ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ.
ՆԵՐՔԻՆ  ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Ատանան՝ որ քաղաթակրթութեան պատմութեան նախանձոտ, փայլուն եւ լուսաւոր էջերուն վրայ հանգստաւէտ դիրք մը գրաւելով, իւր անցեալ ալեւոր կեանքը խառնաշփոթութեան մը աղտովը չէր խաթարած, եւ մինչեւ հիմայ սխալ ու գահավէժ՝ բայց գաղտնի մոլութիւններու անզգալի կերպով տարածմանը արգելք չէր հանդիսացած՝ այսօր նողկալի ու տգեղ խռովութեան մը հեղեղին մէջ քաշկռտուելով ապագային՝ արիւնոտ յիշատակ մը, սոսկալի վրդովիչ արկած մը, ցաւալի պատմութիւն մը թողուց»։

«Աւա՜ղ որ Հայոց սրտերուն խորը հաւաքուելով արմատացած, փոթորկոտ եւ ոճրապարտ պոռթկումով մը օրէ օր փքացող, վերջապէս եղերական գոռումներով հեւանդագին եւ արատաւոր մրմունջներով եռացող բարկութեան եւ անկախութեան (իսթիգլալիյէթ) (. ՞) հեղեղը երկիրը կործանեց։ Ատանացիք՝ որ երկու օր առաջ շողշողուն եւ պայծառ բարիգալուստի մը երկար եւ բարեբաստիկ գիրկընդխառնումին վազելու կը պատրաստուէին, ահա այս ժամուն ողբագին նայուածքնուն առջեւ տարածուող վայրագ եւ արիւնալի տեսարանի մը դէմ կը դողան ու կը տապլտկին։ Ի՞նչպէս չի դողան ու չի տապլտկին, գլուխնուն վրայէն թռչտող՝ մարթինի գնդակները՝ ամուր շրջապատները խորտակելով փողոցներուն մէջ արիւնոտ դիակներ կը փռեն…։ Որբերու, այրիներու եւ չքաւոր մնացած հազարաւոր մանուկներու սրտակեղէք ճիչերը ու սգաւոր հեծկլտուքը՝ փողոցներու մէջ պառկող անշունչ մարմիններուն վրայ լացերու շղթայով մը կ՚ալեկոծեն…»։



«Իթիտալ» լրագրի 33րդ թիւին առաջին էջը։


«Ճակատագրին սեւաբաղդ այցելումովը յառաջ եկած այսքան դժնդակութիւններն ու թշուառութիւնները բաւական չ՚ըլլալով, քաղաքին ամէն կողմերուն մէջ ի գործ դրուած երկիւղալի եւ աւերող հրդեհներու տարածումովը բազմաթիւ գեղեցիկ եւ հոյական տուներ՝ իրենց գոյութեան ամենավերջին մնացորդն իսկ սոսկալի ճարճատումներով մթաստուեր, աւերակ եւ անյատակ անդունդներու մէջ կը գլորեն…։ Այս սարսափելի եւ աւերող հրդեհներուն՝ երկնքի կապոյտին վրայ սփռած կարմիր եւ կրակոտ մուխը սոսկալիօրէն յուզումնալից տագնապ եւ սարսափ սփռելով կը դողացնէր մարդկութիւնը»։

«Այս զարհուրելի փորձանքը՝ բաղդին այս սեւութիւնները ոչ միայն ենթակաները, այլ բոլոր իմացող հասարակութեան զգայուն արարածները պիտի լացնեն եւ ողբացնեն առ յաւէտ»։

«Քննենք այս ապստամբութիւնը՝ որ Ատանացին կատարեալ չքաւորութեան մատնեց»։

«Հայերն ալ թուրքերուն պէս՝ երեսուն եւ երեք տարուան բռնապետական ծանր ճնշումներուն տակ ճզմուեցան եւ աղմուկ հանեցին։ Օսմանացիներու երջանկաբեր եւ հմայիչ անդորրութեան մը շրջանին մէջ մտած ատեննին՝ բողոքի եւ վրէժխնդրութեան համար բերաննին փոքրիկ ժամանակի մը համար գոցելով մեզի հետ հաւասար ծափահարեցին մեր նուիրական յեղափոխութիւնը։ Բայց շատ չի տեւեց, իրենց մասնաւոր փափաքը հետապնդելու համար պատրաստութիւններ տեսնել սկսան։ Երբեմն դժգոհ դէմքով մէջտեղը ցրտութիւն առաջ բերելու ձգտումներ կ՚ընէին եւ կը ցուցնէին թէ իսլամներու հետ իրենց ապրիլը անկարելի էր։  Ասոնց՝ խռովարար ընթացքին հետեւութեան ահաւորութիւնը հասկնալով հանդերձ, այս պարագան չէինք ուզեր զգացնել մեր կրօնակիցներուն։ Նոյնիսկ Հայոց աղէտաւոր զգացումները փայփայելով, այսօրուան աղէտին տեղի չի տալու համար սրտագին եւ անկեղծ փափաքով մեր ամբողջ սէրը շռայլած էինք, իրենց մասին գնահատական եւ սիրազեղ տողեր գրելով։ Բայց ամէն բան անօգուտ էր։ Այս միութեան եւ համաձայնութեան պահանջը՝ իրենց վտանգաւոր հակումները չի կրցաւ չափաւորել եւ թուրքերու ու իրենց մէջ մտածումի տարբերութիւններ հանեց։ Որովհետեւ ճշմարտութեան յայտնումը միւսներուն ատելութիւնը կը հրաւիրէր եւ այս միջոցով յարաբերութիւնները ձգտեալ վիճակ մը կը ստանային։ Հայերը գրեթէ ամէն ժամ իրենց պակասը լրացնելու, զէնքերը պատրաստելու համար մեծ գործունէութիւնով կ՚աշխատէին։ Շուկային ու հրապարակին վրայ հայերը իրարու հետ մրցում ընելու աստիճան մարթին, մավզէր եւ պատերազմական ուրիշ զէնքեր կը գնէին։ Պատերազմական զէնքերը պատրաստուելէն ետքը, լեզուները իրենց հին մեղմութիւնը կորսնցուցին, «մինչեւ մահ միասին ենք» բանաձեւը կրկնող բերաններէն՝ տգէտ եւ փութկոտ եղողները, «երբ որ ալ ըլլայ թուրքերը պիտի ջարդենք, այլեւս չի պիտի վախնանք, հին վերքերը դեռ նոր կ՚արիւնոտին»ի պէս սպառնալիքներ անվախօրէն մէջտեղ կը նետէին եւ թուրքերը գրգռելով պատասխանատուութիւնը իրենց վրայէն վերցնել կ՚ուզէին։ Բայց թուրքերը իրենց մեծերուն խաղաղասէր խրատներուն անսալով եւ համակերպելով բնաւ դէպքի մը տեղի ալ չէին ուզէր։ Հայերը՝ տեսնելով իսլամներուն այս անտանելի լռութիւնն ու համբերութիւնը, իրենց օրինազանցութիւնը աւելցնելու եւ մանր մունր ոճրագործութիւններ ընելու ձեռնարկեցին։ Թէեւ այս ամէն բաները միւս կողմէն խորունկ լռութիւնով մը կը փոխանակուէին, բայց հայ-ֆէտայիներուն՝ մավզէրներով զինուած հոս հոն պտտիլը՝ թուրք ազգին մէջ գոյացած երկիւղը իր ծայրագոյն աստիճանին հասցուցած եւ ապագային համար խիստ մտատանջութիւններով պատած էր։ Կառավարութեան ոյժին անբաւական ըլլալը՝ թուրքերուն մէջ վախ ու սոսկում, իսկ ընդհակառակը հայերուն մէջ ոյժ ու քաջութիւն կը գոյացնէր. եւ խառնակութեան մը պարագային հայերուն՝ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ թուրքերուն յաղթելու յոյսը բերնէ բերան կը շրջէր։ Ահա այսպէս գործերը օրէ օր գէշնալուն պատճառաւ վերջաւորութեանը շատ անհանգստութեամբ կ՚սպասէինք։ ՎԵրջապէս ահռելի կերպով մը երեւան ելաւ խռովութեան առաջին նշանը։ Ուրբաթ օրը Շապանիյէ թաղին մէջ բացէ ի բաց առանց պատճառի սպաննուած էին երկու իսլամ երիտասարդներ եւ ոճրագործները չէին ձերբակալուած։ Ասոր վրայ իրաւունքով բարկացած իսլամ ժողովուրդը՝ իրենց մեծերուն «համբերեցէք տէրութիւնը ոճրագործները պիտի ձերբակալէ» խօսքին վրայ հանդարտած էին։ Բայց հայերը իրենց բոլոր ուժովը յամառելով, խիստ կերպով կը յայտարարէին թէ ոճրագործը չի պիտի յանձնեն։ Ոստիկանութիւնը շուարեցաւ մնաց, մանաւանդ որ բաւական չափով զինուորական ոյժ ալ չունէր, հայերուն այս ընթացքը ապստամբութենէ զատ ուրիշ բան մը չէր։ Մանաւանդ կառքերու մէջ ձեռքերնին մարթիններ բռնած ֆէտայիները՝ զէնքեր եւ ռազմամթերք կը փոխադրէին եկեղեցիները եւ ուրիշ ամուր տուները եւ իրենց մարդոց կը բաժնէին»։

«Մինչեը չորեքշաբթի օրը թէ՛ ոստիկանութիւնը եւ թէ՛ իսլամները յուզումի եւ վախի մէջ պտտեցան, ուշադրութիւն ընելով որ առաջին զէնքը իրենց կողմէ չի պարպուի։ Չորեքշաբթի օրը հայերը ամբողջութեամբ իրենց խանութները գոցելով եկեղեցիներուն եւ պողոտաներուն նայող բարձր տուներու մէջ ամրացան, եւ առաջին զէնքն ալ սոսկալի խռովութեան մը պատրաստուող հայերուն կողմէ պայթեցաւ։ Զէնքերը երբ կը գոռային ականջները պատռելու աստիճան, վախով եւ զարմանքով հասկցանք մեր եղերական թմրութեան մէջ ապրած ըլլալը։ Հայերը դիրք բռնած՝ տուներու հրացանի ծակերէն եւ տանիքներու վրայ շինուած հուժկու պատնէշներէն անդադար գնդակ կը տեղացնէին։ Իսկ խեղճ թուրքերը փողոցներուն մէջ՝ ձեռքերնին միայն բիրերով կը փախչէին եւ երկիւղալի ու մահաբեր անդունդի մը եզրը հասած ըլլալնին ցաւով ու տրտմութեամբ կը պատմէին իրարու։ Եւ որովհետեւ ամէն տեղ հայոց գնդակներուն կործանարար սահմանին մէջ կը գտնուէր մօրերնուն գիրկը վազող մանուկներուն, այրերուն արիւնոտ դիակներուն վրայ լացող այրիներուն վստահ տեղ մը, ապահով ապաստանարան մը չէր գտնուեր։

«Ասոր հետ մէկտեղ, հայերուն՝ գրեթէ ամէն կէտերէ ձգած հրդեհները՝ ամբողջ քաղաքը կործանեց եւ աւերակ դարցուց» [1] ։

«Շրջականերէն զինուոր ուզուեցաւ բայց շատ մը տեղերու մէջ միեւնոյն վիճակը կը տիրէր։ Հայերը ամէն կողմ ուժգնօրէն յարձակած ըլլալուն, ոչ թէ օգնութեան կը փութային՝ այլ կը օգնութիւն խնդրէին։ Միայն Գարաիսալուի պահեստիները զէնքի տակ առնուելով մէկ օր վերջը հասան եւ Թարսուսէն ալ մաս մը պահեստի զօրք ղրկուեցաւ հոս, հոն ալ խռովութիւն ծագած ըլլալուն պատճառաւ։ Հայերը այսքան խժդուժութիւններէ եւ ոճրագործութիւններէ ետքը, զինուորներուն՝ եւ գիւղերէն թափուող ժողովուրդին՝ բազմանալը տեսնելով հասկցան որ չի պիտի կրնան յաջողին, գթութիւն հայցեցին, որուն վրայ կրակը դադրեցաւ [2] »։

Հայերը տակաւին կառավարութեան ոչ մէջ զէնք չի յանձնեցին, ասոր համար կրակին վերսկսելու եւ հիմակուան լռութիւնը առժամանակեայ զինադադար մը ըլլլալու հաւանականութիւնը՝ իսլամական միտքերը սաստկօրէն կը զբաղեցնէ եւ կը յուզէ։

Տեսնենէ թէ վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Անխելք հայերը զմեզ, հայրենիքը, ինքզինքնին ալ կործանեցին։ Դժբաղդ Ատանա, այս աղէտն ալ տեսաւ»։

ԻՍՄԱԻԼ ՍԱՖԱ



[1]            Ուշադրութի՜ւն, «Իթիտալ»ի դատողութիւնով հայերը՝ իրենց թաղերուն մէջ կրակ դրած  ըլլալու են, որովհետեւ այրած թաղերը միայն հայերուն կը պատկանէին…։ . Թ. )

[2]            Վերջապէս հայերուն գթութիւն հայցելուն վրայ կրակը դադրած ըլլալը եւ որով յարձակումներուն եւ կրակին իրենց կողմէ կատարուիլը ահա անուղղակիօրէն կը խոստովանի խուժանաթերթն «Իթիտալ»։ . Թ. )