ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԻՏԻԷԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Համիտիէի ջարդէն հրաշքով ազատած հայ մը պատմէ.

«Ապրիլ մէկի Չորեքշաբթի օրն առտուն, մեր քահանան՝ Տ. Կարապետ Հայր Դանիէլեանը որ դեռ երկու ամիս առաջ եկած էր Կեսարիայէն Ս. Զատկի առթիւ կանանց յատուկ քարոզ կուտար մեր փոքրիկ եկեղեցիին մէջ։ Այս միջոցին երկու թուրք երիտասարդներ եկեղեցի գալով քահանային լուր տուին թէ տեղոյն գայմագամը (տեղեկալ) կ՚ուզէ տեսնել զինքը անմիջապէս։ Քահանան՝ քարոզը կարճ կապելով փութաց գայմագամին երթայ։ Հազիւ թէ քահանան շուկայ ելած, էր յանկարծ ահագին բազմութիւն մը շուկան թափուեցաւ եւ զէնքերն սկսան պայթիլ։ Քահանան կռահելով անմիջական վտանգը իսկոյն ինքնապաշտպանութեան դիմեց եւ վիրաւոր վիճակովն ատրճանակ մը հանելով առաջին անգամ գետին տապալեց ահռելի խուժանապետն Արսլան պէյ կոչուած չէրքէզը, եւ ահա խուժանը՝ մորթուելիք ոչխարի մը այս յանդգնութենէն ա՛լ աւելի գրգռուած վայրկենապէս կտոր կտոր ըրաւ մեր դժբախտ քահանան։ Քահանային սպաննուելէն ետքը սկսան. բուռն թափով կոտորածին։ Նախ՝ շուկան պաշարելով ջարդեցին բոլոր քրիստոնեայ վաճառականները եւ ասոնցմէ միայն տասն եւ երեք հոգի փութացին կառավարչատան մէջ ապաստանիլ, յուսալով թէ գոնէ պաշտօնատան մէջ կը պաշտպանուին եւ սակայն դժբախտաբար ասոնք ալ հոն ջարդուեցան։ Գայմագամին, հաքիմին եւ բոլոր պաշտօնեաներուն աչքերուն առջեւ, չարաչար կերպով։ Միայն դեղագործը չ՚սպաննեցին, այն ալ թուրք վիրաւորեալները դարմանելու նպատակով։ Շուկայի ամբողջ քրիստոնեայ վաճառականներու արհեստաւորները ջարդելէ ետքը, թալանի տուին ամբողջ շուկան։ Այս միջոցին թաղերուն մէջ գտնուած քրիստոնեաներս ահ ու դողի մատնուած, սկսանք մէկ երկու տուներու մէջ փակուիլ եւ դիմադրութեան պատրաստուիլ։ Խուժանը՝ կռահելով մեր նպատակը սկսաւ գնդակ տեղացնել քրիստոնեայ փողոցներուն մէջ, արգիլելու համար մեր համախմբումը։



Համիտիյէ գիւղաքաղաքը։

Շուկայէն ետքը յարձակումը սկսաւ թաղերուն վրայ։ Այս միջոցին խուժանապետներէն Ֆարիս եւ եղբայրը Մուհիտտին առաջ անցնելով սկսան պոռալ.

«Էյ միւսլիմանլար, մալա պագմայըն ճանա պագըն, Սուլթան Համիտտէն էմիր կէլմիշ, վուրո՛ւն, վուրո՛ւն, կեավըր գօգուսը պըրագմայըն, հայտէ պագալըմ…»

Հրազէնները ամէն տեսակներով սկսան գոռալ եւ մենք անընդհատ կը պոռայինք «Գթութի՛ւն, օգնութի՛ւն, խղճացէք մեր վրայ»։ Ո՜հ ինչպէ՞ս պատմեմ, ի՞նչ տեսակ բառերով բացատրեմ մեր այն վայրկեաններուն տպաւորութիւնը։ Հրացանները կը պայթէին ու կը պայթէին եւ  զարնուող քրիստոնեաներուն «օ՜ֆ անաչաղըմ, վա՜յ մայրիկ, զարնուեցայ, էօլ… տիմ» ձայներն ու կիներու պոռչտուքները, լաց ու կոծերը օդը կը թնդացնէին։ Քարերն անգամ չէին դիմանար. վարը յարձակող խուժանը եւ վերը հանդիսատես Արարիչը միայն կը դիմանային։

Իրիկուան դէմ քրիստոնեայ թաղերուն մէկ մասը լմնցուցին եւ երբ թաղին կեդրոնը մօտեցան Մարաշցի Յովհաննէսի տունէն դիմադրութիւնն սկսաւ։ Հակառակ խուժանին ստուար բազմութեանը օդին մէջ արձակուող մի քանի զէնքերուն ձայնէն խուճապի մատնուեցան եւ սկսան փախչիլ զիրար կոխկռտելով։ Դիմադրութեան շնորհիւ ցորեկը չի կրցան մօտենալ եւ գիշերը սկսան կրակի տալ հայ թաղերը։ Նախ՝ այրեցին Մարաշի Յովհաննէսի յարակից տունը, որ՝ առանց վնաս պատճառելու շրջականերուն, առանձին այրեցաւ ու մարեցաւ։

Հետեւեալ օրը խուժանը՝ անյաջողութենէն կատղած յարձակեցաւ թաղին ուրիշ մէկ կողմը գտնուող Սարգիս էֆ[էնտի]ի տան վրայ, եւ սակայն բուռն դիմադրութեան շնորհիւ անոր ալ չի կրցան մօտենալ եւ կրակի տուին յարակից տունը, այս տունն ալ այրեցաւ ու մարեցաւ առանց վնաս պատճառելու քովի տուներուն։ Սարգիս էֆ[էնտի]ի տունին դիմացը կը գտնուէր Հաքիմին տունը եւ Հաքիմը պատուհանէն կը դիտէր այս ամենը։ Հաքիմը տեսնելով խուժանին տկարութիւնը տանիքը ելաւ եւ մոլեռանդական ու կրօնական կարգ մը խօսքերով գրգռեց խուժանը եւ հրաւիրեց որ իր տունը մտնեն ու անկէ՝ գնդակներու կարկուտով մը ծակծկեն դիմացի Սարգիս էֆ[էնտի]ի տունը։ Հրամանը իբրեւ պատգամ գործադրուեցաւ եւ սակայն այս միջոցն ալ օգուտ չըրաւ ու անյաջող անցաւ։ Եւ վերջապէս Հաքիմը՝ քրիստոնեաներուն անձնապաշտպանութեան յանդգնութենէն (. ՜. ՜. ՜) կատղած, երկրորդ օրուան կէսօրը ձիաւորներ ղրկեց շրջակայ գիւղերը գտնուող Ճէրիտ աղաներուն որ օգնութեան հասնին… որովհետեւ քրիստոնեաները զիրենք կը ջարդեն եղեր (. ՜. ՜. ՜…)։ Երկրորդ օրն ալ այսպէս անցաւ եւ խուժանը չի կրցաւ փճացնել իր մէկ հարիւրերորդին չափ եղող քրիստոնեաները։

Երրորդ օրը կը լուսնար եւ մենք կը յուսայինք որ կեդրոնական կառավարութենէն հրամաններ պիտի հասնէր ջարդին դադրեցուիլը հրամայող, եւ սակայն ի՞նչ  տեսնենք շրջակայ գիւղերէն անթիւ ու անհավար զինուածներ թափուած եկած էին Համիտիէ, եւ ամենքն ալ իջեւանած Հաքիմին տունն ու շրջակաները։ Արեւածագէն ետքը Հաքիմը տանիքը ելնելով աղօթը մը կարդաց ամբողջ խուժանին ներկայութեանը, եւ նորեկ պարագլուխները կանչելով տանիքէն ցոյց տուաւ քրիստոնեայ թաղերուն սահմանները։

Յանկարծ խուժանը շարժեցաւ եւ նախ՝ յարձակեցաւ Սարգիս էֆ[էնտի] Աղազարեանի տան վրայ, յաջողեցաւ խուժել տունէն ներս, որուն մէջ գտնուած այրերը վայրկենապէս ջարդուեցան, երիտասարդուհիներն զատեցին ու առեւանգեցին եւ նոյն իսկ անուններն ալ փոխեցին, եւ տարիքոտ կիները փոխադրեցին կառավարչատուն, փողոցներուն մէջ ասոնց ալ մեծ մասը ջարդուեցան։ Կիներէն մէկ մասը խուճապի միջոցին փութացին ապաստանելու՝ օտարահպատակ Մատամ Սապաթիյէի տունը, ուրկէ սիրով ընդունուեցան։

Սարգիս էֆ[էնտի]ի տունը ամբողջապէս պարպելէ ետքը ջարդարարները հոն լեցուեցան եւ սկսան հոնկէ կրակ տեղացնել դիմացը գտնուող Մարաշցի Յովհաննէսի տան վրայ։ Փոքրաթիւ հայերը՝ վեց ժամ անընդհատ եւ քաջարար դիմադրեցին եւ յետոյ այլեւս ճարահատ ստիպուեցան յանձնուիլ։ Դժբախտ հայերը կառավարական պաշտօնատունը ապաստանելու յոյսով հազիւ թէ փողոց ելան յանկարծ կոտորողները ուրախութեան ճիչերով եւ կատաղի գայլերու պէս յարձակեցան բազմաթիւ քրիստոնեաներուն վրայ եւ վայրկենապէս ջարդ ու փշուր ըրին զանոնք, մէկ հայ իսկ ողջ չի ձգելու պայմանաւ։ Յիշեալ տունէն միայն նոր հարսը դրացի թուրքին կողմէ տարուելով ազատեցաւ եւ անունն ալ փոխուեցաւ Խատիճէի։ Յիշեալ նոր հարսին վրայ գտնուած զարդոսկիները եւ 128 ոսկի հնչուն դրամը առած էին Ֆարիս եւ Մուսթաֆա անունով թուրքերը։ Իսկ Սարգիս էֆ[էնտի]ի տունը կրակի տալով այրեցին նահատակներուն դիակներովը մէկտեղ։ Անդին Հաքիմը՝ լսելով որ իր դրացին թուրքերէն մէկուն տունը 8 հայեր ապաստանած են, զանոնք ալ աչքին առջեւ ջարդել տուաւ անխղճօրէն…, որ դեռ կը մնայ հոն Արդարութիւնը պաշտպանելու (՜…) պաշտօնով։

Վերջապէս հազար երեք հայերէն միայն իննիսուն կիներ ազատեցան, որոնցմէ երիտասարդները իսլամացուեցան եւ նահատակներուն դիակները մասամը այրեցին ու մնացածն ալ Ճիհունի գետին հոսանքին յանձնեցին, կարծես նուէր ղրկելու համար քաղաքակիրթ աշխարհին…։

Աստուած ինչո՞ւ չի խղճաց արդեօք, գոնէ օրօցոցի անմեղ մանուկներուն, որոնք՝ պատերուն զարնուելով, սուիններու ծայրերը անցուելով, խարոյկներու մէջ խորովուելով նահատակուեցան…։ Ներոնն ու Լենկթիմուրն անգամ գերեզմաններու խորերէն նախանձեցան Կիլիկեան ջարդին դերակատարներուն մի գործ դրած վայրագութեանց աներեւակայելի տեսակներուն…։

Ո՜հ երթալ չեմ ուզեր այլեւս այն անիծեալ վայրը, ուր արձակ համարձակ կը պտտին այն մարդակերպ ճիւաղները, միշտ յոխորտալով իրենց քաջութեան վրայ, մնալով միշտ անպատիժ…»։



[1]            Նախապէս Համիտիէ եւ աղէտէն ետքը Ճիհան կոչուած այս գիւղաքաղաքը կը գտնուի Ատանայի հարաւային Արեւելեան կողմը Ճիհունի եզերքը։ Աղէտէն առաջ ունէր 1000 տուն բնակիչ, որոնցմէ 100 տունը Հայ էին։ Հայերն ունէին եկեղեցի եւ վարժարան։ Ջարդի միջոցին կը գտնուէին պանդուխտներով 1500ի մօտ Հայեր։ . Յ. Թ. )