Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՑԱՌԱԿԱՆ ԵՒ ԳՈՐԾԻԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎ.

Բացառական հոլովը՝ բաց ի հասարակ ձեւէն, շատ անգամ կը գործածուի նաեւ տարբեր ձեւով, այն է՝ սեռականին վրայ մէ մասնիկն աւելցընելով. զ. օր. մարդէ, մարդերէ, ծովէ, ծովերէ, շնէ, շներէ, մեծ, մեծերէ, աղջիկէ, աղջիկներէ, հոգիէ, հոգիներէ, տղէ, տղաներէ եւն ըսելու տեղ կարելի է ըսել մարդումէն, մարդոցմէն, ծովումէն, ծովերնունմէն, շանըմէն, շներունմէն, մկանըմէն, մկաներունմէն, աղջկանըմէն, աղջիկներունմէն, հոգումէն, հոգիներնունմէն, տղումէն, տղոցմէն եւն։ Այս ձեւ բացառականները դիմորոշ ս, դ, ն յօդերուն հետ գործածուած  ատեն այդ յօդերը մէ մասնիկէն առաջ կʼանցնին. զ. օր. հոգիէս, հոգիէդ, հոգիէն, հոգիներէս եւն ըսելու տեղ՝ կʼըսուի, հոգուսմէն, հոգուդմէն, հոգունմէն, հոգիներուդմէն եւն։

Կան նաեւ ուց, ոց, անց, ոնց մասնիկներով կազմուած տեսակ մը բացառականի ձեւեր ալ, շատ քիչ գործածական, զ. օր. օր մը օրանց (= օրերէն օր մը), քաղքոց քաղաք պտտիլ (= քաղքէ քաղաք եւն), սեւ աչքը մօրուց պէտք է (= ի մօրէ), սրտանց սիրել (= ի սրտէ եւն), տարոց տարի (= տարուէ տարի), էգոց էգի (= այգիէ այգի), բերնոց բերան (= բերնէ բերան), հինուց (= հինէն), պզտիկուց (= պզտիկէն), առաջուց (= առաջէն), շատոնց (= շատ ատենէն ի վեր) եւն [1] ։

Յոգնակի գործիական հոլովի օք մասնիկով գործածութիւնն ալ բաւական սովորական է. զ. օր. տղօք (= տղաներով), զաւակօք (= զաւկներով), կամօք (= կամքով) եւն։ Յայտնի է որ ասոնք բուն գրաբարի ձեւեր են։



[1]            Կրնայ կարծուիլ թէ այս ոնց, անց, ուց եւն վերջաւորող բացառականները՝ գրաբարաձեւ յոգնակի բացառականներ ըլլան, ի նախդիրը զեղչուած եւ եզակիի իմաստով գործածուած։