Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XII
Հայոց քաղաքական կեանքին փոթորիկներն ու ելեւէջները. Մտաւորական գործունէութեան շրջաններ եւ անոնց ազդակները. Հայ վանքերն իբրեւ ուսումնավայր. Ոսկեդար եւ արծաթի դար. Միջին դարը, Հայ Գրականութեան շիջումը, պատմիչներ եւ ժողովրդական երգիչներ. Օսմանեան տիրապետութիւնը եւ Հայ կեանքը. Հայաստանի կացութիւնը եւ Եւրոպայի վերածնութիւնը. Հայ Տպագրութեան սկիզբը. Ինչո՞ւ Հայ տպագրութեան երախայրիքը՝ Հայաստանէն դուրս. Հայկական տպագրութիւնը Եւրոպայի մէջ եւ գաթոլիկ կղերն ու Վատիկան. Մխիթարեաններու դերը։

Հայոց քաղաքական կեանքը լի է ահագին փոթորիկներով։ Հայաստան՝ գտնուելով Արեւելքի ու Արեւմուտքի սահմանագլուխին վրայ, տարբեր տարբեր քաղաքակրթական ձգտումներ ունեցող հոսանքներու բաղխման կրկէսը դարձած է։ Որեւէ ցեղի պատմութեան մէջ այսչափ տիրապետող չեն յաճախակի արտաքին ազդակները, շարժիչ ոյժերը, որչափ հայոց կեանքին մէջ երեւան եկած են անոնք յաջորդաբար։ Իրերու խիստ բնական հետեւանքով Հայ ժողովուրդը իր պատմական բովանդակ դերին մէջ երեւան եկած է՝ բարբարոս ոյժերու ընդդիմադիր, իր ընդգրկած դրօշին համար նահատակ եւ իր ազգային գոյութիւնը պահպանելու համար կռուող, պայքարող, ճկուն եւ ստեղծագործ միեւնոյն ատեն։ Հայ ժողովուրդը, թէեւ հիանալի ընդունակութիւններով օժտուած՝ շինելու, ստեղծագործելու, երկիրներ բարեզարդելու եւ կեանքը շէնցնելու, դժբաղդաբար գրեթէ երբեք յաջողած չէ խաղաղ պայմաններով շրջապատուելու եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իր մշակոյթին, իր առաջդիմութեան եւ իր կեանքին ու կենցաղին հաճոյալի ընթացք մը տալու հոգածութեան շուրջը։ Անողոք հարուածները, աջէն ու ձախէն, վերէն ու վարէն տեղացող շլմորեցուցիչ տարափը, ո՛չ մէկ դիւրութիւն տուին իրեն՝ իսկական գոյնով ու ընդունակութիւններով ասպարէզ գալու համար իր սեփական հայրենիքին մէջ։ Իր կեանքին, պատիւին, կրօնքին ու ինչքին պահպանութեան անհրաժեշտական պահանջին առջեւ, Հայ ազգը մոռցա՛ւ, մոռցա՛ւ ամեն բան։ Իր դիրքին մէջ գտնուող, իր շարունակական հալածանքներուն ենթարկուող ուրիշ ժողովուրդ մը՝ շատոնց պիտի վերջ տար ամեն բանի, իր կեանքը փոխելով ամեն տեսակ ազնիւ ձգտումներու, իտէալներու եւ քաղաքակրթիչ աշխատութեան հետ։ Հայ ժողովուրդը կը նմանի զսպանակի մը, զոր որչափ ճնշես, կրկին չկորսնցներ իր ոյժը եւ ամենափոքր դիւրութենէ մը կ’օգտուի՝ տարածուելու, տեղաւորելու համար։ Երբ հալածած են զինքը, սպաննած, մորթոտած, իր ունեցածները յափշտակած, անիկա առանց ատով ամեն յոյս կորսուած նկատելու, կրկին սկսած է իր աշխատութեան՝ շինելու, շէնցնելու եւ բարեզարդելու համար, ու ատով զոհ չէ տուած իր բարձրագոյն առաքինութիւնները։ Հայոց կեանքին մէջ գահավիժօրէն իրարու յաջորդող ելեւէջները, փոթորիկներն ու հոսանքները հանդարտութենէ զրկած են Հայ Միտքը։ Ասոր համար է որ Հայ մտաւորական գործունէութիւնը շատ մը շրջաններ եւ այլազան ազդակներ եւ ուղղիչներ կը ներկայացնէ։

Հեթանոսական դարերու մէջ գոյութիւն ունեցող Հայոց մտաւորական գործունէութեան մասին առառաւելն ենթադրութիւններ ընելու է։ Բացի Մովսէս Խորենացիի Հայոց Պատմութեան միջոցաւ մեզի կտակուած Գողթան Երգերու փշուրներէն եւ կամ այս ու այն կերպով մեզ հասած բանահիւսական բեկորներէն, ամբողջական ոչինչ ունինք մեր ձեռքին տակ՝ իրական դատաստան մը ընելու համար։ Եթէ ընդունինք որ Գ. Լուսաւորիչ մեհենական դպրութիւնը կրօնական նախանձախնդրութեամբ անգութ կրակին ու բոցերուն յանձնած է, այն ատեն ելակէտ պէտք է ունենալ հայոց քրիստոնէական գրականութեան սկիզբը։ Հայ գիրերու գիւտը կը հանդիպի Ե. դարու առաջին տարիներուն (403, 404, 405 կամ 406 թուականին). բայց Գ. Լուսաւորիչէն կը սկսի գրական գործունէութիւնը, վասնզի հեթանոսական յիշատակներու ջնջումէն վերջ, անշուշտ Լուսաւորիչ նշանակելի հակազդեցութիւն մը փորձել ուզեց՝ միանգամ ընդ միշտ հայոց մէջ արմատացնելու համար քրիստոնէական գաղափարներն ու ճշմարտութիւնները։ Այս տրամաբանութեամբ՝ հայոց մէջ քրիստոնէական մտաւորական գործունէութիւնը, որ Դ. Դարուն մէջ իր դերը կատարեց, օտարազգիներու այբուբենին միջոցաւ, Ե. դարուն մէջ, Հայ գիրերը գտնուելէն անմիջապէս վերջ տեղի տուաւ զուտ հայկական մտաւորական գործունէութեան մը առջեւ։

Ոսկեդարու փառքը շատ շողշողուն հանգամանք մը ունեցաւ եւ Հայ Դպրութիւնը այդ շրջանին մէջ ստացաւ խիստ յաջող հանգամանք մը, արագ թռիչ մը եւ բարձր նկարագիր։ Զրադաշտականութեան հալածանքները, ապա եւ անոնց հետեւող արիւնոտ ընդհարումները՝ Հայոց ու պարսից մէջ՝ կասեցուցին ամեն տեսակ մտաւորական գործունէութիւն։ Եւ ոսկեդարը 30-40 տարուան առաջդիմութենէ եւ գրական արդիւնաւոր կեանքէ մը վերջ մարեցաւ տակաւ։ Իրաւ ալ, այդ աննպաստ պայմաններուն մէջ, երբ հուրն ու սուրը կը թագաւորէր ամեն կողմ, կարելի չէր սպասել որեւէ մտաւորական գործունէութիւն։ Դպրութիւններու այս անկումը առաւելապէս շարունակուեցաւ ու շեշտուեցաւ մանաւանդ Զ. դարուն մէջ, երբ հայերը բոլորովին հեռացան հելլենական գրականութենէն եւ Քաղկեդոնի ժողովին հետեւանքով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու մէջ քրիստոնէութեան շնորհիւ ամրապնդուած կապը թուլցաւ ու խզուեցաւ վերջապէս։ Է. դարուն կը սկսի հայ մտաւորականութիւնը խլրտալ, եւ հազիւ Արծաթի Դարը կը սկսի, ահա արաբական արշաւանքն ու տիրապետութիւնը իր հետ բերած փոթորիկներով կը սպառնայ խեղդել զայն։ Այնուհետեւ գրական ամուլ շրջաններ կը բոլորէ հայ ժողովուրդը մինչեւ ԺԲ. դարը, երբ Կիլիկեան Դպրութիւնը կը սկսի ծաղկիլ Ռուբինեանց հարստութեան թեւարկութեան տակ։ Հայ բանաստեղծութիւնը իր գերագոյն թռիչը կ’առնէ Ներսէս Շնորհալիի անմահ շարականներուն եւ տաղասացութիւններուն մէջ, ու ռամկավարական ձգտումը կը մտնէ հայոց մտաւորական գործունէութեան մէջ՝ ռամկօրէն լեզուին յաղթանակովը։ Միջին դարու արշաւանքները, հայոց գաղթականութիւնները, տիրող ընդհանուր հալածական դրութիւնը, Հայաստանի անհանդուրժելի կացութիւնը եւ քաղաքական պայմանները մահուան դատապարտեցին մտաւորական կեանքը։ Մասնակի երկրորդական պատմիչներ միայն փոյթն ունեցած են արձանագրել իրենց ժամանակներու դէպքերը, եւ ժողովրդական աշուղներ, իրենց քնարով եղերերգած են Հայ կեանքը։ Աւելորդ կը համարինք միառմի մանրամասնօրէն թուել այն բոլոր քաղաքական մրրիկները, որոնք շրջապատած էին Հայ կեանքը եւ ընթացք տուած անոր մտաւորական ձգտումներուն։ Այս արշաւանքներուն եւ ժողովրդային խուճապներուն մէջ ոտնակոխ եղած են բազմաթիւ ուսումնավայր վանքեր, որոնք գրականութեան եւ ուսման կեդրոններ դարձած են Հայաստանի մէջ։ Մեր մէջ արդէն կղերը եղած է առաջին եւ գլխաւոր ուսումնական գործիչը։ ԺԱ. դարէն առաջ բացի կղերէն, ուրիշ որեւէ աշխարհական չենք տեսներ Հայ Մատենագրութեան Պատմութեան մէջ։ Գր. Մագիստրոսն է առաջին աշխարհական մատենագիրը։ Այս կղերները բոլորն ալ կը գործէին վանքերու մէջ, հեռու բոլորովին ժողովուրդէն եւ կեանքէն հրաժարած։

Հայկական ուսումնավայր-վանքերու պատմութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը շատ շահեկան է եւ փառաւոր։ Անոնք դարերու ընթացքին մէջ բարեպաշտ հայրապետներու, լուսամիտ թագաւորներու եւ կամ նոյն իսկ ջերմեռանդ ժողովուրդին կողմէ հաստատուած էին՝ ո՛չ թէ սնուցանելու կարգ մակաբոյծներ, այլ՝ ուղղակի ծառայելու Հայ ժողովուրդին, անոր զաւակներուն կրթութեան եւ մտաւորական զարգացման գործին։ Հայոց հեթանոսական շրջանին մէջ, մեհեաններն էին որ քուրմերուն հսկողութեան ներքեւ հեթանոսական դաստիարակութիւն կուտային ապագայ քուրմերուն։ Ի վերջոյ քրիստոնէական շարժումն ալ, զօրացուց վանքերու կազմակերպութիւնն ունեցող հաստատութիւնները։ Ազգային լուսաւորութեան եւ գրական առաջդիմութեան գործը վանքերու մէջ սահմանափակուած էր։ Դպրոցներ եւ ուսումնական ձեռնարկներ՝ վանքերու մէջ կ’ըլլային։ Հո՛ն կ’ընդօրինակուէին ձեռագիրներ, հո՛ն կ’ապրէին մեր մատենագիրները, գրագէտներն ու քարոզիչները։ Պատմութիւնը կը յիշատակէ բազմաթիւ ուսումնավայր-վանքեր՝ Հայաստանի այս ու այն կողմը, Մեծ Հայքի, Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ մէջ սփռուած։ Դ. դարէն սկսեալ մինչեւ ԺԴ. դար նոյն կերպով կ’ըլլայ մտաւորական աշխատութիւնը։ Դ. Դարուն մէջ նոյն իսկ Տարօնի Գլակայ եւ Իննակնեան վանքերը ուսումնական կեդրոններ էին։ Կը յիշուին շատ մը նշանաւոր վանքեր, որոնք եկեղեցագիտական ուսմանց դպրանոցներ էին, ինչպէս, Նորավանք եւ Այրեվանք . դար), Սիւնեաց Վարդապետարանը . դար), Շիրակի Դպրեվանքը . դար), Գեղարքունեաց մենաստանը . դար), Աղթամարի եւ Սեւանի վանքերը . դար), Նարեկի վանքը . դար), Սանահինի վանքը (ԺԱ. դար) եւայլն։

Եկաւ վերջապէս Օսմանեան տիրապետութիւնը։ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհէմմէտ Կ. Պոլիսը գրաւելէն վերջ սկսաւ դէպի արեւելք արշաւել եւ գրաւել արեւմտեան Հայաստանն ու Փոքր Հայքը։ Յայտնի է Ֆաթիհի քաղաքականութիւնը, որ շատ նպաստաւոր էր Հայոց համար, վասնզի ինք կ’ըմբռնէր թէ ի՛նչպիսի շինարար տարր մըն է հայ ժողովուրդը եւ շէնցնող ի՜նչ ընդունակութիւններով օժտուած է։ Հաստատուեցաւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ հոն ապրող գաղութը բաղդատաբար հանգիստ կենցաղ մը ունէր։ Հայաստանն էր որ կրկին ահուդողի մատնուած էր։ Իսլամի եւ ոչ իսլամի խտիրը տակաւ կը զօրանար տիրապետող տարրին մէջ, եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներն ու մասնաւորապէս հայերը նշաւակ կ’ըլլային անարգութեան եւ ենթակայ՝ բազմադիմի զրկանքներու։ Իրաց այս դրութեան մէջ Եւրոպան կը յեղաշրջուէր։ Տպագրութեան գիւտը, Յովհաննէս Կիւթթէմպէրկի ձեռքով, ամբողջ Եւրոպայի ուշադրութիւնը կը հրաւիրեր իր վրայ։ Հետզհետէ Իտալացիներ, Ֆրանսացիներ, Սպանիացիներ եւայլն կ’որդեգրեն զայն։ Վերածնումի օրերն էին։ Բիրտ ոյժին տիրապետութիւնը ջնջելու սահմանուած գիրը, մամուլին միջոցաւ կը տարածուէր ամեն կողմ։ Այդ շրջանին մէջ Ասիոյ ժողովուրդներու մէջ միա՛յն Հայը կրնար իւրացնել զայն, իբրեւ յաջողակ տարր։ Բայց ի՞նչպէս։ Կարելի՞ էր երբեք Հայաստանի մէջ տպարան հաստատել։ Այսքան բարբարոսութեանց ենթակայ երկրի մը մէջ գրական գործունէութիւն ունենալը ցնորական չէ՞ր։ Եւրոպան պէտք է ըլլար այն ցամաքը, որուն վրայ պիտի տպագրուէր առաջին հայ տառը։ Եւ ահա Յակոբ անուն տպագրիչ մը, նոյն իսկ առաջին հայ տպագրիչն հռչակուած Աբգար դպիրէն ալ 30 տարի առաջ, 1512 թուականին կը տպագրէր Վենետիկի մէջ «Սաղմոսարան»ը, երբ տակաւին Ռուսաստանէն ներս չէր մտած տպագրութիւնը։ Անպատեհ չէ ըսել որ ահաւասիկ, այս կերպով հայերո՛ւն միջոցաւ կ’սկսուէր տպագրութեան գործին՝ Ասիոյ մէջ, եւ ա՛յս իսկ պատմական պզտիկ դեր մը չէ։ Եւ սակայն գաթոլիկ կղերը, որ ուխտած էր միահեծան տիրել սիրտերու ու միտքերու վրայ, իր սեւ թաթը հասցուց այն բոլոր հայ հրատարակիչներուն վրայ, որոնք Եւրոպայի մէջ ուզեցին ստեղծել տպագրական կայան մը։ Վատիկանի գրաքննութիւնը կուգար սեղմումներով եւ կրօնական աններող նկատումներով կաշկանդել հայ նորահաստատ մամուլը։ Այդ է պատճառը որ «Սաղմոս»ներով զբաղած են հայոց անդրանիկ հրատարակիչները, երբ կրնային աւելի ժողովրդական գործեր տպել ու գրական աւելի լայն գործունէութիւն մը ցոյց տալ։ Այս հետապնդութիւնը սակայն չկրցաւ արգիլել որ հայ տպագրիչներ աննուաճ կամքով կուրծք տային ամեն տեսակ խստութեան եւ Հայ Մամուլի գոյութիւնը պահպանէին դիւցազնօրէն, մինչեւ որ կու գային աւելի գեղեցիկ օրեր եւ նպաստաւոր ժամանակներ։

Այս թռուցիկ ակնարկներէն վերջ, որոնց միջոցին արեւելքի մէջ բնակող այս փոքրիկ ցեղին մեծութիւնը դուրս կուգար, հարկ է յիշատակել Մխիթարեանները, որոնք եւս Հայաստանէն դուրս Վենետիկ հաստատուեցան՝ հանդարտ սրտով ու խաղաղիկ միտքով ծառայելու համար Հայկական Գրականութեան, եւ որոնք մեծագոյն օժանդակը դարձան Հայ ցեղին՝ պատմական ուրիշ դերեր ստանձնելու համար Արեւելքի մէջ։