Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

43. ՆԵՐՍԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.



Ծնած է Ագուլիս (Կովկաս) 1872ին։ Որդի վանցի Տ. Մեսրոպ շուշտակ վարդապետի, եւ եղբայր՝ յայտնի գրագէտ Վրթանէսի ու Վահանի (այժմ՝ Բարիզ՝ Հայկ. Պատուիրակ)։ Վան փոխադրուելով, մանկութիւնը հոն անցունելէ ետք, կուգայ Պօլիս եւ Եէտիգուլէի որբանոցը կ’աշակերտի։ Հոնկէ կ’անցնի Արմաշ, եւ Դպրեվանուց շրջանը բոլորելով՝ վարդապետ կը ձեռնադրուի Տ. ՄԱՇԹՈՑ յորջորջմամբ եւ իր 6 ընկերներու խումբով որ Արմաշի առաջին հունձքն էր։ Իբր հովիւ կը ղրկուի Ամերիկա ուր կը գործակցի Սարաճեան Եպսկ. ի։ Յետոյ Նիւ Եօրքի Քըլըմպիա համալսարանը կը յաճախէ ուրկէ կը վկայուի եւ կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքին մէջ։ Իննամեայ հովուութենէ մը վերջ, կ’անցնի Կովկաս՝ ուր կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն։ Եկեղեցապատկան կալուածներու գրաւմանց աոթիւ խօսած մէկ ճառ ին համար՝ ռուս կառավարութիւնն Էջմիածինէն իր հեռացումը կը պահանջէ։ Մաշթոց վրդ. կը կարգուի առաջնորդ Թէհրանի, ուր 2 տարի կը մնայ։ Իբր հասարակական գործիչ կ’ստիպուի սքեմը թողուլ եւ մեկնիլ Ամերիկա, 1906ի վերջերը ստանձնելով «Հայյրենիք»ի խմբագրութիւնը՝ Վռամեանի տեղ։ Սահմանադրութենէն ետք Պօլիս կուգայ եւ մօտակայ գաւառները կ’ուղեւորի բրօբականտի պաշտօնով. իսկ «Ազատամարտ»ի հրատարակուելուն՝ կը մնայ հայկ. բաժինին խմբագիր, մինչեւ 1915 Ապրիլ 11։ Նոյն թերթին ոճրապատումներն իր գրչէն կ’ելլէին։ «Աշխատանքի Տան» հիմնադիրներէն, եւ ուսուցիչ «Արդի վարժարան»ի։ Վերջերը ձեռնարկած էր ամուսնական դատերու փաստարանութեան՝ Դատաստ. Խորհուրդի աոջեւ, իբր հմուտ եկեղեցական օրէնքներու։