Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

VII
Մահմետական աշխարհը. Առաջին խալիֆայութիւնները. Իսլամութեան հերձուածները. Դէպ ի Եւրոպա. Ֆրանգներու ընդդիմադրական դերը. Հայերը մահմետականութեան ենթակայ. Արաբական ազդեցութիւնը հայոց մէջ. Սուլթանական դրութիւն. Սելճուգեաններ, Մոնղոլներ, Թաթարներ, Թիւրքմէններ եւ Օսմանցիներ. Ֆաթիհ Սուլթան Մէհէմմէտ եւ Կ. Պոլսոյ առումը. Օսմ. տիրապետութիւնն ու Արեւելականութեան յաղթանակը։

Մահմետական աշխարհի զարթնումն ու տիրապետական ձգտումը պահ մը ահ ու սարսափի մատնեց աշխարհի բոլոր ժողովուրդները։ Միմիայն արաբներու ոյժը չէր որ կը սասանեցնէր, այլ այն արագ առաջխաղացութիւնը, զոր ստացած էր այս գործնական կրօնը՝ տարածուելով միջին Ասիոյ խորերը բնակող բազմազան ցեղերուն ու ժողովուրդներուն մէջ եւ պատրաստելով մահմետական ահագին բանակ մը, որուն դիմադրել շատ ալ դիւրին չէր թուեր։ Համիսլամական կրօնա-քաղաքական ծրագրին շուրջ բոլորուած էին կարծես ամենքն ալ՝ մտադիր՝ արշաւելու, տիրելու, ամէն կողմ իսլամական տիրապետութեան դրօշը ծածանեցնելու ու Մարգարէին անունը հռչակելու։

Այս նորակազմ տարրը քաղաքա-պետական տեսակետով խալիֆայական կազմակերպութիւն ունէր։ Մարգարէն՝ իր կենդանութեանը, ինչպէս նաեւ իր մահէն վերջ յաջորդները կրօնապէս եւ քաղաքականապէս իշխանութիւնը կեդրոնացուցած էին իրենց ձեռքին մէջ եւ աստուածպետական (theocratical) կառավարութեան մը ձեւը տուած անոր։

Մարգարէն զաւակ չունէր, որպէսզի իր փոխանորդութիւնը անոր ձգէր, եւ ոչ ալ սահմանած օրէնք մը, որուն համեմատ կարելի ըլլար յաջորդ մը ընտրել։ Գժտութիւններն ու անհամաձայնութիւններն անխուսափելի էին։ Ընտրական եղանակը կրնար պակսեցնել հակառակութիւնները։ Ուստի ժամանակ մը ժողովուրդին քուէներով ընտրուեցան խալիֆաները եւ ապա ժառանգական հանգամանք առին, տեղի տալով շատ մը երկպառակութիւններու։ Կատարեալ խալիֆայութիւններ կոչուեցան առաջին չորս փոխանորդութիւնները, վասն զի ասոնք թէ՛ Մարգարէին ժամանակակիցներն էին ու անոր հետեւողներուն վստահութիւնը գրաւած կատարելապէս՝ եւ թէ օրինաւորապէս ժողովուրդէն ընտրուած էին։ Մուհամէտի յաջորդեցին այս չորս առաջին խալիֆաները, Ապուպէքիր (632-634), Էօմէր (634-644), Օսման (644-656), եւ Ալի (656-661) ամենն ալ մօտաւոր ազգականները մարգարէին։ Այս չորս կատարեալ խալիֆայութիւններուն օրով է որ իսլամութիւնը իր ամենափայլուն դիրքին մէջ գտնուած է տիրապետութիւնովը ընդարձակ երկիրներու եւ տարածումովը իսլամական կրօնին։

Հերձուածներու երեւումը կրօններու պատմութեան անխուսափելի մէկ երեսն ըլլալով՝ մահմետականութիւնը չէր կրնար բացառութիւն կազմել։ Ուստի Մուհամմէտի մահուընէն վերջ իսլամութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասերու 1) Սիւննիներ (ուղղափառ) որոնք առջի երեք խալիֆաները օրինաւոր կ’ընդունին եւ աւանդութեան պաշտպան են, ինչպէս Արաբները եւ Թուրքերը, եւ 2) Շիիները, որոնք Ալիի կուսակիցներն են, նախասահմանութեան չեն հաւատար, Ղուրանը կատարելագործելի կը նկատեն եւ Մուհամմէտի ճշմարիտ յաջորդը Ալի՛ն միայն կ’ընդունին։ Շիի են պարսիկները, Հիւս[իսային] Արաբիայի ցեղերէն ոմանք, Հնդկաստանի իսլամները եւայլն։

Ումմեանները խալիֆայութիւնը յափշտակելով գահուն տիրեցին ամբողջ 88 տարի (661-749)։ Աբբասեանները ջնջեցին զանոնք եւ 750ին իրենք գրաւեցին գահը ու Պաղտատը նկատեցին խալիֆայութեան կեդրոն։ Ասոնք թէեւ կրօնական խստութիւնները վերսկսան եւ իրենց օրով քաղաքակրթութիւնը ծաղկեցաւ եւ գիտութիւնը մշակուեցաւ, սակայն արիւնոտ շրջան մը անցուցին, մինչեւ որ վերջապէս Սուլթան Սէլիմ Ա. Եգիպտոսը գրաւելով (1517ին) վերջին Աբբասեան անուանական խալիֆան գերի տարաւ եւ խալիֆայութիւնը փոխանցեց օսմանեան սերունդին։ Ումմեաններու եւ Աբբասեաններու խալիֆայութիւնը կը կոչուի Արեւելեան խալիֆայութիւն (Դամասկոս եւ Պաղտատ)։ Երկրորդ պատմական խալիֆայութիւնն է Արեւմտեանը (Սպանիա կամ Գորտուա), որ 756ին սկսելով տեւեց մինչեւ 1031։ Իսլամական շարժումը Փոքր Ասիոյ եւ Վոսփորի ճամբով չէր կրնար անցնիլ Եւրոպա, քանի որ Բիւզանդեան կայսրութիւնը եւ մանաւանդ Կ. Պոլիսը կար անառիկ եւ ամուր։ Ափրիկէի հիւսիսային ճամբան կրնար ըլլալ ձեռնտու, որ միանգամայն պարարտ դաշտ մ’էր Իսլամութեան, իր միջավայրով համապատասխան ըլլալով Արաբիոյ կեանքին։ Հետզհետէ Եգիպտոս, Թարապլուս, Թունուս, Ալճէրի եւ Մարոք գրաւուեցան։ Ապտիւրրահման մեծ բանակով մը անցաւ Ճիպրալթարը, Սպանիոյ հողին վրայ ոտք կոխեց եւ հիմնեց Քորտուայի խալիֆայութիւնը։ Երրորդ պատմական խալիֆայութիւնը կոչուած է Եգիպտոսի խալիֆայութիւն (965-1171)։ Եգիպտոս մահմետական տիրապետութեան ենթարկուելէն ետեւ փոխարքաներով կը կառավարուէր։ 968ին Ֆաթիմեանք ինքզինքնին խալիֆա հռչակեցին։ Վերջը Էյուպեան Սուլթանութիւնը, եկաւ ջնջել Ֆաթիմեաններու խալիֆայութիւնը՝ որ տեւեց երկու դար։

Ահա թէ իսլամական ի՛նչ ոյժ էր որ առաջ կը խաղար դէպ ի Եւրոպա։ Ասիան նուաճուած էր արդէն եւ Փոքր Ասիոյ մէջ միայն Հայերը կը մնային քրիստոնեայ՝ արեւելեան բաժինին մէջ։ Հիւս[իսային] Ափրիկէն՝ մահմետականութիւնն ընդունած էր։ Եւրոպա՛ն պէտք էր ենթարկել մաւրիտանական հզօր ազդեցութեան։ Բաղխումը փոխադրուած էր այժմ հարաւ-արեւմ[տեան] Եւրոպա։ Արաբ ցեղն ու մահմետականութեան դրօշակակիրներ յանկարծ իրենց առջեւ գտան Ֆրանքներու ահեղ բանակը, առաջնորդութեամբ Շարշ Մարթիէլի, որ ջախջախիչ յաղթութեամբ մը կեցուց շարժումը եւ միանգամընդմիշտ սահմանափակեց մի միայն Սպանիոյ մէջ, ուրկէ ալ ի վերջոյ 1609ին ստիպուեցան ելլել։

Մահմետականութեան եւ մահմետական աշխարհի մասին այս բոլոր տեղեկութիւնները անո՛ր համար՝ որ կարելի ըլլայ ըմբռնել թէ Փոքր Ասիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած քրիստոնեայ ափ մը ժողովուրդ, որպիսին է Հայը, տիրապետական եւ կրօնական այս անտեղիտալի հոսանքին առջեւ, ի՞նչպէս պիտի կրնար՝ ինքնապահպանութեամբ՝ իր ազգային պատմա-անհատականութիւնը ապահովել եւ կուրծք տալ ամեն հարուածի, երբ անդին ամբողջ աշխարհն էր որ կը սարսէր Արեւելականութեան այս հսկայական ոյժէն, որ կը յատկանշուէր կրօնային նախանձախնդրական արագ եւ ուժեղ առաջխաղացութեամբ մը։ Անտարակոյս Տարօնի մէկ բանակիկը չէր որ պիտի յաջողէր ետ մղել զանոնք։ Հայաստանը անխուսափելիօրէն պիտի դառնար արաբական կալուած։

Արաբներու տիրապետութենէն վերջ, Հայոց ճակատագիրը փոխուեցաւ։ Հայաստանի նկատմամբ արաբացիներու քաղաքականութիւնը Պարսկականէն տարբեր էր։ Պարսից արքունիքը, Հայոց քրիստոնէական կրօնին հետեւիլը իրեն քաղաքականութեան համար լռին հարուած մը եւ արեւմուտքի հետ բարոյական կապ մը նկատելով, կ՚ուզէր ջնջել՝ բռնի կրօնափոխութեան եւ ձուլումի միջոցով։ Մինչդեռ արաբացիներու ջանքն էր միշտ հպատակ պահել Հայաստանը եւ նիւթապէս օգտուիլ անկէ։ Այս ծրագիրն ալ իրագործելու համար պէտք էր հալածել Հայ Ցեղապետները եւ ծանր հարկերու տակ ճնշել ժողովուրդը, որպէսզի ապստամբութեան վրայ մտածելու միջոց չունենայ։ Արաբները մէկ ու կէս տարիի չափ Հայաստանը կառավարեցին ուղղակի իրենց կառավարիչներով, որոնք ոստիկան կամ ամիրա կոչուեցան։ Ասոնց պաշտօնն էր 1) Հսկել հայոց վրայ, որ ամիրապետի իշխանութեանը հնազանդ մնան, եւ 2) նշանակուած հարկերը հաւաքելով տէրութեան գանձարանը ղրկել։ Ոստիկաններ իրենց հրահանգները կ’առնէին ուղղակի կեդրոնական կառավարութիւնէն եւ կը գործէին ըստ հաճոյս։ Այս պատճառաւ երբեմն ոստիկաններու օրով հայերը աւելի հանդարտ ապրած են. ոմանց օրով ալ չափազանց կեղեքուած են եւ նոյն իսկ ապարդիւն ապստամբութիւններու դիմած։ Եթէ ոստիկաններու այս անտակտ գործունէութիւնը չըլլար, ամիրապետներու քաղաքականութիւնը միշտ նո՛յնն էր։ Ոստիկաններու մէջ իր անգթութեամբը ամենէն նշանաւոր դէմքը կը ներկայանայ Բուղա, որուն օրով Հայաստանը անլուր խժդժութիւններու ենթարկուեցաւ։ Պէտք է ըսել որ Հայաստանի մէջ աւատական դրութիւն կար, եւ հակառակ Արաբական պետութեան հալածանքին՝ հայ իշխանապետներու դէմ՝ հոս հոն տակաւին անկախ ոյժեր կը պահպանուէին կամ կստեղծուէին՝ օգտուելով քաղաքական բարեյաջող հանգամանքներէ [1] ։ Հայ ցեղին մէջ գոյութիւն ունեցող գերագոյն ոյժը, որ անբացատրելի է, միշտ երեւան եկաւ։ Նոյն իսկ Բուղայի օրով, մինչ պէտք էր որ Հայութիւնը ջնջուած ըլլար, ընդհակառակը, Բագրատունեաց հարստութիւնը կը սաղմնաւորուէր։

Արաբական ազդեցութիւնը մեծ եղաւ Հայոց կեանքին մէջ, թէեւ շատ աստիճանական եղաւ անոր յայտնութիւնը։ Մահմետականութեան յանկարծական տիրապետութիւնն ու ծաւալումը չկրցաւ մէկէն տիրել Հայ ժողովուրդին մտայնութեան, որովհետեւ մասնաւորաբար կրօններու տարբերութիւնն ու քաղաքակրթութեան եւ ձգտումներու անհամաձայնութիւնը միշտ ձուլուելու վտանգէն ազատ պահեց զայն։ Հայերը Արաբներու հետ կը յարաբերէին պաշտօնապէս, քաղաքականութիւն մը պահպանած ըլլալու համար։ Այսուհանդերձ դարերու հպատակութիւնը եկաւ սեփական դրոշմ դնել Հայ կեանքին, անոր լեզուին ու գրականութեան մէջ՝ արաբական ազդեցութիւնը մատնանշելու համար։ Ընդհանրապէս Հայ գրականութեան զարդերէն մին եւ մասնաւորապէս Ժ. դարու մեծ ներկայացուցիչը՝ Գրիգոր Նարեկացի, իր հռչակաւոր «Աղօթամատեան»ին, «Նարեկ»ին մէջ թէեւ հայ բարբառով կը խօսի, բայց արաբական արուեստով կը հիւսէ։ Հայ լեզուին մէջ ներմուծուած շատ մը արաբերէն բառեր արաբական տիրապետութեան ընթացքին մտած են։ Արուեստներ, արհեստներ եւս անբաժին են արաբական քաղաքակրթութենէն։

Այս ազդեցութիւնը սակայն միշտ նոյն թափը չպիտի ունենար, քանի որ քաղաքական յեղափոխութիւնները, իսլամութեան ներքին երկպառակութիւնները եւ յաճախակի պատերազմներ՝ տկարացուցած էին արաբական միահեծանութիւնը։ Այդ էր արդէն պատճառը, որ Մէհմէտ-Ճաֆէր ամիրապետը հաւանած էր Աշոտ Բագրատունիին նախ «Իշխանաց իշխան» եւ ապա «Հայոց թագաւոր» ճանչցուելուն։ Աշոտի դիւանագիտութիւնն ու կարողութիւնը, արաբներուն եւ Հայաստանի ի նպաստ ամիրապետին դէմ ըմբոստացող Ջահապ պարսիկ հրոսապետին 80, 000 ապստամբներու բանակին վրայ տարած ահաբեկիչ յաղթանակը եւ արաբական պետութեան մեքենային արդէն իսկ խանգարած հանգամանքը Բագրատունեաց հարստութեան սկզբնաւորութեան ազդակներ եւ նպատակներ դարձան։ Ասիկա սակայն Հայ ուժերը չկրցաւ համախմբել, հակառակ Բագրատունեաց առաջին թագաւորներու բուռն ջանքերուն, այնպէս որ շփոթ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ Հայաստանի մէջ, առաջացած՝ ներքին եւ արտաքին աննպաստ պայմաններէ։ Երբեմն երբեմն ծաղկեալ եւ հանդարտ կարճ շրջաններ միայն ունեցան հայերը, իսկ անկէց դուրս՝ մի՛շտ կռիւ, մի՛շտ պատերազմ եւ մի՛շտ անհամաձայնութիւն։ Բագրատունիներու մեծագոյն փառքը եղաւ Անի մայրաքաղաքը, որ Սմբատ Բ. ի ու Գագիկ Ա. ի օրով շէնցաւ, բարեզարդուեցաւ եւ որ ժամանակակից հնագէտներու հիացման առարկայ կը դառնայ իր աւերակներով իսկ։ Բագրատունեաց վերջին իմաստուն թագաւորին Գագիկ Բ. ի վիճակուած էր Անիի աւերումը ողբալ (1064)։

Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին Յոյները կրկին ասպարէզ եկած էին արաբներու եւ մահմետականութեան անունով արեւմուտք արշաւող արեւելեան ցեղերուն խօլական վազքը սանձելու համար որպէս թէ, եւ ինքզինքնին դրած թշնամական դիրքի մէջ՝ Հայոց հանդէպ։ Պատմական նոյն թերութիւններն էր որ կը կրկնէին, հակառակելով Հայերուն, որոնք արեւմտականութեան ախոյեաններն էին Փոքր Ասիոյ մէջ։ Միջին Ասիոյ Մօնկոլա-Թաթարական ցեղերու արշաւանքը սակայն եկաւ ամեն պակաս լրացնել։ Հետզհետէ Սելճուգներ, Մոնկոլներ, Թաթարներ եւ Թիւրքմէններ այս ու այն կողմերէն Փոքր Ասիան նուաճելու ելան։ Երբեմն նոյնիսկ իրարու դէմ կռիւներ մղուեցան։ Հոս ու հոն հաստատուեցան սուլթանութիւններ։ Նկարագրել Հայաստանի վիճակը՝ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն եւ Անիի կործանումէն վերջ՝ անկարելի է։ Հայաստանը գետին մըն էր, որուն վրայէն առանց կոխելու եւ ո՛չ մէկ ցեղ կրնար անցնիլ։ Եւ այս ցեղերու արշաւը՝ հոսանք չէր, այլ՝ հեղեղ։

Հայը իր պատմական դերին մէջն էր նորէն։ Հակառակ այս բոլորին, ան կը նահատակուէր՝ ու կուրծք կուտար։ Իր զաւակներէն շատեր հեռացած էին մայրենի աշխարհէն, իր հազարաւոր որբուկները ծնողական խնամքէ զրկուած էին, հարսեր ու աղջիկներ անօթի ու բոպիկ կը պտտէին իրենց մազերը հովուն տուած. երկրագործութիւն, արուեստ, արհեստ, գիտութիւն, գրականութիւն կանգ առած էին, սովը շրջան կ’ընէր, հրդեհի բոցերը պար կը բռնէին, անգութ թշնամիները սուրը միշտ պատեանէն հանած կը պահէին եւ սակայն Հայ ցեղը իր գերագոյն զոհաբերութեանը մէջ կ’ապրէր, կ’ապրէր՝ Ասիոյ ցամաքին վրայ արեւմտեան ոգին, արեւմտեան կրօնը, Քրիստոնէութիւնը, եւ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը պանծացնելու համար։ Ո՞վ չգիտեր թէ Ճինկիզխան, Լէնկթիմուր, Շահ-Ռուխի, Ճիհան Շահ եւ տակաւին ուրիշ բռնապետներ ի՜նչ վայրենի խժդժութիւններ ի գործ չդրին Հայաստանի մէջ։

Արեւելեան ժողովուրդներու մէջ օսմանեան ցեղին յայտնութիւնը նոր շրջան մը բացաւ։ Անոր սահմանուած էր ցիր ու ցան դարձած արեւելեան ոյժերուն, եւ հոս հոն կերպաւորուած սուլթանութիւններուն ու պէյութիւններուն կեդրոնացման յաջողութիւնը։ Էրթուղրուլի որդին Օսման (1299-1326) իր հօր յաջորդելով սկսաւ տեղաւորուիլ Էսկի Շէհիրի եւ Գարահիսարի կողմերը։ Օսմանեան պետութիւնը սկսած էր։ Օսմանի յաջորդը Օրխան՝ Պրուսան առնելով՝ հոն փոխադրեց իր գահը։ Սա կազմակերպեց եէնիչէրիները, որոնք վերջը փորձանք դարձան երկրին գլխուն, եւ յանդգնեցան ոտք կոխել Եւրոպայի ցամաքին վրայ՝ Չանագգալէէն անցնելով։ Իրարու յաջորդող Սուլթաններուն գլխաւոր ջանքը եղաւ ընդարձակումը իրենց հողերուն եւ իտէալը՝ Կ. Պոլսոյ առումը։ Երբ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհէմմէտ Բ. գահը բարձրացաւ, արդէն Եւրոպայի մէջ բաւական կալուած ունէին։ Կը մնար Պոլսոյ տիրել։ 1453 Մայիս 29ին Օսմանեան բանակը կը մտնէր Պոլիս եւ Ֆաթիհ՝ Այա Սօֆիայի Մայր եկեղեցին մզկիթի վերածած՝ իր առաջին աղօթքը կը մատուցանէր եւ Բիւզանդիոնն ալ մայրաքաղաք կը հռչակէր։

Կ. Պոլսոյ առումը քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն մը ունի։ Հոն ցեղի մը պարտութիւնն ուրիշ ցեղի մը յաղթանակը չէ որ կը կարդայ պատմագէտ բանասէրը։ Այլ անոր մէջ կը տեսնէ արեւմտականութեան պարտութիւնը եւ արեւելականութեան մեծ յաղթանակը։



[1]            Այս անկախ իշխանութեանց կարգէն են Արծրունեաց, Ռշտունեաց, Անձեւացեաց, Սիւնեաց, Կիւրիկեան և այլ պզտիկ թագաւորութիւնները։