Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՇԻ ԴԷՊՔԸ

Տեղացի ականատես եւ անցուդարձերուն իրազեկ մէկը կը պատմէ՝.

«Ատանայի ահռելի ջարդին լուրը երբ առինք ահ ու դողի մատնուեցանք, բայց քաղաքը անխռով կը մնար։ Երբ խռովութիւնը մինչեւ Մարաշի սահմանակից Պաղչէ գաւառակը տարածուեցաւ խլրտումի նշաններ տեսնուցան։ Մարաշէն Ատանա գացող բազմաթիւ կարաւանը երբ Պաղչէի շրջակաները Քէօսրէլիք կոչուած տեղը ժամանած էր, Պաղչէի շրջակայ թուրք գիւղացիներէն յարձակումի ենթարկուած էր։ Կարաւանի քրիստոնեայ ճամբորդներէն ոմանք սպաննուած եւ ոմանք յարձակողներու ձեռքէն փախչելով Ապրիլ 3ին Մարաշ հասան։ Իրիկուան դէմ հայ երեւելիներէն ոմանք Միւթէսարըֆ Հայտար պէյին երթալով՝ խնդիրը պատմեցին եւ զգուշական միջոցներ ձեռք առնուիլն խնդրեցին։ Սակայն այս դիմումին կարեւորութիւն չի տրուեցաւ եւ խռովութիւնը սարածուեցաւ Ատանայի նահանգի սահմանէն դուրս Մարաշի գիւղերը։ Նախ՝ Սարըլար եւ Կէօզճեյիզ գիւղերուն մէջ գտնուող 21ի չափ հայերուն վրայ յարձակում գործուեցաւ։ Սարըլարի մէջ տան եւ հինգ տարեկանէն վար տղաքներէն զատ՝ միւսները ջարդուած էին, նոյնպէս Կէօքճէյիզ՝ մանուկներէն եւ կիներն զատ, մնացեալները դանակէ անցած էին։ Ատանայի ջարդէն փախած քառասունի չափ հայեր՝ Էլօղլու գիւղի թուրքերէն սպաննուած եւ միայն ասոնցմէ երկուքին դրամը առնուելով արձակուած էին, որոնք հեւ ի հեւ վազելով եկան ենկան Մարաշ։ Այս վայրագութեան յանդգնող թուրքերէն ոմանք Ապրիլ 5 ին կանուխէն Մարաշ գալով Ատանայի կողմերը կատարուած ընդհանուր ջարդի աւետիսը կուտան Մարաշի իսլամներուն։ Արդէն Մարաշի հայութիւնը սարսափի մատնուած՝ ջարդի լուրին թուրքերուն մէջ տարածուիլն ու պաշտօնապէս հաստատուիլը լսելով սկսաւ մտահոգ ըլլալ։ Նոյն օրը կէս օրին Պուղտայ պազարէն մի քանի թրքուհիներ ցորենի սակարկութիւն ըրած միջոցին հայերուն կը սպառնան ըսելով «Այսօր Ձեր վերջին օրն է, ջարդ պիտի ըլլայ»։ Հայերը այս լուրը առածնուն պէս քաշուեցան տուներնին։ Այս խուճապին միջոցին Չարշու պաշը եւ Սէրայ ալթը շուկաները գտնուող երկաթագործ եւ այլ արհեստաւոր թուրքերը յարձակեցան փախչող հայերուն վրայ եւ վիրաւորեցին 19ի չափ հայեր որոնցմէ 9 հատը նահատակուեցան։ Խուճապն ու իրարանցումը հազիւ մէկ ժամ տեւեց։ Այս միջոցին Մարաշի թուրք երեւելիներէն Պայազիտզատէ Գատրի փաշա՝ անմիջապէս կառավարական պաշտօնատունը գնաց եւ այնտեղէն անմիջապէս հեռագրական պաշտօնեան եւ Թաղապետութեան քարտուղարը կառավարիչին քով ղրկեց խնդրելով որ խռովութեան առաջքը առնուի։ Անմիջապէս տեղւոյն թուրք եւ հայ երեւելիներէն ժողով մը գումարուեցաւ, որոնք փոխադարձ ապահովութիւններ տալէ ետքը շուկան ելան եւ վայրկենապէս խռովութիւնը զսպեցին։

Թէեւ Մարաշի խռովարարական խլրտումին առաջքը առնուեցաւ, սակայն մինչեւ Ապտիւլ Համիտի անկումը՝ վախն ու սարսափը շարունակեց։ Երբ լսեցինք Սուլթան Մէհմէտ Րէշատի գահակալութիւնը վերջին ծայր ուրախացանք եւ ապահով եղանք մեր գոյութեանը։ Այս կերպով Մարաշի թուրք եւ հայ երեւելիներու համերաշխութեան շնորհիւ ազատեցաւ Մարաշը երկրորդ աղէտէ մը, որուն առաջինին ենթարկուած էր խիստ ցաւալիօրէն 1895ի թուականներուն։ Սակայն Մարաշի գիւղերէն ոմանք՝ դժբախտաբար ենթարկուեցան Ատանայի նահանգին մէջ տիրող խռովութեան ազդեցութեանը։

Պաղչէի եւ շրջականերու թուրքերուն վայրագութեանց տեղեկացող՝ Չագըր օղլու գտնուող Սարըլար, Էլ օղլու Չագալը թուրք գիւղացիները կը յարձակին հայ գիւղերուն վրայ եւ Քէշիֆլիի 70 տուները կ՚այրեն. ամէն ինչքերնին կը թալանեն եւ խեղճ գիւղացիները եկեղեցւոյ մէջ լեցուելով ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն։ Ասոնցմէ 7 հոգի կը սպաննուին եւ երկու հոգի կը վիրաւորուին, իսկ մնացածները ողջ առողջ կ՚ազատին։ Չագըր օղլուի գիւղէն անձի կորուստ չ՚ըլլալով ամենքը մէկ Ֆընտըճագ գիւղը կ՚ապաստանին եւ սակայն տուներնին կայրի եւ ինչքերնին կը թալանուի։ Ֆընտըճագ գիւղին վրայ յարձակող խուժանը գիւղ մտնելու համարձակութիւնը չէր ունեցած եւ այս կերպով ազատեցաւ Ֆընտըճագն ալ։

Ֆընտըճագի արդէն թշուառ գիւղացիները՝ իրենց առօրեայ գործերէն զրկուելով յետին աստիճան թշուառութեան ենթարկուած Մարաշ թափուեցան։

Մարաշի քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն անձի կորուստը 70ի չափ եւ մինչեւ հիմա Մարաշի անձի կորուստը պաշտօնական քննութեամբ 800ի հասած է։