Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

X
Կիլիկեան բարձունքները. Հայերը Կիլիկիոյ մէջ. Ռուբինեան իշխանութեան կազմակերպութիւնն ու ուղղութիւնը. Համակրութիւն դէպի եւրոպական ազգերը. Հայերը խաչակիրներու օժանդակ. Հայ-լատին յարաբերութիւններ. Ունիթօրներու գործունէութիւնը. Հայ Կեանքը Կիլիկիոյ մէջ. Արեւմտականութիւնը եւ Հայերը, Կիլիկիան՝ պաշարուած արեւելականութեան ներկայացուցիչներէն. Դա՛րձեալ անկում՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան անունով։

Տօրոսի լեռնաշղթան կը տարածուի Միջերկրականի եզերքը։ Ունի անմատչելի բարձունքներ, որոնք սկիզբէն մինչեւ վերջը ապաստանարանը դարձած են այլ եւ այլ ժողովուրդներու։ Այդ բարձունքներու վրայ կամ շուրջը կազմակերպուած են զանազան երկիրներ, սակայն ասոնց մէջ ամենէն աւելի նպաստաւոր դիրքով կը ներկայանայ Կիլիկիան, Ռուբինեանց շրջանի Հայութեան օրրանը։ Հին դարերու հալածանքները միշտ բնակչութիւն ստեղծած են այդ լեռնային երկրին մէջ, այնպէս որ անոր բնակչութիւնը Բագրատունեաց հարստութեան կործանումէն վերջ հոս ապաստանող ահաբեկած փախստականներով չէ կազմուած միայն։ Կիլիկիան ունեցած է նշանաւոր քաղաքներ, ինչպէս Տարսոն, Սիս, Անարզափա, Ատանա, Մամեստիա, Այաս, Գերմանիկ կամ Մարաշ, Ուլնիա եւ Աչէ (Հաճըն), որոնք վաճառականական կեդրոններ դարձած են։ Կիլիկիան կը բաժնուի երկու մասերու, Դաշտային Կիլիկիա եւ Լեռնային Կիլիկիա։ Իր բնական ամրութիւններով, անմատչելի լեռներով ու կիրճերով ռազմագիտական սքանչելի դիրք մը ունենալով՝ Կիլիկիա ամենահին ժամանակներէ ի վեր իր վրայ հրաւիրած է աշխարհակալ պետութիւններու ուշադրութիւնը։ Նախ Ասորեստան, Բաբելաստան, ապա Աղեքսանդր Մակեդոնացին, Սելեւկեանները, Հռովմայեցիներն ու Յոյները տիրեցին այս երկրին։ Կային շատ մը ամրոցներ ու դղեակներ, որոնցմէ երեւելիներն էին Վահկա, Բարձր բերդ, Կապան, Սիմանակլայ, Լամբրոն եւ այլն։

Հայերը շատ հին ժամանակներէ ի վեր երթեւեկութիւն ունէին Կիլիկիա, ուր փիւնիկեցիներուն եւ եգիպտացիներուն հետ առուտուր կ’ընէին։ Հետզհետէ երբ Հայերը սկսան ցրուիլ, Կիլիկիան ասպնջական դարձաւ անոնց։ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն վերջ, Մարզպաններու եւ Ոստիկաններու օրով, Բագրատունեաց փոթորկալից իշխանապետութեան ժամանակ եւ յետոյ՝ Յոյներու, Պարսիկներու, Արաբներու եւ Սելճուգներու բռնաբարութիւնները գաղթային մեծ հոսանքներ ստեղծեցին դէպի Կիլիկիա, ուր ԺԱ. դարուն մէջ հայութեան ստուար թիւ մը կեդրոնացաւ եւ վերջապէս Գագիկ Բ. ի ազգականներէն Ռուբէն իշխանին միջոցաւ ու ձեռներէցութեամբ կազմակերպուեցաւ Ռուբինեան իշխանութիւնը։

Արդէն Ռուբէնի այդ ձեռնարկէն առաջ ալ աւատապետութիւններ կային հոն, անկախ եւ կամ Բիւզանդական հովանաւորութեան տակ։ Տեղացի Հայերը խմբուեցան Ռուբէնի շուրջը եւ 1080ին հայկական իշխանութիւնը իր դրօշը կը ծածանեցնէր Բարձրաբերդի շրջակաները, իր հետ միացուցած Գող Վասիլ, Օշին եւ այլն իշխանները՝ իրենց կալուածքներով։ Ռուբինեանց իշխանութիւնը տեւեց 3 դար, եւ ունեցաւ չորս շրջաններ, 1) Գրաւման ժամանակ, 57 տարի (1080-1137), 2. ) Վերականգնման շրջան, 55 տարի (1141-1199), 3. ) Թագաւորութեան շրջան, 143 տարի (1199-1342), 4. ) Օտար Թագաւորներու շրջան, 33 տարի (1342-1375)։ Կիլիկիան ու Հայ արքունիքը կէս մը Հայկական ու կէս մը Եւրոպական հանգամանք ունէին։ Մանաւանդ Լեւոն Բ. ի օրով արտաքնապէս ամեն ինչ արեւմտեան էր։ Եւրոպայի աւատական դրութեան պատկերը կար։ Կային շատ մը Յոյներ եւ Եւրոպացիներ, որոնք բնիկներուն պէս հպատակներ էին եւ ունէին իրենց կալուածները։ Վենետիկցի, Ճենովացի, Պիզացի եւ այլ տեղացի վաճառականներ ու արհեստաւորներ հաստատուած էին Կիլիկիոյ վաճառաշահ նաւահանգիստներուն մէջ եւ կամ կ’երթեւեկէին շարունակ։ Ռուբինեանց իշխանութեան ամբողջ շրջաններու պատմութիւնը Եւրոպական յարաբերութեան շուրջը կը դառնայ։ Կիլիկիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ ապա խաչակիրներու արշաւանքները, որոնց հետեւանքով հայերը սերտիւ կապուեցան Եւրոպացիներուն հետ, հայերը մերձեցուցին Եւրոպային։ Արդէն խաչակրութեան իբրեւ բնական հետեւանք, արեւելքի քրիստոնեայ ազգերը պիտի յարէին՝ Հռոմի։ Եւրոպացիներուն հետ Հայոց ունեցած յարաբերութիւնը եթէ մշակուէր խոհեմութեամբ, եւ Յոյները իրենց քաղաքական անմտութիւնը մէկ կողմ ձգելով ձեռք տային արեւելքի մէջ արեւմտականութեան դրօշակակիրն հանդիսացող Հայ ցեղին, առաջ եկած արդիւնքը ապահովաբար կ’ըլլար շա՛տ նպաստաւոր։ Սակայն այնպէս չեղաւ դժբաղդաբար։ Հայերը մինակ մնացին բոլորովին՝ բարբարոսութեանց հեղեղին առջեւ եւ միշտ յամառեցան առանձինն պատնէշել ու շարունակեցին, հակառակ ամեն աննպաստ պայմաններու, թղթակցիլ ու յարաբերիլ արեւմուտքի հետ. բան մը, որ զիրենք բոլորովին կասկածելի դարձուց Եգիպտոսի Սուլթանութեան առջեւ։ Ա՛յս էր պատճառը որ Եգիպտոս ամեն գինով ջանաց Արեւելքի եւ Արեւմուտքի այս կապը կտրել՝ Կիլիկիոյ Հայ իշխանութիւնը նուաճելով ու հայութիւնը բնաջնջելով։ Ու հարուածները յաջորդեցին իրարու։ Կիլիկիոյ շրջանին մէջ խաչակիրները երկու քրիստոնեայ աջակից ժողովուրդ միայն կրնային գտնել. հայերը եւ յոյները, որոնց առաջինը որչափ որ վստահութիւն գրաւած էր, իր անկեղծ անձնուիրութիւնովը, նոյնչափ ալ կասկածելի դարձած էր երկրորդը, իր երկդիմի եւ խարդախ քաղաքականութիւնովը։ Այս կերպով է որ Խաչակրութեան ընթացքին մէջ, սկիզբէն իսկ, հայերը լատիններուն հետ միշտ յարաբերութեան մէջ գտնուած են։

Մահմետականները Դամասկոսը գրաւելէն վերջ 637ին պաշարեցին Երուսաղէմը, որ անձնատուր եղաւ։ Ումեաններուն եւ Աբբասեաններուն օրով քրիստոնեաները ազատօրէն կ’այցելէին Ս. տեղերը եւ ապահով կերպով կ’երթեւեկէին։ Սակայն Սելճուգեան թուրքերը 1076ին գրաւեցին Երուսաղէմը, շատ գէշ վարուեցան քրիստոնեաներուն հետ, զանոնք կեղեքեցին, ջարդեցին, քրիստոնէական պաշտամունքը նախատեցին եւ նոյն իսկ ուխտագնացութիւնը արգիլեցին։ Եւրոպայի Քրիստոնէութիւնը գրգռուած բոլորովին, զինուեցաւ Ս. Երկրին ազատման համար եւ արշաւեց Երուսաղէմ։ Այս նպատակաւ կազմուած ոյժերը կոչուեցան Խաչակրութիւն, որոնցմէ Պաղեստին, Եգիպտոս, Պոլիս եւ Հիւսիսային Ափրիկէ արշաւած են։ Խաչակրութիւնը տեւեց մօտաւորապէս երկու դար (1066-1270), եւ ունեցաւ իր քաղաքական, պետական, ընկերական, եկեղեցական, գիտական եւ գրականական արդիւնքները, ունենալով հանդերձ իր սխալներն ու քննադատելի կողմերը։ Հայ ժողովուրդը, արեւմտականութեան ոգիին անվեհեր պաշտպան եւ կրօնասէր, սիրով եւ անտրտունջ օգնեց Խաչակրութեան, ամեն անգամ որ որեւէ կերպով հնարաւորութիւն տեսաւ անոր օժանդակելու, եւ միշտ ալ յարաբերութիւն պահպանեց Եւրոպայի հետ։ Պատմութիւնը յայտնապէս ցոյց կուտայ թէ որչափ սուղի նստաւ Ռուբինեաններուն՝ Արեւմուտքի հետ ամեն գինով պահպանուած այս յարաբերութիւնը։ Եւ մինչ Հայեր միշտ իրենց աչքերը Արեւմուտք դարձուցած քրիստոնեայ աշխարհէն օգնութեան կը սպասեն, երբ Մեմլուքներու հալածանքներէն ու հարուածներէն շլմորած, ազատարար ձեռքի մը ուժին պէտք կար, Եւրոպացի ազգեր ո՛չ իսկ բարեացակամ շարժում մը կ’ունենան, անտարբեր մնալով Արեւմտեան քաղաքակրթութեան անունով տանջուած ժողովուրդի մը գերմարդկային ճիգերուն եւ օրհասական աղաղակներուն։ Մեծագոյն, խիզախ եւ երկարատեւ Խաչակրութիւնը կատարած եղան այսպէսով Հայերը, յուսաբեկ՝ իրենց յուսադրութիւններուն մէջ եւ խաբուած չարաչար։

Խաչակրութիւնէն զատ Հայեր ունեցան Եւրոպացիներու հետ խնամիական, քաղաքական եւ կրօնական յարաբերութիւններ, որոնց արդիւնքն էր Լատինականութեան մուտքը Կիլիկիոյ մէջ։ Բացի Շնորհալիէն եւ Գր. Քարավէժէն, բոլոր կաթողիկոսներն ալ միշտ բարւոք եւ մերձաւոր յարաբերութիւն պահպանած են Վատիկանի եւ Եւրոպայի Լատինականութեան հետ։ Այս շրջաններուն Հռոմի ջանքը եղած է Եկեղեցիներու Միութեան գաղափարին իրագործումը։ Այս ուղղութեամբ եղած երեք փորձեր ալ անյաջողութեան մատնուած են, վասնզի Հայեր ո՛րչափ ալ համակիր ըլլային Եւրոպացիներու, կարելի՛ չէր որ հեռանային Մայրենի-Եկեղեցիէն։ Յոյներու եւ Լատիններու եկեղեցական միութեան խնդիրը Հայոց պատմութեան ընթացքին մէջ քանիցս երեւան եկած, բայց յաջողութեամբ պսակուած չէ, ինչպէս որ Զրադաշտականութեան եւ Մահմետականութեան բուռն ջանքերն եւս ի դերեւ ելած են։ Լատինացման ամենէն հիմնական փորձը կարելի է համարել ունիթորներու (միաբանասէր) երեւումը հայկական հորիզոնին վրայ՝ թէ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ մանաւանդ Մեծ Հայաստանի մէջ։ Յովհաննէս ԻԲ. պապը 1318ին Հայաստան ղրկեց Բարթողիմէոս Դոմինիկեան եպիսկոպոսը, որ շատ մը Հայ աշակերտներ ժողվելով Լատինական հոսանք մը ստեղծեց։ Նշանաւոր դէմքեր հանդիսացան ասոնց մէջ Յովհաննէս Քռնեցի, Ներսէս Պալենց եւ Սիմոն Պէկ, որոնց արժանաւոր հակառակորդներ դարձան Յովհաննէս Որոտնեցի եւ Գր. Տաթեւացի։ Հակառակութիւնն ստացաւ ծայրայեղ հանգամանք, եւ սակայն Հայ ժողովուրդը պահպանեց իր եկեղեցիին ժողովրդապետական ոգին։

Կիլիկեան իշխանութեան շրջանը կրնար վերածնութեան ժամանակամիջոց մը ըլլալ երկարամեայ հալածանքներէն իսպառսպուռ նուաճուած ու յոգնած հայութեան համար, սակայն քաղաքական հանգամանքները բոլորովին աննպաստ ըլլալով, ինքնամփոփումի հնարաւորութիւն չտուին Հայ մտաւորականութեան եւ Հայ արուեստին։ Ասոր հետ մէկտեղ քաղաքակրթուած համայնքի մը արձանագրութիւնը թողուց Կիլիկիոյ բարձունքներուն վրայ թառած ժողովրդային այս զանգուածը։ Հայոց բաղդն էր կարծես որ մեծ Հայքի մէջ Պարսիկներու, Արաբներու եւ Յոյներու բռնակալ դրացնութենէն ազատելէն վերջ յանկարծ Մէմլուքները պիտի տեսնէին իրենց դիմաց, նո՛յնքան վտանգաւոր եւ նոյնքան ոխերիմ։

Հոս ալ դարձեալ Հայ Ժողովուրդը երեւան կուգայ պատմականօրէն իր ստանձնած մեծագոյն դերով, որ կը կայանար արեւելքէն բարբարոս վայրագութեան ամպերուն մէջէն Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան լուսաւոր ջահը վեր բարձրացնելուն մէջ, իր ֆիզիքական գոյութեան զոհաբերութիւնո՛վն իսկ։ Արեւելականութեան ներկայացուցիչներէն պաշարուած փոքրիկ ժողովուրդի մը եւ համեմատաբար տկար իշխանութեան մը այս դիւցազնական պաշտպանութիւնն ու դիմագրաւումը բնականաբար կուգայ իր պատուաբեր վկայութիւնն արձանագրել Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ եւ անգամ մ’ալ ապացուցանել թէ 1375ին Կիլիկիոյ Հայկական իշխանութիւնը կ’իյնար ու կ’ոչնչանար՝ ո՛չ թէ Եգիպտոսի այսինչ Սուլթանին ձեռքով, այլ Արեւելեան Քաղաքակրթութեան ոյժով եւ դժբաղդ Լեւոն Զ. ը չէ՛ր որ գերի կ’երթար Եգիպտոս, այլ Արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէկ ներկայացուցիչը։ Ռուբինեան հարստութեան վերջին հանրածանօթ գահակալն էր դժբաղդ Լեւոն Զ. ը, (կամ Լեւոն Ե. ը) որ Բարիզի մէջ մեռաւ 1393ին, որուն աճիւնները 1789ի Ֆրանս[իական] Մեծ Յեղափոխութենէն վերջ փոխադրուեցան Սէն-Տընիի արքայական դամբարանը, ուր այժմ կը բարձրանայ Լեւոնի շքեղ մահարձանը։