ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՆՈՐ ԱՄՈԼՆԵՐՈՒՆ

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս կեանքին խորանին

Հրդեհէն խանձած հագուստներ առէ՛ք,

Եւ նոր ծալքերով՝ ծալքերու մէջ հին,

Վաղուան սերունդին, օ՛ն Շարժումն եղէք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս Կերոյ տաճարին,

Ջարդէն ազատած նռնենիէն հէք

Ծիլեր դրած ձեր կուրծքին եւ սնարին

Վաղուան սերունդին արիւնն հնչեցէք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս հպարտ Ներումին

Փոխան շաքարի՝ արցունքներ տուէք

Որոնց մէջ ցոլա՜ն կայծերը կրկին,

Սուրերը ջարդին՝ քա՜ղցր զերդ մահիկ։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս գեղեցիկ Ուժին,

Ձեր արիւնոտած մահճին փարեցե՛ք,

Եւ մանուկները լափող բոցն ուժգին

Վաղուան Սերունդին մկաններն ըրէ՛ք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս սուրբ Աշխատութեան

Գանկերով ցանուած քաղաքն հերկեցէ՛ք

Ջարդին մրրկով, խազերով դաժան

Վաղուան Սերունդին ցորենն աղացէ՛ք

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս անվախճան Սրտին,

Զոհաբերումին ծուխը՝ ձեր բուռվառն՝

Ամպերն յօրինող ծուխն սպառնագին

Վաղուան Սերունդին խիղճն ըրէք պայծառ։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս Հողին ժպիտին,

Աւերակներէն հարսնուկ ժողվեցէք,

Բոց օշարակովն իր՝ թմբրած հեշտին՝

Վաղուան Սերունդին խանդովն արթնցէ՛ք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս ադամանդ Կամքին

Մարխերն եղեռնին ձեր մոմերն ըրէ՛ք

Կայծերու անտառը՝ ձեր անկողին,

Վաղուան Սերունդին, օ՛ն, մարմին տուէք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս անմահ Գարունին,

Բոցաշուրթ վէրքին մէջ վարդեր եղէ՛ք,

Կոտրած սիւներուն մէջ՝ շողն Անհունին,

Վաղուան Սերունդին Լոյսը թրթռացէ՛ք։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս անգութ ամայքին,

Տաճարներուն տեղ որ ինկան իսպառ,

Ծունըր դրէ՛ք, օ՛ն, գանկերու բուրգին,

Վաղուան Սերունդին Մտածման համար։

 

Նոր ա՛յր եւ նոր հա՛րս նոր մեծ Հաւատքին,

Փրցուած ծիծերէն ծնծղայ շինեցէ՛ք,

Անաստուածութեամբն իսկ ձեր աղէտքին՝

Վաղուան Սերունդին, ը՛ն Աստուածն եղէ՛ք։

1911 Մարտ

(Հայ գրականութիւն)

ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՕԼԱՆՃԵԱՆ