Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐԸ

«1325 Մայիս 30 թուակիր մեր հեռագրով յայտնած էինք թէ Ճէպէլը Պէրէքէթի մէջ  քննիչ մարմնոյն կողմէ կատարուած քննութեամբ հաստատուած է թէ յիշեալ գաւառին պաշտօնանկ միւթէսարըֆը Ասաֆ պէյ, Ատանայի նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյին դէպքին մասին հասած հեռագրին պարունակութիւնը ժողովուրդին հաղորդած է, ինչպէս նաեւ Էրզինի բանտին եւ Փայասի բերդին արիւնակզակ բանտարկեալները ազատ արձակած եւ յիշեալ եղեռնագործ բանտարկեալներուն ու գիւղացիներուն մարթին եւ մաւզեր բաժնել տուած է, եւ իրմէ օգնութիւն խնդրող եւ սպասող Տէօրթ-Եօլի ժողովուրդին վրայ զինեալ ահագին խուժան մը ղրկած է։ Հետեւաբար Ճէպէլը Պէրէքէթի միւթէսարըֆութեան մէջ գործուած աղէտալի ոճիրներուն եւ աւարառութեանց, հրդեհներուն եւ մարդոց սպանութեանց միակ պատճառը եղած է այդ կառավարիչը։ Մեր սոյն հեռագրին ի պատասխան մեծ եպարքոսութեան կողմէ ակնածանօք ստացանք 30 մայիս 325 թուակիր հեռագիրը՝ որով կը հրամայէիք մեզ, պէտք եղած քննութիւնները կատարել եւ բոլոր վաւերագիրները ամբողջութեամբ Ձեզի հաղորդել։ Ըստ Ձեր հրամանին ահա կը ներկայացնենք հետեւեալ բոլոր վաւերագիրները։

Ա. մեր կատարած հարցաքննութեան գիրը բաղկացած 15 էջէ, ուր բոլոր պատասխանները նոյն ինքն Ասաֆի ձեռքով գրուած են։

Բ. Անոր Ատանայի կուսակալութեան, Ներքին Գործոց նախարարութեան, Օսմանիէի, Համիտիէյի, Պաղչէի եւ Իսկէնտէրունի գայմագամութիւններուն քանի մը միւտիրներու, զանազան վայրերու ոստիկանութեան րէտիֆներու հազարապետին, Փայասի բերդին թէ՝ անօրէնութեան եւ թէ ոստիկանապետին եւ այլ եւ այլ տեղերու ոստիկան զինուորներու սպաներուն ուղղուած հեռագիրներուն պատճէնները։

Գ. Ճէպէլը Պէրէքէթի  սանճագին բոլոր գաւառներուն ու գաւառակներուն եւ Ատանայի կուսակալութեան ուղղած պաշտօնագիրներուն վաւերացեալ պատճէնները, որոնք կարդալով պիտի տեղեկանաք որ՝

1. Սեպտեմբերի սկիզբները  Փայասի մէջ մսավաճառ Նուհ քրիստոնեաներուն՝ «երեք օրուան կեանք ունիք» եւ Չմշկածակցի Սիլօ ալ «կացինները սրենք» ըսած են, որուն վրայ քրիստոնեաները սկսած են հոս հոն փախչիլ։ Այս դէպքերուն քննութեանց թուղթերը նոյն ինքը Ասաֆի ձեռագիր, մակագրութիւնովը Ճէպէլը Պէրէքէթի դատական մարմնոյն յանձնուած է, սակայն Ասաֆ պէյ նկատողութեան չէ առած՝ անոնց կարեւորութիւնը։ Նոյնպէս դէպքին միջոցին նկատողութեան չէ առած՝ քրիստոնէից դէմ սպառնալիքի վերաբերեալ կարգ մը քննական տեղեկագիրները՝ զորս Պաղչէի գայմագամին 18 փետրուար 1324 թուակիր պաշտօնագրով իրեն, եւ ինքն ալ հետեւեալ օրուան թուակիր պաշտօնագրով Կուսակալութեան ղրկած էր։

2. Դէպքէն 4-5 օր առաջ Ճէպէլը Պէրէքէթի թահրիրաթ միւտիւրի Հիլմի Էֆէնտիի մասին, Ասաֆ պէյ ծածկագիր հեռագիր մ՚ուղղած է կուսակալութեան եւ աղէտը նախատեսած է եւ բողոքած է Հիլմի էֆէնտիի դէմ, ամբաստանելով զայն թէ կ՚աշխատի իսլամներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ վէճ եւ խռովութիւն յարուցանել։ Ասաֆ պէյ Հիլմի էֆէնտիին գէշ մտադրութեան տեղեակ ըլլալով հանդերձ, դէպքի օրերուն զայն Տէօրթ-Եօլ ղրկած է։

3. Դէպքէն առաջ Օսմանիէ գայմագանութեան կողմէ Տէօրթ Եօլի Հայերը կասկածելի ցոյց տրուած էին։ Ասաֆ պէյ քննութիւն կատարել տալով յիշեալ գայմագամութեան պատասխանած է թէ Տէօրթ-Եօլի հայերը ո՛ եւ է  գէշ նպատակ չ՚ունին։ Սակայն քանի մը օր վերջը ամէն կողմ գրգռիչ հեռագիրներ տուած է յայտնելով թէ Տէօրթ-Եօլի հայերը Էրզինի վրայ յարձակած, բազմաթիվ իսլամներ սպաննած եւ նոյն իսկ կարգ մը իսլամական գիւղեր աւերակ դարձուցած են եւ եթէ օգնութեան չի հասնի ու չի զսպուին նոյն իսկ Ատանա պիտի յառաջանան։ Մինչ խեղճ Տէօրթ-Եօլցիները նոյն միջոցին 15-20. 000 հոգիէ բաղկացեալ աւարառու խուժանի մը կողմէ պաշարուած էին։

4. Միւթէսարըֆը ամէն կողմ տեղացուցած է, ողբ ու կոծերով, հեռագիրներ, որոնցմով ա՛լ աւելի գրգռած է իսլամ ժողովուրդը։

5. Էրզինի բանտին եւ Փայասի բերդին ոճրագործ դատապարտեալները արձակելու եւ զինելու համար հրամաններ տուած է եւ ժողովուրդին զէնք բաժնած եւ Օսմանիէի գայմագամին ու հազարապետին ուղղած իր 4 Ապրիլ 325 թուակիր հեռագրով յանձնարարած է որ տեղւոյն իսլամ գաղթականներուն մաւզէր բաժնեն։

6. Իր 87 թիւ հեռագիրէն կը հասկցուի թէ Ապրիլ 7-ին Օճագլը գիւղը 50-60 զինեալ մարդիկ ղրկած է։

7. Էրզինի ժողովուրդին անունով Խաթիպ Ալիի եւ Հաճի Մէմէտ աղա զատէ Հիլմիի եւ Գարա Մուստաֆա զատէ Մուստաֆայի եւ Միւֆթի զատէ Մուստաֆայի ստորագրութեամբ, Օսմանիէ երեւելի Հաճի Հիւսէին էֆէնտիի եւ իսլամ բոլոր ժողովրդեան անհիմն ու գրգռիչ հեռագիրներ քաշել տուած է, ըսել տալով թէ՝ երկու օրէ ի վեր Տէօրթ-Եօլի հայերուն յարձակումներուն դէմ դնելու համար գործաւորներ ղրկեցինք. հոն խիստ շատ կորուստ ունինք, Հասան Պէյլիի հայերը Տէօրթ-Եօլի միացան, մինչեւ առաւօտ մեզի օգնութեան հասէք եւայլն։

8. Մարաշի կառավարիչին, հրամանատարին եւ Հալէպի կուսակալին 3 Ապրիլ 325 թուականին եւ 115 համարով քաշուած հեռագիրներով գրած է թէ՝ «ամբողջ գաւառը խռովութեան մէջ ըլլալով բովանդակ Ատանայի նահանգը վտանգի ենթարկուած է»։ Հետեւաբար այս հեռագրով ալ Մարաշի եւ Հալէպի մէջ ալ յուզում առաջ բերած է։

9. Բացի Օսմանիէի գայմագամէն ու հազարապետէն՝ տեղւոյն երեւելիներէն Հաճի Հիւսէին էֆէնտիի 84 թիւ հեռագիր մը ուղղած է պահանջելով որ Օսմանիէի Խարնըի կողմերէն երկու երեք հարիւրական, իսկ Համիտիէէն մէկ քանի հարիւր զինեալ մարտիկներ ղրկեն Էրզին։

10. Օսմանիէի, Համիտիէի, Խասայի գայմագամութեան ուղղուած 2 Ապրիլ 325 թուակիր հեռագրով 3-400 ական օգնական մարդիկներ ուզած է։

11. Խասայի գայմագամութեանց ուղղած 4 Ապրիլ 325 թուակիր հեռագրով մըն ալ «անմիջապէս 4-500 հոգիով մեզի օգնութեան փութացէք» ըսած է, հրամայելով միանգամայն թէ «որչափ ռազմամթերք որ ունիք հոս փութացուցէք»։

12. 40 Ապրիլ թուակիր հեռագրով մըն ալ «Պահեստի զօրք ժողվելու ժամանակ չկայ, զինուած ով որ գտնէք անմիջապէս հոս օգնութեան փութացուցէք» հրահանգը տալով անհիմն, խռովայոյզ եւ խիստ յանդուգն հրամաններ տուած է։

13. Օսմանիէի գայմագամին եւ հազարապետին՝ 4 Ապրիլի հեռագրովը «Ռազմամթերքը սպառեցաւ, որչափ ռազմամթերք որ ունիք հոս փութացուցէք» ըսած է։

14. 4 Ապրիլ 1325 թուականով եւ 132 թուահամարով Ատանայի կուսակալութեան եւ  Իսկէնտէրունի գայմագամութեան հեռագրած է թէ՝ «Տէօրթ-Եօլի շրջակայ Օճագլը, Էօզէրլի եւ այլ գիւղերու իսլամ բնակչութեան ռազմամթերքը սպառեցաւ։ Իսկէնտէրունէն խաբախլը մարթին եւ վինչէսթր հրացաններու համար շուտով ռազմամթերք ղրկեցէք»։ Այս հեռագիրներով կը խոստովանի թէ՝ ռազմամթերքը ի՞նչ նպատակի համար պիտի գործածէ։

15. 5 Ապրիլ եւ 127 թիւ հեռագիր մը ուղղելով Օսմանիէի գայմագամին եւ զինուորական հրամանատարին հրամայած է թէ՝ «Ատանայի կեդր[ոնական] զինուորական հրամանատարին (Մուսթաֆա Րէմզի փաշա) տուած հրամանին համաձայն մաւզէր հրացանները ժողովուրդին բաժնեցէք»։

16. Նոյն թուականաւ, թէ՛ կուսակալութեան եւ թէ՛ Ներքին գործոց նախարարութեան ուղղած հեռագիրներովն ալ, Օսմանիէի զինուորական մթերանոցին մէջ գտնուած 40է  աւելի Մաւզէր հրացանները իսլամ ժողովրդեան բաշխել տալու համար հրաման տրուիլը առաջարկած է։

17. Նմանապէս կուսակալութեան եւ թէ ներքին գործոց նախարարութեան ուղղած նոյն թուակիր հեռագիրներովն ալ Փայասի բերդին մէջ գտնուող արիւնարբու ոճրագործներու արձակուիլը խնդրած է, սա պատճառաբանութեամբ թէ՝ զանոնք զսպելու համար ոստիկան զինուորներուն քով ռազմամթերք չէ մնացած։

18. Միեւնոյն թուականով եւ 134 թուահամարով ուրիշ հեռագիրներով ալ թէ կուսակալութեան եւ թէ ներքին գործոց նախարարութեան առաջարկած է Փայասի բերդին եղեռնագործները զինել, անոնց զէնք ու ռազմամթերք տալ եւ անոնցմէ կատարեալ վաշտ մը կազմել։

19. Ապրիլ 8 թուակիր եւ 138 թուահամար հեռագրով մը Իսկէնտէրունի զինուորական հրամանատարին հաղորդած է թէ՝ ռազմամթերքը իսլամ գիւղերու երեւելիները առին, մինչդեռ հարիւրապետ Մահմուտ Համտի էֆ[էնտի] միեւնոյն թուականով եւ 143 թուահամարով Իսկէնտէրունի պահեստի զօրաց հազարապետին հեռագրած է թէ՝ «ռազմամթերքն 5 սնտուկ Գօզ Իչլի, 5 սնտուկ Չայլը, 5 սնտուկ Օճագլը եւ 5 սնտուկ ալ Էրզին յանձնուեցաւ, որով կը հաստատուի թէ յիշեալ ռազմամթերքները իր հրամանով գիւղացիներու յանձնուած է։

Եարփուզի Հազարապետ Ֆուատ էֆ[էնտի] Ապրիլ 7 եւ 162 թիւ Ատանայի զօրաբաժնի հրամանատարին՝ հեռագիր մ՚ուղղելով յայտնած է թէ զինեալ մարդոցմէն Էրզին ղրկուածները ամենքն  եւ Պաղչէ ղրկուածներէն ալ 11-ը փախած են որմէ կը հասկցուի թէ՝ զէնքերն ու ռազմամթերքը աւարառու բաժնած են։

Ասաֆի՝ այս եւ ասոր նման յանցապարտ արարքները ու խիստ յանդուգն հեռագիրները կը հաստատեն թէ՝ Ճէպէլը Պէրէքէթի գաւառին մէջ տեղի ունեցած եղեռնական աւարառութեանց, բնակարաններու եւ խանութներու հրկիզմանց եւ մարդասպանութեանց միակ պատճառը ինքն է։ Ինչպէս վերը յայտնեցինք արդէն, իւրաքանչիւր տեղէ 3-400—ական օգնական մարդիք ուղելու համար, Ապրիլ 2-ին 85 թիւով Համիտիէ, Օսմանիէ եւ Խասսա գաւառակներու գայմագամներուն ուղղած հեռագիրներուն մէջ ըսած է թէ «յիշեալ 3-400—ական զինեալ մարդոց հաղորդեցէք որ կառավարութեան կողմէ տրուելիք հրահանգաց համաձայն շարժին»։

Նոյնպէս Ապրիլ 3 թուակիր եւ 109 թիւ հեռագիր մը ուղղելով Օսմանիէի գայմագամին եւ հազարապետին, յանձնարարած է որ քաղաքին ժողովուրդը կազմ եւ պատրաստ վիճակի մը մէջ պահեն եւ խմբովին ու զինուած վիճակի մէջ սպասեն։

Այս վերջին հեռագիրներէն կը հաստատուի անգամ մը եւս թէ կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ ո՛ եւ է արարք գործելը կամ արգիլելու համար տրուած հրամանները որչափ ազդեցիկ են։ Հետեւաբար՝ վերոգրեալ բոլոր պատճառներով յիշեալ Ասաֆ պէյը պատասխանատու է»։

֎ ֎ ֎

Ատանայի նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյի յանցանքները.

1. Կարեւորութիւն չէ տուած Ասաֆ պէյի այն ծածկագիր հեռագրին, որով թղթակցութեանց տնօրէն (թահրիրիթ միւտիրի) Իլմի էֆ[էնտի]ի մասին գրած էր թէ՝ իսլամ եւ քրիստոնեայ բնակչութեան միջեւ խռովութիւն յարուցանելու կ՚աշխատի, մինչդեռ այս հեռագիրը ամէն կերպով ուշագրաւ եւ նկատողութեան արժանի էր։

2. Նկատողութեան չէ առնուած դէպքէն քանի մը օր առաջ թղթակցութեանց տնօրէն Իլմի էֆ[էնտի]ի իրեն ղրկած հեռագիրը, որով կը տեղեկացնէր թէ՝ կառավարիչ Ասաֆ պէյ յետադիմական (րէաքսիոնէր) խումբ մը կը կազմակերպէ. մինչդեռ այս հեռագիրն ալ շատ կարեւոր էր։

3. Ասոնցմէ առաջ կուսակալը դէպքին ծագումէն առաջ ո՛ եւ է պատահարի տեղի չի տալու եւ ամէն գնով արգիլելու համար, կառավարիչին՝ անհրաժեշտ հրամաններ եւ հրահանգներ չէ տուած։

4. Մարտ 6-ին կուսակալը Համիտիէ գավառակը երթալով գաիմագամին բերանացի հրամայած է արգիլել Հայոց Եկեղեցիին կոչնակահարութիւնը, մինչդեռ կոչնակ ըսուածը ուրիշ բան մը չ՚էր, այլ 10-12 սանթիմէթր լայնութեամբ եւ 50-60 սանթիմէթր երկայնութեամբ երկաթեայ բարակ տախտակ մը, որ թոկով մը՝ (թոգմագ) միայն արարողութեանց միջոցին կը հնչուէր։ Կոչնակին մանաւանդ Զատկական օրերու մէջ, արգիլուիլը կը ցուցնէր թէ կուսակալը բարեացակամ միտում չ՚ունէր։

5. Ազատութեան հռչակումէն յետոյ Հաճընի նախորդ միւֆթիին որդիքը՝ Ահմէտ եւ Իզզէթ, եւ հարցաքննիչի նախորդ օգնական Սապրի էֆ[էնտի]ները «մենք կեավուրներու հաւասար եւ անոնց եղբայր չ՚ենք կրնար ըլլալ։ Ազատութիւնը կեաւուրներուն համար է. միլլի աշիրէթին պետ Իպրահիմ փաշա ալ չ՚ընդունիր սահմանադրութիւնը, ջարդենք կեավուրները» ըսելով բերանացի եւ գրաւոր գրգռութիւններ կատարած են։ Այս մասին քաղաքին միւֆթի Ալի Իլմի, երեւելիներէն Գայթանճը զատէ Մուսթաֆա Ֆայիգ, Եարբուզլու զատէ Մուսթաֆա եւ Գայթանճը զատէ Միւրսէլ էֆ[էնտի]ները, 1324 սեպտ. 2-ին տեղեկութիւն հաղորդած են կառավարութեան։ Իսկ Հաճընի գաիմագամը քննութիւն կատարած եւ թուղթերը Գօզանի (Սիս) կառավարիչին միջոցաւ Ատանայի կուսակալութեան ղրկած է։ Կուսակալ Ճէվատ պէյ այս թուղթերը Ատանայի ընդհանուր դատախազի օգնականին յանձնած է. իր իսկ ձեռագիր մակագրութեամբ։

6. Ճէվատ պէյի՝ Գօզանի կառավարիչին քաշած Հոկտ[եմբեր] 13 եւ Հաճընի իթթիհատի քօմիթէէն Ատանայի իթթիհատի քօմիթէին քաշած 18 Հոկտ[եմբեր] թուակիր հեռագիրներու պարունակութիւնն ալ ասիկա կը հաստատէ։

7. Այս եւ ասոր նման խնդիրներու եւ զրոյցներու մասին կուսակալութեան ամէն կողմերէն եւ մանաւանդ Ճէպէլը Պէրէքէթի կառավարիչէն՝ կուսակալութեան յաճախակի ղրկուած հեռագիրներուն եւ թղթակցութեանց հակառակ Ճէվատ պէյ անհրաժեշտ դատուած խիստ լուրջ միջոցներէն ոչ մէկը ձեռք չէ առած, դէպքի մը ծագումը արգիլելու համար։

8. Նոյնպէս վճռապէս չէ հրամայած ձերբակալելու Արապ Մահմուտը, որ հայու մը սպաննութեան ոճրով դատապարտուած, յոռի անցեալի տէր եւ Ատանայի բանտէն փախստական մըն էր, եւ որ վերջերս Տարսոնի մէջ ձերբակալուեցաւ։

9. Ճէվատ պէյ նաեւ իսլամներուն յուզումը աւելցուցած է ձերբակալել չի տալով Յովհաննէս անուն մէկը որ Թօսպաղը Թաղին մէջ եւ իր բնակարանին առջեւ ինքնապաշտպանութեան համար վիրաւորած է երկու իսլամ երիտասարդներ, որոնցմէ մէկը մեռած էր։

10. Օրինական միջոցներ ձեռք չէ առած նաեւ Իթիտալ լրագրի խմբագիր Իհսան Ֆիքրի էֆ[էնտի]ի դէմ, որ Մարտ 31 Գշ. օրը, ինչպէս կը հասկցուի վրդովիչ եւ գրգռիչ ատենախօսութիւն մը ըրած է։

11. Ճէվատ պէյ՝ ինչպէս արդէն իր պաշտպանողականին մէջ յայտնած է, երբ անհիմն զրոյց մը տարածուած է անշուշտ տիրող յուզումը սաստկացնելու համար թէ՝ այգիներուն մէջ հայերը իսլամ երկու կին եւ երկու այր սպաննած են. գէթ մունէտիկներու միջոցաւ չ՚է հերքած այս անհիմն զրոյցները։ Մանաւանդ որ այն ատեն Ատանայի ոստիկանութեան տնօրէն եւ այժմ քաղաքապետութեան նախագահ Գատրի պէյ, այս սուտ զրոյցները հրապարակ հանելուն  համար քանի մը հոգի ձերբակալած է, եւ սակայն ամբոխը զանոնք կորզած է ոստիկաններուն ձեռքէն։ Այն ատեն Գատրի պէյ կուսակալ Ճէվատ պէյի յայտնած է թէ կառավարութեան իշխանութիւնն ու պատիւը պահպանել պէտք է, սակայն ասիկա կարեւորութիւն չէ տուած Գատրի պէյի այս արդարացի դիտողութեան։

12. Ատանայի պատժ[իչ] վերաքննիչ ատեանի նախորդ նախագահ Շաքիր էֆ[էնտի] մեր հարցումներուն տուած գրաւոր պատասխաններէն ալ յայտնի կ՚ըլլայ թէ քանի մը հոգեւոր պետեր գիշեր ատեն կուսակալին բնակարանը երթալով իսլամներուն մէջ տիրող գրգռութիւնը ծանրակշիռ նկատած  եւ պաշտպանութիւն խնդրած են, աղաղակելով որ այս մասին անմիջական լուրջ միջոցներ ձեռք առնուին։ Ճէվատ պէյ պատասխանած է թէ՝ հարկ եղած միջոցները տնօրինած է։ Մինչդէռ ո՛ եւ է միջոց չի տնօրինելէ զատ, արգելք չէ եղած որ Գշ. -էն Դշ. լուսնալու գիշերն իսլամներու խուռն ամբոխ մը կառավարական շէնքին մօտերը գումարուի, եւ նոյն իսկ կառավարական պաշտօնատեղին երթայ։

13. Չէ ձերբակալուած նաեւ պետական պաշտօնատան շրջակայքը սպաննուած ատաղծագործ Լութֆիկ անուն հայուն սպաննիչներն։ Որով յաջորդ Դշ. օրուան գէշ յառաջաբան մը եղող այս դէպքերուն կարեւորութիւն չէ տուած եւ իր տունը քաշուած է։

14. Անփութութեամբ ուշադրութեան առած չէ նաեւ սա պարագան թէ Դշ. առաւօտ բացի իրմէն. այսինքն կուսակալին, պետական, քաղաքային, դատական երեւմտական եւ այլ մէծ ու պզտիկ բոլոր պաշտօնեաները փաթթոց կապած էին իրենց գլուխը։ Դշ. առաւօտ իրենց խանութները բացող հայերը ձեռքերնին բիրեր ունեցող եւ գլուխնին փաթթոց կապած բազմութիւն մը տեսնելով զգացած են թէ խռովութիւն մը պիտի ծագի եւ իրենց խանութները գոցած են։ Կուսակալ Ճէվատ պէյ եւ Զին[ուորական] հրամանատար Րէմզի փաշա փոխանակ իրենց առաջին պարտականութիւնը կատարելու, այսինքն ոստիկան զինուորութեան եւ զօրաց միջոցաւ՝ համախռնուած ամբոխը ցրուելու, զանոնք չեն վանած, եւ քրիստոնէից խանութները բանալ տուած են, այս նպատակաւ շուկաները ղրկելով Ապտիւլ-Գատիր էֆ[էնտի]ին եւ վերաքննիչ ատենի անդամ Դաւիթ էֆ[էնտի] Ուրֆալեանը։ Այս միջոցին սպաննուած է այս վերջինը եւ սակայն դարձեալ դէպքին դէմ ո՛ եւ է արգելիչ միջոց ձեռք չէ առած։

15. Նոյն ժամուն Քաղաքապետութեան անդամ Շատրիկեան Յարութիւն էֆ[էնտի] քաղաքապետութեան  պաշտօնատան մէջ եւ նոյն իսկ կուսակալին եւ  զինուորական հրամանատարին աչքերուն առջեւ սպաննուած է, եւ այս ոճրագործներուն նկատմամբ կուսակալն ու հրամանատարը ո՛ եւ է հետապնդում չեն կատարած եւ կամ գոնէ կատարել չ՚են տուած։

16. Շուկայի խանութներուն վրայ «Իսլամի խանութ» եւ «կեավուրի խանութ» գրուած եւ իրարմէ զանազանուած են, սակայն ասոնց ալ կարեւորութիւն չէ տրուած։



Կիլիկիոյ աղէտին մէջ ամէնէն աւելի հալածուած ու սարսափ ազդած եւ միայն իր կարողութեան շնորհիւ կախաղանէն ազատած Ատանացի երեւելի փաստաբան ԿԱՐԱՊԵՏ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ԿԷՕԿՏԷՐԷԼԵԱՆ

17. Ընդհակառակը կուսակալն ու զին[ուորական] հրամանատարը մասնաւոր կարեւորութիւն տուած են Ճէպէլը Պէրէքէթի կառավարիչին աղմկայոյզ հեռագիրներուն, որոնց պարունակութիւնը եւ նպատակը ծանօթ են արդէն։ Իբր ճշմարտութիւն ընդունած են նաեւ այն հեռագիրները, որոնք մէկ երկու օրուան ճամփայ իրարմէ հեռաւորութիւն ունեցող շատ մը տարբեր տեղերէ միեւնոյն օրը տրուած էին, եւ որոնց մէջ ըսուած էր թէ Կէօքտէրէլեանը 1500 ձիաւորով, 2000 ձիաւորով, 3000 ձիաւորով եկաւ, կուգայ կոր, մեր գիւղին կամ քաղաքին վրայ յարձակեցաւ, մեր անձի կորուստները շատ են, եւ այլն։ Մինչդեռ ակներեւ է թէ այս հեռագիրներուն պարունակութիւնները բոլորովին սուտ եւ շինձու էին, քանի որ բացորոշ է որ միեւնոյն անձը միեւնոյն օրուան մէջ իրարմէ 2-3 օր հեռաւորութիւն ունեցող տեղեր չէր կրնար գտնուիլ եւ ո՛ եւ է գործ տեսնել։

18. Կուսակալն ու զինուորական հրամանատարը բնաւ աչալուրջ չեն գտնուած եւ Ատանայի դէպքերուն գէթ նահանգին միւս մասերուն մէջ արգիլելու համար լուրջ եւ ազդեցիկ միջոցներ չեն տնօրինած։ Հակառակ Մէրսինի կառավարիչին հեռագրական կրկնակի պահանջմանց Ատանային Մէրսին եւ Տարսոն գացող կառախումբին մեկնումը չեն արգիլած եւ ասով պատճառ եղած են Տարսոնի մէջ ալ դէպք պատահելուն։

19. Չեն յանդիմանած եւ չեն մերժած, ժողովուրդը զինելու համար Ճէպէլը Պէրէքէթի կառավարիչին վերոյիշեալ յիմարական առաջարկը։

20. Ընդհակառակը կուսակալին եւ զինուորական հրամանատարին մասնաւոր հրամաններովը զինուորական զէնքերը ամբողջովին բաժնուած են։ Ասոր ապացոյցներն են։— Ա. Ամբոխը ցրուել անհրաժեշտ ըլլալով, եթէ նոյն իսկ մի քանի  հոգի սպաննուիլ հարկ ըլլար, պէտք էր կատարուէր, վասնզի պետութեան եւ զինուորին պատիւն այս տեսակ բուռն գործողութիւն մը կը հարկադրէր, ինչ որ չէ կատարուած, այլ ընդհակառակը ամբողջովին զէնքերը գրաւելուն աչք գոցած են։— Բ. Ճէպէլը Պէրէքէթի կառավարիչին կողմէ Օսմանիէի գայմագամին եւ հազարապետին ուղղուած Ապրիլ 4 եւ 127 թուահամար հեռագիրն, որով այդ կառավարիչը բացորոշ կերպով կը յայտարարէ թէ՝ մաւզէրներու ամբոխին բաշխումը Ատանայի զինուորական հրամանատարին կողմէ հրամայուած է։ Հետեւաբար զէնքերուն ամբոխին  բաշխուիլը մասնաւոր հրամանի եւ հրահանգի արդիւնք ըլլալը կը հաստատուի։

21. Անդորրութիւնը վերահաստատելու համար Ապրիլ 21-ին ժամանող Օսմ[անեան] զօրքերը գրգռուած են խուժանին կողմէ, ըսուելով թէ հայոց եկեղեցւոյն զանգակատունէն զօրաց բանակատեղիին վրայ զէնք պարպուեցաւ։ Ասով առաջինէն աւելի սաստիկ երկրորդ դէպք մը յառաջ բերած են։ Երեսփ[ոխանական] Ժողովոյ կողմէ ղրկուած երեսփոխան էֆ[էնտի]ներն ալ մեզ հետ գտնուելով քննիչ յանձնաժողովս հայոց եկեղեցւոյն զանգակատան ամենէն բարձր մասն ելաւ, քննութիւն կատարեց եւ դիտեց որ զօրաց բանակատեղիին եւ եկեղեցւոյն մէջտեղ կը գտնուի՝ քաղաքին ամենէն բարձր բլուրին վրայ հաստատուած իսլամներու թաղը, որով զանգակատունէն բանակատեղիին եւ բանակատեղիէն ալ զանգակատան ո՛ եւ է մէկ մասը տեսնել անկարելի էր։ Այս մասին քննութիւնը շարունակելով բանակատեղին ալ գացինք. զօրաց հրամանատար գնդապետ Մէհմէտ Ալի պէյի ներկայութեան, Ապրիլ 12-ին Ատանա ժամանող զօրաց սպաներուն հարցուցինք թէ՝ իրենց ժամանած օրը զօրքերուն վրայ արձակուած զէնքերը ո՞ւրկէ նետուած էին. անոնք պատասխանելով մեր հարցումներուն, ցոյց տուին  իսլամի մը բնակարանին պատուհանը, ուրկէ Ապրիլ 12-ին քանի մը անգամ վեցհարուածեան պարպուած էր զօրաց վրայ։ Ահա այս պարագայէն օգտուելով «հայերը զանգակատունէն բանակատեղիին վրա զէնք պարպեցին» ըսել, զօրքը խաբել եւ գրգռել, փաստ մըն է թէ կուսակալը եւ զինուորական հրամանատարը գէշ նպատակներ կը հետապնդէին։ Կուսակալ պէյն ու զինուորական հրամանատար փաշան պարտաւոր էին՝ այս սխալ զրոյցն եւ անոր արդիւնքն եղող սխալ գաղափարն ուղղել, զօրաց վրայ այս  զրոյցին առաջ բերած ջղագրգռութիւնը հանդարտեցնել, սակայն բան մը չեն ըրած։

22. Ատանայի Իթիտալ լրագրին 33 թիւ  եւ Ապրիլ 7 թուահամարին մէջ տեսնուեցաւ իսլամներն հայոց դէմ գրգռելու բնոյթն ունեցող սոսկալի ապստամբութիւն մը? վերնագրով Իսմաիլ Սաֆա ստորագրութեամբ, ինչպէս նաեւ խռովութիւններ վերնագրով եւ Իհսան Ֆիքրի ստորագրութեամբ յօդուածներ։ Մինչ կուսակալն ու զինուորական հրամանատարը պարտաւոր էին  անմիջապէս յայտարարութիւն մը  հրատարակելով՝ այս յօդուածներուն վնասակար ազդեցութիւնը չեզոքացնել, ամենեւին չեն հրատարակած նմանօրինակ յայտարարութիւն մը։

23. Ատանայի ոստիկան զօրաց նախկին հրամանատար Հիւսէին Տաիմ պէյ, որ իր անցեալին բերմամբ յոռի համբաւ մ՚ունի եւ հիմա ո՛ եւ է պաշտօնական դիրք չունի, կամ մարդասիրաբար եւ կամ իր կալուածները պահպանելու համար, միս մինակ կրցած է արգիլել որ իր թաղին մէջ դէպք չի ծագի եւ յաջողած է թաղին շէնքերն ու բնակչութեան կեանքը փրկել, որով կուսակալը եւ զինուորական հրամանատարը եթէ երբէք կամք ունենային, անտարակոյս պիտի կրնային ո՛ եւ է դէպքի մը ծագումն արգիլել, բայց ամենեւին չեն աշխատած։

23. Կուսակալը մերձակայ գաւառներն ու գաւառակները ղրկած բազմաթիւ հեռագիրներուն մէջ միշտ յանձնարարած է՝ միայն օտարահպատակները պաշտպանելու պէտքը։

Հետեւաբար, վերոյիշեալ բոլոր պատճառաբանութիւններով Ատանայի եւ շրջակայից ցաւալի դէպքերուն համար հարկ է պատասխանատու ճանչնալ կուսակալը, զինուորական հրամանատարը, Իսմաիլ Սաֆա եւ Իհսան Ֆիքրի էֆ[էնտի]ները։ Մահմուտ Նէտիմ (Միթհատ փաշան դատապարտել տուող նախկին մեծ եպարքոս) փաշայի կողմէ Պաղտատէն Ատանա ղրկուած Պաղտատի Ապտ-իւլ-Գատէր էֆ[էնտի] աստիճան ստացած է նախորդ կայսր Ա. քարտուղար Թահսին եւ սենեկապետ Ֆաիգ էֆ[էնտի]ներու պաշտպանութեան շնորհիւ Կ. Պոլսոյ մէջ Գանլըճայի թաղապետական շրջանակին նախագահ կարգուած է։ Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Իթթիհատը Օսմանի» լրագրին խմբագիրներէն Ահմէտ Ատիլ Արսլան պէյ օրական մէկ ոսկի վարձքով Ատանա բերուած է, պատասխանատուութիւնը հայոց վրայ ձգելու նպատակաւ յօդուածներ գրելու համար, եւ թէ յիշեալ լրագրին եւ թէ ֆրանսերէն «Ռէվէյլ» լրագրին մէջ նոյն նպատակով յօդուածներ հրատարակած եւ ասոր համար Պօշնակ Սալիհ էֆէնտիի կողմէ 50 ոսկիէ աւելի վարձք ստացած է։

Սալիհ եւ Ապտիւլ Գատէր էֆ[էնտի]ները դէպքէն առաջ իրենց գլուխը փաթթոց կապած են, ըստ վկայութեան կուսակալութեան հետեւորդ պաշտօնեայ Սավա էֆ[էնտի]ի։ Դարձեալ Ապտիւլ Գատիրի եւ Պօշնակ Սալիհի դէպքին դիտողները ըլլալը եւ դէպքին միջոցին ձիով եւ զինեալ ամէն կողմ շրջելնին բոլոր հոգեւոր պետերը եւ անկողմնակալ օտարահպատակները հաստատած են։

Հետեւաբար վերոգրեալ պատճառաբանութիւնները նկատի ունենալով պարտ ու պատշաճը տնօրինելու համար Ձեր բարձրապետուութեան ուշադրութեան կը ներկայացնենք»։

 

1327 Ճէմազ-իւլ-ախէր 22 եւ 1325 Յունիս 27

 

Պետ. Խորհ. Նախադ. Ատենի նախագահ

ՖԱԻԳ

Սելանիկի դատ[ական] քննիչ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՈՍՏԻՉԵԱՆ