Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո.

Ոչլոտը կը քերուի, անօթին կը նէյի. Անօթին ամէն բանէ իւր փորուն ճարակ կը սպասէ։

Ով դնես դրանն ետեւ, ան կ’անցնի գլխուդ վերեւ. Արհամարհուած ու անարգուածները՝ շատ անգամ պատուոյ տեղը կ’անցնին։

Ով ուտէ եղն ու ճմուռը, որու գայ գլոխը դուռը. Մէկը կը վայելէ, միւսն անոր վայելքին հետեւանքը կը տուժէ։

Որբին հաց տուող չ’ըննար ըմմա՝ խրատ տուող շատ կ’ըննայ։ .......................

Ուշ եկո՛ անուշ եկո՛. Ուշ ուշ այցելութիւններն աւելի անուշ կ’ըլլան։

Չ.

Չամուռին (թրք. = ցեխ) քար մի նետեր, վրադ կը ցատքէ. Գէշ մարդուն մի դպչիր, կը վնասուիս։

Չեմ ուտեր, ճէպս (թրք. = գրպան) ձգէ. Կ’ուզէ, բայց չուզել կը ձեւանայ։

Չի լացող տղուն ծիծ չեն իտար. Չխնդրուած կամ չհետամտուած բան մը ձեռք չի բերուիր։

Չինկէնէն (թրք. = գնչու) փաշա ըննայնէ՝ էռէջ հօրը գլոխը կը զէրնէ. Անազնիւ մարդն երբ պաշտօնի անցնի ամէնէն առաջ կը վնասէ այն մարդոց որոց երախտագիտութիւն կը պարտէր։

Պ.

Պատը անկաճ ունի. Չորս պատերու մէջ խօսուածն ալ կրնայ դուրս գալ, ուստի առանձնութեան մէջ անգամ զգոյշ կենալու է անպատեհ խօսակցութիւններէն։

Պէտք էիր իտի բորոտելու, անուշ անուշ քերուըտելու. Քեզի ատանք լաւ բան չէր վայելեր։

Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ բռնել. Խառնաշփոթ պարագաներէ օգուտ քաղել։

Ջ.

Ջուրը ակէն պղտոր է. Գործն իւր գլուխէն կամ սկզբնաւորութենէն աւրուած է։

Ջուրը գնացող ծարաւ դարձող. Պատեհութիւններէ օգուտ չքաղող։

Ջուրը պատն իվեր չ’ելլեր։ Գործ մը բնականի հակառակ ընթացքով չի յաջողեր։

Ջուրը սօխուն (թրք. = քարէ դուռ) դիր, քառսուն տարի ծեծէ, չի թարնզընար. Կ’ըսուի այնպիսի պարագաներու համար ուր խնդիր մը շատ երկար ատեն կը յեղյեղուի եւ վէճի առարկայ կ’ըլլայ բոլորովին անգործնական ձեւի մը տակ, առանց ելքի մը յանգելու։

Ջուրը տեսնէ նէ ձուկ կ’ըննայ, ծակը տեսնէ նէ՝ մուկ. Ամեն մարդուն կարծիքներուն համամիտ կը ձեւանայ, կեղծաւոր է։

Ս.

Սաղ գլոխը աւետարանի տակ դնել. Հարկաւոր չեղած տեղն ինք զինքը փորձանքի ենթարկել։

Սատանան հարսնիք չերթար ըմմա՝ փապուճները (թրք. = հողաթափ) կը ղրկէ. Չար մարդն եթէ ոչ ուղղակի՝ գէթ անուղղակի ամէն չարութեան մէջ մատ կ’ունենայ։

Սատանի ըռղատ (թրք. = գործաւոր). Պարապ տեղը յոգնող, աշխատող։ Ընդհանրապէս կ’ուղղուի պզտիկ տղոց որոնք տղայական խաղերով կամ խենդութիւններով միշտ զբաղուած են։

Սատանի սլաք. Խորամանկ, չարաճճի։

Սատանի չարուխը (թրք. = տրեխ) օր մը կը ծակի. Գէշ մարդուն խաբէութիւններն օր մ’երւեան կ’ելլեն։

Սեւ աչքը մօրուց պէտք է. Որ եւ է լաւ յատկութիւն կամ ընդունակութիւն բնածին ըլլալու է։

Սեւ խապարը (թրք. = լուր) թէզ կու գայ. Գոյժ մը շուտ կը տարածուի։

Սիրիմ, սիրիմ, հոգիդ առնիմ. Սիրել կը ձեւանայ, բայց միտքը չարէ։

Սոխին անուշը չըննար. Անազնիւ ցեղի մէջ ազնիւ մարդ չի գտնուիր։

Սոխ չի կերայ քի բերանս հոտի. Յանցանք մը գործած չեմ որ քաշուիմ կամ նշանը կրեմ վրաս։

Սուրբը զօրաւոր անողը տէրն է. Ստորադասներն իրենց մեծերուն շնորհիւ ազդեցիկ են։

Սուրբի մոմ, տղին կիլիկ. Ամէն մարդու՝ իրեն հաճելի կամ պէտք եղած բանը տալու է։

Սրտին սիրածը, եկեղեցնայ պսակածը. Ամէն ամուսնութիւն յարմար է, բաւական է որ զիրար սիրող սրտերու միութիւնն եկեղեցւոյ պսակն ալ նուիրագործէ։

Վ.

Վազող ձիուն գլխուն չեն զէրներ. Որ եւ է գործի մէջ յառաջդիմողին դէմ արգելք հանելով զանի վհատեցընելու չէ։

Վարդեվար, ճիրագդ վառ. Կʼըսուի՝ հասկցնելու համար թէ Վարդավառի տօնէն վերջ գիշերները բաւական երկնցած ըլլալով՝ իրիկուններն ամէն տան ճրագը կը վառի։

Վար թքնիմ մօրուքս, վեր թքնիմ պըյըխս (թրք. = պեխ). Գործին երկու կողմն ալ իւր անպատեհութիւններն ունի։

Վառած կրակին քէօրիւկով (թրք. = փքոց) կը վազէ. Փոխանակ խաղաղութեան աշխատելու՝ խռովութիւնը կʼարծարծէ։

Վերէն հափ, վարէն թափ. Շատակեր է. վերէն կʼուտէ վարէն դուրս կու տայ։

Վերի արտին ծլուկը. Բացառիկ, նախապատիւ մէկը։

Տ.

Տանձը կոթ ունի, խնձորը քիթ ունի. Ամեն մարդ ալ թերութիւն մʼունի անոնց համար՝ որոնք անպատճառ ամէն բանի վրայ իրական կամ անիրական թերութիւն մը գտնել կʼուզեն։

Տանձ էր նէ հասաւ, խնձոր էր նէ կարմրեցաւ. Կʼըսուի՝ գործի մը կատարման ժամանակը հասած ըլլալը ցուցըիալու համար։

Տեղը քարոտ է. Անհաճոյ ունկնդիրներ ներկայ են, ամէն բան յայտնապէս կարելի չէ ըսել։

Տեղ կայ աղչելիք, տեղ կայ փախչելիք. Ըստ պատշաճութեան վարուելու է։

Տէվէին (թրք. = ուղտ) ըսեր են քի վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է, վո՞ւր տեղս շիտակ է քի վիզս ծուռ չըլլայ, ըսեր է. Տարաբախտ մարդն ամէն տեսակէտով ալ դժբախտ է։

Տէր ունեցողը տէրտէր կըննայ. Պաշտպան ունեցողն առաջ կʼերթայ, դիրքի եւ պաշտօնի կը հասնի։

Տէրտէր կարդաս նէ, օրհնա՛ծ, հաչիմ մը կոր. Նոյն բանը կʼընեմ՝ ինչ որ դուն կʼուզես։

Տղան լալու կ ʼ օրէ, չէ քի քնացնելու. Խաղաղութեան ձեւով խռովութեան կʼաշխատի։

Տղին պզտիկուցէն, օրին վանգուցէն. Կրթութիւնը տղայութենէն սկսելու է։

Տղուն կերածը հէլալ է, հագածը հէրամ. Տղան լաւ կերակրելու է, որովհետեւ կերածն օգտակար կʼըլլայ իրեն, բայց լաւ հագուեցընելու չէ, որովհետեւ հագուստի յարգը չի գիտեր, շուտով կʼաղտեղէ։

Տնտե՛ս, հաւսար տես. Ամենայն ինչ արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ գործելու է։

Տունը սատանայ, դուրսը քահանայ. Կեղծաւոր։

Փ.

Փաշին դուռը բօշան կը զէրնէ. Ամէնէն հարուստին աջիկն ամէնէն աղքատը կʼուզէ, ամօթ չէ։

Փատը երկինքէն իջած է. Ծեծն երկնատուր միջոց մըն է մարդ կրթելու։

Փեսեկս տուն եկաւ, երեսս գուն եկաւ. Զոքանչներուն գործածած բանաձեւը՝ երբ փեսան իրենց տունը գայ։

Փորդ չի կիշտանալիք տեղը անօթութիւնդ մի պէլլիւ (թրք. = յայտնի) աներ. Ուր որ չես կրնար գոհացում գտնել՝ կարօտութիւնդ կամ պէտքդ ուրիշին մի՛ յայտներ։

Փորձուած սատանան չի փորձուած հրշտակէն աղէկ է. Փորձուածները միշտ ընտրելի են։

Ք.

Քանի դողաս՝ կը սողայ. Որչափ աւելի գորով ու գուրգուրանք տածես զաւակներու վրա՝ կարծես թէ այնչափ աւելի անոնք ձեռքէ կʼերթան։

Քառսուն մարագ պսակուած. Լկտի, անբարոյական։

Քարէն ջուր կը քամէ. Կտրիճ է։

Քարը քսած. Շփացած, լիրբ։

Քիչ բեռցիր, թէզ (թրք. = շուտ) դարձիր. Կʼըսուի անանկ մարդոց՝ որոնք գործի մը բոլոր ծանրութիւնը մէկէն տանիլ կʼուզէն։

Քիչ վո՞ւր կերթաս, շատին քով. Քիչ ունեցողներուն քիչն ալ հետզհետէ շատին քովը կʼերթայ, կʼամփոփուի։

Քնացող օձուն գլխուն չեն կոխեր. Հանդարտ կեցող չարերուն դպչելու կամ զանոնք գրգռելու չէ։

Քունն ու մեռելը մէկ է. Խորունկ քնացողը մեռելի պէս անզգայ է։

Քչուկ ցաւիկ, թէզով մահիկ. Քիչ ցաւով ու կարճատեւ հիւանդութեամբ մահը միշտ նախընտրելի է։

Օ.

Օձը օձ ի քէն խողը խնայելով կʼուտէ. Առատութեան մէջ ալ չափաւորութիւնն եւ ժուժկալութիւնը ձգելու չէ։

Օձն իր շէպիքը կը փոխէ, բնութիւնը չի փոխեր. Գէշ բնաւորութեան տէր մարդը՝ ինչ կերպարանքի ալ փոխուի՝ կրկին նոյնն է։

Օձուն գլոխը պզտիկ ի քէն կը ճշխեն. Չարիք մը դեռ չմեծցած, առաջին օրէն արգելելու է։

Օձուն չուզած ծաղիկը քթնա տակը կը բուսնի. Կʼըսուի՝ երբ մէկուն չուզած մարդն իրեն կը հանդիպի։

Օրն անցեր, ղատան (թրք. = փորձանք) չէ անցեր. Պատահելու փորձանքն անպատճառ իւր ժամանակին կը պատահի։