական միջոց մը չի խորհուի, թէ ներկային եւ թէ ապագային համար դարմանումն անկարելի եղող վէրքեր բացուիլը անկասկած ըլլալն՝ վերջին անգամ ըլլալով Ձեզ կը յայտնեմ։ Այլեւս այս մասին պէտք եղած հրամանը Ձերն է»։

8 Յունիս 1325, Համիտիէ

Յակոբ Պապիկեան



[1]            տես էջ 225

[2]            Տե՛ս էջ 399-400

[3]            Քերովբէ էֆ[էնտի] Նագաշեան՝ Տարսոնի ամենէն երեւելիներէն մէկն ըլլալով, աղէտէն անմիջապէս ետքը ձերբակալուելով շղթայակապ բերին Ատանա եւ բանտարկեցին մեր քովը։