ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԷՅԽ—ՄՈՒՐԱՏԻ [1] ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Շէյխ—Մուրատ Հայ գիւղի քահանան Տ. Գէորգ հայրը կը պատմէ.

«Ապրիլ մէկի Չորեքշաբթի օրը՝ քաղաքը Ատանա գացած երկու հայ գիւղացիներ՝ հիւ ի հեւ վազելով գիւղ եկան եւ պատմեցին մեզ Ատանայի մէջ սոսկալի ջարդի մը սկսիլը։ Անմիջապէս գիւղացիներս գլուխս ժողվելով ինքնապաշտպանութեան կարեւորութիւնը շեշտեցի եւ յորդորեցի որ արթուն ըլլան մօտալուտ վտանգին դէմ։

Երկրորդ օրը՝ Հինգշաբթի առտուն՝ մեր շրջակաները գտնուող Արապ քէօյ եւ Թանրշման գիւղերու թուրքերը յարձակեցան նախ՝ մեր դիմացը գտնուող Աղզը-պէօյիւք գիւղին վրայ եւ մեր աչքին առջեւ ջարդեցին թալանեցին եւ այրեցին փոքրիկ գիւղն ու հոն գտնուող 200 ի չափ հայ մշակները։ Մենք մեր տանիքներուն վրայէն դիտելով այս ամենը՝ ահ ու դողի մատնուեցանք։Կարգը մեզի եկած էր։

Իրիկուան դէմ յանկարծ խուժանը մեր գիւղին վրայ քալեց եւ պաշարեց։ Իսկոյն անձնապաշտպանութեան դիմելով ետ մղեցինք յարձակողները։

Երրորդ օրը՝ Ուրբաթ առտուն10000 հոգիէ աւելի ձիաւոր եւ հետիոտն խուժան մը՝ ամէն կողմէ պաշարեց մեր գիւղը։ Ասոնք եկած էին մեր շրջակաները գտնուող խայըրլը, Թաշճը, Քիլիսէ քէօյ, Թանըշման, Ագտամ, Արապ քէօյ, Գարա օղլանլը, Չօթլու, Չանագլը, Պէքմէզ Հիւյիւկի, եւ Կէմի-սիրէն թուրք գիւղերէն։ Այսքան գիւղերէ եկող ահագին խուժանէ մը թէեւ վախցանք, սակայն առանց ընկճուելու ամէն ինչերնիս ձգելով քաշուեցանք մեր գիւղէն դուրս գտնուող եւ ամուր ու բարձր պատերով շրջապատեալ բակի մը մէջ։ Խուժանին մէկ ծայրը գիւղ մտաւ եւ նախ կրակի տալով այրեց մեր Եկեղեցին ու վարժարանը եւ հետզհետէ բոլոր գիւղը մոխրակոյտի վերածեց, մեր անասոնները ու կահ կարասիները թալանեց տարաւ եւ մենք դժբախտներս մնացինք բոպիկ, մերկ եւ անօթի, սակայն սրտով ու հոգուով միշտ արի։ Խուժանը մեր գտնուած տեղին վրայ շատ անգամներ յարձակեցաւ սակայն մեր բուռն դիմադրութեանց շնորհիւ չի կրցաւ մօտենալ եւ ետ փախաւ։

Չորրորդ օրը՝ Շաբաթ առտու՝ ա՛լ աւելի շատցած ու բազմապատկուած էր խուժանին թիւը, այս անգամ եկած էին նաեւ Եաղչը քէօյի, Ավրատ մէզէրի Քիւթիւքլէր եւ ուրիշ գիւղացիներ, որոնք իրենց հետ տարին մեր թալանուած գոյքերը։ Մենք արդէն դրացի գիւղացիներ ըլլալով կը ճանչնայինք զանոնք նոյն իսկ իրենց անուններովը։

Շաբաթ կէս օրին՝ սոսկալի յարձակում մը փորձեցին քսան հազարի մօտ ահագին բազմութեամբ մը։ Մեր ձեռքի զէնքերն՝ անկարող եղան անոնց կատաղութեանը դիմադրելու եւ որով ստիպուեցանք ջուրի համար շինուած երկաթէ խողովակ մը գտնել որուն մէկ ծայրը գոցելով, միւս ծայրէն միայն վառօթ լեցուցինք եւ սկսանք ահռելի պայթիւններ հանել օդին մէջ ։ Տգէտ խուժանը կարծելով թէ թնդանօթ ունինք, սկսաւ սոսկալի վայնասաւններով փախչիլ, նոյնիսկ հարիւրաւոր անձեր կոխկրտելով  խուճապի մատնուիլ։ Այս յաջողութիւնը անհուն ուրախութիւն պատճառեց մեզ եւ որով մեր ոյժերը կեդրոնացուցինք այս դրութեան վրայ։

Հինգերորդ օրը կիրակի առտուն տեսանք որ մեր ռազմանիւթն ալ սպառելու մօտ էր՝ յուսահատութեան մատնուեցանք եւ սակայն որոշած էինք դիմադրել մինչեւ մեր վերջին շունչը։ Անտէր եւ անպաշտպան ժողովուրդս շուրջս բոլորուեցաւ եւ սկսաւ Ս. Հաղորդութիւն խնդրել։ Ձեռքովս հաղորդեցի ամենքն ալ եւ արիւն արցունքներով միաբերան աղօթեցինք եւ ողբաձայն «Տէր ողորմեայ»է մը ետք մեր վերջին դիմադրութեան սկսանք։ Ատանայի մէջ ջարդը դադրած ըլլալուն պատճառաւ՝ Ատանայի ջարդարարներն ալ մեր վրայ եկած ու խառնուած էին զմեզ պաշարող ահագին խուժանին։ Կիրակի օրուան ինքնապաշտպանութեան միջոցին զարնուեցաւ մեզմէ չորս կտրիճներ։ Այն օրը հարիւրաւոր անգամներ յարձակեցան եւ ետ մղուեցան եւ վերջապէս Կիրակի իրիկուն մեր ունեցած ռազմանիւթն կատարելապէս սպառած ըլլալով՝ որոշեցինք փոխանակ խուժանին յանձնուելու, ճամբայ ելլել եւ փախչիլ դէպի Ատանա։



ԹՕՓՃՈՒ ՏԻԳՐԱՆ

Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսնալու գիշերը, մեծ ու պզտիկ, երկսեռ 200 հոգիի բազմութեամբ մը ճամբայ ինկանք վերջին աստիճան զգուշութեամբ լուռ ու մունջ քալելու պայմանաւ։ Բաւական ճամբայ քալած էինք, յանկարծ տասնի չափ ձիաւոր չէրքէզներ պաշարեցին զմեզ։ Այս վտանգին հանդէպ՝ Հաճընցի քաջարթուն երիտասարդ մը որ չէրքէզի զգեստ հագած էր առաջ անցնելով բարձրաձայն պոռաց չէրքէզ ձիաւորներուն, «թէսլիմ օլուն կեավըր աթլըլարը, թէսլիմ օլուն պագալըմ, Շէյխ Մուրատը վուրտուգ, կեավըրլարը քէստիք, Ատանա կեամըրլարընը քէսմէյէ կիտիյօրըզ»։ Չէրքէզները շուարած, սկսան աղաչել թէ՝ իրենք ալ միւսլիման են եւ թէ կեավըր ջարդելու համար կը պտըտին այս կողմերը։ Չէրքէզի գալփագնին ցոյց տուին եւ երդում ըրին թէ իրենք չէրքէզ են եւ թէ Ատանայի ջարդէն կը վերադառնան։ Ասոր վրայ մեր քաջարթուն երիտասարդը պատասխանեց. «էօյլէ իսէ կէչի՜ն, կիտի՛ն, Շէյխ Մուրատտա պիրազ մալ գալտը օնուտա սիզ ալըպ կէօթիւրին» եւ մեր խումբը սոսկալի գահավէժ վտանգէ մը ազատած, ուրախ զուարթ սկսաւ շարունակել իր ազատութեան ճամբան։

Կէս գիշերին հասանք Ատանայի կամուրջը եւ հոն առաջին ջարդը դադրած ըլլալը տեսնելով շատ ուրախացանք, քաղաքին դիմացը գիշերեցինք, առտուն կանուխ մտանք քաղաք եւ խումբով գացինք ուղղակի Մայր Եկեղեցին, ուր ընդունուեցանք առաջին ջարդէն ազատած մեր ազգակիցներուն կողմէ գրկաբաց։



ՉԷՐՔԷԶ ԳՐԻԳՈՐ

Մեր Ատանա գալէն ետքը տեղաւորուեցանք Ազգ[ային] Մուշեղեան վարժարանը, որուն մէջ այրեցան դժբաղդաբար յիսուն գիւղացիներս Ատանայի երկրորդ ջարդին միջոցին»։



[1]            Շէյխ-Մուրատ Հայ գիւղը կը գտնուի Ատանայէն 3 ժամ հեռուն դէպ ի հարաւ, ճիհունի գետին մօտերը, ունէր 45 տուն եւ 200 հոգի Հայ բնակիչ, եկեղեցի եւ վարժարան։ Աղզը-Պէօյիւք գիւղն ալ միեւնոյն տեղը կէս ժամ անդին կը գտնուէր, 9 տուն եւ 45 հոգի բնակիչով որոնք ամբողջապէս Հաճընցի էին։ . Յ. Թ. )