Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԵՐԱՆՈՒՆՆԵՐ.

Գործածական դերանուններու ձեւերն են ես, դուն, անի, ինք. իմս, քուկդ, իրը, մերը, ձերը, իրենցը. իրար, մէկմէկ. ասի, ադի, անի, սըւի, տըւի, նըւի. որ, ամէն, ուրիշ, մէկ, մէկալ, ամէն–մէկ, ինչ եւն։ Ասոնց հոլովումերն են։ Ես իմ, ընծի, զիս, ընծիմէն, ընծիմով. մենք, մեր, մեզի, մեզ, մեզիմէնյ, մեզիմով։ Դուն, քու, քեզի, քեզ, քեզիմէն, քեզիմով. դուք, ձեր ձեզի ձեզ, ձեզիմէն, ձեզիմով։ Անի, անոր, անկէ կամ անորմէ, անով կամ անորմով. անոնք, անոնց, անոնցմէ, անոնցմով։ Ինք, իր իրեն, զինք, իրմէ, իրմով. իրենք, իրենց, իրենցմէ, իրենցմով։ Իմս, իմուս, իմէս, իմովս. իմերս, իմրուս, իմերէս իմերովս։ Քուկդ, քուկիդ, քուկէդ, քուկովդ. քուկերդ, քուկերուդ, քուկերէդ, քուկերովդ։ Իրը, իրենին, իրենէն, իրենով. իրենները, իրեններուն, իրեններէն, իրեններով։ Մերը, մերինին, մերինէն, մերինով։ Իրենցը, իրենցինին, իրենցինէն, իրենցինով (յոգնակին անգործածելի)։ Իրար, իրարու, զիրար, իրարմէ, իրարմով։ Մէկզմէկ, մէկզմէկու, մէկզմէկէ, մէկզմէկով։ Որ, որու, որումէն (միւս հոլովներն անգործածելի)։ Ամէն, ամէնուն, ամէնէն, ամէնով։ Մէկ, մէկու, մէկէ, մէկով։ Մէկալը, մէկալին, մէկալէն, մէկալով։ Ինչ, ինչու, ինչէն, ինչով։ Ասի, ադի, անի, սըւի, դըւի, նըւի, կը հոլովուին, անիին պէս ասոր, ադոր, սըւոր, դըւոր, նըւր, սըսոնք, սըսնց եւն։ Մեր, ձեր, մէկալ յոգնակի կ’ըլլան մերոնք (=մերիններ), ձերոնք, մէկալոնք, եւ կը հոլովուին ասոն. ին պէս մէրոնց, ձերոնց, մէկալոնց եւն։

Դերանուան ուրիշ ձեւն մըն է անտու որ համարի հետ միայն կը գործածուի, զ. օր. փորս կուշտ էր, անտու (= անոր) համար չի կերայ։

Սի, դի, նի ցուցական ածական են սա, դա, նա, նշանակութեամբ, զ. օր. սի տունը, դի մարդը, նի ժամը եւն։