Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ.

Համբերէ օր ( = որ) բերանդ համ գայ. Հաբերութեամբ կրնանք մեր բաղձացած վայելքները ճաշակել։

Հաչան շունը շատ չի խածներ. Շաղակրատ պարծենկոտները կամ ի դէպս եւ յանդէպս սպառնալիք ընողները բան մ’ընելու կարող չեն։

Հաստը բարակ մէկ գին, վայն է եկեր բարակ մանողին գլխուն. Խղճամիտ աշխատութիւնները շատ անգամ չեն գնահատուիր։

Հարը ազոխ կերաւ, տղուն առղան առաւ. Մէկուն յանցանքը միւսը կը քաւէ։

Հաց դրին կերաւ, գործ դրին փախաւ. Կ’ուտէ, բայց չի գործեր, ծոյլ է։

Հացը դրած, բանն անիծած. Երբ կերակրոյ սեղանը դրուի՝ ամէն գործ կամ զբաղում դադրելու է։

Հաւը հաւ իքէն՝ նստած տեղը կը փորէ. Մարդ իւր տան գործերուն միշտ հոգածու ըլլալու է։

Հաւը ջուր կը խմէ, Ասսու փառք կու տայ. Ամէն պարագայի մէջ զԱստուած փառաբանելը մոռնալու չենք։

Հեռու սուրբը զօրաւոր կ’ըննայ, այսինքն՝ զօրաւոր ըլլալ կը կարծուի։

Հէմ գրոց, հէմ բրոց. Մի եւ նոյն ատեն թէ՛ հոգեւոր կամ մտաւոր, եւ թէ՛ աշխարհային գործերու հետամուտ է։

Հէմ լանք, հէմ երթանք. Այս ընենք ու միւսը չթողունք։

Հէր քէսին (թրք. = ամէն մարդ) իրեն կանգունովը կտաւ չեն իտար. Ամէն մարդու ուզածն իւր փափաքած կերպովը չի կատարուիր։

Հէր քէսին սեւը՝ իրեն երեսը. Ամէն մարդ իւր ըրած գէշութեան արատը կը կրէ։

Հէր քէս իրեն կեռացած տեղը կը քերէ. Ամեն մարդ իւր անձնական շահուն տեսակէտովը կը դատէ կամ կը գործէ։

Հոգալիք մեր էշն է քի՝ նէ՛ փալան ունի, նէ՛ ղօլան. Աղքատը պէտք է հոգայ իւր վիճակը, հարուստն ամենայն ինչ ունի։

Հոգը քաշողին, լաթը մաշողին. Մարդ ո՛րչափ աւելի տոկայ վշտերու՝ նոյնչափ ետեւէ ետեւ վշտերը զինք կը գտնեն։

Ձ.

Ձեռքս բան, ոտքս գերեզման. Մինչեւ գերեզման՝ գործելու կարողութենէ չ’իյնայի։

Ձուկը գլխէն կը հոտի. Ամէն անկարգութիւն՝ նախ գործի մը գլուխ կեցողներէն կը ծագի ու տարածուի։

Ձուկը ծառը ելլէ նէ... Անկարելի իրողութիւն մը՝ որ մէջ կը բերուի իբր պայման անկարելի գործի մը կատարման։

Ձռան առուն՝ գարու հացը մահանայ. Թերութիւնը ծածկելու համար պատճառանքներ մէջ կը բերէ։

Մ.

Մաղը ծակ է. Մեր լեզուէն կը հասկընայ։

Մայասու= (թրք. = խմոր) հաց չի գար. Առանց քիչ կամ շատ դրամագլխի՝ հարստութիւն չի դիզուիր։

Մարդ իր թքած թուքը չի լզեր. Մարդ ըրած խոստումը դրժելու չէ։

Մարդ իր տանը հէմ աղան է, հէմ խզմէթքեարը (թրք. = ծառայ). Մարդ իւր տան մեծն ըլլալով հանդերձ պարտական է իւր տնական գործերուն ալ աշխատիլ։

Մարդ մարդու հալէ (թրք. = վիճակ) չի գիտեր՝ կէս գիշերուն ժամ կը կանչէ. Վիճակէս անտեղեակ է՝ անպատեհ առաջարկներ կ’ընէ։

Մարդ մարդու քահանայ, մարդ մարդու սատանայ. Մարդիկ իրարու ի բարին եւ չարն կ’առաջնորդեն։

Մարդուն անունը ելլելէն՝ աչքը ելլելը բարի է. Անգամ մ’աղէկ կամ գէշ, անտեղի կամ իրաւ համբաւ մը շահող անձեր՝ իրենց այդ համբաւին պատճառաւ միշտ վնասներ կը կրեն։

Մարդս մարդով շէն է. Մարդիկ ընկերական են։

Մեծցաւ, մենծ ցաւ. Մանուկը քանի մեծնայ՝ այնչափ մեծ հոգեր կը պատճառէ իւր ծնողաց։

Մեղաւորին փուշն ոտիցը անպակաս կ’ըննայ. Դժբախտ մարդուն ամէն գործին մէջ խոչընդոտներ անպակաս կ’ըլլան։

Մեղքը՝ լալով, պարտքը՝ տալով. Մեղքը քաւելու համար՝ ապաշխարելէն, պարտքէն ազատելու համար վճարելէն զատ ուրիշ ճար չկայ։

Մեղքը, պատին ճեղքը. Կ’ըսուի՝ մեղքը հեգնելու համար։

Մենծ էշը ախոռը մոռցանք. Գործին կարեւոր մասը մոռացանք։

Մենք գողութեան ելանք նէ՝ լսնկան էռջի իրիկուընէ ցաթեց. Երբ մենք գործի մը ձեռնարկեցինք՝ առաջին վայրկենէն արգելքներ ծագեցան։

Մենք ու նիրանքս, հարս ու տալանքս. Մենք մեզի մնացինք, դրսէն մարդ չունինք։

Մեր հացին մէջ աղ չի կայ. Մար ըրած բարիքը չի գնահատուիր, բանի տեղ չի դրուիր։

Մեր տունը փոս, ամէն խեւը ֆէս ( = հոս). Խնդիրը մեր գլուխը ժողվուեցան։

Մեկը մէկուն էգի մըն է տուեր, անի անոր կուղ մը խավող չէ տուեր. Ապերախտ է։

Մէկը չէ աղօթեր, չէ աղօթեր՝ մատն աչքն է խօթեր. Կ’ըսուի՝ երբ մէկն երկար ատենէ ի վեր չըրած մէկ բանն ընել ուզած ատեն՝ փորձանքի մը կ’ենթարկուի։

Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ չի բռնուիր. Մի եւ նոյն ատեն երկու գործ մէկէն չի կատարուիր։

Մեկու մը քառսուն օր խեւ ըսես նէ՝ խեւ կ’ըննայ. Շատ յեղյեղուած բան մը՝ իրականութիւն կը գտնէ։

Մէմը վեր նայողէն վախցիր, մէմը վար նայողէն. Կեղծ բարեպաշտութեան կամ խոնարհութեան ձեւերէ խաբուելու չէ։

Մինակութիւնը Ասսու կը վալէ. Մարդիկ ընկերական են՝ առանձին չեն կրնար ապրիլ։

Մինչի հաստը բարկընայ նէ՝ բարակին հոգին կ’ելլէ. Մինչեւ որ զօրաւորը տկարանայ՝ տկարները բոլորովին կ’ընկճին։

Մկանը շեռը ջաղջին ֆայտա (թրք. = օգուտ) է. Ամէնէն աննշան օգնութիւնն անգամ՝ իւր արժէքն ունի։

Մուկը ծակուն չէ մէյներ, պոչուն ցախաւել մըն ալ կապեր է. Կարողութիւն չունի տանելու՝ եւ ա՛լ աւելի կը ծանրացընէ իւր գործը։

Մուկն իր ծակուն մէջ շատ մալ (թրք. = ինչք) ունի. Իբրեւ օրինակ ի մէջ կը բերուի ագահ մարդոց՝ որոնք պահած հարստութիւններ ունին ու չեն վայելեր զանոնք։

Մօրուք չունիմ քի խօսքս անցնի. Ազդեցիկ չեմ։

Ն.

Նէ՛ արողի, նէ՛ կրողի. Ո՛չ աղէկութիւն կու գայ ձեռքէն, ո՛չ գէշութիւն, անճարակ է։

Նէ՛ նիստ ու լաց, նէ՛ առ ու փախիր. Ո՛չ լալու չափ գէշ կամ տգեղ է, ո՛չ առնլու փախչելու չափ աղէկ կամ գեղեցիկ։

Շ.

Շանը բերանը շէքէր է ընկեր. Յարգը չգիտցողին աղէկ բան հանդիպեր է։

Շան հագ, դրան փագ. Անխնայօրէն գործածուած։

Շանը հարսնեցը փեսայ բաղնիքը մի փնտռեր. Անազնիւ, անկիրթ մարդոց ամէն գործին մէջ ալ կարգ, կանոն ու վայելչութիւն չ’ըլլար։

Շանը հետ մէկ չուվալ (թրք. = պարկ) մի մտներ. Գէշ մարդուն հետ մաքառելէ զգուշացիր։

Շանը պոչը քառասուն տարի ճէնտէրէն (թրք. = մամուլ) դնես նէ՝ չն շիտկիր. Գէշ մարդուն ինչ ալ ընես չ’ուղղուիր։

Շատ խաղ գիտիմ ըմմա՝ ձան չունիմ քի կանչեմ. Շատ բաներ գիտեմ, բայց նկատումներ կան, չեմ կրնար խօսիլ։

Շատ խնդուքը արցունք է. Խնդումին լաց կը յաջորդէ։

Շատ տղան եա՛ փաշին կը վալէ, եա՛ բօշին. Շատ տղայ ունենալը լաւ չէ, եթէ ոչ մարդ կա՛մ շատ հարուստ ըլլալու է որ զանոնք խնամելու ամէն դիւրութիւն եւ միջոց ունենայ, կա՛մ շատ աղքատ՝ բօշաներու պէս. որոնք իրենց տղաքը փողոցները կը լեցընեն ու անոնք՝ առանց որ եւ է խնամքի կը մեծնան։

Շէպը (թրք. = պաղլեղ) շէքէրը մէկ չէ. Իրարու նմանող ամէն բան մի եւ նոյնը չէ։

Շիտակ մարդը տեղ չունի. Ուղղամիտ ու ճշմարտախօս մարդը կը հալածուի։

Շունը կատուն մար չըննան. Մայրութիւնը դժուար է, նոյն իսկ կենդանիներու մայրութիւնն ալ։

Շունը յիշէ, փատը գաշէ. Գէշ մարդն՝ իւր վրայ խօսուած ատենը վրայ կու գայ։

Շունը շանը միսը չ’ուտեր. Գէշ մարդիկ իրարու հետ հաշտ կ’երթան եւ իրարու չեն վնասեր։

Շունը շէպիք, կատուն վէրտիք. Կ’ըսուի՝ երբ բաղնիքը չափազանց ամբոխեալ ըլլայ։

Շունն ամչնայ նէ՝ վէրտիք կը հագնի. Գէշ մարդը չ’ամչնար։

Շուն քա՛շէ, փարա վաստկէ. Դրամ շահելու համար ամէն միջոց օրինաւոր է։