Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻՍՏ ԻԴ.
(Ուրբաթ 19 Յունիս 1909)

Նախագահ. Տ. Եղիշէ Ս. Պատրիարք Հայր

Ատենապետ. Տօքտ. Վահրամ էֆ[էնտի] Թորգոմեան

Ատենադպիր. Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր

Խոր լռութեան մէջ, Ատենապետ էֆ[էնտի]ի հրաւէրով բեմ ելաւ Քաղ[աքական] Ժողովոյ անդամ Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի], ՚ի դիմաց Ազգ[ային] Վարչութեան Ատանայի խնդրոյն առթիւ կատարուած բանակցութեանց համարատուութիւնն ընելու համար:

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Երեսփոխան տեա՛րք, Պատկառելի Ընդ[հանուր] Ժողովդ կը յիշէ անշուշտ թէ Վարչութիւնը, Ապրիլ 24ի ԺԹ. Նիստին մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեց Մարտ 31էն մինչեւ այդ թուականը կատարուած դիմումներու մասին եւ Ժողովիդ ներկայացուց Կառավարութեան մատուցած յիշատակագրին պատճէնը: Հետեւաբար, Վարչութեան կը մնայ անկէ ի վեր կատարուած գործառնութիւններն եւս հաղորդել այսօր:

Կը յիշէ Ժողովդ թէ Վարչութիւնը առաջին անգամ իր զեկուցումը ըրած պահուն՝ դէպքերը դադրած էին Ատանայի մէջ ու շրջակայքը. սակայն կարեւոր էր գիտնալ թէ ի՛նչ ձեռնարկներ ըրաւ եւ ի՛նչ ուղղութեան հետեւեցաւ: Իր առաջին պահանջումը եղաւ զինուորական ատեանի մը կազմութիւնը, որպէս զի տեղւոյ վրայ քննութիւն կատարելով իսկական յանցաւորները պատժէ եւ ջարդի ու թալանի կրկնումն արգիլող միջոցներ տնօրինէ: Թէեւ այդ միջոցին արդէն իսկ կազմուեր էին տեղական ատեաններ, տիվանը հարպեր, սակայն անոնք յանձնաժողովներ կարգեր էին այնպիսի տարրերէ բաղկացած որոնք ուղղակի յանցաւորներ էին: Այդ տարրերը չէին կրնար, բնականաբար, երաշխաւորել թէ եղեռնագործները պիտի երեւան հանուին ու պատժուին. այս նկատումով էր որ մենք պահանջեցինք որ կեդրոնէն նոր մարմին մը ղրկուելով՝ չեղեալ նկատուին տեղական քննութիւնները: Նոյնպէս առաջարկեցինք խառն մասնախումբեր կազմել, որպէսզի ճշմարտութեան երեւան գալուն նպաստեն եւ պատրաստ նիւթ հայթայթեն զինւորական ատեանին: Այդ երկու մարմինները կազմուեցան Բառլամէնթին եւ Նախարարութեան կողմէ, եւ թէպէտ կառավարութիւնը խոստացած էր որ անոնք երբ Ատանա երթային՝ նախապէս կատարուած քննութիւնները ու տրուած որոշումները չեղեալ պիտի նկատէին, այս խոստումը չյարգուեցաւ: Գացող Տիվանը հարպը իր քննութիւնները կայացուց այնպիսի հիմերու վրայ, որոնց հետեւանքով վեց հայեր կախաղան հանուեցան: Դա մի չարիք էր որուն առաջը առնելու հնարաւորութիւն չիկար: Պէտք եղած դիմումները կատարուեցան Վարչութեան կողմէ, եւ յուսադրեցին զմեզ, բայց անօգուտ, վասնզի մեր յոյսը դրուած էր Կ. Պոլսէն գացող Պատերազմական ատեանին վրայ որ իր վճիռները հիմնեց նախորդին եզրակացութեանց վրայ: Երկար ժամանակ մենք անտեղեակ մնացինք այնտեղ անցած դարձածին. բարեբախտաբար այսօր նոյն տպաւորութեան ներքեւ չենք: Բառլամէնդին կողմէ նշանակուած Հայ անդամը արիութիւնը ունեցած էր բո՛ւն իսկ իրողութիւնը երեւան հանելու եւ իր հետեւած ընդդիմադիր ուղղութեամբ հարկադրած է կեդրոնական կառավարութիւնը՝ ճշմարտութիւնը խոստովանելու, թէեւ շատ սուղ գնով:

Ատենապետ էֆ[էնտի] Պատի՛ւ այդ անդամին՝ Պապիկեան էֆէնտիի:

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Թէեւ ուշ, սակայն դառն իրականութիւնը հաստատուած է. բայց որոշ արդիւնք չենք ունենար տակաւին: Հարցը կը կայանայ այն կէտին վրայ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել թալանուած գոյքերը ետ առնելու, բռնի կրօնափոխ եղած կիներն ու աղջիկները իրենց մայրենի եկեղեցիին վերադարձնելու եւ կարօտեալներուն նպաստի արդար բաշխում մը կատարելու համար: Թալանը ետ առնելու համար կեդրոնէն հրամաններ ուղղուեցան, սակայն ոչ մէկ երախաւորութիւն կար անոնց գործադրութեանը, վասն զի այդ հրահանգները կը տրուէին անանկ անձերու որոնց ընթացքը քննադատութեան առարկայ եղած էր արդէն: Նպաստի բաշխման գործն ալ նոյն անգոհացուցիչ վիճակին մէջ էր. նպաստամատոյց մարմինը կազմուեցաւ այն տեսակ անդամներէ որոնց մէջ կոտորածը պատրաստողներ կային: Վարչութեան բողոքները զօրեցին լուծելու այդ մարմինը եւ անոր պաշտօնը յանձնելու օգնութեան Միջազգային Յանձնաժողովին, օժանդակութեամբ Ազգ[ային] Պատրիարքարանի: Եւ որովհետեւ 30, 000 ոսկիի բաշխման մէջ մեծ զեղծումներ պատահած են, խնդիր է թէ զեղծարարները պիտի կրնա՞ն պատժուիլ: Տեղուոյն վրայ գտնուող նպաստաբաշխ մարմինները մրցման մէջ են՝ օձիքնին ազատելու համար: Եթէ նիւթական զեղծումները երեւան հանուին ու դարմանուին իսկ, գոնէ նախագահը չպիտի կրնայ ազատիլ: Այսու հանդերձ, թէ՛ նպաստի բաշխման գործը եւ թէ՛ թալանները ետ առնելու խնդիրը լաւագոյն պայմաններու մէջ կը գտնուին այժմ:

Սակայն այս ամէնը իբրեւ հիմնական որոշ գործողութիւն ձեր առջեւ դրուելու հանգամանքէն զուրկ է, որովհետեւ երբ մէկ կողմէն այս կարգադրութիւնները կը կատարուէին՝ միւս կողմէ ապշեցուցիչ դէպքեր պատրաստելու զրոյցներ կը լսուէին: Յանկարծ իմացանք թէ Ատանայի տեղական իշխանութիւնք կանչելով Պատրիարքարանի պատուիրակը, ազդարարեր են թէ «կա՛մ պէտք է հերքէք ձեր հաղորդած լուրերը եւ կամ պէտք է դատուիք»: Միւս կողմէ Ատանայի, Հաճընի, Հալէպի առաջնորդները դատի կը քաշուին, Վանէն տեղեկութիւն կը հասնի թէ քրթական խլրտում մը կայ Հայոց դէմ եւ թէ Վանայ առաջնորդն ալ կոչնագիր ստացած է դատարանէն: Պատրիարքարանը մէկ կողմէ անուղղակի տեղեկութիւն կը ստանայ, վասն զի վերեւ յիշուած դէպքերուն նպատակն է զրկել զայն ստոյգ տեղեկութիւններէ, եւ միւս կողմէ կը շարունակէ իր բողոքները. բայց այդ բողոքներով կարելի չէ բարերար արդիւնք ձեռք բերել: Կացութիւնը իր արդի ծանր դրութենէն ազատելու համար՝ գերմարդկային ճիգեր կը թափէ Պատրիարքարանը. թշուառութեան լեցուն բաժակը մը ունինք մեր առջեւ որ դուրս կը թափուի: Դարերու աւանդութեանց տեսակէտով անխուսափելի է այս ընթացքը: Արդեօք այդ չարիքները պիտի տեւե՞ն թէ ոչ: Այդ մասին բան մը ըսելէ առաջ, հարկ է ձեզ հաղորդել թէ Վարչութիւնը ի՞նչ ոգի է դրած իր դիմումներուն մէջ: Հետեւաբար պիտի կարդամ Մայիս 23 թուականով Պատրիարքարանի կողմէ Բ[արձրագոյն] Դրան մատուցուած յիշատակագիրը:

 

Մեծ-Եպարքոսին մատուցեալ թագրիրին պատճէնը։ Թիւ 183

«Ախիրէն 9 մայիս 1325 թարիխի իլէ միւթէգատտիմ թագրիրը տաիեանէմէտէ թա’տատ օլունան էսպապ վէ ահվալըն նէթիճէսի օլարագ, Ատանա վէ Հալէպ ֆաճիալարընըն ֆի’լէն վէ եախօտ իզմազը այն սուրէթի իլէ միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէրի մէվգըի իգթիտարտա գալտըգճա, վէ թահթը մուհաքէմէեէ ալընմատըգճա վէ ահքեամը ատալէթին իճրա օլունամաեաճազը, վէ մէրքէզտէն սատըր օլան էվամիրը ալիյէ հիւսնի թէլագգը վէ թէնֆիզ իտիլէմէյէճէկի վէ պինաէն ալէյհ, պու պապտէ իճրաաթը սէրիաի խըտէվանէլէրինէ ինթիզարէն պաշգա չարէ վէ իւմիտ գալմատըզընըն արզ ու պէեանընա իճթիսար օլունմըշ իտի։ Վէ Հագիգաթէն փէյ տէր փէյ թէվարիտ իթմէքտէ օլան մալիւմաթ րէսմիյէ խուսուսիյեէ նազարէն, միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէր տինիլտիքճէ գաթլը ամմա իհրագա, եազմաեա տիւչար օլմուշ Ատանա վէ Հալէպ հավալիսինին Էրմէնի միլլէթի էֆրատը անլաշըլմագտա օլտուղը թէզահիւր իթմէքտէ տիր։

Չիւնքի կէրէք վիլաեաթը մէզքիւրէ մէրքէզլէրինտէ վէ կէրէք միւլհագաթլարընտա թէշքիլ իթտիրիլէն թահգիգաթ իպթիտաիյէ հէյեէթլէրի ֆաճիաթըն միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգը հագիգիլէրինտէն միւթէշէքքիլ պուլունմալարը հասէպիյլէ, պունլար քէնտի ալէյհլէրինտէքի իմարաթ, տէլաիլ վէ պէյեինաթը մահվ ու իզալէեէ, վէ էմվալը մաղսուպէեի քէթմ ու իխֆաեէ, վէ եախօտ պիր սուրէթլէ էլտէն չըգարըպ նագտա թահվիլէ, վէ տիկէր թարաֆատան օգումագ պիլէնլէրէ ճէպրէն, պիլմէյէնլէրէ իզֆալէն իսթէտիքլէրի կիպի ղապթ ու թահրիր իթտիքլէրի իֆատաթ վէ շահատաթր իմզա իթտիրմէքտէ, վէ Հալէպ վէ Սիվաս վէ Էնգարա վէ Մամուրէթ-իւլ-Ազիզ վէ Տիարպէքիր վիլաեէթլէրի էհալիսինտէն նիչէ պին ղասիպլէրին էմվալը մազսուպէ իլէ սէրպէսթճէ իսթէտիքլէրի մահալէ կիթմէքտէ օլտուգլարը հալտէ, Էրմէնի մուսապիյնէ գարշը կէօնա կէօն միւշքիլաթ իհտասը իլէ եէրլէրինտէն գըմըլտանմաեա միւստատէ իտիլմէմէքլէ պէրապէր, նիչէլէրի տախի վէգա’եիի մէղքիւրէտէ զիմէտխէլ օլմագ թէօհմէթի իլէ իթհամ օլունուպ թահթը թէվգիֆէ ալտըրըըլմագտա տըրլար։

Պու սուրէթտէ ճէրէեան իտէն մուամէլէ նէթիճէսի օլարագ, եիւզ գըրգ պու գատար միւսլիմ մէվգուֆ պուլունտուղը հալտէ, տօգսան պու գատար նէֆէր տէ Էրմէնիլէրտէն թահթը թէվգիֆէ ալըմնմըշ օլտուգլարը րէսմէն իլան իտիլմէքտէ. վէ ախիրէն տօգուզ միւսլիմին վէ ալթը էրմէնինին սալպ օլունտուգլարը իխպարաթը ճէրաիտ ճիւլմլէսինտէն տիր։

Մըգտար վէ հիւվիյէթը մահքիումին հագգընտա շու խապէրին տախի տէրէճէի մէվսուգիյէթի մէճհուլ օլուպ, չիւնքի մէվգուֆիյնը միւսլիմէնին սէպիլլէրի պիր թարաֆտան թախլիյէ օլունտուղը հալտէ Էրմէնիլէր մէվգուֆ պըրագըլմագտա, վէ սաիրէէրի տէ թագիպ իտիլմէքտէ տիր։



Ատանայի աղէտին միջոցին այրած Հայ-Հռովէական Թէրզեան Վարժարանի կմախքը։

Ֆէլաքէթէթին տէրէճէսի մէյտանտա օլուպ, թախֆիֆ վէ ինքեարէ մէճալ օլմատըղը, վէ գաթլը ամմէ վէ իհրագա վէ եազմաեա Էրմէնիլէր զի մէտխէլ ատտ իտիլէպիլմէլէրի ագլ ու մանթըգա սըղմազ պիր իտտաա օլտուզը մէյտանտա իքէն, անլէրին թա’գիպաթա վէ մէվգուֆիեէթէ վէ միւճազաթա տիւչար օլմալարը նազարը միւլահազաեա ալընտըգտա՝ նէթիճէ իթիպարըյլա տէվրը սապըգ իսթիպտատ իլէ տէվրը լահըգը մէշրութիյէթ պէյնինտէքի ֆրագ ու թէֆավիւթին նէտէն իպարէթ օլտուղը անլաշըլամաեօր։

Մէմուրիյնը միլքիյէ վէ ասքէրիյէ վէ զապըթա, վէ միւթէնէֆիզանը պէլտէ հէր ներէտէ վազիֆէլէրինի թէմամըյլա վէ հագըյլա պիլ իճրա մէհաճիմլէրէ գարշը էհալիի մա’սումէեի մուհաֆազա վէ միւտաֆտաեէ սայ ու հիմմէթ իթմիշլէր իսէ՝ օէրալարտա պինլէրճէ էֆրատը՝ ֆէլաքէթը ազիմէտէն գուրթարմըշ օլտուգլարը, վէ պիլ աքիս պու կիպի ֆաճիաթըն միւշէվվիգ վէ միւրէթթիպլէրի օլան մէմուրլար հէր նէրէտէ իյգտի ֆէսատա մուաֆֆագ օլմուշլար իսէ՝ օրալարտա ֆէլաքէթը ազիմէ վուգու պուլմըշ օլտուղը թէճրիւպէթէն սապիթ պիր հագիգաթ օլտուղը հալտէ, պու կիպի միւսէպիպլէրի մէվգիի իգթիտարլարընտաիպգա իտիլմիշ, վէ թահգիգաթը իպթիտաիյէնին իճրասը, մուսապիյնին թահֆիֆը իհթիեաճաթը վէ էմվալը մազսուպէնին իսթիրտատ վէ սահիպլէրինէ իատէսի, վէլ հասրլ ահքեամը մատէլէթ վէ ինսանիյէթին իճրասը եինէ պունլարա թէվտի վէ թէսլիմ իտիլմիշ տիր։ Արթըգ հէս ֆաիլը ճիւրմ վէ հէմտէ օլ ճիւրմին թահգիգաթ մէմուրը սըֆաթլարը նէֆսլէրրինտէ իճթիմաա իտէն զէվաթտան ինթիզար օլունաճագ նէթիճէնին քէշֆ ու իտրաքը միւշքիւլ տէյիլ տիր։

Պունա միսալ օլարա, նէֆսի Ատանա ֆէլաքէթինին պաշլուճա միւսէպպիպլէրինտէն պիրիսի պուլունան միւֆթիի պէլտէ Մէհմէտ Լութֆի էֆէնտինին Իզմիրտէ նէշր օլունան «Խըտմէթ» զազէթասընըն 7 մայիս 325 թարիխլու վէ 2649 նօմրօլու նիւսխէսինտէ միւնտէրիճ, վէ մէֆհումը ղազէթաի մէզքիւր մուհարրիրի թարաֆընտան թասվիպ վէ թաստիգ գլընան մէգալէսինին մուհթէվիեաթը՝ միւֆթիի միւշարունիլէյհին նէ կիպի թէէսիրաթ վէ իլգաաթտա պուլունմըշ օլտուղընը իսպաթէ քեաֆի տիր։ Ատանա վալիի լահըգը Մուսթաֆա Զիհնի փաշա հազրէթլէրի տախի Ատանաեա վասըլ օլտուղը կիւն, քէրամէթգապիլինտէն օլարագ հէման մէսուլիյէթի Էրմէնիլէրէ թահմիլ վէ շու իսնատընը պալատէ մէնպալարը թայեին օլունան թահգիգաթա պինա իթտիկինի իլան իթմէքլէ, թա’գիպ իտէճէկի մէսլէքին՝ տէվրը իսթիպտատտա ճարի օլան ուսուլըն այնը օլտուղընը մէյտանը ալէնիեէթէ վազ իթմիշ տիր։

Շէհրի նիսանըն օն իւչիւնճի կիւնի, Ատանա հիւքիւմէթ տաիրէսինտէ թէճէմմիւ իտէն ճէմմը ղաֆիր «եաշասըն Ապտիւլ Համիտ» տիյէ պաղրըշմալարը պու կիւնէ տէյին գալէ ալընմայուպ, պիրտէ Իթիտալ ղազէթասը իլէ Էրմէնիլէր իրթիճաիեուն վէ իսլամլար հուրրիյէթփէրվէր կէօսթէրիլմէսի միւֆթիի միւշարունիլէյհին վէ ավէնէսինին իսթիմալ իթտիքլէրի մէշրութիյէթը իտարէ թապիրաթընը նէ մանատա թէլագը իթմէքտէ օլտուգլարընա տէլիլ քեաֆի իսէ տէ, պունլար նէ տէրտէսթ իտիլմիշ, նէ տիվանը հարպա թէսլիմ օլունմըշ վէ նէ տախի նէշրիյաթը մուզիրրրէլէրի հիւքիւմէթը մահալլիյէ վէ մէրքէզիյէտէն մուախէզէյէ մա’րուզ օլմուշ, վէ Խըտմէթ կիպի կազէթալար տախի անլէրի տէրճ ու իլանտան չէքինմէմիշ, վէ Ատանա վալիի ասպըգընըն վէ Տախիլիյէ միւսթէշարը Ատիլ պէյին, վէ Ատանա վալիի լահըգը՝ Մուսթաֆա Զիհնի փաշանըն, վէ Հալէպ վալիսի Րէշիտ պէյին վէ տիկէր րէֆիգլէրինին չիմտյէ գատար շաեանը իթիմատ ատա օլունարագ ազիլլէրի եօլունա կիտիլմէմիշ, վէ ֆաֆիանըն սուրէթ վէ էսպապը հուտուսի հագընաա հիւքիւմէթը մէրքէզիյէնէն նազարիեաթընը թայեին իթմէք խուսուսընտա զիհինլէրտէ թէրէտտիւտ հուսուլինէ սէպէպիյէթ վէրիլմիշտիր։

Կէրչի վուգուաթ վէ ահվալին մահիեէթ վէ միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէրինին թայեինի Տէրսաատէթտէն իզամ գկլկնան տիվանը հարպըն նէթիճէի թահգիգաթը իլէ միւմքին օլաճաղը սէօյլէնմէքտէ իսէտէ, ատալէթ վէ հագգանիյէթի հագընտա շիւպհէ իտիլէմէյնէն տիվանը հարպըն ըզհարը հագիգէթ իտէպիլմէսի՝ նահիյէլէրտէ վէ գեզալարտա վէ լիվալարտա մէմուրիյնը ատլիյէ վէ զապթիյէ վէ միլքիյէ վէ ասքէրիյէնին մուավէնէթինէ մէնութ վէ միւթէվագգըֆ օլուպ, հալպուքի զէմանը վուգուաթտա եա իշթիրաքը ճիւրմ իթմիշ վէ եախօտ վազիֆէլէրինտէ գուսուր էյլէմիշ մէմուրիյնը մումաիլէյհիմ վէ միւթէնաֆֆիզան մէմուրիյէթլէրինտէ իպգա օլունտուգտա թարաֆլարընտան վագը օլաճագ մուավէնէթ վէ թահգիգաթը իպթիտայիյէնին հանկը ճիհէթէ սէվգ օլունաճաղը մէյտանտա տըր, պու կիպի թահգիգաթ իւզէրինէ պինաի հիւքմէ մէճպուր վէ մուզթար օլան տիվանը հարպտան սատըր օլաճագ հիւքմլէրին ղաֆլէթտէն վարէսթէ օլամաեաճաղը պի շէք ու կիւման տըր։

Ճայի հայրէթը թասնիաթտան օլմագ իւզրէ ավամը թահրիք վէ հիւճիւմէ թէշվիգ զըմնընտա՝ պիր չօգ քիզպ ու միւֆթէրիեաթ նէշր իտիլմիշ օլմաղլա պէրապէր, Էրմէնի մագթուլլարընա պազէն սարըգլար սարըգլար վէ ասքէր էլպիսէլիրէ կիյինտիրիլէրէք, միւսլիմ օլուպ Էրմէնիլէր թարաֆընտան գաթլ իտիլմիշ օլտուգլարընը ինանտը»մագ իչիւն ինվաի տէսաիս իսթիմալինէ պիլէ թէնէզզիւլ իտիլմիշտիր։

Զաթէն գուգուաթըն սէպէպը հուտուսի հագգընտաքի հիւքիւմէթը մէրքէզիյէնին նազարիեաթը թէայեիւն իթմէտիքճէ, եանի շու ֆէլաքէթը ազիմէյի հաղըրլամըշ օլան Ղէիսի իսթիպտատ խագանը մախլու իլէ ավանէսի՞ մի տիր եօգսա միւֆթիի միւշարունլէյհ վէ Մուսթաֆաա Զիհնի փաշա վէ սաիրէնին իսնատաթը միսիլլու Էրմէնիլէրմի տիր։ Պուրասը սարահէթէն թաեին օլունմատըգճա թապիրի ախէրլէ մէրքէզի միւսէպպիպ վէ միւշէվվիգլէրի մէշրութիյէթ թարաֆտարը օլան մագթուլ Ատլիյէ նազըրը վէ մէպուս վէ մէքթէպլի զապըթան օլմայուպ՝ էրպապը՝ իսթիպտատ օլատողու կիպի, Ատանատաքի զաթլ ամմ վէ իհրագ վէ զասպ ու զարէթ ֆիիլլէրինին միւսէպպիպ վէ միւշէվվիզլէրի տախի Էրմէնիլէր օլմայուպ՝ էրպապը իսթիպտատ օլտուղու էսասը թէգարրուր իթմէտիքճէ թէֆէրրուաթ հագգընտաքի իխթիլաֆ վէ միւպաեէնէթլէր հալլ ու ֆասլ օլունմազ։

Ատանատաքի ֆաճիաթըն միւսէպպիպլէրի Էրմէնիլէր օլմատըզը էսասը գապուլ օլունտուգտա, արթըգ շիմտիյէ գատար ճէրեան իտէն ուսուլը թահգիգաթ վէ թա’գիպաթըն պիւսպիւթիւն տէյիշտիրիլմէսի լազըմ կէլիր։ Շայէթ մէմուլ վէ ինթիզար խիլաֆընտն՝ Ատանատաքի վուգուաթը էլիմէնին սէր ու սէպէպին օն պինլէրճէ թէլէֆաթա օղրամըշ՝ խանմանլարը սօօնմիշ վէ գուվվէթը լաեէմութտան մահրում գալմըշ Էրմէնիլէր օլտուղու էսասը գապուլ օլունաճագսա, հէմ մազլում վէ մագթուլ վէ հէմտէ մահքիւմ օլաճաղըմըզա գանտաթը քեամիլէ հասըլ օլուպ, արթըգ պէյհուտէ թաստիաթա ճիւրաթտէն իսէ՝ պիւթիւն էֆրատը միլլէթլէ հիւքմի գատէրէ ինթիզար իթմէքտէն վէ Ճէնապը Հագգա թէվէքքիւլտէն պաշգա պիր չարէմիզ գալմաեաճագ տըր։

Պիւթիւն պիր գավմըն հաեաթը վէ մէմաթ մէսէսէսինի մէվզուրը պահս իթմէքտէ օլան վուգուաթ վէ մուամէլաթը ճարիեէյէ գարշու՝ նիյմէթը մէշրութիյէթտէն հիսսէեապ օլմագտան գաթի իւմուտ իթմէք վէ եէս ու ֆիւթուրա միւպթէլա օլմագ թէհլիքէսինէ մարուզ պուլունան էֆրատը միլլէթի տաիեանէմին թէրճէմանը խէվֆ վէ էնտիշէսի օլմագլա պէրապէր, մէնաֆի վէ իսթիգպալը միլք ու տէվլէթին խալէլտէն վիգաեէ վէ սըեանէթի ուղուրընտա իֆաի հիւսնի վազիֆէ էյլէմէքտէն պաշգա հիչ պիր էմէլի օլմաեան տաիլէրինին՝ քէմալ սաֆվէթկ նիյէթլէ արզընա միւճասէրէթ էյլէտիկիմ հագաիգին թարզը իֆատէսինտէ նօգսան վէ եա զիեատէ պուլունսա պիլէ, պագա վէ նէճաթընըն սէվկիւլիւ վաթանը Օսմանիմիզին սէլամէթ վէ թէրագգըսընա մէնութ օլտուղունա գանի օլան Էրմէնի միլլէթինին օզրատըղը ֆէլաքէթ վէ մուսիպէթին թէէսիրի թահթընտա միւթէհայեիր գալան պուապտը տաիլէրինին նաիլի աֆվը ֆէխիմանէլէրի օլճաղընա իւմիւտ վէ իթիմատըմ պէրքէմալ տըր։

Ատանա վալիի լահըգը Մուսթաֆա Զիհնի փաշանըն Տիխիլիյէ Նէզարէթինէ թագտիմ իտուպ՝ ղազէթա վասըթասը իլէ տախի նէշր ու իլան գըլընան թահրիրաթընտա պէեան էթտիկի լիւզում վէ ազուեա պինաէն, տէրէճի միւշարէքէթլէրի էսամիլէրի հիզասընտա կէօսթէ»իլուպ՝ լէֆֆէն թագտիմինէ իճթիսար էյլէտիկիմ ճէտվէլտէքէ մէմուրիյն վէ իշխասըն տէրտէրթլէրի իլէ տիվանը հարպա թէպլիմլէրի, վէ Էրմէնի մէվգուֆիյնին թախլիյէի սէպիլլէրի, վէ մէմուրիյնի սաիրէի մահալլիյէնին թէպտիլլէրի, վէ էմվալ մաղսուպէնին ճիտտէն վէ քեամիլէն թէհարրի վէ իսթիրտատը, վէ գատըն վէ պաքիրէլէրին մահալլէրի քիլիսէ ճէմիեէթլէրինէ տէրհալ վէ պիլաս թէաննիւտ թէպիմլէրի, վէ պիլա թէֆրիգ միւսապիյնին թէէմինի մաեիշէթլէրի իլէ իանաթտան մըգտարը քիֆաեէտէ հիսսէմէնտ իտիլմէլէրի խուսուպարընա հիմմէթ վէ ինաեէթը ալիյէի ատալէթփէրվէրիլէրի շայան պույրուլմասը պապընտա»։

23 Մայիս 1325

Էրմէնի Բաթրիգ Գաիմմագամը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊԻՍԿ[ՈՊՈՍ] ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ

 

(Այս թագրիրին ընթերցումը քանիցս ընդհատուեցաւ ծափահարութիւններով, մանաւանդ վերջին մասը ուր ըսուած է թէ «Այլեւս Աստուծոյ դիմելէն ուրիշ ճար չէ մնացած Հայութեան»)։

 

Այժմ Հալէպի եւ Ատանայի մէջ գտնուող արկածեալները առաջուընէ աւելի նպաստ կ’ստանա, չենք ըսեր գոհացուցիչ։ Ժողովուրդը հետզհետէ կը դառնայ իր տեղերը։ Թալանուած գոյքերը, թէեւ ո՛չ ամէնքը, բայց մասամբ կը վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Վարչութիւնը որոշած է որ որբանոցները հիմնուին օգնութեան միջազգային Յանձնաժողովին ձեռքով, Ազգ[ային] Պատրիարքարանի վերին հսկողութեան ներքեւ։ 1895ի եւ 96ի փորձառութեան վրայ հիմնուելով՝ խորհեցանք որ երբ մեր որբերը մենք չենք կրնար պահել ու օտարներու կը յանձնենք, անոնք կ’օտարանան։ Այս նպատակով տրուեցաւ վերոյիշեալ որոշումը, որպէս զի որբ սերունդը պահէ իր գաղափարն ու զգացումը հայրենիքի մասին եւ օտարութեան մէջ չկորսուի։ 2000է աւելի որբեր կան Ատանայի մէջ ու շրջակայքը. իսկ որբերու ընդհանուր թիւը 10, 000ի կը հասնի։ Օտար որբանոցներու մէջ ընդունուած տղաքը կը մնան հոն՝ մինչեւ որ հաստատուին Ազգ[ային] որբանոցները եւ անոնց մէջ տեղաւորուին։ Կասկած կը տիրէ մասնաւորապէս գերմանական որբանոցներուն նկատմամբ թէ Հայ տղաքը օտարադաւանութեան կը մղեն, սակայն կարելի է անոնց մօտ ալ պաշտպանել մեր իրաւունքները։

Այս կարգի խնդիրներու մասին մեր ապագան ի՞նչ պիտի ըլլայ, չենք գիտեր։ Բայց, ինչպէս յայտնի է, վերջերս նախարարութեան տրամադրութիւնները փոխուեցան եւ Վարչութիւնս կուզէ օգտուիլ այս պարագայէն, եւ գրաւոր դիմումներէն ետքն այլեւս անցած ենք խօսքի։ Նախարարները՝ Հայոց Պատրիարքարանին նկատմամբ լաւ հայեացք ունին։ Վարչութիւնը յանձնարարեց երկու անդամներուն՝ երթալ Շէվքէթ փաշային, նախարարապետին եւ ներքին գործոց նախարարին մօտ, ըսելու որ եթէ առաջնորդները կը ձերբակալուին, կարգը պիտի գայ Քաղ[աքական] Ժողովի անդամներուն։ Մենք աւելորդ նկատեցինք երթալ ներքին գործոց նախարարին. բայց երէկ նախարարապետին մօտն էինք եւ երկու ժամ տեւեց մեր տեսակցութիւնը։ Խօսակցութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն Հայոց վրայ, այլ երկրին անցեալին, ներկային ու ապագային վրայ։ Անշուշտ չէք պահանջեր որ խօսուածները հաղորդեմ ձեզ մանրամասն, ինչպէս ես ալ չեմ ուզեր ըսել։ Միայն սա չափը կրնամ յայտարարել վստահաբար, թէ այս անգամ տրուած խոստումները ուրիշ ատեններէ աւելի յուսադրական են, մօտաւոր ապագայի մը համար աւելի՛ մխիթարանք ներշնչող։ Իսկ եթէ դարձեալ չի յաջողինք արդիւնք մը ձեռք բերել, կուգանք յայտարարել Ազգային Երեսփոխանութեան թէ մենք չկրցանք բան մը ընել, դո՛ւք խորհեցէք դարմանը։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Լսեցիք արդիւնքը Վարչութեան մեղուաջան աշխատութեան որ կը շարունակուի գրեթէ ամէն օր, ամէն վայրկեան։ Գոնէ անձնապէս, իբր Ազգ[ային] Երեսփոխան, ես պարտաւոր կ’զգամ ինքզինքս շնորհակալութիւն յայտնելու։

Ձայներ. Կը ձայնակցինք։ Շնորհակալ ենք Վարչութենէն։ (ծափահարութիւններ)

Ստեփան Գարաեան էֆ[էնտի] Պաշտօնակցիս՝ Շահրիկեան էֆ[էնտի]ի ըսածներուն վրայ բառ մըն ալ ես աւելցնել կ’ուզեմ։ Շէվքէթ փաշային ըսինք մեր կառավարութիւնը երկու կերպ քաղաքականութիւնը կրնայ բռնել այս խնդրոյն մէջ։ Մէկը՝ միշտ ծածկել գործուած սխալը, ոճիր մըն է գործուեցաւ՝ ինչ կրնանք ընել, ըսել. մէյ մըն ալ, խոստովանիլ եւ քաղաքային ու բնական օրէնքներու բերմամբ աղէտին հետեւանքները դարմանելու ջանալ անկեղծապէս, յայտարարելով որ աղէտին հետեւանքները դարմանելու համար ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի, թէ յանցաւորները պիտի պատժուին՝ ապագային մէջ այլեւս այդ տեսակ աղէտները չի պատահելու համար։ Այս երկու միջոցներէն առաջինը բռնապետական է եւ երկրորդը՝ սահմանադրական։ Պէտք է որ այսուհետեւ Օսմ[անեան] կառավարութիւնը խոստովանի ինչ ոճիր որ գործուած է, եւ պատժէ եղեռնագործները։ Ապա թէ ոչ, առաջքը չի կրնար առնուիլ։ Նախկին դրութեան շարունակութիւնն էր պատճառ որ այս տեսակ ոճիրներ գործուեցան, եւ եթէ մամուլը եւ Պատրիարքարանը կը բողոքեն՝ նպատակնին այն չէ որ Թուրք ազգը նախատուի եւ պատիւը արատաւորուի, այլ որպէսզի արդարութիւնը տեղը գտնէ։ Բացատրեցինք թէ մեր գոյութիւնը իրենց գոյութեան հետ կապուած է։ Ճիշտ է որ մենք իրենց հոգեբանութիւնը չենք կրներ փոխել բոլորովին, սակայն իրենք ալ կը խոստովանին թէ մեր մտադրութիւնը սխալ հասկցուած է, եւ կ’աւելցնեն որ ամենայն խստութեամբ պիտի աշխատին դէպքերու կրկնութեան առաջքը առնելու։ Այս առթիւ, կը խնդրենք որ Հայ մամուլը զգուշաւոր լեզու մը գործածէ, գրգռութիւն առաջ չի բերելու համար։

Պ. Փափազեան էֆ[էնտի] Ուրեմն լռե՞նք։

Ս. Գարաեան էֆ[էնտի] Եթէ գիտնայիք Շէվքէթ փաշային ու նախարարութեան հետ մեր ունեցած մանրամասնութիւնները, այդ դիտողութիւնը չէիք ըներ։

Պ. Փափազեան էֆ[էնտի] Այս խնդիրը առաջ եկաւ Համագումարին առաջարկէն որ բերուած է Ժողովիս եւ որ կը վերաբերէր Հայերու իսլամացման եւ որբերու տխուր վիճակին։ Շնորհակալ ենք որ Վարչութիւնը կատարելապէս իրազեկ ըրաւ զմեզ կացութեան։ Յուսանք որ առաջիկային այլեւս առիթ չենք ունենար այս տեսակ հարցերով զբաղելու։ Սակայն, վերջին օրերու մէջ մեզի ներշնչուած վստահութեան հետեւանքով՝ պէտք կըլլայ. այլեւս խօսքի անցնիլ, եթէ երբէք խօսք հասկող կայ։ Ժողովիս կը մնայ որոշել համայ, թէ պէտք կա՞յ Համագումարին առաջարկներովը զբաղիլ, նոր դիմումներ ընելու համար, թէ ոչ՝ հարկ է սպասողական դիրք մը բռնել։ Այս վերջին պարագային կրնանք սա իմաստով բանաձեւ մը քուէարկել «Գոհութեամբ իմանալով Վարչութեան տեղեկութիւնները, Ժողովս կը խնդրէ իրմէ որ շարունակէ իր դիմումները, օգտուելով կառավարութեան ցոյց տուած մերձեցումներէն»։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Համագումարին առաջարկը պէ՞տք է Օրակարգ անցունել թէ ոչ։ Առանց ասոր, ուրիշ վիճաբանութեան չենք կրնար անցնիլ։

Պ. Փափազեան էֆ[էնտի] Ասկէ առաջ որբերու մասին առաջարկ մը ներկայացուցած էի, որ պէտք չէ վրիպի Ազգին ուշադրութենէն։ Թէեւ մեր ժողովուրդը իր ձեռքէն եկած օգնութիւնը կ’ընէ այդ եղկելիներուն, սակայն պէտք է որ կառավարութենէն 40-50, 000 ոսկի պահանջենք որբախնամ գործին համար։

Ս. Գարաեան էֆ[էնտի] Տեա՛րք երեսփոխանք, դուք պահ մը առաջ ծափահարեցիք Վարչութեան յայտարարութիւնները. բայց կրնայ ըլլալ որ դուրս ելլելնէդ վերջը մտածէք թէ ի՞նչ արդիւնք ունեցան այդ յայտարարութիւնները։ Ինչո՞ւ համարձակութիւն ունեցայ յուսատու խօսքեր ըսելու, որովհետեւ Շէվքէթ փաշային եւ նախարարապետին հետ մեր տեսակցութիւնը պատմական նշանակութիւն մը պիտի ունենայ։ Ասկէ 10-15 օր ետքը իրաւունք պիտի ունենանք երթալ ըսելու նախարարութեան թէ ո՞ւր է ձեր խոստումներուն գործադրութիւնը։ Սատրազամը մինչեւ իսկ յայտնեց մեզի թէ Ատանա ղրկուած պատգամաւորութեան մէկ քանի անդամները պիտի գան մօտ օրէն, դուք ալ եկէ՛ք տեսակցեցէք հետերնին, այն ատեն լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը ստանաք։ Եթէ երբէք տեսնենք թէ մեր դիմումները ապարդիւն մնացած են, պիտի հաղորդենք Ժողովիդ, ինչպէս յայտարարեց արդէն Շահրիկեան էֆէնտին։

Գ[եղամ] Տէր-Կարապետեան էֆ[էնտի] Եղած դիմումները եւ պահանջուած ապահովութիւնները մի միայն Ատանայի՞ համար են թէ ոչ բոլոր հայաբնակ գաւառներու համար։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Մեր պահանջները ամբողջ հայաբնակ գաւառներուն համար են, եւ կառավարութիւնը դրական ապահովութիւններ տուաւ։ Բայց մի՛ ստիպէք Վարչութիւնը մտնելու այնպիսի մանրամասնութեանց մէջ որոնք կանխահաս պիտի ըլլային։ Ես ամբողջ չըրի իմ զեկուցումը, եւ դիտմամբ չըրի, վասնզի խօսածս բերանացի տեսակցութեան մը համառօտութիւնն էր։ Մենք խօսեցանք ո՛չ միայն Ատանայի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի մասին։ Երբ որ պատեհ առիթը ներկայանայ, պիտի հաղորդենք ձեզ թէ ի՛նչ ըսեր էինք եւ ի՛նչ ստացանք։

Խ. Ճամճեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը կրնա՞յ ըսել թէ կախուած Հայերը անմեղ էին թէ ոչ, եւ եթէ կառավարութիւնը յանցաւոր կը նկատէր զանոնք, ի՞նչ փաստեր ունէր։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Երեսփոխան էֆէնտիները թո՛ղ չուզեն մեզանից բացատրութիւններ, զորս չենք կարող տալ։

Մ. Մսերեան էֆ[էնտի] Ես ալ մէկ քանի հարցումներ ունիմ ուղղելիք։

Ձայներ. Փակո՛ւմ, փակում։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Ժողովը կուզէ՞ վիճաբանութիւնը փակել թէ շարունակել։

Ձայներ. Կը բողոքենք փակման քուէարկութեան դէմ։

Հ. Սեթեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը ամէն հարցմանց մէկանց պատասխանեց եւ աւելցուց թէ այն բաները որոնց մասին չպիտի կրնանք պատասխանել, մի՛ հարցնէք։

Մ. Մսերեան էֆ[էնտի] Ես պիտի հարցնեմ, ընդհակառակը, այնպիսի բաներ որոնց կարելի է պատասխանել։ Իմ հարցումս կը վերաբերի մէկ քանի կէտերու որոնց մասին տրուած բացատրութիւնները յստակ չեն։ Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ իսլամացած կիներ կան, եւ եթէ անոնց մէջ յօժարութեամբ կրօնափոխ եղողներ կը գտնուին, ինչպէս կըսուի, ստուար մեծամասնութիւնը բռնութեամբ ընդունած է մահմետականութիւնը։ Վարչութիւնը որոշ տեղեկութիւն ունի՞ այս մասին։ Շահրիկեան էֆ[էնտի] լռութեամբ անցաւ այս կէտին վրայէն։ Երկրորդ՝ որբերու թիւը, ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ, 10, 000 է ըսուեցաւ, այս թիւը իրակա՞ն է թէ ենթադրական, վասնզի ուրիշներ շատ աւելի կը ներկայացնեն։ Յետոյ, օտար որբանոցներուն որքա՞ն որբեր յանձնուած են։ Երրորդ՝ զինուորական ատենին առջեւ որքա՞ն Հայեր կը գտնուին այս վայրկեանիս եւ ի՞նչ է մեռեալներուն բուն իսկ թիւը։ Չորրորդ՝ դատի տակ գտնուող առաջնորդները արձակուա՞ծ են թէ ոչ։ Հինգերորդ՝ այրած շէնքերու թիւը որքանի՞ կը հասնի։ Գովելով հանդերձ Վարչութեան աշխատութիւններն ու դիմումները, կը փափաքէի լուսաբանուիլ այս հինգ հարցումներուս մասին։

Վ. Թէքէեան էֆ[էնտի] Յանուն Վարչութեան Շահրիկեան եւ Գարաեան էֆ[էնտի]ներուն բացատրութիւնները լսելով, Ազգ[ային] Ժողովը իր գոհունակութիւնը յայտնեց։ Պարագայ մը կայ սակայն որ լուրջ ուշադրութեան արժանի է. Մամուլին գաղտնապահութեան խնդիրը։ Ես մօտէն տեղեկութիւն ունիմ թէ Ազգ[ային] Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն Ատանայի մէջ հանդիպած դժուարութիւնները ծագում կ’առնեն՝ իրենց հեռագիրներուն ու տեղեկագիրներուն այստեղի ազգային թերթերուն մէջ հրատարակուելէն։ Մեր պատուիրակները փափուկ վիճակի մէջ են այնտեղ։ Երբ Վարչութեան Ատենապետը իր կոչը ուղղեց մամուլի ներկայացուցիչներուն, գիտէր նաեւ թէ տեղեկագիրները գաղտնի պէտք էր պահուէին։ Ի՞նչ օգուտ գաղտնապահութեան պատուէրէն, երբ չի յարգուիր։

Ա. Գասպարեան էֆ[էնտի] Այս օրուան թերթերուն մէջ կարդացինք թէ նոր ի նորոյ կախաղան հանուածներ եւ դատապարտուածներ կան։ Վարչութիւնը տեղեկութիւն ունի՞, ճի՞շդ են այս տխուր լուրերը։

Ղ. Չպլագեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը թելադրելով մամուլին որ զգուշաւոր ըլլայ իր հրատարակութեանց մէջ, արդեօք Պատրիարքարանը օգուտ մը պիտի քաղէ՞ եւ Ատանայի պատուիրակներուն կացութիւնը պիտի բարեփոխուի՞։ Ըսուեցաւ թէ ապագայ բարիքներ կրնան ծնիլ եղած խոստումներէն. ես կը կարծես թէ, ներկայ պարագաներուն մէջ մեր ժողովուրդը պէտք է չեզոք ուղղութիւն մը բռնէ, վասն զի կը տեսնենք որ հակառակ կառավարութեան բարեացակամ տրամադրութեանց՝ Առաջնորդարաններու գործերուն մէջ ոտնձգութիւններ կը պատահին։ Եղած խօսքերը պարզ խոստումներ ըլլալ կը թուին, եթէ այս վիճակը շարունակէ, իմ կարծիքս այն է որ Պատրիարքարանը պէտք է փակենք։

Մ. Կիւրճեան էֆ[էնտի] Բռնի իսլամացման դէպքերուն առթիւ Պատրիարքարանը դիմումներ ըրեր է եւ կառավարութիւնն ալ խոստումներ տուած է։ Վարչութիւնը իր ձեռքը որոշ թիւեր ունի՞ արդեօք եւ ի՞նչ են նորագոյն տեղեկութիւնները։

Յ. Հինդլեան էֆ[էնտի] Մեծ թիւով Հայեր գաւառներէն արտասահման կը գաղթեն եղեր։ Ստո՞յգ է այդ լուրը եւ ի՞նչ կը խորհի Քաղաքական Ժողովն այս մասին։

Ա. Ֆնտգլեան էֆ[էնտի] Անցեալ շաբթու նամակ մը ստացայ Հալէպի առաջնորդ Շահէ վարդապետէն որ կը գանգատի թէ իր կողմէ Պատրիարքարան ղրկուած տեղեկագիրներուն պարունակութիւնը կը տարաձայնուի եղեր Պոլսոյ մէջ, ինչ որ կրնայ վնասիլ իր յարաբերութեանց տեղական կառավարութեան հետ։ Ուստի խնդրած է որ արգիլուին այս տեսակ անգաղտնապահութիւնները։

Ս. Արսէնեան էֆ[էնտի] Ատանայի աղէտը դարերէ ի վեր Ազգին կրած չարչարանքներուն մէկ տխուր դրուագն է։ Արդեօք Քաղաքական Ժողովը դարմանը մտածա՞ծ է որ այսուհետեւ այդ չարիքներուն կրկնութիւնը չի պատահի եւ ուղեգիծ մը պատրաստա՞ծէ, թէ ոչ՝ ուր որ հովը փչէ դէպի հոն կ’երթանք։

Հ. Խօճասարեան էֆ[էնտի] Վարչութեան տեղեկութիւնները գոհունակութեամբ լսեցինք, բայց այս տպաւորութիւնը շուտով կը փարատի, վասն զի դեռ երէկ լուր առինք թէ Պատրիարքարանի աշխարհական պատուիրակը՝ Սարգիս էֆ[էնտի] Սուին՝ զինուորական հսկողութեան ներքեւ է. ձերբակալուած է նաեւ Վանայ Քաղ[աքային] Ժողովոյ Ատենապետը։ Քանի որ այս խստութեան շարքը կը շարունակուի, պէտք կը զգանք մեր դիրքը ճշդելու։ Կացութիւնը չէ փոխուած մեզ համար եւ կառավարութիւնը անվստահութեամբ կը վերաբերի դէպի մեզ. ինչ որ հայկական է, կառավարութեան կողմէ գէշ աչքով կը դիտուի եւ խոտելի է. ուրեմն Սահմանադրական շրջանին մէջ ալ կացութիւննիս նոյնն է, ինչ որ էր Բռնապետութեան շրջանին։ Քննիչ Յանձնաժողով մը պիտի ղրկուէր Հայաստան, մերժուեցաւ. կառավարական նպաստ պիտի տրուէր, մերժուեցաւ. եւ Ատանայի զինուորական ատեանը կախաղան բարձրացուց անմեղ Հայեր, այս կերպով զգալի դարձնելով իր անսիրելիութիւնը մեզի նկատմամբ։



Տարսոնի Հայոց Եկեղեցին որ պղծուեցաւ մոլեռանդ խուժանին կողմէ։

Երբ առաջին անգամ այստեղ հաւաքուեցանք, իբրեւ Հայ սահմանադրական մարմին, որոշեցինք որ եթէ Զօհրապ էֆ[էնտի]ի ընտրելութեան դէմ մերժողական ընթացք մը բռնուի, միւս Հայ մէպուսներն ալ քաշուին։ Արդ, չարժե՞ր որ Ազգին արդի տագնապալի կացութեան առջեւ, Օսմ[անեան] Խորհրդարանին բոլոր Հայ անդամները արի geste մը ունենան։ Եթէ Պատրիարքարանը չպիտի կրնայ ազատել իր առաջնորդները, իր ներկայացուցիչները իշխանութեանց ձեռքէն, անոր համար որ անոնք քաջաբար սեղանին վրայ դրած են ժողովուրդին ցաւերը, պէ՛տք է Համագումարին յիշատակագիրը ներկայացնենք կառավարութեան՝ ո՛չ թէ իբրեւ խնդրանք, այլ իբրեւ բողոք։ Ազգին դառնութիւնը իր ծայրայեղութեան հասած է եւ Օսմ[անեան] խորհրդարանի Հայ անդամներուն ալ պարտականութիւնն է աշխատիլ որ այս կացութիւնը վերջ գտնէ։



Սիսի պաշարման միջոցին ինքնապաշտպանութիւնը վարող եւ մեծ անձնուիրութիւն ցոյց տուող Տ. ԳԻՒՏ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ։

Տ. Ա. Վրդպ. Վեհունի. Օգնութեան միջազգային Յանձնաժողովը որոշեր է որ, մինչեւ որ մեր Ազգ[ային] որբանոցները բացուին, Հայ որբերը օտար հաստատութեանց մէջ պատսպարուած մնան։ Ի՞նչ ապահովութիւն կայ անոնց վրայ կատարուելիք հսկողութեան մասին, թէ իրենց մայրենի լեզուն ու կրօնքը պիտի պահպանեն։

Տօքթ. Կ. Մութաֆեան էֆ[էնտի] Ինչպէս դիտել տուաւ Խօճասարեան էֆ[էնտի]ն, Պատրիարքարանի աշխարհական պատուիրակ Սուին էֆ[էնտի] կա՛մ բանտարկուած է այս պահուս Ատանայի մէջ եւ կա՛մ սպառնալիքին ներքեւ կը գտնուի։ Ասկէ զատ, Մուշեղ Եպիսկ[ոպոս]ի համար ալ կ’ըսեն թէ 101 տարուան դատապարտուած է։ Ասոնց մասին ի՞նչ միջոցներ ձեռք առած է Վարչութիւնը։

Պ. Փափազեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը ընդգրկե՞ց Ժողովիս կողմէ արտայայտուած փափաքը՝ որբերուն պատսպարման համար մեծաքանակ գումար մը պահանջելու համար կառավարութենէն։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Վարչութիւնը իր պատուիրակները ճամբայ հանած պահուն պէտք եղած հրահանգը տուաւ անոնց, որ ահաւասիկ.

Ա. ՀՐԱՀԱՆԳ.

1. Միայն կարօտ արկածեալներու օգնութեան գործը տեղուոյն վրայ կազմակերպել եւ անմիջական օգնութեան հասնիլ ուտեստով, հագուստով եւ այլ անհրաժեշտ պէտքերով, խոյս տալով՝ որքան հնար է՝ դրամական նպաստէ։

2. Խիստ հակակշիռ ի գործ դնել բաշխման կամ օգնութեան գործին վրայ։

3. Անաչառ եւ մանրամասն քննութիւն կատարել դէպքերու, արկածներու պատճառին, պատասխանատուներու, սպաննութեանց, կողոպուտներու եւ այլ եւ այլ վնասներու քանակութեան մասին յականէ անուանէ։

4. Ընդհանուր տեղեկատուութիւն մը բոլոր եղելութեանց մասին։

5. Յարաբերութիւն եւ բանակցութիւն ունենալ կառավարական օժանդակութիւններու, դէպքերու արգիլման օրէնքի գործադրութեան եւ այլն մասին։

6. Այս պարտականութեանց կիրարկման մէջ անշուշտ միշտ ունենալ նաեւ տեղական Ազգային մարմիններու հետ համերաշխ խորհրդակցութիւն եւ գործակցութիւն։

7 Ապրիլ 1909

֎ ֎ ֎

Բ. Հրահանգ. Ինչպէս մեր նախորդ գրով յայտնեցինք ձեզ, Ազգ[ային] Կեդր[ոնական] Վարչութիւնն իր բովանդակ ուշադրութիւն դարձուցած է Կիլիկիոյ ահաւոր աղէտին վրայ, եւ չարիքը դարմանելու համար որ եւ է ջանք ու ձեռնարկ չի խնայեր բնաւ եւ զանազան յիշատակագրեր մատուցանելով Վեհ. Կայսեր, Բ[արձրագոյն] Դրան ու Ազատութեան բանակի հրամանատարին, մանրամասնօրէն պարզած է իրաց տխուր կացութիւնը, ազդուօրէն խնդրելով գործադրութիւնն այն կարեւոր տնօրէնութեանց որոնք անհրաժեշտ են։ Իր գլխաւոր պահանջումներն հիմնուած են սա կէտերուն վրայ։

Ա. Փութով օգնութիւն հասցնել արկածելոց եւ վիրաւորելոց ու զանոնք բնակեցնելու համար յարմար շէնքեր յատկացնել։

Բ. Յափշտակեալ գոյքերը իսկոյն գտնել ու վերադարձնել տէրերուն, եւ բոլոր վնասները հեղինակներուն տուժել տալ։ -

Գ. Մարդասպանութեան, հրձիգութեան ու աւարի բուն հեղինակները պատերազմական ատեանին առջեւ հանել ու խստիւ պատժել։

Դ. Ատանա եւ Հալէպ պատերազմական ատեան մը ղրկել, ու ամէնէն առաջ Ատանայի նախորդ կուսակալ Ճէվատ պէյը՝ եւ Ներքին Գործոց նախորդ խորհրդական Ատիլ պէյը՝ նոյն ատենին յանձնել ու միանգամայն ուրոյն քննիչ մարմին մը կարգել՝ անձի կորուստը եւ վնասուց քանակը ճշդելու պաշտօնով։

Ե. Պաշտօնանկ ընել Ատանայի արդի կուսակալը։

Զ. Պետական գանձէն բաւականաչափ նպաստ յատկացնել եւ միանգամայն արկածելոց վնասները առ այժմ փոխատուութեամբ պետական գանձէն վճարել, անոնց տուները շինել ու նորոգել եւ երկրագործական գործիքներ հայթայթել հողագործ ժողովրդեան։

Է. Ատանայի մէջ կրօնափոխութեան բռնադատուած կիներն ու աղջիկները իսկոյն իրենց տէրերուն կամ հոգեւոր իշխանութեանց յանձնել ու չի յանձնողները խստիւ պատժել։

Ը. Չի ձերբակալել Հայերը՝ դէպքերն անոնց վերագրելով, ազատ արձակել բանտարկեալները ու ցարդ եղած քննութիւնները առ ոչինչ համարել։

Թ. Պահապաններ կարգել այն հնձոց արտերուն վրայ որոնց տէրերն սպանուած են։

Ժ. Տէրութենէն սահմանուած 30, 000 ոսկին եւ հետզհետէ հանգանակուած նպաստները արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ բաշխել եւ միանգամայն երկրագործական Պանքայէն իբր նուէր 10, 000 ոսկւոյ սերմնցու յատկացնել հողագործ ժողովրդեան։

ԺԱ. Դադրեցնել տալ Ատանայի Իթիտալ լրագրի հրատարակութիւնը ու խմբագիրը՝ Իհսան Ֆիքրին՝ դատարանի յանձնել։

Տեղեկութիւն կը տրուի մեզ թէ կառավարութեան կողմէ ինչ ինչ տնօրէնութիւնք ի գործ դրուած են արդէն եւ Ազգ[ային] Վարչութիւնը՝ նո՛յն իսկ Ազգ[ային] Ժողովոյ օժանդակութեամբ՝ կը հետապնդէ անդուլ, ու ամէն կարելի ու կարեւոր միջոցներ ձեռք առնուած են որպէսզի ինչ որ պահանջուած է Տէրութենէն՝ անթերի ի գործ դրուի եւ այս արիւնլուայ ժողովուրդն իրաւունք ու արդարութիւն գտցէ։

Ձեր վերջին գրէն գոհութեամբ կը տեղեկանանք որ Կիլիկիոյ աղէտին մանրամասն մէկ տեղեկագիրը պատրաստելու ձեռնարկած էք ու զայն պիտի կրնաք ամբողջացնել եւ ի մօտոյ հասցնել Պատրիարքարանիս։ Կարեւոր է մանաւանդ որ հետեւեալ կէտերուն մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայուի եւ ստուգուի թէ՝

1. Որքա՞ն է զոհերուն թիւը, բնիկ եւ ուրիշ գաւառներէ եկող, զատ զատ, եւ այր կին ու մանկտի նշանակելով ուրոյն ուրոյն։

2. Որքա՞ն վիրաւորներ կան։

3. Ո՞րքան կը յանգի ընդհանուր կարօտելոց թիւը, իւրաքանչիւր արկածեալ վայրերուն զատ զատ։

4. Ո՞րքան որբեր ունինք արու եւ էգ՝ զատ զատ։

5. Ո՞րքան է առեւանգեալ կանանց եւ աղջկանց թիւը, եթէ կարելի է՝ յանուանէ, ու անոնք ո՞ր կողմ տարուած են եւ որո՞նց մօտ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ որքա՞ն են վերադարձողները։

6. Ո՞րքան եւ ի՞նչ տեսակ շէնքեր հրկիզուած են եւ ի՞նչ արժէքով։

7. Ջարդէ ճողոպրելու համար այլուր ապաստանողներու թիւը ո՞րքանի կը հասնի, ինչ չափ հնար է։

8. Ժողովրդեան դրամական եւ նիւթական կորուստներու քանակութիւնը ի՞նչ է։

9. Ո՞րչափ ազգային հաստատութիւններ (եկեղեցի. դպրոց եւայլն) ու անոնց սեփական կալուածներ հրոյ ճրակ եղած են, եւ թէ ատոնց նիւթական վնասը որչափի՞ կը յանգի։

10. Կոտորացք, աւարառութիւնք, հրձիգութիւնք, առեւանգումներ, ե՞րբ եւ որպիսի պարագաներով տեղի ունեցած են։

11. Այս խժդժութեանց թելադիրները որո՞նք են եւ անոնցմէ քանի՞ն ձերբակալուած են ո՞յք ոմանք ազատ կը մնան։

12. Կառավարութեան կողմէ ի՞նչ միջոցներ ձեռք առնուած են կողոպուտներն իրենց տէրերուն դարձուելու եւ չարագործութեանց հեղինակները պատժուելու համար։

13. Կառավարութեան կողմէ, նոյնպէս օտար ազգի մարդասէրներու եւ զանազան վարչութեանց կողմէ Հայ կարօտելոց որքա՛ն եւ ի՛նչ տեսակ նպաստ ցարդ բաժնուած են եւ ի՞նչ միջոցաւ։

17 Մայիս 1909

 

Այս հրահանգներն յանձնուեցան մեր երկու պատուիրակներուն որոնք զբաղեցան այդ հարցերով. սակայն այդ միջոցին, Պոլսոյ Հայ եկեղեցականութիւնը իր պարտականութենէն ի՞նչ կատարեց։ Երբ Ատանա եկեղեցական մը ղրկելու պէտք կար, ամէնքը մերժեցին. մինակ Գէորգ վարդ[ապետ] Ասլանեանը գտնուեցաւ Սուին էֆ[էնտի]ին ընկերանալու յօժարող, որոնք ձեռնարկեցին այս հրահանգները գործադրելու. սակայն, աղէտի վայրերուն ընդարձակ տարածութեանը մէջ երկու հոգի ինչպէ՞ս լիակատար տեղեկութիւն քաղէին, մինչ քսան հոգի հազիւ պիտի բաւէր այդ մեծ աշխատութեան։ Միթէ մեր պատուիրակները կրնայի՞ն մէկիկ մէկիկ շրջիլ բոլոր գիւղերն ու քաղաքները. այս պատճառաւ է որ կեդրոնն ալ հնարաւորութիւն չունեցաւ իրական հաշիւներ ձեռք բերելու թէ ճիշտ որքա՛ն անձի կորուստ կայ, որքան շէնքեր այրած են ու ինչքան արժէքով գոյքեր թալանուած։ Բարեբախտաբար Հայ Ազգը ունի իր մէջ անհատներ, զանազան կողմեր հաստատուած, որոնք ինքնաբերաբար տեղեկութիւններ հաղորդեցին Պատրիարքարանին, ապա թէ ոչ մենք աւելի՛ մութի մէջ պիտի ըլլայինք քան ինչ որ չենք հիմա։ Միմիայն Ատանայի քաղաքին մէջ որբերու թիւը 2000 է, կըսեն մեզ. բայց նահանգին ամբողջութեանը մէջ 10, 000ի հասնի թերեւս։ Բռնի մահմետականութեան յարողներուն մեծ մասը, եւ նո՛յն իսկ կամովին իսլամացածներ, վերադարձած են իրենց եկեղեցիին ու Ազգութեան. սակայն տակաւին որքա՞ն կը մնան կրօնափոխ, չենք գիտեր։ Տեղեր կան ուր կառավարութեան հրահանգները չեն գործադրուած։ Մեր աշխատութիւնները շարունակելով, այս դժուարութեանց ալ պիտի կրնանք յաղթել, կը յուսամ։

Գալով այն հարցին, թէ Վարչութիւնը ապագայի հսամար ուղղութիւն մը գծա՞ծ է, ես յանուն Քաղաքական Ժողովոյ կը յայտարարեմ որ եթէ Ազգ[ային] Ժողովը նոր միջոցներ պիտի առաջարկէ, նաեւ պէտք է հրաժարեցնէ Վարչութիւնը, եւ անոր յաջորդին պարտադրէ զանոնք։ Քանի որ Վարչութիւնը անժամանակ կը գտնէ Համագումարին ներկայացուցած առաջարկները, Ազգ[ային] Ժողովը կա՛մ պէտք է վստահութիւն յայտնէ մեր հետեւած ուղղութեան եւ կամ մենք պէտք է հրաժարինք։

Ձայներ. Մենք վստահութիւն ունինք Վարչութեան վրայ։

Վ. Մանուկեան էֆ[էնտի] Ամենքնիս ալ փափաքեցանք լսելու այն մանրամասնութիւնները որոնք հրդեհի, սուրի, աւերի եւ խղճի բռնաբարման շուրջը կը դառնան. անմեղ Հայեր ձրի զրպարտութեանց ենթարկուած էին։ Այսքան ճիւղաւորմանց մէջտեղ, Քաղաքական Ժողովը առաջին անգամ ինքն էր որ մեր գումարուիլը խնդրեց եւ բացատրութիւններ տուաւ։ Այն ատենէն մինչեւ հիմայ իրական, շօշափելի փաստերով այն տեսակ իրողութիւններ տեղի ունեցան որ չի կրցանք զսպել մեր զարմանքը ու ցաւը։ Բնական է որ իրաց այս վիճակին մէջ Վարչութիւնը այն տեսակ խոստումներու կը յանգի որոնք գաղտնապահութիւն կը պահանջեն։ Եթէ իրենք յոյս չունենային, զմեզ ալ չէին յուսադրեր, եւ աւելի դիւրին պիտի ըլլար իրենց ըսել մեզ թէ «մենք ասկէ աւելի չենք կրնար ընել»։ Ես կը հաւանիմ Վարչութեան ընդհանուր ուղղութիւնը եւ կը գնահատեմ անոր գործունէութիւնը, եւ սպասելով մեզի ներշնչած յոյսերուն իրականացմանը, հետեւեալ բանաձեւը կ’առաջարկեմ Ժողովիդ.

«Ընդհանուր Ժողովը այսօր լսելով Ազգ[ային] Վարչութեան մասնաւորապէս Ատանայի եւ ընդհանրապէս հայաբնակ գաւառաց վերաբերմամբ տուած բացատրութիւնները եւ սոյն խնդրոց նկատմամբ իր ուղղութիւնը ինչ որ տեսնուեցաւ ի թագրիրներէն, զանոնք գոհացուցիչ եւ բաւական կը նկատէ, խնդրելով նոյն ընթացքին մէջ իր ջանադրութիւնները, եւ ակնդէտ ու վստահութեամբ կը հաւանի սպասել սոյն խնդրոց վերջնական կերպով մօտաւոր ապագայի մը մէջ դրական եւ գոհացուցիչ կարգադրութեան եւ գործադրութեան, որով միայն պիտի ամբողջանայ Վարչութեան համարատուութիւնը»։

(Ատենապետ էֆ[էնտի]ն քուէի կը դնէ Վ. Մանուկեան էֆ[էնտի]ի սոյն գրաւոր Բանաձեւը որ կ’ընդունուի միաձայնութեամբ)։

Յ. Շահրիկեան էֆ[էնտի] Իբրեւ լրացուցիչ մաս մեր տեղեկատուութեան, աւելցնեմ թէ դրական խոստում է ստացուել թէ այլեւս կախաղանի պատիժ չպիտի գործադրուի Հայերուն համար եւ թէ մեր առաջնորդները տիվանը հարպի չպիտի յանձնուին։ Ասկէ զատ, պահ մը առաջ երեսփոխաններէն ոմանք դիտողութիւն ըրին մամուլին հրատարակութեանց համար որոնք գաղտնիքներ երեւան կը հանեն։ Վարչութիւնը նկատելով մամուլը իբրեւ մի հասարակական կենսական ոյժ, ինչպէս է քաղաքակիրթ ազգերու մէջ, չի զլացաւ անոր հաղորդելու իր բոլոր գործառնութիւնները։ Կրնա՞ր երեւակայել թէ պիտի գտնուի թերթ մը որ երեւան պիտի հանել թէ Պատրիարքարանի պատուիրակները ո՞ւրտեղ կը պահեն իրենց թուղթերը։ Այս յայտնութիւնը վատ ազդեցութիւն գործեց։ Ես կոչում կ’ընեմ ուրեմն որ Պատրիարքարանի Դիւանատունները այսուհետեւ հրատարակութեան չի տան այն տեսակ գրութիւններ կամ ծանօթութիւններ որոնք թէեւ հետաքրքրութիւն առաջ կը բերեն, բայց միեւնոյն ատեն կը վնասեն Վարչութեան գործունէութեան։