Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

62. ԳԷՈՐԳ ԹԷՐՃԻՄԱՆԵԱՆ.



Ծն. Կեսարիա 11 Մարտ 1886ին եւ հոն ստացած նխն. կրթութիւնը։ Պատանի տարիքին՝ ընտանեօք Պօլիս գալով, կը յաճախէ Գատըքէօյի Արամեան եւ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանները. յետոյ կը մտնէ առեւտր. ասպարէզ։ Կուսակցութեան մը չէր պատկաներ։ Սիրահար «սբօռ»ի կեանքին, վերջերը Գատըքէօյի մէջ հիմնած էր Մասիս մարմնամարզական միութիւնը՝ որ իր տարագրումին պատճառ եղաւ, ատենապետն ու արտօնատէրն ըլլալով այդ միութեան։ Բացի բանասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մասին ունեցած հակումէն՝ կը սիրէր գրականութիւնը։ Իր ձեռագիրները հետաքրքրական էջեր մտադրած է հատորի մը մէջ ամփոփել եղբայրը՝ Սամուէլ։